Պարո՛ն Ամերիկա,
Որոշեցի մենախօսութեան մը ելլել հետդ եւ գոռալու աստիճան պոռալով ըսել. «Ո՞ւր կ’երթաս»:
Այո՛, ո՞ւր կ’երթաս եւ հետդ ալ կը տանիս կանաչ մամոնայիդ ստրուկ դարձուցած աշխարհդ:
Քաջ գիտենք թէ ժողովուրդիդ զեխ կեանքը ապահովելու համար, թրիլիոններով տոլար պարտքիդ պատճառաւ, պատէ-պատ կը զարնուիս: Մեր գիտցած տնտեսագիտութիւնը կարծեմ լուծում մը չունի զայն փակելու կամ առ նուազն թեթեւցնելու:
Իր տիրոջ հաւատարիմ, նժոյգ ձիու մը նման, տիպար «ձագուկդ»՝ Լիբանանը, լուծումը գտած էր: Կողոպտեց լիբանանցիին եւ ոչ-լիբանանցիին ունեցած գումարները, սա՛ կամ նա՛ ձեւով իւրացուց դրամատուներուն մէջ պահ դրուած խնայողութիւններն ու շրջանառութեան մէջ դրուած դրամները եւ ՎԵ՛ՐՋ:
Լիբանանցին ալ լռիկ-մնչիկ կլլե՛ց թոյնը ու նստաւ:
Ամերիկացիի մը համար՝ անկարելիութիւն-անկարելիութեանց, կ’այրէ երկիրդ, կը յօշոտէ՛, կը բզկտէ ղեկավար դասդ:
Բարեմիտ ժողովուրդիդ (եթէ կայ) ըսելիք չունինք, բայց ղեկավարութի՞ւնդ…: Նախապաշարումներ չունինք ոեւէ մէկուն հանդէպ, ոեւէ ղեկավարի մը դէմ ալ չենք անհատապէս: Անոնց ըրածներուն (կամ չըրածներուն), անընդունելի եղածներուն դէմն է մեր բողոքը, մանաւանդ երբ աշխարհի ճակատագիրին հետ մեր ալ առօրեան տագնապէ-տագնապ կը տանիս:
Պարոն Ամերիկա,
Միջին Արեւելքի քաղաքականութիւնդ յստակ է: Եօթանասուն տարուայ մեր ամբողջ խղճալի՛ կեանքը խօսուն վկան է անոր:
«Առանց հիւլէական ռումբի Միջին Արեւելք» մը ունենալը կարելի չէ՛, որովհետեւ քու իսկ մեղսակցութեամբ, դաշնակիցդ՝ Իսրայէլը, ունի՛ կորիզային ռումբ ու կը պահէ՛ զայն:
Քեզ «Մեծագոյն Սատանան» կոչող երկրին հետ թշնամացած էիր եւ կը շարունակէք մնալ որպէս ոխերիմ թշնամիներ: Նոյն երկրին ծայրայեղ-կրօնամոլ ղեկավարութիւնը, քանիցս բացէ՛ ի բաց յայտարարած էր, որ հիւլէական-աթոմական ռումբ մը ունենալն ու գործածելը իրենց կրօնքի ուսուցումներուն եւ վարդապետութեան դէմ է: Հակառակ անոր, պատճառաբանելով որ օր մը նման ռումբ մը կրնայ ունենալ, տասնեակ տարիներ լճացուցիր զինք, սառեցուցիր մօտդ դրուած ունեցուածքները եւ վերջերս ալ ռմբակոծեցիր:
Նոյն պատճառաբանութեամբ, հետդ ալ առնելով համայն աշխարհը, խուժեցիր Իրաքի վրայ: Հետագային խոստովանելու համար, որ Իրաք ամենեւին ալ կորիզային ռումբ ունենալու նպատակ չէր ունեցած երբեք: Իրաք գալով, որպէս թէ ժողովրդավարութիւն պիտի հաստատէիր, չէ՞…: Լոյս աչքով, ականատես վկաներն ենք, թէ այսօր ինչպիսի ժողովրդավարութիւն մըն է որ կը տիրէ հո՛ն:
Աւելի քան 40 տարի գործակցած էիր Սատտամ Հուսէյնի հետ, մանաւանդ Իրաք-Իրան պատերազմի ընթացքին: Բայց երբ Սատտամ յանդգնութիւնը ունեցաւ ըսելու, որ «Իրաքի նաֆթին փոխարէն տոլար չեմ ընդունիր, այլեւս եւրօ կ’ուզեմ», տեսանք թէ ինչպիսի սեւ ճակատագիր մը տնօրինեցիր իրեն:
Մոամմար Քազզաֆիի 40 եւ աւելի տարիները, եթէ ո՛չ յայտարարութեամբ, գործնականապէս հանդուրժելի եղած էին քեզի: Յանկարծ, վերջ մը դրիր անոր իշխանութեան եւ լիպիացի ժողովուրդին բերած իր բոլոր բարիքներուն: Քազզաֆիի անքաւելի մե՞ղքը… առաջարկած էր որ Petro-Dollar-ի փոխարէն Petro-Gold մը իրականացուի ու նաֆթի առեւտուրը ոսկիով ըլլայ եւ ոչ թէ կանաչ մամոնայով:
TOTAL Energies համաշխարհային ընկերութեան ֆրանսացի գործադիր տնօրէն՝ Քրիսթոֆ տը Մարժերիի օդանաւային արկածը պատահակա՞ն էր, թէ՞ սարքուած դաւադրութիւն: Տը Մարժերիի յանցա՞նքը… Մոսկուայի համագումարին համարձակութիւնը ունեցած էր ըսելու. «Պայման չէ, որ ասկէ ետք մեր ունեցած նաֆթին փոխարէն միայն տոլար գանձած ըլլանք»:
Պարոն Ամերիկա,
Ցանկը երկա՜ր է Հարաւային Ամերիկայի երկիրներուն մէջ եղած յեղաշրջումներուն: Երբեմն ուղղակի քու իսկ բանակիդ միջամտութեամբ, երբեմն ալ «քրաւաթլը» (փողկապաւոր) գործակալներուդ:
Ամբաստանութիւն չէ՛ ըրածս: Վկա՛յ դարձի եկող քու գործակալներդ եւ անոնց ըրած զգայացունց վկայութիւնները:
Անոնցմէ լաւագոյնը Ճոն Փըրքինզն է:
Սկիզբը յաջողած էիր կէս միլիոն տոլարով մը լռեցնել զինք: Ապա 9/11 նշանաւոր աղէտէն ետք, «Աշխարհին մեր բերած փորձանքներուն համար, արժանի ենք այս աղէտին» ըսելով, ինչ-ինչ դժուարութիւններէ ետք, վերջապէս կրցաւ հրատարակել իր Confessions of an Economic Hit Man–ը: (Արժէ անպայմա՛ն կարդալ):
Փըրքինզ եղած է Ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան (CIA-ի) երկար տարիներու պաշտօնեան-գործակալը: Անձամբ ինք կը խոստովանի, թէ ինչպէս, յառաջդիմութեան եւ բարգաւաճման պիտակին տակ, իր պարտականութիւնը եղած է երկիրները պարտքերու խրամատին մէջ մտցնել, աւազախրումի տանիլ, որպէսզի թոռան-թոռն անգամ չկարենայ դուրս գալ այդ պարտքերէն եւ անոնց կուտակուած տոկոսներէն: Միշտ ալ երկիրը ենթակայ պահելով Ամերիկայի կամայականութեան:
Արժէ յիշեցնել քեզի, որ Ռումանիոյ Չաուչեսքօն եւ իր տիկինը, քածի մը պէս սպաննուեցան, պարզապէս որովհետեւ Ո՛Չ ըսած էին քու տիրապետութեանդ տակ գտնուող Համաշխարհային դրամատան եւ անոր անընդունելի պայմաններուն: Երբ Ռումանիոյ բռնապետը նեղի մատնեցիք, ունեցած նաֆթը միջազգային շուկայի սակէն շատ աւելի նուազ գինով մը վաճառելով, 25 միլիառ տոլարի պարտքը կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ փակեց:
Փըրքինզ կ’ակնարկէ նաեւ, թէ ինչպէս որոշ երկիրներու նաֆթի եկամուտին 75%-ը ամերիկեան ընկերութիւններուն կ’երթայ, 22-23%-ը Ամերիկայէն առնուած պարտքերուն եւ տոկոսներուն, միայն 2 կամ 3 առ հարիւրը կը հասնի այդ երկրի ժողովուրդին:
Պարոն Ամերիկա,
Քուպայի, Ուրուկուէյի, Նիքարակուայի, Փանամայի, Չիլիի, Արժանթինի, Պրազիլի ժողովուրդները վստահ մոռցած չեն իրենց գլխուն եկածները, այսօր ալ Վենզուելա՞ն: Իսկ վաղը՞… Իրա՞նը, Սէուտական Արաբիա՞ն, Միացեալ Էմիրութիւննե՞րը, Նիճերիան եւ մասամբ նորին:
Հայելիի պէս յստակ է, որ երկար տարիներէ, մանաւանդ 1971-ին տոլարը ոսկիով ծածկուած չըլլալը յայտարարելէդ ու ամբողջ աշխարհը կատարուած իրողութեան առջեւ ձգելէդ ետք (խաբա՛ծ ու կողոպտա՛ծ չըսելու համար), ջիղերդ կորսնցուցած ես: Հապա՜, կանաչ մամոնայիդ վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ յանկարծ նաֆթ արտադրող երկիրները դադրին տոլար գանձելէ:
Հո՛ս է չէ՞ բուն խնդիրին կորիզը:
Ըստ երեւոյթին, BRICS-ի երկիրներուն արձանագրած յաջողութիւններէն ետք ալ ջիղերդ հանգուցուած, ջղաձգուած մը դարձած ես:
Սատտամ, Քազզաֆի, Տը Մարժերի, Չաուչեսքօ, հիմա ալ Վենզուելայի Մատուրօ՞ն: Կ’երեւի ականջիդ քեզի տհաճ լուր մը հասած էր եւ ստիպուեցար «երկաթէ շերեփդ» օգտագործել:
Իմ «ազիզ» Ամերիկա,
Խրիմեան Հայրիկի օրերուն, քու իսկ նախագահիդ առաջարկած՝ Հայաստանի Ուիլսընեան սահմանները պարտադրելու համար ո՞ւր էր այդ երկաթէ շերեփդ:
Այո՛, իրաւունք ունիս, այդ սահմաններէն ներս նաֆթ չկար: Լեռնային, քարքարոտ հողաշերտ մը միայն, որո՞ւն ինչ պէտք: Ի՞նչ հարց, թէ հայ ժողովուրդը կորսնցուցած ըլլար իր դարաւոր, բայց ԱՐԴԱ՛Ր երազը: Որո՞ւն հոգը: Հապա՜, դուն եւ դարաւոր աղուէսը՝ Անգլիան, յայտարարեցիք ալ, ձեր նաւատորմը Արարատ լեռան գագաթը (կամ ստորոտը) ի՞նչ գործ ունէր:
Պարոն Ամերիկա,
Կ’ըսեն թէ քու իսկ ունեցած նաֆթդ որակաւոր չէ՛, որուն համար ալ յարմար զտարաններ իսկ չունիս: Որակաւոր նաֆթի հինումաշ զտարաններուդ կարեւորագոյնները աշխարհագրականօրէն երկրիդ հիւսիսն են կամ ծայրագոյն հարաւը:
Հիւսիսի միակ դրացիիդ՝ Գանատայի հետ, քու իսկ պոռոտախօս ղեկավարութիւնդ էր, որ գժտուեցաւ: Գանատացիք, տասնեակ տարիներ խելօք-խելօք իրենց դռները բացած էին քու առջեւդ, թէեւ լման ալ փակած չեն տակաւին:
Արեւի պէս յստակ է ու յայտնի, որ նեղի մատնուած ես:
Հարաւի զտարաններուդ համար միակ լուծումը՝ իր տեսակով եւ քանակով ամէնէն հարուստ նաֆթ ունեցող Վենզուելան գրաւելուդ մէջ գտար, չէ՞…:
Ամբողջ Եւրոպան ալ իր հետ թաթախելով, մխտեցիր Ուքրանիան, մինչեւ որ վայնասունէ-վայնասուն անվերջանալի թուող պատերազմի մը մէջ իյնայ:
Հետագային ալ, տիպար cowboy-ի մը պէս կռնակդ դարձուցիր, ձեռքերդ ալ «մաս-մաքուր» օճառով մըն ալ լուացիր ու հեռացար:
Արդեօք ո՞ր Աւետարանին մէջ գրուած են այս բոլորը:
Աշխարհին արգիլած ես Ռուսիոյ հետ գործակցիլ, Եւրոպային զլանալով մատչելի գինով հեղուկ կազ ունենալ, բայց դո՛ւն կը շարունակես իւրանիումդ ներածել Ռուսիայէն:
Է՜հ, յետո՞յ, պարոն Ամերիկա, վերջը՞…
Վերջը գիտե՞ս, «քարմա» ըսուած բան մը կայ կեանքի մէջ, կործանուած ԲՈԼՈ՜Ր կայսրութիւններուն պատմութիւնը վկայ:

