Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Արսէն Կիտուր Եւ Իր Գործը՝ «Յուշեր Եւ Փուշեր» (3)

Յարութիւն Իսկահատեան

January 22, 2026
in Յօդուածներ
0
Արսէն Կիտուր Եւ Իր Գործը՝ «Յուշեր Եւ Փուշեր» (3)

Արսէն Կիտուր ամէն գիշեր նոր դրուագներ կը լսէ հայ բռնագաղթուածներու մասին: Ատաբազարէն մինչեւ Զապուրի (հաւանաբար` Խապուրի) անցքերը կողոպուտ, բռնաբարում, սպանութիւն… Խելագարուածներու թիւը կը բազմանար: Ճարպիկ հայ տարագրեալներ կը յաջողէին Սինճար լեռներու եզիտիներուն քով ապաստանիլ: Հայասէր եզիտիներու Շէյխ Էմիր Իսմայիլը հայոց առջեւ իր դռներուն բաց ըլլալը կը յայտարարէ: Անդին, Ամանոսի լեռներուն վրայ (Կեավուր Տաղը կոչուած լեռներ) բուռ մը հայ քաջեր թուրքերուն դէմ զինեալ պայքար կը տանէին: Արաբական անապատներու մէջ, արաբ ապստամբներ կը կռուէին բռնատէր թուրքերուն դէմ: Հեղինակը այս մասին կը գրէ. «Որոշեցի ամէն միջոցներ ձեռք առնել, որ արաբներուն հարուածները ըլլան վճռական, բոլորը կը սպասէին թրքական նահանջի մը, որպէսզի հուժկու հարուածներով ի սպառ հեռանային իրենց դարաւոր թշնամիէն»:

Այդ միջոցին Արսէն Կիտուր մալարիայով կը վարակուի: Ան հնարամիտ քայլի մը կը դիմէ: Քութ-էլ-Ամարայի մէջ սպաննուած թուրք զինուոր Սպարթացի Հասանին անձնաթուղթը կը գրպանէ, անով Պաղտատ կը մեկնի ու պետական հիւանդանոցը կը մտնէ: Բարեբաստիկ դիպուածով մը, հիւանդանոցին բժիշկը իր բարեկամ տոքթ. Սիմոն Քիւփէլեանն էր, զոր նախապէս մօտէն կը ճանչնար: Բժիշկը իրեն լաւ հոգ կը տանի: Կիտուր շուտով կ’ապաքինի, սակայն, ապահովութեան համար, ատեն մը հիւանդանոցին մէջ կը մնայ: Ան բնաւ չէր մոռցած Տէր Զօրի անապատին մէջ իր տեսածներն ու լսածները: Կիտուր բժիշկին կը պատմէ. «Հրաշքի դար կ’ապրինք, տոքթոր, դուն Տէր Զօրի անապատը պիտի երթաս, որ հասկնաս թէ իմ սպանութիւնը շատ ոչինչ է այն ահռելի եղեռնին դիմաց, որուն ենթարկուած է ամբողջ հայութիւնը»:

Արսէն Կիտուրի ամէնէն հաւատարիմ աշակերտը` Սայիտ Սուլէյման, հօրը հետ հիւանդանոց կու գայ ու կը յայտնէ իր ուսուցիչին, որ արաբները կը փափաքէին փակուած Սուլթանիէ դպրոցը վերաբանալ եւ թէ Կիտուրի` դպրոց վերադարձին համար ամէն կարգադրութիւն եղած է: Կիտուր կը համաձայնի` մտածելով հետեւեալ կերպ. «Ես արդէն մեռած մարդ մըն եմ, ի՞նչ պիտի կորսնցնեմ: Գործեմ իրենց գծած ճամբով»:

Արսէն Կիտուր կրկին կը սկսի դասաւանդել վերաբացուած Սուլթանիէ դպրոցին մէջ: Թուրք սպայ Թեւֆ‎իք միշտ անոր կը հետեւի ու կը հետապնդէ զայն: Օր մը ան կը փորձէ առեւանգել Կիտուրը եւ Քութ-էլ-Ամարա տանիլ` ըստ վճիռին զայն կախաղան բարձրացնելու համար: Այս անգամ եւս Սայիտ Սուլէյման եւ ընկերները Կիտուրը կ’ազատեն մահէն:

Արաբ յեղափոխականները տեսնելով որ սպայ Թեւֆ‎իք շատ վտանգաւոր անձ մը դարձած է, կը սպաննեն զայն:

Այդ օրերուն Արսէն Կիտուր յաճախ կ’այցելէր Պետրոսեան ընտանիքին: Ատեն մը ետք, անոր այցելութիւնները մտերմական հանգամանք կը ստանան ու ան կ’ամուսնանայ Պետրոսեաններու դստեր` Զարուհիին հետ: Ամուսնութենէն մօտ տարի մը ետք` 11 Մարտ 1917-ին, անգլիացիք Պաղտատ կը մտնեն: Արսէն Կիտուր անգլիացի հազարապետ Մօտի քով թարգմանի պաշտօն կը ստանձնէ: Իր գործին առընթեր, ան կը մասնակցի հայահաւաքման առաքելութեան եւ բազմաթիւ հայեր կորուստէ ու մահէ կը փրկէ:

Պատերազմի ընթացքին, բնականաբար, Դաշնակիցները իրարու հետ յաճախ կապի մէջ կը մտնէին: Շրջանի ապագային մասին բանակցելու համար ռուսական եւ անգլիական բանակներու բարձրաստիճան սպաներ ժողով մը կը գումարեն Պարսկաստանի Բակորա աւանին մէջ: Արսէն Կիտուր ներկայ կը գտնուի բանակցութիւններուն` իբրեւ թարգման: Այդ օրերուն, ռուսերը երկու հակառակ կողմերու բաժնուած էին` յեղափոխականներ ու ցարականներ: Նոյն օրերուն, կազմուած էր  «Տարագրելոց Պաշտպանութեան Մարմին»-ը, որու ծիրին մէջ Կիտուր բուռն գործունէութիւն կը տանէր: Պէտք էր հարիւր հազարաւորներու հասնող թափառական հայերը հաւաքել Միջագետքի անապատներէն:

(Շարունակելի)

Share62Tweet39
Previous Post

Նոր Գիրքեր – «Մեր Հայրերի Մոխիրը. Լեռնային Ղարաբաղի Անկման Պատմութիւնը»

Next Post

«ՀԲԸ Միութեան Հայրենական Գործունէութիւնը 1991-2021 Տարիներուն», Հեղինակ՝ Յովիկ Էօրտեքեան

Next Post
«ՀԲԸ Միութեան Հայրենական Գործունէութիւնը 1991-2021 Տարիներուն», Հեղինակ՝ Յովիկ Էօրտեքեան

«ՀԲԸ Միութեան Հայրենական Գործունէութիւնը 1991-2021 Տարիներուն», Հեղինակ՝ Յովիկ Էօրտեքեան

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.