Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 27 Յունուար 2026

January 27, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 27 Յունուար 2026

ԸՆԿ. ՍԱՐԱՖԵԱՆԻ ՀԵՏ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԿԸ ԿԱՐԵՒՈՐԷ ՍԴՀԿ-Ի ՀԵՏ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ. տոքթ. Համբիկ Սարաֆեան երէկ այցելեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ քննարկելու նորագոյն զարգացումները եւ համատեղ հետաքրքրութեան առարկայ հարցեր:

Ընկ. Սարաֆեան վերահաստատեց ՍԴՀԿ-ի աջակցութիւնը կառավարութեան քաղաքականութեան եւ Երեւանի կողմէ յայտարարուած խաղաղութեան օրակարգին: Ժողովին ընթացքին միտքերու փոխանակում եղաւ նաեւ Հայաստանի կառավարութեան ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցերու շուրջ: Վարչապետ Փաշինեան կարեւորեց կառավարութեան եւ Հնչակեան կուսակցութեան միջեւ ձեւաւորուած կառուցողական համագործակցութիւնը:

 

ՀԱՐԱՒՑԻՆԵՐՈՒՆ ՏՈՒՆԴԱՐՁԸ՝ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ

Միջազգային հնգեակին հովանաւորութեամբ Իսրայէլի հետ բանակցութիւններուն (Մեքանիզմ) լիբանանեան բանակցող պատուիրակութեան նախագահ Սիմոն Քարամ յայտնեց, որ իր պատուիրակութիւնը բանակցութեան հիմք  համարած է հարաւային գիւղերու բնակչութեան տունդարձը:

Յանձնառութիւն յայտնելով զինադադարին, Քարամ պահանջեց, որ շուտով ժողով մը գումարէ զինադադարի գործադրութեան հետեւող յանձնախումբը: «Լիբանանեան բանակը սեփական ջանքերով կը կազմաքանդէ Հըզպալլայի զինուորական կառուցուածքը», ըսաւ Քարամ՝ աւելցնելով, որ Հըզպալլա իր զինանոցին եւ կառոյցներուն մասին որեւէ տեղեկութիւն չէ տուած բանակին:

 

ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻՆ

Ապահովական եւ քաղաքական զարգացումները քննարկելու նպատակով, հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամը, ապա տեսակցեցաւ նաեւ արտաքին գործերու նախարար Եուսէֆ Ռաժժիին հետ ու քննարկեց վտանգները դիմակայելու միջազգային հնարաւորութիւնները: Նախագահին ցուցմունքներով, Արտաքին գործերու նախարարութիւնը իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն վերաբերող բողոք ներկայացուց ՄԱԿ-ին՝ պահանջելով անյապաղ դադրեցնել զինադադարի խախտումները:

Վարչապետ Սալամ իր կարգին հաւաստիացուց, որ շուտով պիտի այցելէ հարաւ եւ յայտարարէ վերակառուցումի լայնածաւալ ծրագրերու մասին: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նոյն ծիրին մէջ յանձնառութիւն յայտնեց զինադադարի համաձայնութեան եւ միջազգային հնգեակի բանակցային ջանքերուն:

 

ՔԱՍԷՄ ՅԱՐՄԱՐ ՔԱՅԼԵՐՈՒ ՊԻՏԻ ԴԻՄԷ

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասէմ յայտնեց, որ Իրանի հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամինէիին սպառնալով՝ Միացեալ նահանգներու նախագահը կը սպառնայ միլիոնաւորներու: «Կը համարենք, որ Թրամփի սպառնալիքները ուղղուած են նաեւ մեր դէմ, ուստի պիտի կատարենք ինչ որ յարմար կը համարենք դիմակայելու համար սպառնալիքներուն», ըսաւ Քասէմ: Ան նաեւ կոչ ուղղեց պաշտօնական ու ժողովրդային մեծագոյն շարժումի եւ միջազգային ճնշումի, որպէսզի վերջապէս ազատ արձակուին իսրայէլեան բանտերուն մէջ բնացած բոլոր գերիները:

 

ՔԱԹԱՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿՈՂՔԻՆ

Քաթարի Արտաքին գործերու նախարարութեան մէջ, պետական նախարար Մոհամմատ պըն Ապտէլ Ազիզ պըն Սալէհ էլ-Խլէյֆի տեսակցութիւն ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի հետ: Խլէյֆի խօսեցաւ Տոհայի նորագոյն նախաձեռնութիւններուն մասին, զանոնք համարելով երկկողմանի եղբայրական յարաբերութիւններու ապացոյց:

«Լիբանանեան բանակը իր պարտականութիւնները կը կատարէ Լիթանիէն հարաւ, սակայն իսրայէլեան ուժերը կը շարունակեն իրենց ոտնձգութիւնները», բողոքեց քաթարցի ներկայացուցիչը, պահանջելով որ Թել Աւիւ յարգէ միջազգային օրէնքը եւ գործադրէ 1701 բանաձեւը: Իսկ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ տեսակցելէ ետք, Խլէյֆի լիբանանցիներուն կոչ ուղեց ներքին երկխօսութեամբ իրականացնելու լիբանանցի ժողովուրդին ձգտումները:

 

ԹՐԻՓՈԼԻՆ ԱՌԱՆՁԻՆ ՉԷ

Լիբանանի Ազգային լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ փրկարարները Թրիփոլիի մէջ շարունակած են փլուզուած շէնքի բեկորներուն մէջ որոնել անհետ կորսուած կին մը: Քաղաքացիական անվտանգութեան ծառայութիւնը նախապէս նշած էր, որ փրկած է բեկորներուն տակ մնացած քաղաքացի մը եւ դուստրը, ապա զանոնք հիւանդանոց փոխադրած է՝ անհրաժեշտ քննութիւնները կատարելու համար

Նշենք, որ Հիւսիսի մայրաքաղաքին մէջ երկու օր առաջ փլուզուեցաւ շէնք մը՝ պատճառելով մարդկային եւ նիւթական վնաս: Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ այցելեց Թրիփոլի եւ հետեւեցաւ փրկարարական գործողութիւններուն: Ան տեսակցեցաւ նաեւ վիրաւորներու հետ ու վերահաստատեց, որ «Թրիփոլին առանձին չէ»:

 

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԿՈՒՏԱԿՈՒՄ ԵՒ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐ

Ամերիկեան բանակը յայտարարեց, որ «USS Abraham Lincoln» օդանաւակիրն ու անոր ընկերակցող մարտանաւերու խմբակը ժամանած է Միջին Արեւելք՝ Իրանի հետ լարուածութեան լոյսին տակ աւելի ամրապնդելով ամերիկեան կրակային հնարաւորութիւնները: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Արտաքին գործերու նախարարութիւնը նոյն ծիրին մէջ յայտարարեց, որ պիտի չարտօնէ Իրանը հարուածելու համար իր օդային տարածքի գործածութիւնը: Իրանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը զգուշացուց, որ Թեհրան համընդհանուր հակադարձութեան պիտի դիմէ, եթէ Իրան ենթարկուի արտերկրեայ որեւէ ոտնձգութեան:

 

ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ Է ՎԵՐՋԻՆ ԳԵՐԻԻՆ ՄԱՐՄԻՆԸ

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ Կազայի մէջ յայտնաբերած է Համասի կողմէ գերեվարուած վերջին իսրայէլացիին մարմինը: Վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կարգին յայտնեց Ռաֆահի սահմանային անցակէտին մասնակի բացումը՝ ի տես վերջին մարմինի յայտնաբերումին:

 

ՍԱՀՄԱՆԻ ՀՆԱՐԱՒՈՐ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄԷՆ ԱԿՆԿԱԼՈՒԱԾԸ

Հայաստանի տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Անուշիկ Աւետեան այցելեց Թուրքիոյ հես սահմանային Մարգարա անցակէտ, ուր ծանօթացաւ ընթացող բարեկարգումի աշխատանքներուն եւ համոզում յայտնեց, որ հայ-թրքական սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն առջեւ բանալու պարագային, առաջին ազդեցութիւնը պիտի ըլլայ զբօսաշրջային հոսքերու բազմացումը:

Անոր համոզումով, սահմանի բացումը արագ եւ դրական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ տնտեսութեան վրայ, նուազեցնելով կախուածութիւնը սահմանափակ ուղիներէն եւ ուղղութիւններէն, հնարաւորութիւն տալով մուտք գործել նոր շուկաներ եւ բազմականացնել արտահանումը:

 

ՌՈՒԲԻՆԵԱՆ՝ ԵԽԽՎ-Ի ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀ

Հայաստանին հասած հերթով, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան ստանձնեց Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին փոխնախագահի պարտականութիւնը: Վեհաժողովին ձմեռնային նստաշրջանը մեկնարկեց երէկ եւ կը շարունակուի մինչեւ 30 Յունուար:

 

ԲԱՑԱՌԱՊԷՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ

Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան դեսպան Վասիլիս Մարակոս գնահատեց Ներքին գործերու նախարարութեան աշխատանքային նոր կառուցուածքը եւ հոլովոյթներու բարեկարգումը:

Ընդգծելով մուտքի արտօնագրերու ազատականացումին վերաբերող արդիւնաւէտ երկխօսութիւնը, դեսպանը շեշտեց, որ վիզաներու դրութիւնը վերացնելու աշխատանք ներկայիս կը տարուի բացառապէս Հայաստանի հետ:

 

ԲՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՈՃԻՐՆԵՐ

Հայաստանի բնապահպանութեան տեսչական մարմինը յայտարարեց, որ 2025-ին յայտնաբերուած է ապօրինի հատուած 11.852 ծառ, ապօրինի որսի հետեւանքով յայտնաբերուած է 284 անասուն, առգրաւուած է 13 հրացան, 22 փամփուշտ, 248 ձկնորսական ցանց եւ որսի այլ միջոցներ: Անազատութեան մէջ գտնուող շարք մը անասուններ եւ թռչուններ փոխադրուած են վայրի բնութիւն կամ աւելի լաւ պայմաններով ապաստարան:

 

 

Share64Tweet40
Previous Post

Հայաստանի Գերիշխանութիւնը Ամրագրուած Է «Թրամփի Ուղի» Նախագիծին Մէջ

Next Post

Խմբագրական. Անմահներու Փաղանգը

Next Post
Խմբագրական. Անմահներու Փաղանգը

Խմբագրական. Անմահներու Փաղանգը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.