Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Պեղելով «Արարատ»-ի Հին Հաւաքածոները – 42

Լեւոն Շառոյեան (Հալէպ)

January 24, 2026
in Յօդուածներ
0
Պեղելով «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի Հին Հաւաքածոները – 39 (55 տարի առաջ՝ այսօր)

 «ԱՐԱՐԱՏ», 18-25 Յունուար 1971

Բացուած է նոր տարի մը։

Պարբերաբար մեր գլուխը պիտի հակենք «Արարատ»-ի 1971-ի թիւերուն վրայ, տեսնելու համար, թէ ինչե՜ր անցեր-դարձեր են հայաշխարհի մէջ, 55 տարի առաջ։ Թերթին երէց ընթերցողները,– անոնք, որոնք 75-80 տարեկան են հիմա,– կարդալով մեր այս սիւնակը՝ անձնատուր պիտի ըլլան հի՜ն եւ անո՜ւշ յուշերու։ Մեր յիշատակած անունները, դէպքերը, իրադարձութիւնները յաճախ ծանօ՛թ են իրենց. իսկ եթէ մոռցուած են՝ կամաց-կամաց պիտի վերաթարմանան, տեղ գտնեն յիշողութեան հորիզոնին վերեւ…։

Միջին տարիքի ընթերցողներուն կամ աւելի երիտասարդներուն պարագան բոլորովին տարբեր է։ 55 տարի առաջ անոնք կա՛մ նոր ծներ էին, կա՛մ դեռ աշխարհ չէին եկեր…։ Ուստի, այս սիւնակին մէջ յիշուած անուններն ու դէպքերը, մեծ մասամբ, անծանօթ կրնան ըլլալ անոնց։ Սակայն «պատմութիւն»-ը օգտակար դասեր ունի իրե՛նց համար ալ։ Ամէն մարդ պէտք է լա՛ւ ճանչնայ անցեալը, չխորշի կամ չփրթի անկէ, որպէսզի կարենայ ճշդել իր ապագայ ուղին, որ տեսանելի ու անտեսանելի օղակներով անխզելիօրէն կապուած է անցնող, անհետացող ժամանակին հետ…։

*

Վահրամ Փափազեան, որ Փրաւիտենսէն (Ամերիկա) շարունակ սրտցաւ յօդուածներ կ՛առաքէ թերթին, այս անգամ եւս ընդվզեր է՝ ի տես Նիւ Եորքի «Արմինիըն Ռիփորթըր» անգլիատառ թերթին մէջ հրատարակուած գրութեան մը, ուր դա՛րձեալ կասկածի տակ կ՛առնուի եղեր Միջին Արեւելքի հայութեան «հանգիստ ու ապահով գոյութիւնը»։ Այս նիւթը արծարծուեր է եղեր Հ.Բ.Ը.Մ.-ի սարքած մէկ հաւաքոյթին, Ուաշինկթըն։ Փափազեան նկատել կու տայ, որ նման անիրական «մտահոգութիւններ» ջուր կը հայթայթեն ԱՆՉԱ-ի ջաղացքին…։

Երեւանէն Ալբերտ Գասպարեան անդրադարձեր է մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեանի (1897-1982) ռուսերէն նորատիպ մէկ գիրքին, որ կը խօսի Բ. Աշխարհամարտի պատերազմական թէժ օրերուն մասին, ականատեսի վկայութեամբ։ Հատորը կը կոչուի «Այսպէս սկսուեց պատերազմը»։ Բաղրամեան իր այս գիրքին մէջ պատմեր է մասնաւորաբար Քիեւի շուրջ մղուած մարտերուն մասին, վեր առեր է խորհրդային զօրամասերու խիզախութիւնն ու հերոսութիւնը, յիշեր՝ համեստ մարտիկներու հարիւրաւոր անուններ։ Ըստ յօդուածագրին, մարաջախտին այս գործը «Հայրենական Մեծ Պատերազմին նուիրուած ճշմարտացի ու արժէքաւոր գիրք է»։ Կը պարունակէ եղեր ուշագրաւ լուսանկարներ եւ լոյս տեսած է… 200 հազար տպաքանակով։ Որքան որ գիտենք, այս գիրքը հետագային հայերէնի ալ թարգմանուելով տպուած է Երեւանի մէջ։

Յուշերու գիրքով մը հանդէս եկեր է նաեւ այդ շրջանի խորհրդային ամէնէն բարձրաստիճան ղեկավարներէն մին՝ Անաստաս Միկոյեանը (1895-1978)։ Անոր «Պայքարի ճանապարհներով» խորագրեալ հատորը (ռուսերէ՞ն) տպուեր է Մոսկուա։ Նշուած է, որ Միկոյեան, իր կեանքի սա վերջին փուլին, յաճախ յուշեր եւ յօդուածներ հրատարակեր է խորհրդային պարբերականներու մէջ, առանձին գիրք մըն ալ նուիրելով Լենինին։

Երաժշտագէտ Աշոտ Պատմագրեան կարճ յօդուածի մը մէջ ամփոփեր է Ս. Ծննդեան «Լո՜ւռ գիշեր, սո՜ւրբ գիշեր» երգին յօրինման պատմութիւնը։ Ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհին ծանօթ այս երգը ստեղծուեր է 1818-ին, Սալզպուրկի (Աւստրիա, Մոցարթի ծննդավայրը) մօտերը գտնուող գիւղի մը մէջ, համեստ քահանայի մը ու նոյնքան համեստ կիթառիստի մը միացեալ ճիգերով…։

Արսէն Կիտուր ոգեկոչած է Խրիմեան Հայրիկը, անոր վախճանման 150-ամեակին առիթով։ Կը պատմէ որ 1903-ին մեկնեցաւ Էջմիածին՝ Գէորգեան ճեմարանի մէջ ուսանելու համար։ Հոն անձամբ ճանչցաւ Խրիմեանը, որ կաթողիկոս էր այն ատեն։ Կ՛ըսէ որ միաբանութիւնը երկուքի բաժնուած էր. յետադիմականներ (գլխաւորութեամբ Մեսրոպ եպս. Մագիստրոսի, որ «կատարեալ գործիք էր ցարական իշխանութեան ձեռքը» եւ՝ «թունդ դաշնակցական») ու յառաջդիմականներ (գլխաւորութեամբ Կարապետ Մկրտչեան եւ Գարեգին Յովսէփեանց եպիսկոպոսներու)։ Կիտուրի տեղեկութիւնները, սակայն, շատ խառն են եւ ընթերցողին մօտ կը ստեղծեն շփոթ ու կասկածամտութիւն

Դամասկոսէն Յովհաննէս Երէցեան հաղորդած է տխուր լուր մը։ Տեղւոյն Թարգմանչաց վարժարանի նորափթիթ սանուհիներէն 14-ամեայ Գոհարիկ Պօյաճեան, անակնկալօրէն մահացեր է 26 Դեկտեմբեր 1970-ին, խոր սուգի մատնելով դպրոցին շրջանակը։ Տարաբախտ պարմանուհիին անշունչ մարմինը հողին յանձնուեր է հոծ թիւով յուղարկաւորներու ներկայութեան։ Դագաղին վերեւ սուգի ուղերձ կարդացեր է ննջեցեալին դասընկերներէն Պերճ Պարսումեան, դամբանախօսեր է Կորիւն ծ. վրդ. Մանուէլեան։

Եգիպտոսէն հաղորդուեր է մահը Գահիրէի «Սաւառնակ» շաբաթաթերթի հրատարակիչ-խմբագիր Երուանդ Մսրլեանի (8 Յունուար)։ Ողբացեալը միաժամանակ սեփականատէրն է եղեր «Ոսկետառ» տպարանին։ Մեր կողմէ աւելցնենք, որ «Սաւառնակ» երկարակեաց երգիծաթերթ մը եղած է։ Անիկա հրատարակուած է աւելի քան կէս դար, 1919-1970, մինչեւ խմբագրին մահը։

Երեւանի մէջ կայացեր է (Յունուար 20-էն սկսեալ, տասը օր) «Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու սփիւռքահայ յառաջդիմական երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչներու հանդիպում», Խորհրդային Հայաստանի 50-ամեակին առիթով։ «Արարատ» կը գրէ, որ այս հանդիպումին Պէյրութէն մասնակցեր են Գէորգ Տարօնի, Յարութիւն Աբարտեան, Գրիգոր Ճէրէճեան (այս երեքը՝ հնչակեան շրջանակէն), Մարտիրոս Գուշակճեան, Պօղոս Թիւթիւնճեան, Պօղոս Մարգարեան, Պերճ Սեդրակեան եւ Յարութիւն Պալեան, իսկ Սուրիայէն՝ Վարդան Եաղսըզեան եւ Թադէոս Գաւլաքեան։

Լոյս տեսեր է լիբանանահայ գրող Շահանդուխտի «Սաննինէն ջուր խմեցինք» արձակ ժողովածուն, լիբանանցի ծանօթ գրագէտ Սաիտ Աքլի յառաջաբանով։

Երեւանի մէջ ալ լոյս տեսեր է Գուսան Իգիթի (ծն. 1908-ին) աշուղական երգերը մէկտեղող փոքր հատոր մը։ Մինաս Գանգրունի, թերթին երաժշտական քննադատը,  կարճ յօդուածով մը ծանօթացուցեր է այս նորատիպ գիրքը։

Լիբանանահայ Աչազուրկներու Միութիւնը շնորհակալագիր մը հրատարակեր է՝ իր երախտագիտութիւնը յայտնելով բարերարներուն։ Յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնուեր է տիկ. Նինա Ճիտէճեանին, որ 1950-էն իվեր մօտէն կը հետաքրքրուի եղեր այս միութեան կարիքներով ու զայն կը ներկայացնէ եղեր պետական հիմնարկներու մէջ։

«Արարատ»-ի երկարամեայ ցրուիչը՝ Եղիա Աջապահեան, ա՛լ հանգստեան պիտի կոչուի եղեր ու դադրի աշխատանքէ։ Կը փնտռուի զայն փոխարինող մը…։

Հաղորդուեր է, թէ Մայր Աթոռոյ պաշտօնաթերթ «Էջմիածին» ամսագիրը այսուհետեւ հասանելի պիտի ըլլայ Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան, յատուկ բաժանորդագրութեան ճամբով։ Սարգիս Սարգիսեան (Պէյրութ, Սուք Թաուիլ, «Կարինա» վաճառատուն) սիրայօժար ստանձներ է ամսագրին ցրւումի եւ հասցէագրումի գործառնութիւնները։

Քաղուածք մը կատարենք ծանուցումներէն ալ։

— Համազգայինի Գասպար Իփէկեան թատերախումբը բեմ պիտի հանէ եղեր Լեւոն Շանթի «Ինկած բերդի իշխանուհին» թատերգութիւնը (Յունուարի Բ. կէսին, Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահ, բեմադրիչ՝ Ժորժ Սարգիսեան)։ Թատերգութիւնը անգամի մը համար պիտի ներկայացուի եղեր լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտութեան համար ալ։ Միւս կողմէ, գրեթէ նոյն օրերուն, Համազգայինի մէկ այլ թատերախումբը՝ Լեւոն Շանթ, պիտի բեմադրէ եղեր օտարագիր հեղինակի մը՝ Է. Ալպիւի «Ո՞վ է վախցողը Վիրժինիա Վուլֆէն» անուն գործը, բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանի գլխաւորութեամբ (Ժունիըր գոլէճի ամփիթատրոն)։ Ծանուցումը ունի ազդարարութիւն մըն ալ. «18 տարեկանէն վար մուտքը արգիլուած է»…։

Իդէպ, «Արարատ»-ի աշխատակիցներէն Ս. Պալաթոն (բուն անունով՝ Խաչատուր Յովհաննէսեան) յօդուածով մը իր տպաւորութիւնները արձանագրեր է «Ինկած բերդի իշխանուհին»-ի բեմադրութեան մասին։ Ան կ՛ըսէ որ փիէսը տեւեց… չորս ժամ։ Գործին նիւթը քաղուած է Կիլիկեան շրջանի պատմութենէն։ Ըստ յօդուածագրին, Շանթի այս երկը ունի լուրջ թերութիւններ, ծանրաբեռնուած է անբովանդակ աւելորդաբանութիւններով, գլխաւոր տիպար իշխանուհին (դերակատարը՝ Գարմէն Տէր Կարապետեան) պատկերուած է նողկանք առթող վայրագ ու անաստուած յատկանիշերով, եւ աւելի՛ն՝ փիէսը «անհամ եւ անկենդան ճառախօսութիւն մըն է, որ միայն ձանձրոյթ կը պատճառէ հասարակութեան»…։ Ս. Պալաթոն կը քննադատէ նաեւ Շանթի «կանոնազանց լեզուն»։ Ուստի, ան զարմանք կը յայտնէ որ բեմադրիչը չէ կատարած հարկաւոր կրճատումները, այնպէս ինչպէս փորձեր էր անցեալին, նոյն փիէսին վրայ, դերասանապետ Մանուէլ Մարութեանը։

— Լիբանանահայ Գրական Շրջանակը պիտի հովանաւորէ եղեր «Հայրենի նկարչական ցուցահանդէս» մը (22 Յունուար, Կալըրի Մանուկ)։ Նոյն առթիւ պիտի ցուցադրուի եղեր, նաեւ, բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի դիմաքանդակը, որ վերականգնուեր է հայրենի գանկաբան փրոֆ. Անդրանիկ Ճաղարեանի կողմէ (փրոՖէսէօրը այս վերականգնումը կատարած էր՝ հիմնուելով Սկիւտարի գերեզմանատան իր շիրիմէն դուրս բերուած Դուրեանի գանկին բեկորներուն վրայ)։

— Արուեստագէտ լուսանկարիչ Յովհաննէս Ճէրէճեան (Ֆօթօ ՇԻՐԱԶ) պատմական եւ արդի Հայաստանի իր նշանաւոր լուսանկարները անգամ մը եւս պիտի ցուցադրէ եղեր, Համազգայինի «Վասպուրական» սրահը (21 Յունուար)։

— Հայկազեան գոլէճի հայագիտական ամբիոնը իր «Ժողովրդային լսարան»-ի ծիրէն ներս ծանուցեր է նոր դասախօսութեան մը մասին։ Փրոֆ. Յարութիւն Գալայեան պիտի խօսի եղեր «Հայ ճարտարապետութեան ուրուագծային կանոնի մասին» (27 Յունուար, գոլէճի հանդիսասրահը)։

— Այնթապի Հայրենակցական Միութեան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը պիտի կայանայ եղեր 6 Փետրուարին, Օթէլ Քարլթոնի շքեղ սրահներուն մէջ։

— Ամուսնացեր ու ընտանիք կազմեր են Աւետիս Մակարեան եւ օրդ. Ալիք Էքմէքճեան (Հալէպ)։ Ամոլը պիտի մեկնի եղեր Մուսուլ։

Share62Tweet39
Previous Post

Լուրեր. 24 Յունուար 2026

Next Post

Գերյ. Հ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Արիսի Վախճանման 65-Ամեակ. Նուիրումի Եւ Զոհողութեան Ասպետը

Next Post
Գերյ. Հ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Արիսի Վախճանման 65-Ամեակ. Նուիրումի Եւ Զոհողութեան Ասպետը

Գերյ. Հ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Արիսի Վախճանման 65-Ամեակ. Նուիրումի Եւ Զոհողութեան Ասպետը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.