Արցախի Հանրապետութեան (Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան) պատմութեան մասին գրուեցան բազմաթիւ գիրքեր եւ տակաւին պիտի գրուին վստահաբար: Անոնցմէ է Օքսֆորտէն բրիտանացի լրագրող ու գրող Գաբրիէլ Գեվինը (Gabriel Gavin): Գիրքին անգլերէն հրատարակութենէն անմիջապէս ետք, Մետիամաքս լրատուական գործակալութիւնը, հեղինակին համաձայնութեամբ, յանձն առած է զայն թարգմանել հայերէնի եւ ներկայացնել հանրութեան: Գիրքը թարգմանած է Մարիա Սադոյեան, խմբագրած Նունիկ Աւետիսեան: «Մեր Հայրերի Մոխիրը. Լեռնային Ղարաբաղի Անկման Պատմութիւնը» 268 էջանի հատորը լոյսին եկած է Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան եւ Թիւֆենկեան բարեգործական հիմնադրամի աջակցութեամբ: Հեղինակին լրագրողական հետաքրքրութիւնները կը վերաբերին նախկին Խորհրդային Միութեան հանրապետութիւններուն եւ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեանց:
Հայ-ատրպէյճանական աւելի քան հարիւրամեայ հակամարտութիւնը, Արցախը եւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ծաւալած թէժ իրադարձութիւնները, բնականաբար պիտի շահագրգռէին Գ. Գեվինը, որպէսզի անձամբ ուղղուի տարածաշրջան, գտնուի արցախեան բարդ հանգոյցի կիզակէտին եւ ականատեսն ու ականջալուրը ըլլալու գետնի վրայ զարգացող եղելութեանց: Այդ զգայուն առաքելութեան արգասիքն է սոյն հատորը:
Գիրքն ունի ներածութիւն մը՝ հեղինակին կողմէ: Կը բաղկանայ երեք մասերէ: Ներածականով (էջ 8 – 27) ան կ’ուրուագծէ արցախեան հակամարտութեան ակունքներուն, յաջորդական պատերազմներուն հակիրճ պատմութիւնը՝ անդրադառնալով հայոց պատմութեան գլխաւոր եղելութեանց՝ քրիստոնէութեան ընդունումէն մինչեւ ցեղասպանութիւն, սփիւռք («Ողջ մնացած «արեւմտեան» հայերը ձեւաւորեցին հսկայական սփիւռք՝ Երուսաղէմից Սիրիայից եւ Լիբանանից մինչեւ Ֆրանսիա, Պելկիա, Գալիֆորնիա եւ Արկենթինա»), արեւելեան Հայաստան, 1936-1938-ականներու մեծ տեռոր՝ Ստալինեան օրերուն, Խ. Միութիւն եւ անոր քայքայման հետեւանքները հարաւային Կովկասի մէջ՝ որմէ ետք Ղարաբաղի շուրջ ծաւալած ռազմական գործողութիւնները, ապա՝ բանակցութիւններն ու խաղաղութեան հաստատման ջանքերը եւ այլն: Ան կը համեմատէ Հայաստանի նախագահներուն վարած տարբեր քաղաքականութիւնները՝ ակնարկելով Լեւոն Տէր Պետրոսեանի աւելի հեռատես մօտեցումին, հարցին կարգաւորման իրապաշտ նախաձեռնութիւններուն՝ «Տէր-Պետրոսեանին պաշտօնանկ արեցին իր իսկ վարչակազմի կոշտ գծի ջատագովները». «Լ. Տէր Պետրոսեանն ողբերգական կերպար է, առաւել եւս, որ նա կարծես հասկացել էր այն, ինչ չհասկացաւ Քոչարեանը. որ Ատրպէյճանը յաւերժ պարտուած չի մնայ»: Կը կարդանք ներատրպէյճանական խլրտումներուն, Հայտար Ալիևի իշխանութեան վերատիրացման, հայ-ազերի մշտական լարուածութեան՝ «Անհնար է ասել, թէ քանի պատերազմ է տեղի ունեցել երկու երկրների միջև Խորհրդային Միութեան փլուզումից յետոյ՝ երեսուն տարուան ընթացքում»: Կ’անդրադառնայ պատերազմի ողբերգական երեսին՝ երկու կողմերուն համար ալ զոհեր, բռնագաղթ, անորոշութիւն, եւ ապա՝ «2023-ի՝ Լեռնային Ղարաբաղի վախճանը, երբ այն դադարեց գոյութիւն ունենալ ոչ թէ սկզբունքօրէն, այլ գործնականում, տեղի ունեցաւ բազմաթիւ նախազգուշացումներից յետոյ»: Գալով քաղաքական երեսակին՝ «Ռուսաստանը՝ այն երկիրը, որին շատ ղարաբաղահայերը համարում էին իրենց անվտանգութեան երաշխաւորը, կրկին քաոսի մէջ է. ցինիկ, մարդասպան, ճգնաժամ ապրող պետութիւն, որը Պուտինի սխալ հաշուարկի հետեւանքով զբաղուած է Ուկրաինա ներխուժելու հետ կապուած իր իսկ ստեղծած խնդիրներով: Ինչպէս 1990-ականներին էր, Մոսկուան բացարձակապէս շահագրգռուած չէ հոգալու նոյնիսկ իր քաղաքացիների մասին, էլ չխօսենք իր նախկին կայսրութեան եզրին ապրող օտարերկրացիների մասին, թէեւ դեռեւս ակնկալում է նրանց հաւատարմութիւնը ժողովրդավարական աշխարհի հետ գոյութենական պայքարում»: Ան քննադատական խօսքեր ունի նաև Արեւմուտքին՝ մարդասիրական աղէտը կանխելու իր յանձնառութեանց ձախողման համար, ընդգծելով անոր տնտեսական շահերը տարածաշրջանէն ներս:
Գիրքին երեք մասերը ընթերցելով, մեր առջեւ ժապաւէնի նման կը թաւալին այն դէպքերը, որոնք պատահեցան 2020 Սեպտեմբեր 27-էն ետք՝ Պաքուի սանձազերծած յարձակումով Արցախի դէմ, յանգելու համար 2023 Սեպտեմբերին՝ երբ տեղի ունեցաւ Արցախի ամբողջական հայաթափումը, հեղինակին բնորոշումով՝ «անկումը»: Առաջին մասը` (էջ 29 – 69) «Սառեցուած հակամարտութիւնը հալւում է» վերնագիրով, ունի երկու գլուխ՝ Վերջի սկիզբը եւ Մի պատերազմից միւսը: Գեվինը ակնարկ մը կը նետէ ղարաբաղեան առաջին պատերազմին վրայ, հայկական յաջողութիւններուն, Խոջալուի դէպքերուն, ազերիներու գլխապատառ փախուստին, Ատրպէյճանի ներքին տագնապներուն, հայաստանեան իրադարձութեանց՝ մինչեւ Փաշինեանի յեղափոխութիւնը: Կը գրէ հետաքրքրական պատկերներով՝ փորձելով ըլլալ անաչառ. կ’արձանագրէ պետական եւ սովորական մարդոց մասին՝ անձամբ շփումներով եւ զրոյցներով Հայաստանի եւ Պաքուի մէջ: Ան յաճախ եղած է թէժ վայրեր՝ հարազատօրէն ներկայացնելու համար իրավիճակը: Թէ ինչպէս եւ ինչու հակամարտութիւնը մնաց չլուծուած՝ կը տեսնենք հակընդդէմ կողմերուն անզիջում քաղաքականութիւնը: Նիւթը կը հասնի մինչեւ Նոյեմբեր 10-ի պայմանագիր՝ հայկական կողմին պարտութենէն ետք: Երբ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը կոչ կ’ընէր դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները, բայց ապարդիւն, «Պաքուի պաշտօնեաների տեսանկիւնից՝ Հայաստանը վերջին երեսուն տարիներին անտեսել էր ՄԱԿ-ի չորս բանաձեւերը, որոնք կոչ էին անում դուրս բերելու զօրքը Լեռնային Ղարաբաղից»:
Երկրորդ մասը (էջ 71 – 201), որ աւելի ծաւալուն է, կը ներկայացնէ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ պատահած գլխաւոր դէպքերը 2022-2023 տարիներուն: Հեղինակը նաեւ միշտ կապի մէջ է ազերի պետական պաշտօնատարներու հետ, որոնք կը պատասխանեն իրենց ուղղուած հարցումներուն: Պատերազմի սպառնալիքը արդէն փոխադրուած է Հայաստանի սահմաններուն, ռուսական ազդեցութիւնը մեծապէս թուլցած, Արցախի գլխուն կախուած է Դամոկլեան սուրը՝ շրջափակումով, նոր պատերազմի սպառնալիքով եւ ամբողջական բնաջնջումով: Դառնագին նկարագրութիւններ կան շրջափակուած արցախահայութեան մասին: 2022 Սեպտեմբեր 13-ին լայնածիր յարձակում Ջերմուկի եւ Սոթքի վրայ, այսինքն՝ Սիւնիք եւ Գեղարքունիք: «Տեղի ունեցած մարտերն աննախադէպ միջազգային արձագանգի արժանացան». «Արեւմտեան կառավարութիւնները շտապեցին դատապարտել բռնութիւնը»: ԱՄՆ-ի ազդու միջամտութիւնը մեծ դեր կատարեց ազերիները զսպելու: Ատրպէյճան կը շարունակէ իր ցինիկ պահուածքը, մինչ ՀԱՊԿ, Մոսկուա եւ ռուս խաղաղապահները կը մնան ձեռնածալ՝ հանդիսատեսի դիրքերով: Երեւան կը սկսի սառնութիւն ցուցաբերել ՀԱՊԿ-ի նկատմամբ՝ յատկապէս Երեւանի մէջ կայացած գագաթնաժողովին: Հայաստանի ներքաղաքական կեանքն ալ փոթորկալից օրեր կ’ապրի ընդդիմադիր ղեկավար, նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորութեամբ: Երկօրեայ պատերազմին հետեւանքները ծանր են մանաւանդ Ջերմուկի եւ Սոթքի մէջ, ուր կ’այցելէ գիրքին հեղինակը. ականատես կ’ըլլայ աւերածութեանց, կը շփուի զինուորականներու եւ քաղաքացիներու հետ: Կարեւոր երկու գլուխներ են՝ Կովկասի Երուսաղէմը եւ Երկու Հայաստանների պատմութիւնը. առաջինը Շուշիի մասին է, անոր պատմական կշիռը հայութեան համար, նաեւ՝ Շուշայի մասին՝ անոր ազգային իմաստը ազերիներու համար, ուր իրարու կը բաղխին հակասական թեզերը: Իսկ երկրորդը՝ Արեւմտեան Հայաստանի, Ցեղասպանութեան կարգ մը դրուագներու, Թեհլիրեանի, ASALA-ի եւ Թուրքիա ապրող հայոց մասին՝ կեդրոնանալով Հրանդ Տինքի գաղափարներուն եւ նահատակութեան վրայ: Ապա՝ Ռուբէն Վարդանեանի պարագան կը դառնայ իր ուշադրութեան նիւթը: Կը կարդանք Մոսկուայի եւ Փութինի մօտիկ, լրագրող Մարկարիթա Սիմոնեանի ժխտական կեցուածքի մասին՝ Երեւանի իշխանութիւններուն հանդէպ: Ապա՝ ամերիկացի կարկառուն պետական գործիչներ Նենսի Փելոսիի եւ Սամանթա Փաուըլի այցելութիւնները Հայաստան, անոնց ներկայութեան պատճառով զայրոյթը Պաքուի մօտ: Նաեւ՝ եւրոպացի դէտերու ներկայութեան շուրջ, անոնց ամուլ առաքելութեան, ազերիներու անդրդուելի պահուածքին եւ ակրեսիւ տրամադրութիւններուն շուրջ, որոնք ի գործ կը դնէին ռազմական-քաղաքական յոխորտանքներէ դրդուած: Եւ… սկսաւ շրջափակումը, նախ՝ բնապահպաններու պատրուակով, որոնք փակեցին Ստեփանակերտ-Գորիս ճանապարհը Շուշիի մօտ: Ինչպիսի՛ ծանր օրեր ապրեցաւ Արցախը՝ անապահով, սովահար, յուսահատ եւ մեկուսացած աշխարհէն, կը կարդանք սրտաճմլիկ ապրումներով: Հեղինակը խիստ խօսքեր ունի ռուսական անտարբերութեան կամ մեղսակցութեան համար, նաեւ՝ եւրոպական մարդասիրական կազմակերպութեանց լռութեան համար, նշելով որ Եւրոպան շարունակեց իր սիրալիր եւ քծնողական կապերը Պաքուի հետ, արհամարհելով պաշարուած արցախահայութեան տառապանքները: Եւ քաղաքական պահը՝ «Փաշինեանի լիպերալ, բարեփոխամէտ կառավարութիւնում Պուտինի գաղափարական երկրպագուներ երբեք չեն եղել, սակայն Ռուսաստանի ազդեցութիւնն ընդունել եւ հանդուրժել են որպէս անխուսափելի իրողութիւն, քանի որ Հայաստանը չափազանց մօտ էր աշխարհի ամենամեծ երկրի հարաւային սահմանին: Կրեմլի ինքնահռչակ ազդեցութեան գօտու քաղաքական գործիչների աշխատանքն էր այդ ազդեցութիւնն օգտագործել իրենց ուզածին հասնելու համար՝ մշտապէս զգուշացնելով, որ արջը, որի հետ նրանք պարում են, կարող է ցանկացած պահի յարձակուել: Ատրպէյճանը, անկասկած, յաղթել էր այդ խաղում, եւ ժամանակն էր, որ Երեւանը այլ տեղ աջակցութիւն փնտռէր»: Այնուհետեւ, Exodus գլուխն է, 2023 Սեպտեմբեր 19-ի միօրեայ պատերազմը, արցախահայութեան բռնագաղթը, հանրապետութեան լուծարումը, դէպի Կոռնիձոր եւ Գորիս մարդկանց զանգուածային հոսքը, Արցախի ղեկավարութեան մէկ մասին գերեվարումը: Ահա դաժանագոյն պահը որ գրած է Գեվինը՝ «Բոլորը, ում հետ խօսեցի, նոյն բանն էին ասում. «Մենք գիտենք, որ չենք վերադառնալու»»:
Վերջին գլուխը՝ Հետեւանքները (էջ 203 – 265) եզրափակիչ մտորումներ են Արցախի պատմութեան վերջին փուլին հետ առնչուած: Հեղինակը դառնութեամբ կը շեշտէ միջազգային անտարբերութեան վրայ: Մարդիկ խօսքեր շռայլեցին, բայց Արցախը թողուցին իր ճակատագրին:
Բրիտանացի հեղինակին համար՝ սա Լեռնային Ղարաբաղի անկման պատմութիւնն է, իսկ մեզի համար՝ կոտտացող ցաւ, որ դեռ պիտի կոտտայ ու կոտտայ ընդերկար…

