Շաբաթ, 17 Յունուարի կէսօրին, «Արարատ» օրաթերթի խմբագրատուն այցելեց Հ.Մ.Մ. Պէյրութի խմբապետական կազմի պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ խմբապետ ընկեր Յակոբ Վասիլեանի։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ ընկերներ Կարօ Ապտէլմասիհն ու Յակոբ Օրանժեանը։ Տեսակցութեան ներկայ էր նաեւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի մամլոյ դիւանապետ ընկեր Գէորգ Տաղլեանը։
Մօտ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցաւ սրտբաց եւ կառուցողական զրոյց մը, որուն ընթացքին սկաուտական խմբապետները ներկայացուցին Հ.Մ.Մ.-ի Սկաուտական խորհուրդին կազմակերպութեամբ տարուող ձեռնարկները, մատղաշ սերունդին հետ կատարուող դաստիարակչական աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Մ.-ի փողերախումբի արձանագրած յառաջդիմութիւնը։ Խօսուեցաւ նաեւ տարուան ընթացքին սկաուտներու կազմակերպած տողանցքներուն եւ անոնց միջոցով ժողովուրդին ու հայկական միջավայրին փոխանցուած ոգեւորութեան ու քաջալերանքին մասին։
Ամանորեան տօներուն առիթով, խմբապետները «Արարատ»-ի տնօրէնութեան փոխանցեցին Կաղանդը խորհրդանշող յուշանուէր մը՝ իբրեւ գնահատանքի արտայայտութիւն այն քաջալերանքին եւ մշտական աջակցութեան համար, որ թերթը եւ իր աշխատակազմը լրատուական դաշտէն ներս տարբեր առիթներով կը ցուցաբերեն Հ.Մ.Մ.-ի գործունէութեան նկատմամբ։
«Արարատ» իր կարգին խորապէս գնահատելի նկատեց Հ.Մ.Մ.-ի Սկաուտական խորհուրդին, խմբապետական կազմին եւ փողերախումբին ժրաջան ու հետեւողական աշխատանքները։ Թերթը, յաջողութիւններ մաղթելէ անդին, ներկայացուց նաեւ քանի մը գործնական առաջարկներ՝ մամուլ–սկաուտութիւն համագործակցութիւնը ամրապնդելու նպատակով, հետագային զանոնք աւելի մանրամասն ուսումնասիրելու եւ գործադրութեան վերածելու յոյսով։
Ընդհանուր առումով, իսկապէս դրական եւ ոգեւորիչ հանդիպում մըն էր, որ աւարտեցաւ երկու կողմերուն համար շահաւոր ու յաջող յաղթանակով:

