Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Երթը Անվկանդ Շարունակելու Յանձնառութիւն

14-րդ Ընդհանուր Վարչական Ժողով

January 22, 2026
in Այլազան
0
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Երթը Անվկանդ Շարունակելու Յանձնառութիւն

Անցնող տարեշրջանին գործունէութիւնը արժեւորելու, գալիք շրջանի ծրագրերը պարզելու, միութենական նիւթերու շուրջ կառուցողական քննարկում ծաւալելու նպատակով, 2025-2026-ին յատկացուած ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի 14-րդ ամէնամեայ ընդհանուր վարչական  ժողովը կազմակերպուեցաւ Կիրակի, 11 Յունուար 2026-ի առաւօտեան, ՀԲԸՄ-ի Համայնքային կեդրոնի «Պերճ եւ Վերա Սեդրակեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովի փոխատենապետ Վազգէն Հատիտեանի, գանձապահ ու ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Յակոբ Տանձիկեանի եւ վարչականներ Միրէյ Խանամիրեանի ու ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Ճըղըլեանի, Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն եւ բոլոր միաւորներու վարչական կազմերուն:

Ատենապետին ողջոյնի հակիրճ խօսքէն ետք, ՀԲԸՄ Լիբանանի վարիչ տնօրէն եւ Միջին Արեւելքի ու շրջակայ երկիրներու տնօրէն Արին Ղազարեան ընթերցեց ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետ Ժէրար Թիւֆէնքճեանի ուղերձը, որուն մէջ ան բարձր գնահատեց իրենց մակարդակով ու ծաւալով ՀԲԸՄ-ի անունն ու վարկը հարստացուցած ՀԵԸ-ի կեդրոնական վարչութիւններուն տարած աշխատանքը՝ զանազան ոլորտներու մէջ, հաստատելով, թէ որպէս հոգեզաւակ համարուող ՀԵԸ-ի 95-ամեայ հովանաւոր, «ներկայիս ու ապագային պիտի շարունակենք նոյն հոգատար ջերմ վերաբերմունքը, նեցուկ հանդիսանալու ՀԵԸ-ի ամէն տեսակի գործունէութեանց, առանց նահանջելու եւ հրաժարելու մեր դիրքորոշումէն, մերժելով ամէն տեսակի արտայայտութիւն այս ուղղութեամբ»: Ան ժողովականներուն յորդորեց գալիքը ծրագրաւորել այնպէս, որ աւելի կանոնաւոր ու կազմակերպուած պայմաններու մէջ նախաձեռնուին միութենանուէր աշխատանքները:

Ատենադպրուհի Գարին Գալինճեանի ընթերցած՝ անցեալ տարուայ ատենագրութեան վաւերացումէն ետք, ուղերձով հանդէս եկաւ Յակոբ Ճըղըլեան, որ նշեց, թէ այսօր կը ձեւաւորուի ապագայի ուղին: «ՀԵԸ-ի ուղեւորութեան նոր փուլը կը յատկանշուի վերականգնումով: Բիւրեղացած է առաջնորդներու նոր սերունդ մը, ոչ թէ փոխարինելու անցեալը, այլ զայն ամբողջացնելու եւ յառաջ մղելու ՀԵԸ-ի արժէքները, միաժամանակ համակերպելով մերօրեայ աշխարհին», յայտնեց ատենապետը՝ յստակացնելով, որ Միութեան տեսլականն է ունենալ աւելի ուժեղ եւ թափանցիկ, երիտասարդ կազմակերպութիւն մը, ուր մշակոյթը, մարզանքն ու ծառայութիւնը կը միաձուլուին՝ դառնալով ինքնութեամբ ղեկավարող եւ ուղղամտութեամբ գործող համախմբում: Գանձապահ Տիգրան Զէյթճեան իր կարգին ներկայացուց 2025-ի ելեւմտական զեկոյցը, որուն մէջ մանրամասնեց եկամուտներուն եւ ծախսերուն հաշուեկշիռը:

Հուսկ, Ռէա Էքմէքճիի հանդիսավարութեամբ իրենց զեկոյցներն ու ծրագրերը ներկայացուցին ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի, Անթիլիասի ու Զահլէի մասնաճիւղերը, սկաուտական, մարզական, մշակութային, ընկերային եւ երիտասարդական վարչութիւնները, ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան ու Համայնքային կեդրոններուն ներկայացուցիչները, տեսանիւթերու եւ սահիկներու ընկերակցութեամբ:

Որպէս վերահաստատում «Միութիւնը զօրութիւն է» նշանաբանին, ժողովին քննարկումներու յատկացուած վերջին նիստը բացայայտեց ՀԵԸ-ի վարչականներուն եւ անդամներուն յանձնառութիւնը Միութեան արժեհամակարգին եւ անդուլ պատրաստակամութիւնը՝ անկոտրում կամքով ու անկեղծ հոգուով շարունակելու ՀԵԸ-ի հայակերտ ուղին:

 

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Մամլոյ եւ տեղեկատուական գրասենեակ

Share64Tweet40
Previous Post

Յետո՞յ, Պարոն Ամերիկա, Վերջը՞…

Next Post

Լուրեր. 24 Յունուար 2026

Next Post
Լուրեր. 24 Յունուար 2026

Լուրեր. 24 Յունուար 2026

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.