ԽՈՒՌՆԵՐԱՄ ՔՈՒԷԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ ԱՈՒՆԷՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն կարեւորեց սկաուտական շարժումներուն կառուցողական դերը լիբանանեան հասարակութեան մէջ: Անոր համաձայն, սկաուտութիւնը երիտասարդներուն համար միջոց է զարգանալու, բարեգործութիւն կատարելու եւ խուսափելու վտանգաւոր երեւոյթներէ՝ մանաւանդ թմրանիւթերու գործածութենէն, զայն համարելով ահաբեկչութենէն աւելի լուրջ վտանգ, որովհետեւ կը ներխուժէ ընտանիքներն ու տուները:

«Սկաուտական շարժումը նոր սերունդներուն կը սորվեցնէ ինքնավստահութիւն եւ այդպիսով մաս կը կազմէ առողջ հաւաքականութիւն բիւրեղացնելու ջանքերուն», ըսաւ Աուն ու շեշտեց, թէ Լիբանան մնացած չէր ըլլար, եթէ երկրին մէջ չըլլային հաւատացեալ երիտասարդներ: Խօսելով խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին, Աուն բոլոր լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց խուռներամ մասնակցելու ընտրութեան եւ քուէարկելու ի նպաստ այն թեկնածուներուն, որոնք կը կրեն հայրենիքին ծառայելու ծրագիրը:
ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏԻ ՊԱՅԹՈՒՄԻՆ ՀԱՐՑՈՎ ԲՈՂՈՔ
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն հարազատները կազմակերպեցին բողոքի նստացոյց եւ անիւներ հրկիզեցին նաւահանգիստի Գ. մուտքին առջեւ՝ մաքսային ծառայութեան կեդրոնին դիմաց՝ դժգոհելով Կրասիա Քազզին նշեալ ծառայութեան ընդհանուր տնօրէն նշանակելու որոշումէն:

«Հանրապետութեան նախագահը մեզի խոստացաւ արդարութիւն, ոչ թէ ամբատանեալներէն մէկուն մաքսային ծառայութեան պետի պաշտօնին նշանակում», ըսին ցուցարարները, սպառնալով արգիլել Քազզիի մուտքը մաքսային ծառայութեան կեդրոնատեղի:
«MEA»–Ն ԾԱԽՈՒ ՉԷ
Լիբանանի Կեդրոնական դրամատունը կտրականապէս հերքեց վերջերս ընկերային հաղորդակցութեանց հարթակներուն վրայ տարածուած շշուկները այն մասին, որ դրամատունը կը մտադրէ ամբողջութեամբ կամ մասամբ վաճառել Լիբանանի օդանաւային ընկերութիւնը՝ «MEA»-ն: Ըստ յայտարարութեան, այս հարցով ոչ մէկ բանակցութիւն եղած է տեղական կամ արտաքին որեւէ կողմի հետ: Նշենք, որ «MEA»-ի մեծամասնութիւնը կը պատկանի Կեդրոնական դրամատան:
ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ ՈՒ ԱԼԻԵՒԻՆ
Մարդկային եղբայրութեան «Զայէտ» մրցանակը այս տարի ստացողներուն շարքին են Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման համաձայնութեան առթիւ:

Մրցանակի ընդհանուր քարտուղար Մոհամմատ Ապտ էլ Սալամ ընդգծեց Փաշինեանի շարունակական, հետեւողական եւ սկզբունքային ջանքերը՝ յանուն խաղաղութեան հաստատումին եւ ամրապնդումին: Մրցանակը Հայաստանի վարչապետին պիտի տրուի 4 Փետրուարին՝ Ապու Տապիի մէջ: 2026-ի մրցանակակիրները ընտրուած են անկախ, համաշխարհային մակարդակի դատական յանձնաժողովի կողմէ, որ բաղկացած է երէկխօսութեան եւ համակեցութեան ոլորտի ծանօթ ու հեղինակաւոր գործիչներէ:
ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան հաւաստիացուց, որ Երեւան կը փորձէ լուծում գտնել Պաքուի մէջ արգելափակուած բոլոր հայ բանտարկեալներուն ապահով տունդարձին համար: Յիշեցնենք, որ Պաքուի իշխանութիւնները քանի մը օր առաջ ազատ արձակած էին չորս հայ քաղաքացիներ, որոնք գերեվարուած էին 2020-ի ռազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք:

Այսուհանդերձ, Ատրպէյճան տակաւին կ’արգելափակէ առնուազն 19 հայ՝ ներառեալ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը: Սիմոնեան նաեւ մերժեց մեկնաբանել այն շշուկները, ըստ որոնց՝ հայ-թրքական սահմանը Փետրուարին պիտի բացուի երրորդ երկրի քաղաքացիներուն եւ դիւանագիտական անցագիր ունեցիղներուն դիմաց:
Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան իր կարգին մեկնաբանեց այն իրողութիւնը, որ Ատրպէյճանը Հայաստանի վրայով Նախիջեւանին կապող TRIPP նախագիծը իրականացնող ընկերութեան միայն 26 առ հարիւրը կը պատկանի Հայաստանին, իսկ 74 առ հարիւրը՝ Միացեալ Նահանգներուն: Ան վստահեցուց, որ Երեւան այս նախագիծին վերաբերող կարեւոր հարցերուն մէջ ունի վեթոյի իրաւունք, այնպէս որ ոչ մէկ հարց կարելի է լուծել առանց Հայաստանի համաձայնութեան:

Ռուբինեան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի մէջ գործող շատ ընկերութիւններու պարագային Երեւան որեւէ մասնաբաժին չունի, սակայն անոնց նկատմամբ կը վայելէ վերահսկող ուժ: «Ռուսիան կամ Թուրքիան TRIPP-ի առեւտրային նախագիծին մասնակից չեն եւ անհնար է այստեղ տեսնել միջանցքի տրամաբանութիւն», ըսաւ Ռուբինեան: Անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, որոնց պատասխանատուն ինքն է, Ռուբինեան կարծիք յայտնեց, թէ Անքարայի հետ կապերու յառաջընթացը դրական ազդակ կը հաղորդէ Երեւան-Պաքու հոլովոյթին: Ան հաստատեց, որ թրքական կողմը սկսած է վերակառուցել սահմանային Ալիճանի անցակէտը, որ կը գտնուի հայկական Մարգարային կից, մերժելով տալ յաւելեալ տեղեկութիւններ կամ մեկնաբանութիւն: «Աւելի լաւ է սպասել, որ ինչ որ բան ըլլայ եւ ապա յայտարարել», ըսաւ Ռուբինեան:
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԺՈՂՈՎԸ ԱՒՍՏՐԻՈՅ ՄԷՋ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Եսայի քհնյ. Արթենեան յայտնեց, որ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հրաւէրով, Եպիսկոպոսաց ժողովը տեղի պիտի ունենայ Աւստրիոյ Սանթ Փոլթըն քաղաքին մէջ՝ 16-19 Փետրուարին: Անոր համաձայն, բացի ազգային-եկեղեցական ժողովէն, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ որեւէ ժողովական մարմին իր նիստերը կրնայ գումարել որեւէ տեղ, աւելցնելով որ նման նախադրեալներ եղած են Եպիսկոպոսաց ժողովին եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի գումարումի պարագային:

Հայրենի լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ նման որոշում կայացուած է, նկատի առնելով պետական գործիչներուն եւ շարք մը հոգեւորականներու միջեւ յառաջացած սուր լարուածութիւնը եւ որոշ հոգեւորականներու հետապնդումը: Նշենք, որ Եպիսկոպոսաց ժողովը սկզբունքով պիտի գումարուէր 10-12 Դեկտեմբերին, սակայն 7 Դեկտեմբերին յայտարարուեցաւ զայն յետաձգելու մասին:
ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ԱՀԱԲԵԿՈՒՄԻ 19-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑ
Երէկ, 19 Յունուարին, լրացաւ Պոլսոյ «Ակօս» թերթի նախկին խմբագրապետ Հրանդ Տինքի ահաբեկումի 19-րդ տարելիցը: Յիշեցնենք, որ Տինք Պոլսոյ Շիշլի թաղամասի «Ակօս» թերթի խմբագրատան առջեւ ահաբեկուեցաւ 2007-ին, 17-ամեայ Օկիւն Սամասթի ձեռամբ:

Վերջինս հետաքննութեան ընթացքին խոստովանեցաւ մեղքը, սակայն կը կարծուի, թէ ոճրագործութիւնը ունի աւելի խոր ծալքեր եւ կատարուած է ազգային ատելութեան հիման վրայ: Տինքի ահաբեկումը բողոքի ալիք բարձրացուց ոչ միայն Հայաստանի եւ բազմաթիւ երկիրներու, այլ նոյնիսկ Թուրքիոյ մէջ: 2007-ի Յունիսին Հրանդ Տինքին յետմահու շնորհուած է Հայաստանի նախագահին մրցանակը:
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑ
Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարաա Կիրակի գիշեր յայտնեց, որ ստորագրած է համաձայնութիւն մը, որուն հիման վրայ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր (Քասատ) քրտամէտ կազմակերպութեան զինեալները մաս կը կազմեն պետական հաստատութիւններուն, միաժամանակ բոլոր ճակատներուն վրայ կը յայտարարուի ամբողջական զինադադար, իսկ Քասատի ուժերը կը հետառանան Եփրատէն արեւելք: Քասատ միւս կողմէ նշեց, որ քաղաքացիներուն կեանքը խնայելու համար Տէր Զօրէն եւ Ռաքքայէն քաշուած են Հասաքէ: Դամասկոսի կառավարութիւնը, միւս կողմէ, խոստացաւ չհետապնդել Հասաքէ քաշուող զինեալները եւ քրտական ինքնավար շրջանին պաշտօնեաները:

Սուրիական բանակի հրամանատարութիւնը աւելի ուշ յայտարարեց, որ բանակը տիրապետութեան տակ առած է երկրի հիւսիսարեւելեան Շատատի քաղաքն ու անոր բանտը, որոնք նախապէս կը գտնուէին Քասատի վերահսկողութեան տակ: Ըստ բանակին, նշեալ շրջանին մէջ կը շարունակէ հետապնդել «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան զինեալները, որոնք ազատ արձակուած էին բանտէն: Սուրիական ուժերը տիրապետեցին նաեւ մօտակայ Թապքա քաղաքին ու անոր օդակայանին: Սուրիոյ կառավարութիւնը հակադարձեց քանի մը օր առաջ հիւսիսարեւելեան շրջանի քրտական ինքնավար իշխանութիւններուն հրապարակած յայտարարութեան, խստիւ դատապարտելով ահաբեկչական մեթոտներու գործածութիւնը՝ միջազգային ընտանիքին կիմաց քաղաքական կէտեր ապահովելու նպատակով: Քասատ, միւս կողմէ, յայտարարեց, որ զսպած է ՏԱՀԷՇ-ի բանտարկեալներ արգելափակող Շատատիի վրայ յարձակում մը:
ՊԱՅՄԱՆԱԺԱՄ ԻՐԱՆԻ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ
Իրանի ոստիկանապետը յայտնեց, որ խուլիկանութիւններուն մասնակցող քաղաքացիներուն տուած է եռօրեայ պայմանաժամ՝ վերջ տալու հասարակական կարգը խախտող իրենց շարժումներուն եւ յանձնուելու ապահովական ուժերուն՝ անոր դիմաց խոստանալով թեթեւցնել պատժամիջոցները:

