Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Փիլիսոփայական Մտորումներ 33. Մեծամտութիւնն ու հաւնուելու Պահանջքը

Սուրէն Շէրիք (Ալֆորվիլ)

January 24, 2026
in Յօդուածներ
0
Փիլիսոփայական Մտորումներ 33. Մեծամտութիւնն ու հաւնուելու Պահանջքը

Մեր առօրեային մէջ շրջապատին մաս կազմող անձերուն հաճելի ըլլալու, ուրիշ խօսքով՝ անոնցմէ հաւնուելու ձգտումը համամարդկային վերաբերումներու շարքէն է։ Գոյութիւն ունի ի հարկէ այս ձգտումին բոլորովին անտարբեր անձեր, որոնց համար իրենց նկատմամբ ուրիշներու կարծիքը որեւէ կարեւորութիւն չի ներկայացներ ։ Այս վերջին դասակարգի անհատներուն մօտ յաճախ մեծամտութիւնն է, որ կը տիրապետէ։ 16-րդ դարու անուանի փիլիսոփաներէն Միշէլ տը Մոնթենյի համար մէկ կողմէ ուրիշներու հաճելի թուելու ձգտումը, իսկ միւս կողմէ մեծամտութիւնը մեզ կը նուաստացնեն։ Այդ չի նշանակեր, որ պէտք է հրաժարիլ մէկէն կամ միւսէն, այսուհանդերձ պէտք է որոշ անջատում մը մշակել այս ուղղութեամբ։

Մոնթենյի համաձայն, մեծագոյն թիւով մարդոց կողմէ հաւնուելու ցանկութիւնը խորքին մէջ փառքի կամ հանրածանօթ ըլլալու ցանկութեան  հետապնդումն է։  Ան կը կարծէ, թէ հանրածանօթ ըլլալու յարատեւ փնտռտուքը հոգեկան անդորրութեան ամենամեծ խոչնդոտը կը հանդիսանայ։ Ըստ իրեն, ուրիշներու կողմէ հաւնուելու փափաքին եւ նիւթական բաներու հանդէպ չափազանցուած կապուածութեան միջեւ զուգահեռական մը գոյութիւն ունի։ Մենք երկուքն ալ կրնանք իւրացնել, նոյնիսկ շահագործել զանոնք, սակայն անոնց գերին պէտք չէ ըլլանք յուզական իմաստով, եւ նոյնիսկ եթէ կորսնցնենք զանոնք, գիտակցինք որ չենք անէանար։

Էականը այն է, որ անհրաժեշտ է կարողանալ ենթակայ չըլլալ ուրիշներու աչքին փառաւոր երեւելու մարմաջին, ուրիշ խօսքով՝ ուրիշներու գնահատականին չափէն աւելի  կարեւորութիւն տալ։ Ուրիշներու կարծիքին նկատմամբ չափազանց մտահոգութիւնը մեզ կ՛առաջնորդէ արժէքներու աղաւաղումին, որովհետեւ կա՛մ կը հետեւինք չարագործին, կա՛մ ատելով ուրիշները, մեր բանականութիւնը կրնանք կորսնցնել։

Սակայն կարելի՞ է միանգամ ընդ միշտ հրաժարիլ ուրիշներու հանդէպ հաճելի թուելու զգացումէն։ Երախաները շատ մանուկ հասակէն կարծէք թէ չափանիշ ունին իրենց ծնողներուն հաւանութիւնը ստանալ` իրենց իւրաքանչիւր արարքին նկատմամբ։ Ամենաչնչին ձեռնարկի աւարտին անոնց նայուածքը կ՛ուղղուի դէպի իրենց հայրը կամ մայրը, հայցելով անոնց հաստատումը կամ գնահատականը։ Ամուսնական կեանքին մէջ ալ շատ պատահական է կնոջ սպասումը իր հագուկապուստին ու շպարումին նկատմամբ ամուսնոյն գնահատականը ստանալու։ Հաւնուելու պահանջքը համամարդկային է, ինչպէս նշուեցաւ։ Այս տարրական մարդկային զգացումին եւ նախաձեռնական արարքին նկատմամբ երկրորդի մը կամ ընդհանրապէս շրջապատին դրական գնահատանքը սպասելու միջեւ հիմնական տարբերութիւն մը գոյութիւն ունի։ Հոս պէտք է զանազանենք նաեւ անձնական ձեռնարկի մը նկատմամբ յայտնուած կարծիքը եւ այդ ձեռնարկի յաջողութեան համար արտայայտուած խորհուրդը կամ խրատը։ Հոս ի հարկէ անհատին՝ իր անձին նկատմամբ ունեցած հաւատքը կարեւոր դեր կը խաղայ։ Երբ հաւատացած ենք մեր ձեռնարկած արարքի կամ գործի յաջողութեան, ուրիշներու կարծիքը այս ուղղութեամբ երկրորդական կը թուի։

Մոնթենյը կը մատնանշէ մանաւանդ, որ փառքի տիրացումը, յաճախ դիպուածի կապուած է։ Այս իմաստով անոր որեւէ արժէք շնորհել անտեղի է։ Ան կ՛ըսէ․ «Ես յաճախ նկատած եմ, որ դիպուածը արժանիքէն առաջ կը քալէ, նոյնիսկ զայն կը խլէ ու կ՛անցնի հասակէ մը աւելի»։ Այս է հաւանաբար պատճառը, որ արժանիքի տէր որոշ անձեր փառքի չեն տիրացած, մինչ ուրիշներ դիպուածաւ յաջողած են զայն ձեռք ձգել։

Եզրակացնելով, կարելի է ըսել, որ անդորրութիւնը կը պարտադրէ ձերբազատիլ ուրիշներու կարծիքէն։ Եթէ փառքին ետեւէն կ՛երթանք, ուրիշներու աչքին հաճելի թուելու պարտադրուած ենք։ Իսկ եթէ, ի գին ամէն բանի, անդորրութիւնն է որ կ՛որոնենք, չենք կրնար հասնիլ անոր, երբ փառքի ետեւէն կը վազենք։ Ուրիշ խօսքով՝ փառքի հետապնդումն ու անդորրութեան որոնումը լծորդներ չեն։

Share63Tweet39
Previous Post

Գերյ. Հ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Արիսի Վախճանման 65-Ամեակ. Նուիրումի Եւ Զոհողութեան Ասպետը

Next Post

Հայաստանի Գերիշխանութիւնը Ամրագրուած Է «Թրամփի Ուղի» Նախագիծին Մէջ

Next Post
Հայաստանի Գերիշխանութիւնը Ամրագրուած Է «Թրամփի Ուղի» Նախագիծին Մէջ

Հայաստանի Գերիշխանութիւնը Ամրագրուած Է «Թրամփի Ուղի» Նախագիծին Մէջ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.