Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Խապրիկներ Դատարանէն

Պերճ Արապեան

January 20, 2026
in Յօդուածներ
0
Խապրիկներ Դատարանէն

Ոսկերչական ասպարէզի ծիրէն ներս, պարոն Պօղոս Քիւրտեան երիտասարդ տարիքէն եղած է բարի միջնորդ, լուծելով ոսկերիչ-աշխատաւորի եւ վարպետ-գործատէրի միջեւ տարակարծութիւնները։

Ատենօք, պետական պատասխանատուներուն մօտ զարմանք յառաջացած է, թէ ինչո՞ւ ոսկերիչ աշխատաւորներ կամ վարպետներ կը ներկայանան աշխատանքի նախարարութեան պատկան մարմիններուն, կը մատուցեն իրենց գանգատներն ու պահանջները, բայց հետագային կը դադրին իրենց դատը հետապնդելէ։ Ուսումնասիրելէ ետք, կ’իմանան որ պարոն Պօղոս Քիւրտեան, նախքան նոյնիսկ Լիբանանի վարպետ ոսկերիչներու եւ գոհարագործներու սենտիքայի նախագահ ըլլալը, հարցերը բարեկամաբար լուծած է երկու կողմերուն միջեւ։

2000 թուականին, պետական օրէնք-հրամանագրով մը կը նշանակուի գործաւոր-գործատէր գործադիր դատարանի գլխաւոր 3 դատաւորներէն մէկը։

Արժանավայել կերպով արդարացուցած ըլլալով իրեն վստահուած պաշտօնը, 25 տարի ետք, իր պաշտօնակիցներէն միակն է որուն օրինական հանգամանքը վերանորոգուած է։

Քանի մը խապրիկ իր փորձառութէնէն։

 

1․ Նոյն մականունով թեր եւ դէմ

Դատական հայցը երկար ժամանակ շարունակուած էր թեր եւ դէմ կողմերուն միջեւ։ Աշխատաւոր երիտասարդը պահանջատէրն էր իր իրաւունքներուն։ Գործատէրը կը զլանար տալ։

Այդ օրուայ նիստին, ինչ-ինչ պատճառներով պատահեցաւ որ գործատէրին փոխարէն ներկայանայ տիկին մը։ Անուններու ստուգման ընթացքին ի յայտ եկաւ որ երկու կողմերն ալ նոյն մականունը կը կրեն։ Դատախազը հարց տուաւ թէ արդեօք ազգականական որեւէ կապ կա՞ր երկուքին միջեւ։ «Այո՛, հարազատ քոյրիկս է։ Ես քրոջս ամուսնոյն քով կ’աշխատէի», եղաւ պատասխանը։

Քոյրը ամբաստանեալ կողմը կը ներկայացնէր, իսկ եղբայրը՝ ամբաստանող։ «Քոյր եղբայր իրարու դէմ դա՞տ» զարմացած հարց տուաւ դատախազը։

Երիտասարդին պատասխանը չուշեցաւ․ «քոյրս հիմա՛, ձեր ներկայութեան, թող հաստատէ որ ես ո՛չ մէկ իրաւունք ունիմ իրենց մօտ, ես վայրկենական, անմիջապէ՛ս կը հրաժարիմ իմ բոլոր իրաւունքներէս»։

Քոյրը պահ մը սառած մնաց։ Դալկահար եղած էր։ Ակնթարթ մը ետք խոստովանեցաւ․ «Այո՛, եղբայրս իրաւացի է իր բոլոր ուզածներուն մէջ»։

 

Արեան կանչն է՞ր խօսողը, թէ՞ արդարամտութեան․․․։ Շատ հաւանաբար երկուքը միասին, բայց վստա՛հ, արենական կապը գերազանցած էր ամուսնական-խնամիական կապին։

 

2․ Սարսափի մէջ եղող պարմանուհին

Մեր օրակարգը աւարտած էինք։ Պատրաստուեցանք հեռանալու ատեանէն։ Ընթացիկ դատ ունեցող օրիորդ մը, որուն համար նիստ նշանակուած էր, քանի մը շաբաթ ետք սրահին մէջ կը հետեւէր անցուդարձերուն։ Մեր մեկնումէն անմիջապէս առաջ մօտեցաւ ամպիոնին։ Տեղեկացուցինք որ ինք այդ օր նիստ չունի, որ բոլոր կողմերը ներկայ չեն, կարելի չէ՛ դատական հայց յարուցել:

Սարսափի մատնուած էր խե՜ղճ աղջիկը։ Յանկարծ սկսաւ հեկեկալ։

Հանդարտեցնելէ ետք, պատրաստակամութիւն յայտնեցինք մտիկ ընելու զինք։

«Վարպետս շատ ազդեցիկ մարդ է եւ շատ զօրաւոր կապեր ունի, եկած եմ կանխա՛ւ դատս քաշելու եւ իրաւասութիւններէս հրաժարելու»։

«Այդպիսի բան չի՛ կրնար ըլլալ՛»,- եղաւ դատական ատեանի նախագահին պատասխանը։ Եթէ հանրապետութեան նախագահն անգամ փորձէ միջամտել, անօգուտ է, իրաւունքդ կը հասնի՛ քեզի»։

Իրապէս ալ օրինական կարգով շարունակուեցաւ դատը եւ վերջաւորութեան վճիռը արձակուեցաւ ի նպաստ մեր պարմանուհիին։

 

3․ Վճարուա՞ծ էր, թէ՞ ոչ

Տրամաբանական լուծումի մը հանգելէ ետք, պատշաճ վճիռը արձակած էինք։ Գործաւորը որոշ գումարով մը պէտք էր հատուցում ստանար։

Ենթական դարձեալ ներկայացաւ դատարան, ըսելով որ ստացագիրը կանխաւ ստորագրել տալէ ետք, վարպետը մերժած էր գումարը յանձնել իրեն, կատարուած իրողութեան մը առջեւ ձգելով զինք։

Ատեանէն ներս շփոթ մը ստեղծուած էր։ Ինչպէ՞ս կարելի էր լուծել այդպիսի դնճուկ մը։

Առաջարկեցի վերաբանալ դատը, պաշտօնապէս պահանջել կողմերէն փաստացի վաւերաթուղթեր ներկայացնել թէ ինչպէս կատարուած էր վճարումը։

Որեւէ դիւրիմացութեան մը պարագային, եթէ պէտք ըլլար, ընկերութեան տետրակները խուզարկութեան պիտի ենթարկուէին երդուեալ պետական մասնագէտ հաշուապահի մը կողմէ։

Օրինական վաւերաթուղթով մը իմաց տրուեցաւ գործատէրին։

Պատճառաբանելով որ «պզտիկ» դիւրիմացութիւն մը եղած էր երկուքին միջեւ, ներկայացաւ դատարան եւ մեր ներկայութեան կատարեց վճարումը։

 

4․ Կոկիկ գումարի մը հատուցումը

Քանի մը տարի առաջ, մէկ այլ ատեանի մը մէջ դատ ունեցող հայ երիտասարդ մը ներկայացաւ, խնդրելով որ օգտակար դառնամ իրեն։ Լուրջ էր հարցը։ Գումարը բաւականին մեծ էր, մինչ գործատէրը կը մերժէր հատուցում տալ իրեն։

Երկրին մէջ ազդեցիկ մարդ էր գործատէրը, երիտասարդը տարակոյսի մէջ, թերահաւատ։ Առաջարկեցի ինծի ներկայացնել իր մօտ եղած տուեալները։ Ուսումնասիրելէ ետք, ի յայտ եկաւ որ իր պաշտպան փաստաբանը կ’աշխատէր ի նպաստ դիմացի կողմին։ Հեռու չէր որ գործատէրին կողմէ կաշառուած ըլլար կամ խոստումներով շռայլուած, նկատի ունենալով որ պահանջուած գումարը արդարացի, բայց բաւականին մե՜ծ էր։

Խնդրեցի իրմէ, առանց ոեւէ մէկը տեղեկացնելու, լռելեայն, քայլ առ քայլ հետեւի իմ ցուցմունքներուս։

Փաստաբան փոխելը խոհեմութիւն չէր, միւս կողմէ, սակայն, «դաշտը» պէտք չէր ձգել փաստաբանին։ Պայման էր որ ինք անձամբ ներկայ ըլլար բոլոր նիստերուն եւ, առանց վարանելու կամ ընկրկելու, հաստատ մնար իր ԱՐԴԱ՛Ր պահանջներուն վրայ։

Երբ պետութեան կողմէ լիազօրուած ներկայացուցիչին տեղեկագիրը ի նպաստ գործատէրին ելաւ, տեղեկացուցի իրեն որ իր արդար իրաւունքն էր մերժել եւ չընդունիլ տեղեկագիրը։ Զարմացած ու շուարած էր պաշտպան փաստաբանը։ Սկսած էր կասկածիլ, թէ արդեօք մէկ ուրիշ փաստաբանի մը խորհուրդներէ՞ն ալ կ’օգտուի ենթական: Ի՞նչ գիտնար որ ոչ թէ փաստաբան մը, այլ երկար տարիներու դատաւոր մըն էր իրեն ցուցմունք տուողը։ Կտրուկ կերպով մերժեց պետութէնէն լիազօրագիր ունեցող ներկայացուցիչին տեղեկագիրը։ Իր իրաւասութեան սահմաններուն մէջ էր, ոչ ո՛ք կրնար առարկել։

Վերջաւորութեան դատարանին վճիռը ի նպաստ իրեն եղաւ ու քանի մը տասնեակ հազար տոլարի հատուցումը արդարօրէն ստացաւ։

Share63Tweet39
Previous Post

Նուէրը՝ Տարբեր Մշակոյթներու Մաս

Next Post

Լուրեր. 22 Յունուար 2026

Next Post
Լուրեր. 22 Յունուար 2026

Լուրեր. 22 Յունուար 2026

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.