Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Խմբագրական. Անմահներու Փաղանգը

January 27, 2026
in Խմբագրական
0
Խմբագրական. Անմահներու Փաղանգը

Հայաստանի Ազգային ժողովի նորագոյն որոշումներէն մին եղաւ 27 Յունուարը յայտարարել ոչ-աշխատանքային՝ որպէս հայրենիքի պաշտպանութեան համար ինկած հերոսներու յիշատակի օր:

Իւրայատուկ խորհուրդ ունեցող այս քայլը, բնականաբար, կը շարժէ ողջ հայութեան սրտի լարերուն թրթիռները. կը յուզէ բոլորին զգացումները եւ պահ մը կը պարտադրէ ողջ էութեամբ մեր միտքերը մտասեւեռել այն սերունդներուն ուղղութեամբ, որոնք խրոխտաբար գրեցին հայոց պատմութեան պանծալի էջերը՝ դեռեւս պատմութեան խոր անցեալէն սկսեալ:

Հայրենակերտումը եթէ առաքինութիւն է պատուաբեր, ապա հայրենապաշտպանութիւնը վեհ նպատակ մըն է նուիրական: Պատմութեան փոթորկայոյզ դրուագները երբ թերթատենք, խորապէս պիտի ընկալենք կարեւորութիւնը այն բազուկին, որ ծառացած է ոսոխին դիմաց՝ երբ ան լպիրշօրէն ուզած է բռնաբարել սահմանները հայրենի: Ամէն ժողովուրդի, հաւաքականութեան կամ երկրի համար, իր հայրենապաշտպան կուռ փաղանգները եղած են դրուատանքի եւ փառաբանութեան արժանի, իսկ յաւէտ ինկածները՝ խոնարհումի ու խնկարկումի: Ժողովուրդներ կը սնանկանան առանց հերոսներու. փթթող տղաք կը մեղկանան առանց առասպելատիպ քաջերու. նոյնիսկ գոյապայքարը կ’իմաստազրկուի եթէ չըլլան գերբնական գերմարդեր՝ ազգն ու հայրենիքը պաշտպանող:

Կայսրութիւններ եկան ու գացին, վեհապետներ փայլեցան ու խամրեցան տեւաբար, քարտէզներ փոխուեցան եւ վերագծուեցան տարօրէն, ազգեր կային ու չկան, աշտարակներ բարձրացան ու փուլ եկան, եւ ի հեճուկս այս բոլորին, ո՞ր երկիրները մնացին պատմութեան թատերաբեմին.- անտարակոյս, անոնք՝ որոնք գիտցան մաքառիլ, բնազդաբար ծնունդ տուին մարտնչող սերունդներու, ունեցան նուիրեալներ հայրենիքի սահմաններուն, չխորշեցան նահատակութեան գաղափարէն, չսասանեցան մահուան սեւ ուրուականէն, չսիրեցին փափուկ քղամիդները հեշտասիրական: Անոնք՝ որոնք անձնուիրաբար եղան տէրը հայրենի քարին ու ծերպին, թուփին ու մացառին: Անոնք՝ որոնք դիրքերու վրայ եւ պատնէշներու ետին պաշտպանեցին ակութը պապենական: Բանաստեղծուհի Սիպիլ (Զապէլ Ասատուր) կը գրէ՝

   Ով մա՛րդ հերոս, հանճար եւ կամ նահատակ,

     Որ քու անձիդ համար երբեք չես ապրած,

     Որ հըրայրք մը ունիս քեզի նըպատակ,

     Գաղափար մը անձնուրաց:

                                            Թողած կեանքի լայն ուղիները փափուկ,

                                            Անպատըսպար՝ տօթերուն տակ ու ձիւնին,

                                            Միշտ բարձրացար քարուտ ճամբէ մը դերբուկ,

                                            Ուր ոտքերը կ’արիւնին:

Սըրահներու մէջ երբ բոցը կը վառէր,

    Երբ ջահերը կը շողային լուսարձակ,

    Դուն մեկնեցար հոն, ուր ցուրտ էր, խաւար էր,

    Եւ հեռու էր լուսածագ:

                                               Պըսակուեցան վարդերով ցած գըլուխներ,

                                               Աշխարհ չունի հերոսին փառք արժանի,

                                               Փուշ-պըսակին ներքեւ՝ մաքուր, անվեհեր

                                               Իր ճակատը կ’արիւնի:

Ինչ խօսք, հայրենիքի պաշտպանին կեանքը լոկ իրեն համար չէ: Ան կանգնած է սահմանին՝ իր ետին ունենալով խաղաղասէր ժողովուրդի մը օրհնանքը: Ան մարդկային եւ ազգային արժանապատուութեան, ապահովութեան եւ բարօր կեանքի երաշխաւորն է: Պատրաստ է իյնալու ընդմիշտ՝ յանուն այդ նուիրական արժէքներուն: Լիակատարօրէն գիտակից է իր վեհ պարտականութեան:

Ահա այսօր, երբ կ’ոգեկոչենք յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան ինկածներու յիշատակը, երբ խունկի քուլաներուն ընդմէջէն կը յառնին հերոսական սերունդներու ոգին ու գաղափարականը, մեզի կը մնայ խոնարհիլ անմահներու փաղանգին իւրաքանչիւր նահատակի յիշատակին առջեւ:

Եւ դարձեալ Սիպիլի բառերով՝

    Ազգիդ տուիր դալար ուժերը կեանքիդ,

    Ու խամրեցար որ անոր յոյսը ծաղկի,

    Արդ, աւերակ խորշերուն մէջ անժըպիտ

    Չե՞ս տեսներ բոցը կեանքի:

Յանուն հողին ու ազատ կեանքին քաջօրէն ինկածներու փաղանգը անմահական է:

Share78Tweet49
Previous Post

Լուրեր. 27 Յունուար 2026

Next Post

Մեծ Ուսուցիչին Առջեւ Խոնարհումով՝ Գաղափարական Ուխտի Վերանորոգում

Next Post
Մեծ Ուսուցիչին Առջեւ Խոնարհումով՝ Գաղափարական Ուխտի Վերանորոգում

Մեծ Ուսուցիչին Առջեւ Խոնարհումով՝ Գաղափարական Ուխտի Վերանորոգում

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.