ՍԱԼԱՄ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԹՂԹԱԾՐԱՐՆԵՐԸ ԿԸ ՏԱՆԻ ՓԱՐԻԶ
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ ժամանեց Փարիզ, ուր էլիզէի պալատին մէջ տեսակցեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ՝ քննարկելու երկկողմանի յարաբերութիւնները, Լիբանանի ապահովական վիճակն ու տարածաշրջանային զարգացումները:

Սալամ նախապէս յայտնած էր, որ շուտով Ռիատի մէջ պիտի ստորագրուին լիբանանեան-սէուտական կարեւոր համաձայնութիւններ: Ան սէուտցի արտաքին գործերու նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհանի հետ Տաւոսի մէջ տեսակցած ատեն հաւաստիացուց, որ Պէյրութի օդակայանն ու լիբանանեան նաւահանգիստները ապահով են ու վերահսկողութեան տակ, մաղթելով որ սէուտցիները վերադառնան Լիբանան ու վերսկսի լիբանանեան արտադրանքի Սէուտական Արաբիա արտահանումը:
ՊԸՐՐԻ ՊԱԱՊՏԱՅԻ ՄԷՋ
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին զարգացումներն ու հարաւի վիճակը: Զրուցակիցները շեշտեցին համախոհութեան կարեւորութիւնը եւ առաջնահերթ համարեցին Լիբանանի ներքին կայունութեան պահպանումը: Պըրրի ժողովէն ետք լրագրողներուն յայտնեց, որ նախագահին հետ իր տեսակցութիւնները միշտ բացառիկ կ’ըլլան:

Աուն իր կարգին խօսեցաւ միջազգային հաղորդակցութիւնները բազմացնելու մասին, որպէսզի վերջ դրուի իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն, տուն վերադառնան հարաւային գիւղերէն տեղահանուած քաղաքացիները եւ ազատ արձակուին բոլոր գերիները: Նախագահը Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց նաեւ Հարաւի խորհուրդի նախագահ Հաշէմ Հայտարը, որուն հետ քննարկեց հարաւի մէջ իսրայէլեան յարձակումներէն տուժողնեուն աջակցելու հնարաւորութիւնները: Աուն ծանօթացաւ Խորհուրդին ձեռնարկած քայլերուն, ապա Հայտարէն պահանջեց շարունակել մարդասիրական աջակցութիւնը եւ օգնել անոնց, որոնք վերջերս տուժած են իսրայէլեան օդային կործանարար հարուածներէն:

Ապահովական առումով, իսրայէլեան օդուժը երէկ ինքնաշարժ մը թիրախաւորեց հարաւային Պարաաշիթ գիւղին մէջ: Իսկ Խիամի մերձակայ հովիտին մէջ, իսրայէլեան հրասայլ մը կրակ բացաւ լիբանանեան բանակէն խումբ մը զինուորներու վրայ, որոնք շրջանը կը դիտարկէին ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահներուն ընկերակցութեամբ:
ԴԷՊԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՄԱՎԱՐԿԻ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երեսփոխանները հրաւիրեց լիագումար նիստի՝ քննարկելու եւ վաւերացնելու 2026-ի պետական ամավարկի նախագիծը: Նիստը պիտի գումարուի 27-29 Յունուարին:

Խորհրդարանի փոխանախագահ Էլիաս Պու Սաապ իր կարգին վերահաստատեց, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի կայանան իրենց որոշուած թուականին, ահազանգելով թէ ընտրական օրէնքին մէջ որեւէ փոփոխութիւն կատարել կը նշանակէ փոխել ընտրութիւններուն թուականը:
ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՊՈՒ ՏԱՊԻԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Արտաքին գործերու նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց Ապու Տապիի մէջ ռուս-ուքրանական բանակցութիւններ կազմակերպելու մասին: Ըստ Էմիրութիւններէն հրապարակուած յայտարարութեան, շուրջ երկօրեայ քննարկումներուն նպատակն է ամրապնդել երկխօսութեան մթնոլորտը եւ քաղաքական լուծումներ գտնել ու վերջ տալ ռուս-ուքրանական պատերազմին:

Ռուսիոյ նախագահութիւնը մինչ այդ յայտարարեց, որ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու համար, ուքրանական ուժերը նախ պէտք է քաշուին Ուքրանիոյ արեւելեան Տոնպաս նահանգէն, որ մեծ մասամբ կը գտնուի ռուսական տիրապետութեան տակ:
10 ՀԱՅ ԱՐՑԱԽԷՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿՈՒ ԳԱՆ
Արցախի բռնագրաւումէն ետք այնտեղ մնացած 10 հայ եւս երէկ ժամանեցին Հայաստան: Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արսէն Թորոսեան յայտնեց, որ «Ատրպէյճանի Հանրապետութեան (Ղարաբաղի) մէջ մինչեւ օրս բնակող10 հայ եւ ազգութեամբ ռուս Հայաստանի քաղաքացի մը դիմած են Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի համապատասխան մարմիններուն՝ Հայաստան տեղափոխութեան խնդրանքով: Դիմումներուն հիման վրայ, նշեալ անձերը տեղափոխուած են Հայաստանի Հանրապետութիւն»:

Առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանեսեան աւելի ուշ յայտնեց, որ նախարարութեան խումբերը դիմաւորած են Հայաստան ժամանողները եւ տրամադրած՝ բժշկական նախնական քննութիւն: «Մեր 10 հայրենակիցներուն առողջական վիճակը բաւարար է», յայտնեց նախարարը՝ աւելցնելով, որ մէկ անձ փոխադրուած է Գորիսի բժշկական կեդրոն՝ յաւելեալ քննութիւններու համար:
Այլ գիծի վրայ, քանի մը օր առաջ ատրպէյճանական գերութենէն վերադարձած Ուաքիֆ Խաչատուրեանի ընտանիքը հրապարակեց անոր հետ առնուած լուսանկար մը: Նշենք, որ Խաչատուրեան նախանցեալ օր Նորք-Մարաշ բժշկական կեդրոնին մէջ ենթարկուեցաւ սրտի բաց վիրահատութեան: Առողջապահութեան նախարարութիւնւը յայտարարեց, որ վիրահատութիւնը բնականոն անցած է, առանց բարդութիւններու: Խաչատուրեանի վիճակը կայուն է՝ վիրահատութեան ծաւալին համապատասխան:
ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ԱԶԱՏ ԿԱՑՈՒՑՈՒՄ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինին շուրջ վերջերս ծաւալող զարգացումներուն զուգահեռ, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ երէկ տեղի ունեցան շարք մը նշանակումներ:

Պարթեւ եպս. Բարսեղեան նշանակուեցաւ Զուիցերիոյ թեմի առաջնորդ, իսկ առաջնորդական տեղապահ Գուսան ծ. վրդ. Ալճանեան ազատ կացուցուեցաւ պաշտօնէն: Բանտերու հոգեւոր տեսուչ Իսահակ վրդ. Պօղոսեան ստանձնեց նաեւ Գեղարքունիքի թեմի առաջնորդական տեղապահութիւնը: Յուսիկ աբեղայ Սմբատեան նշանակուեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեշարանի, Սեւանի Վազգէնեան դպրանոցի եւ Քահանաներու պատրաստման լսարանի տեսուչ: Վեհափառ հայրապետին որոշումով կարգալոյծ հռչակուեցաւ Մայր Աթոռի միաբաններէն Շահէ ծ. վրդ. Անանեանը: Ան այսուհետեւ պիտի դասուի աշխարհականներու շարքին՝ աւազանի Արտիոմ Անանեան անունով: Իսկ Երուսաղէմի Նուրհան արք. Մանուկեան պատրիարքը Բեթղեհէմէն անգամ մը եւս իր զօրակցութիւնը յայտնեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին:
ՕԴԱԿԱՅԱՆԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒՄ
Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան ընդունեց Corporación América Airports ընկերութեան գործադիր տնօրէն Մարթին Էօրնեկեանը, որուն հետ քննարկեց Հայաստանի մէջ նշեալ ընկերութեան ներդրումային գործունէութիւնն ու անոր կարեւորութիւնը: Զրուցակիցները ընդգծեցին օդակայանը տնօրինելու պայմանագրին 5-րդ երկարաձգումին նշանակութիւնը՝ հետագայ գործակցութիւնը ծաւալելու տեսանկիւնէն: Գրիգորեան եւ Էօրնեկեան ապա ստորագրեցին պայմանագրին երկարաձգումը, որ օր մը առաջ վաւերացուած էր Հայաստանի կառավարութեան կողմէ:

Այս համաձայնութեան հիման վրայ, օդակայանը տնօրինելու պայմանագիրը պիտի երկարաձգուի մինչեւ 2067 թուական: Փոխվարչապետը նախապէս նշած էր, որ պայմանագրի երկարաձգումին ստորագրութեան պահէն սկսեալ, հարաւային Կապան քաղաքին օդակայանը եւս պիտի համարուի միջազգային օդակայան՝ Հայստանի մէջ երրորդը, Երեւանէն եւ Կիւմրիէն ետք:
ԱՐԾԱԹԸ՝ ՀԱՐԻՒՐԷՆ ՎԵՐ
Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, արծաթի օնսին գինը երէկ հատեց հարիւր ամերիկեան տոլարին սահմանը, հասնելով նոյնիսկ աւելի քան 101 տոլարի: Նշենք, որ արծաթին սակագինը անցնող տարուան ընթացքին զգալիօրէն բարձրացած էր, ի տես ոսկիի սակագինի մագլցումին եւ ամերիկեան ելեւմտական խնդիրներուն:

