«Թրամփի ուղի յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» ծրագիրը սկսած է ձեւ ստանալ։ Անցեալ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ կայացաւ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի եւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հանդիպումը ու այս առթիւ հրապարակուեցաւ ՀՀ-ԱՄՆ համատեղ յայտարարութիւն, ուր մանրամասն կը ներկայացուին Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող ճանապարհին ու տարածաշրջանէն ներս հաղորդակցութեան միջոցներու եւ բեռնափոխադրումներու հնարաւորութիւններու ընդլայնման ծրագրերը։
Հրապարակուած փաստաթուղթին մէջ յատուկ կը շեշտուի, որ Հայաստանը պիտի ունենայ լիակատար իրաւասութիւն սահմանային վերահսկողութեան եւ մաքսային գործառոյթներու նկատմամբ, ուղիով իրականացուող առեւտուրի եւ տարանցման ծիրին մէջ։
«Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու իրաւազօրութիւնը սահմանային եւ մաքսային գործողութիւններու նկատմամբ բացարձակ են եւ անքննելի»,- կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ։ Նման հաւաստիացումներ տուաւ նաեւ Ռուպիօն, լրագրողներուն առջեւ յայտարարելով, որ ծրագիրը որեւէ կերպ չի խախտեր Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը։
Հակառակ բոլոր մեղադրանքներուն, որ ամերիկեան ընկերութիւններուն պիտի յանձնուի Սիւնիքի շրջանը, նախագիծը կու գայ հաստատելու, որ այդ ընկերութիւնները ներդրումներ պիտի կատարեն շրջանէն ներս ու արդիական սարքաւորումներով պիտի բարելաւեն ճանապարհներն ու երկաթուղիները՝ Հայաստանը դարձնելով բեռնափոխադրումներու տարանցիկ կեդրոն։ Ապահովելով մեծ եկամուտներ, Հայաստան պիտի ստանայ իր մասնաբաժինը։
Ճիշդ է, որ ճանապարհը օգտագործող ատրպէյճանցիներու անցագրերու յանձնումը պիտի կատարուի ամերիկեան ընկերութեան ներկայացուցիչներուն, սակայն հայ սահմանապահները գտնուելով անցակէտերուն մօտ, իրենց վերապահուած պիտի ըլլայ փաստաթուղթերու եւ բեռներու ստուգման իրաւունքը։
Առաջին օրէն, պաշտօնական Երեւանը յայտարարած էր, որ Ատրպէյճանի պահանջած «Զանգեզուրի միջանցք» հասկացողութիւն գոյութիւն չունի ու այդ կարմիր գիծ է իրեն համար։ Հայաստան մինչեւ վերջ մնաց իր սկզբունքային կեցուածքին վրայ՝ ստիպելով Ատրպէյճանին ետքայլ կատարել։ Միւս կողմէ, Ռուսաստան կը փորձէր գործադրութեան դնել 44-օրեայ պատերազմի աւարտին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան 9-րդ կէտը, որուն համաձայն՝ ռուսական զօրքերը պիտի հսկէին Սիւնիքով անցնող եւ Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող ճանապարհը։ Նոյնիսկ կը խօսուէր ճանապարհի երկու կողմերը փշալարեր տեղադրելու մասին, որպէսզի այդ դառնայ իսկական ազատ միջանցք։ Սակայն, առաջին օրէն իսկ Ատրպէյճան սկսաւ խախտել զինադադարի համաձայնութեան բոլոր կէտերը, իսկ Ռուսաստանին յանձնուած Լաչինի միջանցքը աւարտեցաւ Արցախի պաշարմամբ ու ապա շրջանի հայութեան տեղահանմամբ։ Այս բոլորով հանդերձ, Հայաստանի մէջ կային քաղաքական շրջանակներ, որոնք կը պահանջէին գործադրութեան դնել զինադադարի համաձայնութեան այդ՝ 9-րդ կէտը, որուն ընդդիմացան իշխանութիւնները՝ արժանանալով Ռուսաստանի եւ ռուսամէտ ընդդիմութեան քննադատութիւններուն։
Հայ-ամերիկեան այս գործարքը կոչուած է դառնալու Հայաստանի դիւանագիտութեան ամէնէն մեծ յաջողութիւններէն մին, որուն պտուղները պիտի քաղուին յաջորդող տասնամեակներուն։
«Թրամփի ուղին» Հայաստանին կ’ապահովէ եկամուտներ, Սիւնիքին կու տայ զարգացման հնարաւորութիւններ, կ’երաշխաւորէ շրջանէն ներս ապահովութիւնը ու պատերազմի գրեթէ բացառումը, իսկ ամէնէն կարեւորը՝ կը հաստատէ Հայաստանի գերիշխանութիւնը իր ամբողջ տարածքներուն վրայ։

