Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 22 Յունուար 2026

January 22, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 22 Յունուար 2026

ԱՈՒՆ. «ՎԵՐՋ ՏՈՒԷՔ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն միջազգային ընտանիքէն պահանջեց յստակ քայլեր ձեռնարկել՝ վերջ տալու համար իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն եւ հաշուեյարդարէն խուսափելու Թել Աւիւի փորձերուն: Աուն դատապարտեց քաղաքացիական շրջաններու ռմբակոծումը, զայն համարելով միջազգային օրէնքի վտանգաւոր խախտում: «Լիբանանի կառավարութիւնը յանձնառու կը մնայ իր գերիշխանութեան եւ հողերու անվտանգութեան, Իսրայէլը պատասխանատու համարելով վտանգաւոր խախտումներու հնարաւոր հետեւանքներուն», յայտարարութեան մէջ նշեց Աուն, զինադադարի հովանաւոր երկիրներէն պահանջելով դիմել վճռորոշ քայլերու:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ, իր կարգին, Տաւոսէն հեռաձայնով խօսեցաւ բանակի հրամանատար զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալին հետ, ծանօթացաւ իսրայէլեան նորագոյն ոտնձգութիւններուն եւ  պահանջեց անյապաղ դադրեցնել յարձակումները: Ան նաեւ օգնութիւններու գերագոյն խորհուրդէն պահանջեց անյապաղ օգնել իսրայէլեան հարուածներէն տուժողներուն:

Իսրայէլեան օդուժը երէկ սաստկացուց հարաւային շարք մը շրջաններու թիրախաւորումը՝ Հըզպալլայէն անդամներ հետապնդելու պատճառաբանութեամբ: Իսրայէլեան հարուածներէն բաժին հասաւ մանաւանդ Անսար, Ժարժուհ, Քֆուր, Խարայէպ, Զահրանի շրջաններուն, իսկ Քանարիթ գիւղի թիրախաւորումին հետեւանքով վիրաւորուեցան լրագրողներ եւ լուսանկարիչներ:

 

ԱՀԱԶԱՆԳ ԲԱՆԱԿԷՆ

Լիբանանեան բանակը հաղորդագրութեամբ մը ահազանգեց, որ իսրայէլեան հարուած

ներուն շարունակութիւնը կը խափանէ հարաւի մէջ լիբանանեան բանակի ծրագրին գործադրութիւնը: Բանակի հրամանատարը Եարզէի մէջ ընդունեց ամերիկացի, բրիտանացի եւ գանատացի դեսպանները, որոնց հետ քննարկեց հարաւի վիճակը: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի սահմանը պաշտպանելու համար բանակը կարիք ունի ռազմական լուրջ աջակցութեան:

 

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԸ՝ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՆԳՈՅՑ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան յայտնեց, որ խաղաղ Հարաւային Կովկասը կրնայ կարեւոր հանգոյց դառնալ Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ: Խօսելով Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական համաժողովի ծիրին մէջ կազմակերպուած «Սահմանելով Եւրասիական տնտեսական ինքնութիւնը» ասուլիսին ընթացքին, Խաչատուրեան անդրադարձաւ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան կարեւորութեան:

Անոր կողքին, ասուլիսին մասնակցեցան Ատրպէյճանի եւ Սերպիոյ նախագահները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչը: Խաչատուրեան վստահութիւն յայտնեց, որ պիտի գայ օրը, երբ Հայաստան բեռներ պիտի ստանայ ուղղակի Ատրպէյճանի տարածքէն, ոչ թէ երրորդ երկիրներու միջոցաւ: Հայաստանի նախագահը Տաւոսի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի նախագահ Միրիանա Սփոլիարիչ Էկկէրի հետ՝ քննարկելու անհետ կորսուածներու եւ գերիներու վերաբերող խնդիրները:

 

ԵՐԿՈՒ ԱՆՋԱՏ ՀՈԼՈՎՈՅԹ

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ հայ-ատրպէյճանական եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը եռակողմանի հոլովոյթ մը չէ:

Ազգային ժողովին մէջ երեսփոխաններու հարցերուն պատասխանած ատեն Միրզոյեան բացատրեց, որ կ’իրականացուի կարգաւորումի երկու հոլովոյթ, որոնց պարագային կան շօշափելի յաջողութիւններ եւ յստակ պատկերացումներ, ինչպէս նաեւ ակնկալիքներ: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր կարգին նշեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմական նոր մագլցումի հնարաւորութիւնը կը գնահատուի որպէս գրեթէ անհնար: Անոր խօսքով, շնորհիւ կնքուած խաղաղութեան, Հայաստանի մէջ կը նուազի վառելանիւթի որոշ տեսակներու սակագինը:

 

2025-ԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԷՆ 30 ՄԱՀ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան յայտնեց, որ 2025-ին զինուորական ծառայութեան հետ առնչուած եղած է մահուան վեց պարագայ՝ ներառեալ կայծակահարութիւն, հոսանքահարութիւն, անձնասպանութիւն եւ առողջական խնդիրներով մահ: Նախարարին խօսքով, անցեալ տարի 24 զինուոր ալ մահացած է ծառայութեան հետ կապ չունեցող պայմաններով՝ հիւանդութենէ, դժբախտ պատահարներէ՝ ընդ որում տան մէջ, ճանապարհային երթեւեկութեան խախտումներու եւ այլ արկածներու հետեւանքով:

Ան ցաւ յայտնեց, որ քաղաքական կարգ մը գործիչներ եւ ուժեր կը շահարկեն բանակին մէջ զոհերու եւ մահերու հարցը՝ քաղաքական յաջողութիւններու ակնկալութեամբ, այդ համարելով սարսափելի եւ նողկալի: «Քաղաքական գործիչներուն կոչ կ’ուղղեմ չդառնալու մահուան եւ ողբի մունետիկ», խորհուրդ տուաւ պաշտպանութեան նախարարը: Հակադարձելով երկու հոլովոյթները իրար կապող Ատրպէյճանի նախագահին յայտարարութիւններուն, Միրզոյեան շեշտեց, թէ որպէս քաղաքական օրակարգ, երկու հոլովոյթները իրարմէ պայմանաւորուած չեն, սակայն առարկայական հետազօտողները վստահաբար կը նկատեն որոշակի կապ: «Անքարայի եւ Պաքուի միջեւ սերտ կապերը գաղտնիք չեն», յայտնեց նախարարը՝ աւելցնելով, որ Ատրպէյճանի հետ նախաստորագրուած խաղաղութեան պայմանաւորուածութիւնը կարելի է գործադրել, առանց սպասելու Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու զարգացումին:

 

ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԷՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին միացած տասը եպիսկոպոսները անվաւեր կառոյց հռչակեցին Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը: Անոնք յայտարարութեամբ մը նշեցին, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն հրաւէր ստացած են մասնակցելու Աւստրիոյ մէջ գումարուելիք եպիսկոպոսաց ժողովին, ապա դիտել տուին, որ «այդ ժողովը գումարելու որոշում հրապարակած Հոգեւոր գերագոյն խորհորդը անվաւեր կառոյց է, որովհետեւ 2017-ին ընտրուած է 4 տարուայ ժամկէտով, ուստի գործունէութիւնը աւարտած է 2021-ին»:

Տասը եպիսկոպոսները նաեւ քննադատեցին Եպիսկոպոսաց ժողովը Սուրբ Էջմիածինի փոխարէն Աւստրիոյ մէջ գումարելու որոշումը, պնդելով որ ոեւէ մէկը իրաւունք չունի այդ ժողովը արտերկիր փոխադրելով հեղինակազրկել Մայր Աթոռն ու հայոց պետականութիւնը:

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ 2026-Ի ՁԻՒՆԸ ԱՌԱՏ Է

Հայաստանի օդերեւութաբանական ծառայութիւնը յայտարարեց, թէ 21 Յունուարի դրութեամբ Հայաստանի լեռնային շրջաններուն մէջ ձիւնի ծածկոյթին բարձրութիւնը 2025-ի նոյն օրուայ համեմատ 60-80 սանթիմեթր աւելի է, ինչ որ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ ջրամբարներու գարնանային լեցուածութեան վրայ:

 

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴԱՐՁԱԿՈՒՄ

Սէուտական Արաբիոյ, Թուրքիոյ, Եգիպտոսի, Յորդանանի, Ինտոնեզիոյ, Փաքիստանի եւ Քաթարի արտաքին գործերու նախարարները հրապարակեցին միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեալ երկիրներուն համաձայնութիւնը յայտնեցին միանալու Խաղաղութեան խորհուրդին, որ հիմնելու մասին յայտնած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփը: Վատիկան եւս յայտարարեց, որ Ուաշինկթընէն ստացած է նշեալ խորհուրդին միանալու հրաւէր: Միւս կողմէ, Նորվեկիա եւ Շուէտ շեշտեցին, որ ներկայի պայմաններով կը մերժեն միանալ Թրամփի խորհուրդին, նկատի առնելով Կրինլէնտի նկատմամբ ամերիացի նախագահին նկրտումները: Թրամփ իր կարգին բողոքեց, որ «Եւրոպան ճիշդ ուղղութեամբ չ’ընթանար», պահանջելով անյապաղ բանակցութիւններ կատարել Կրինլէնտը գնելու նպատակով: Ան միաժամանակ խոստացաւ այդ նպատակին հասնելու համար չդիմել ռազմական ուժի:

Սպիտան տունը յայտարարեց նաեւ, որ նախագահ Տոնըլտ Թրամփի իշխանութեան 365 օրերը կազմած են ամերիկեան նախագահութեան ժամանակակից պատմութեան ամէնէն յաջող տարին: Հրապարակելով Թրամփի յաջողութիւնները, Սպիտակ տունը որպէս 143-րդ իրագործում համարեց «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կնքուած խաղաղութեան պայմանագիրը», աւելցնելով որ Թրամփ իշխանութեան վերադարձած է բարգաւաճումը վերականգնելու, սահմանային անվտանգութիւն ապահովելու եւ ամերիկացիներու շահերուն գերակայութիւնը երաշխաւորելու նպատակով: Թրամփ յայտնած է նաեւ, որ իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութին չէր հաւատար, որ ինք կարողութիւն ունի կարգաւորելու հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնը:

 

ԱՇԽԱՐՀԻ ՈՒԺԱՅԻՆ ԱՂԻՒՍԱԿԸ

Global Firepower հեղինակաւոր կայքը թարմացուց աշխարհի բանակներուն ուժային աղիւսակը, որուն մէջ ներառեց 145 պետութիւն: Աղիւսակը կազմուած է հիմնուելով 60 չափանիշի վրայ՝ ներառեալ ռազմական պիւտճէն, մարդուժը, ռազմական սարքաւորումներուն թիւը, պետական եւ ռազմական ենթակառոյցները, աշխարհագրական դիրքը, արդիւնաբերութիւնը, ինչպէս նաեւ խնդրոյ առարկայ պետութեան տնտեսական հնարաւորութիւնները, արհեստագիտական արդիականութիւնը եւ ռազմավարական սկզբունքները, ուր զերօն գերագոյն նիշն է: Միացեալ Նահանգներ վերստին պահպանեց առաջին դիրքը՝ 0,0744 նիշով, Ռուսիա եւ Չինաստան 0,0788 նիշով գրաւեցին երկրորդ դիրքը, Հնդկաստան 4-րդ է՝ 0,1184 նիշով եւ անոր կը յաջորդեն Հարաւային Քորէան, ապա՝ Միացեալ Թագաւորութիւնը, Ֆրանսա 7-րդ է, Ճափոն՝ 8-րդ: 0,1902 նիշով Թուրքիա կը գրաւէ 9-րդ դիրքը, իսկ Իտալիա կ’եզրափակէ լաւագոյն տասնեակը՝ 0,2164 նիշով: Ըստ աղիւսակին, աշխարհի տկարագոյն բանակը ունի Հիմալայա լեռներուն մերձակայ Պհութանը, ապա՝ Պենինը, Մոլտովան, Սոմալիան, Լիպերիան, լատինամերիկեան Սուրինամն ու Պելիզը, Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութիւնը, Իսլանտան եւ վատագոյն տասնեակը եզրափակող Սիէրա Լիոնը:

Լիբանան 145 երկիրներուն մէջ 2,5981 նիշով կը գրաւէ 115-րդ դիրքը: Հայաստան 91-րդ է՝ 2,0373 նիշով, իսկ Ատրպէյճան կը գրաւէ 60-րդ դիրքը: Իսրայէլ եւ Իրան յաջորդաբար 15-րդ եւ 16-րդ են, իսկ արաբական աշխարհին մէջ ուժեղագոյն բանակը ունի Եգիպտոսը՝ աշխարհի 19-րդը:

Share64Tweet40
Previous Post

Խապրիկներ Դատարանէն

Next Post

Նոր Գիրքեր – «Մեր Հայրերի Մոխիրը. Լեռնային Ղարաբաղի Անկման Պատմութիւնը»

Next Post
Նոր Գիրքեր – «Մեր Հայրերի Մոխիրը. Լեռնային Ղարաբաղի Անկման Պատմութիւնը»

Նոր Գիրքեր - «Մեր Հայրերի Մոխիրը. Լեռնային Ղարաբաղի Անկման Պատմութիւնը»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.