Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան պատմութեան մէջ իր նշանակալի դրոշմը թողած հայազգի Մեծ բարերար, հոգեւորական-քաղաքական գործիչ, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբան` գերյ. Հ. Պօղոս ծ. Վրդ. Արիսի կեանքին սկիզբն ու վախճանը Յունուար ամսուայ հետ առնչուած է: Ծնած է Հալէպ, 25 Յունուար 1889-ին, եւ վախճանած է Պէյրութի մէջ, 24 Յունուար 1961-ին: 26 Յունուարին Պէյրութի մէջ թաղման կարգը կատարուելէ ետք, համալիբանանեան մեծաշուք թափօրով դագաղը դէպի Զմմառ ուղուելով` միաբաններու դամբարանին մէջ փառաշուք յուղարկաւորութեամբ ամփոփուած է միաբանակից եղբայրներուն մօտ։
65-տարիներ անցած են անոր երկրաւոր կեանքի վախճանումէն, սակայն լիբանանահայութեան ստուար մէկ զանգուածը ցայսօր կը պատսպարուի իր կառուցած յարկաբաժիններուն մէջ, կ’աղօթէ իր կանգնեցուցած եկեղեցիներուն մէջ, կը յաճախէ իր բարձրացուցած վարժարաններուն մէջ, եւ տակաւին շատ եւ շատ բարեգործական հաստատութիւններ կարելի է թուարկել, որոնք գերյ. Հ. Արիսի նախաձեռնութիւններն են, սակայն ցաւ ի սիրտ շատեր նոյնիսկ տեղեակ չեն, որ այդ կեդրոններու բարերարը նոյնինքն Զմմառու միաբան հայրն է։
Ուշագրաւ է այն, որ 17 Մարտ 1912-ին, Մարտինէն Զմմառու Պատրիարքական Կղերի երկու միաբաններ Հ. Վարդան Սապպաղեան եւ Հ. Օգոստինոս Պաղտասարեան, եւ Հալէպէն Հ. Պօղոս Արիս կը ձեռնադրուէին նոյն օրը, Մարտինի հրաժարեալ առաջնորդ` արհի. Յուսիկ արք. Կիւլեանի ձեռամբ, իսկ նախախնամութեան միջամտութեամբ միեւնոյն ձեռնադրութեան ներկայ գտնուած եւ իր օրհնութիւնը տուած ըլլար նաեւ Մարտինի նորանշանակ առաջնորդ` արհի. Իգնատիոս արք. Մալոյեան։ Պատմական այդ օրը կարծէք կանխորոշուած էր, որ ձեռնադրուողներէն երկու մարտինցիներու նահատակութիւնը իրենց առաջնորդին` արհի. Իգնատիոս արք. Մալոյեանի հետ ըլլար, իսկ ինք` Հ. Պօղոս Արիս (ծագումով մարտինցի, բայց Հալէպ ծնած) թրքական եաթաղանէն հրաշքով փրկուած եւ Լիբանան ապաստանած, Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած հայութեան բեկորները ի մի բերելով պատսպարած է եւ անոնց բարօր կեանք մը ապահովելու ելքերը որոնելով նպաստած է գաղութակազմութեան նուիրական գործին։
Գերյ. Հ. Պօղոս ծ. վրդ. Արիս, արմատներով մարտինցի, ծնած է Հալէպ, 25 Յունուար 1889-ին։
1902-ին մեկնած է Կ.Պոլիս, ուր յաճախած է Սեն Լուիզ ֆրանսական դպրեվանքը, երկրորդական ուսումը եւ իմաստասիրութիւնը աւարտելէ ետք` վերադարձած է ծննդավայրը:
1910-ին ընդունուած է Զմմառու Ս. Միքայէլ ընծայարան, հետեւելով հայոց լեզուի եւ եկեղեցական ուսմանց:
1912-ին ստանձնած է Պէյրութի եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը: Պատերազմէն ետք ամբողջովին նուիրուած է ազգային կեանքի, իր անխոնջ գործունէութեամբ համայն լիբանանահայութեան վստահութիւնն ու համակրանքը վայելած։
Ցեղասպանուած հայու բեկորները երբ ֆրանսական շոգենաւով Լիբանանի առափնեայ նաւահանգիստը հասան, իրենց դէմ Լիբանանի դռները փակ գտան։
Յորժամ ազգին օգնութեան փութացին Զմմառու միաբաններ Հ. Պօղոս Արիսն ու Հ. Յակոբ Նեսիմեանը։
Անոնք թախանձագին աղերսով մը դիմեցին օրուան հեղինակաւոր եւ ազդու Հուայէք մարոնի պատրիարքին, որ ասպնջականութիւն ցուցաբերէ անօթեւան հայուն, պատրիարքը մերժեց` ըսելով. «Թշուառը թշուառին փոխ չի տար։ Չեմ ուզեր, որ Լիբանանը հայութեան որպէս գերեզման ծառայէ։ Թող երթան ուրիշ երկիրներու մէջ մահանան»։
Ազգասէր Հ. Պօղոս Արիսի պատասխանը կ’ըլլայ. «Ամենապատիւ Տէր, հայը անօթի չի մեռնիր, կրնայ քարէն իսկ ջուր հանել, բացէք ձեր երկրին դռները անոնց առջեւ, գոհ պիտի մնաք անոնցմէ»։ Պատրիարքը այս յուզիչ արտայայտութիւնը լսելով` անսաց Մեծ Հայուն խնդրանքին եւ հրահանգը հաղորդեց Կուսակալին։ Այսպիսով հայերը, շնորհիւ Հ. Պօղոս Արիսի ջանքերուն, հաստատուեցան հիւրընկալ Լիբանանի մէջ։
Հ. Պօղոս Արիս յատկանշուած է իր բարեհամբոյր վերաբերմունքով եւ անմիջականութեամբ, այսպիսով սերտ կապեր հաստատած է պետական բարձրաստիճան այրերու հետ, եւ որպէս արաբագէտ յաջողած է օժանդակել հայրենազուրկ իր ժողովուրդին` տեղական լեզուին եւ պայմաններուն ընտելանալու աշխատանքին մէջ։
Անոր փխրուն եւ դիւրաբեկ սիրտը չէր կրնար անտարբեր գտնուիլ Կիլիկիան Հայաստանէն տեղահանուած բազմահազար որբուկներ անօթեւան եւ թափառական տեսնելով, որոնք Ժըպէյլ հասնելով փրկութեան յոյսեր կը փայփայէին։
Ան, Հ. Պօղոս Պզտիկեանի հետ Ժըպէյլ ուղղուելով, բազմահարիւր որբերու խումբ մը առած վերադարձած է Աշրաֆիէ Սիուֆիի կողմերը, ուր ֆրանսացիներու եւ ժողովուրդին օգնութեամբ հիմնած է Աշրաֆիէի որբանոցը` պատսպարելով 300 որբուկներ։
Հ. Արիս նշանակուած է Ազգային Միութեան քարտուղար եւ Լիբանանի Քարանթինայի հայկական աւանին վարիչ։
Պէյրութի Սիուֆի թաղին մէջ հիմնած է որբանոց (1923-1935), ուր համախմբուած են շուրջ 300 հայ որբուկներ, որոնք զինք կոչած են «Հայրիկ»։
Այնտեղ պետական կրթական ծրագրի դասաւանդման կողքին գործած է նաեւ արհեստից վարժարան, որպէսզի ուսման մէջ ունակ չեղող երեխաները, արհեստ մը ձեռք բերելով, հետագային կարենան աշխատանքի ասպարէզին մէջ գործ հայթայթել։
Մանչերուն համար հիմնած է արհեստանոցներ, իսկ աղջկանց համար՝ տնային աշխատանքներու եւ ձեռագործի վարժարաններ։
Սաներու աշխատանքներու արդիւնաբերութիւնները վաճառելով որբանոցը ինքնաբաւ վիճակի մէջ յայտնուած է։
Մօտաւորապէս 200 երեխաներ պատսպարուած են Զմմառու մայրավանքի մէջ: 1923-ին, Հ. Արիս զանոնք եւս փոխադրած է Պէյրութ, ապա Պուրճ Համուտ՝ իր հիմնած «Սեն Կրեկուար» (Saint Grégoire) Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ երկրագործական բնոյթի որբանոցը:
1925-ին հիմնած է կոյրերու վարժարան մը եւս։
Հ. Պօղոս Արիս իր խոհեմ, շրջահայեաց եւ դիւանագէտի հնարամտութեամբ հիմնած եւ կազմակերպած է Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը: Ան իր ամբողջ հնարաւորութիւններն ու կարողականութիւնը ի սպաս դնելով հայկականացուցած, զարգացուցած, ծաղկեցուցած է խոպան աւանը` դարձնելով Լիբանանի առաջատար առեւտրական եւ վաճառականական շրջաններէն կարեւորագոյնը։
Հ. Պօղոս Արիսի վկայութիւնը Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան գործունէութեան մասին հետեւեալն է. Քաղաքապետարանը
ա) Հայթայթեց շրջանի ըմպելի ջուրի մատակարարումը։
բ) Կոյուղիներու շինութիւնը յաջողցուց։
գ) Ճամբաները օրինաւոր կերպով կարգաւորեց։
դ) 77 յարմարաւէտ շէնքեր կառուցելով` հիւղաւաններու բնակիչներէն 770 ամենակարիքաւորները տեղաւորեց։
ե) Գիշերապահեր տրամադրեց ապահովութիւնը երաշխաւորելու։
զ) Ոստիկանութիւն նշանակեց անվտանգութեան համար։
է) Առողջապահական պայմանները բարելաւեց։
ը) Սպանդանոցներու մաքրութիւնը հսկողութեան ենթարկեց։
Հայր Արիս իր բարեհամբոյր, հոգեհարազատ եւ մարդամօտ բնաւորութեամբ կրցած է ժողովուրդին վստահութիւնը, սէրն ու համակրանքը նուաճել։
Ան անձամբ շրջելով Պուրճ Համուտի փողոցները, մօտէն հետաքրքրուած է ժողովուրդին կենցաղով, դժուարութիւններով եւ առողջապահական հարցերով: Իր նախաձեռնութեամբ կատարուած է Պուրճ Համուտի թաղամասերու բաժանումը։
Ան եղած է մտաւորական, դաստիարակ եւ գրիչի մարդ: Բազմաթիւ յօդուածներ ստորագրած է «Մասիս»-ի մէջ եւ որոշ ժամանակ եղած է խմբագրակազմի անդամ:
1939-ին հիմնած է Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը, որու տնօրէնի պաշտօնը վարած է 1951-1952 տարեշրջանին։
1953-ին հիմնած է Պուրճ Համուտի Ս. Փրկիչ եկեղեցին, ազդուած Հ. Պօղոս Պզտիկեանի հետեւեալ խօսքէն. «Վարդապետ, դուն որբերուն հայր եղար եւ իրենց տուն հայթայթեցիր, աղքատներուն օգնեցիր, դպրոցներուն նպաստեցիր: Եթէ անդի աշխարհ երթաս, Հայր Աստուած քեզի հարց պիտի տայ, թէ դուն, որ ամէնուն տուն շինեցիր եւ օգտակար եղար, բայց ինչո՞ւ Աստուծոյ համար տուն մը չի շինեցիր»:
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբան գերյ. Պօղոս ծ. վրդ. Արիս լիբանանահայութեան բնութագրմամբ որակուած է որպէս մաքրամաքուր հայ, օրինապահ լիբանանցի, անխոնջ շինարար, ձեռնհաս տնտեսագէտ, շրջահայեաց դիւանագէտ, ողջամիտ մտաւորական, որբերու հայր, անձնուէր դաստիարակ եւ անբասիր վարդապետ։
Լիբանանեան մամուլը բազմիցս անդրադարձած է անոր բարեգործութեան։
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբան գերյ. Հ. Արիս կեանքի վերջին տարիներուն` 1953-1957-ին, ընտրուած է Զմմառու վանքի մեծաւոր։ Տուեալ ժամանակաշրջանին ան զարկ տուած է դպրեվանեցիներուն հոգեւոր, ազգային, կրթական եւ գիտական ուսմանց։
Անզուգական միաբանը իր մահկանացուն կնքած է 24 Յունուար 1961-ին:

