Իմաստ, պարտաւորութիւն եւ արտայայտութիւն
Մարդկութեան պատմութեան ընթացքին նուէրներ տալ կամ ստանալը ունեցած է տարբեր իմաստներ, որոնց հիմնական նպատակը եղած է հաստատել կամ ամրապնդել ընկերային յարաբերութիւններ, եւ անշուշտ դրսեւորել զգացումներ։
Վաղ հասարակութիւններէն սկսեալ մինչեւ զարգացած քաղաքակրթութիւններ, նուէրը գործնական եւ խորհրդանշական կապ եղած է համայնքներու եւ անհատներու միջեւ։
Մարդիկ դրամի, պաշտօնական առեւտուրի կամ գրաւոր օրէնքի ի յայտ գալէն շատ առաջ իրարու նուիրած են առարկաներ, սնունդ, պաշտպանութիւն եւ խորհրդանշական իրեր: Չէզոք չեն եղած այս քայլերը: Ժամանակի եւ տարածութեան մէջ նուէրը կրած է իմաստներ, որոնք շատ աւելին են քան իրենց նիւթական արժէքը։ Անոնք արտայայտած են յարգանք, ստեղծած են դաշինքներ, հաստատած են նուիրապետութիւններ, կատարած են կրօնական պարտականութիւններ եւ ամէնէն կարեւորը՝ փոխանցած են ջերմութիւն:
Թէեւ նուէր տալը մաս կը կազմէ բոլոր քիչ թէ շատ յայտնի մշակոյթներուն, սակայն նոյնը չեն անոր ընկերային գործառոյթն ու բարոյական մեկնաբանութիւնը։ Նուէրը կրնայ պարտաւորեցնել ընծայողն ու ստացողը, մաքրել ու խաղաղեցնել ընծայողի հոգին, ամրապնդել հասարակական կարգը եւ կամ փոխանցել անձնական յոյզեր:
Այս ակնարկը հպանցիկ ուսումնասիրութիւն մըն է տարբեր մշակոյթներու մէջ նուէր տալու սովորոյթին, շեշտը դնելով երեք հիմնական կէտերու վրայ. Ա) նուէր տալը որպէս ընկերային պարտաւորութիւն եւ փոխադարձութիւն, Բ) նուէր տալը որպէս հոգեւոր եւ բարոյական փորձ, եւ Գ) նուէր տալը ժամանակակից հասարակութեան մէջ, որպէս անհատի կամեցողութեան արտայայտութիւն։
Այս կէտ-տեսանկիւնները յստակ ցուցիչ են, որ նուէրները կը միաւորեն հասրակութիւնները եւ անոնց արժէքներն ու կառուցուածքները:
Շատ մը աւանդական հասարակութիւններ, ինչպէս նաեւ մարդաբանական ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ նուէրը, յաճախ, ոչ միայն բարի կամքի եւ առատաձեռնութեան դրսեւորում է, այլեւ ակամայ պատճառ է ընկերային պարտաւորեցնող յարաբերութիւններու:
Այս երեւոյթին ամէնէն ազդու վերլուծութիւններէն մէկը կը պատկանի ֆրանսացի մարդաբան Մարսէլ Մաուսին, որ կը պնդէ, որ նուէրները կը կարգաւորուին երեք պարտաւորութեամբ՝ տալու, ստանալու եւ փոխադարձելու: Այսպիսի համակարգերու մէջ նուէրէ հրաժարիլը կամ զայն չփոխադարձելը կրնայ դիտարկուիլ որպէս վիրաւորանք եւ նոյնիսկ՝ թշնամանք:
Համապատասխան օրինակներ կան փոլինէզեան հասարակութիւններուն մէջ, ուր ծիսական նուէրներու փոխանակումը ընկերային կեանքին էական մասը կը կազմէ: Տեղաբնակները կը համարեն, որ այդ ծէսերու ընթացքին փոխանակուող իրերը նուիրատուին հոգին կը կրեն կամ էութիւնը: Հետեւաբար, նուէր ստացողը ժամանակ մը ետք բարոյապէս պարտաւորուած կը զգայ վերադարձնել կա’մ համարժէք, կա՛մ աւելի բարձրարժէք նուէր մը:
Այսպիսով, նուէրը կը վերածուի ընկերային հաւասարակշռութիւնը, նուիրապետութիւնը եւ փոխադարձ կապը պահպանելու միջոց: Սակայն այսօրինակ փոխանակումները հաւասարութիւն խթանելու փոխարէն, անձին կարգավիճակը կ’ամրապնդեն, քանի որ ան, որ ի վիճակի է աւելի շատ տալու, ակամայ հեղինակութիւն ձեռք կը բերէ…։
Այսպիսի դրսեւորում կայ նաեւ Արեւելեան Ասիոյ որոշ մշակոյթներու մէջ, ուր նուէր տալը սերտօրէն կապուած է յարգանքի եւ ընկերային բուրգի հետ: Քոնֆուցիոսի բարոյախօսութեամբ ձեւաւորուած հանրութիւններու մէջ նուէրները կ’ընտրուին բծախնդրօրէն եւ կը մատուցուին ըստ տարիքի, կոչումի եւ առիթի: Նուիրատուութիւնը կը վերաբերի ոչ թէ անձնական զգացումներուն, այլ ներդաշնակութեան պահպանումին եւ ընկերային դերի կատարման: Նոյնիսկ այսօր, Չինաստանի, Ճափոնի եւ Քորէայի պէս երկիրներու մէջ գործարար եւ ընտանեկան յարաբերութիւնները շատ անգամ կը կառուցուին բարեխղճօրէն ընտրուած նուէրներու փոխանակման շուրջ: Նուէրին իմաստը կը կայանայ ոչ թէ անակնկալի կամ իւրայատկութեան, այլ համապատասխանութեան եւ ընտրուած ժամանակին մէջ:
Մերձաւոր Արեւելքի մշակոյթներուն մէջ նուէր տալը սերտօրէն կապուած է պատիւի, հիւրընկալութեան եւ հեղինակութեան հետ: Հիւրերու նկատմամբ շռայլութիւնը կը համարուի բարոյական պարտականութիւն, իսկ առատաձեռն նուէրներն ու զոհաբերութիւնները՝ արժանապատուութիւնն ու ընկերային դիրքը ցոյց տուող միջոցներ: Այստեղ եւս նուէրը զերծ չէ սպասումներէ: Ան կը հաստատէ փոխադարձ յարգանք եւ կը ստեղծէ կապ մը, որ ապագային կրնայ հաւատարմութիւն կամ օգնութիւն ակնկալել: Այս մշակոյթներուն մէջ նուէր տալը տեսակ մը ընկերային պայմանագիր է՝ առաց ստորագրութեան կամ կնիքի, բայց… պարտաւորեցնող:
Այլ մշակութային աւանդոյթներու մէջ նուէր տալը գլխաւորաբար կ’ընկալուի որպէս հոգեւոր կամ բարոյական գործողութիւն եւ նուէրին նշանակութիւնը կը կայանայ ոչ թէ անոր նիւթական արժէքին, այլ ընծայողին մտադրութեան մէջ:
Ըստ հին հնդկական աւանդոյթի «Տանա»-ն (Dāna) սկիզբ առած է վետայական աւանդոյթներէն, եւ կեդրոնական տեղ կը գրաւէ կրօնական ու փիլիսոփայական մտածողութեան մէջ: Ընչազուրկներուն, վանականներուն կամ տաճարներուն նուէր տալը կը դիտուի որպէս հոգին մաքրելու, ինչպէս նաեւ նիւթականէն կախեալ ըլլալը նուազեցնելու միջոց: Էականը այն է, որ «Տանա»-ն կը տրուի առանց փոխադարձելու ակնկալութեան: Այսօր այս գաղափարը կը շարունակէ ձեւաւորել հինտուիստական եւ պուտտայական գործելակերպը, ուր առատաձեռնութիւնը կը սեպուի հոգեւոր աճի ուղի:
Քրիստոնէական աւանդոյթները նոյնպէս նուէր տալը կը ներկայացնեն որպէս սիրոյ եւ բարեգործութեան բարոյական պարտաւորութիւն: Վաղ քրիստոնէական ուսմունքներէն մինչեւ բարեգործութեան աւելի ուշ հաստատուած ձեւեր, կարիքաւորներուն տալը ընկալուած է որպէս հաւատքի եւ բարոյական պատասխանատուութեան արտայայատութիւն: Այստեղ նուէրը ուղղուած է ոչ թէ ընկերային կարգավիճակին կամ փոխադարձութեան, այլ տառապանքը մեղմելուն եւ ուրիշներու հետ համերաշխութիւն արտայայտելուն: Նուիրատուն ստացողէն բարձր չի դասուիր։ Բնաւ. երկու կողմերը միաւորողը նոյն զգացումն է՝ կարեկցանքը:
Իսլամական տարբեր մշակոյթներու մէջ նուէր տալը կրնայ ըլլալ պարտադիր, ինչպէս նաեւ կամաւոր։ Օրինակ բերենք Զաքաթը, որը իսլամի հինգ սիւներուն երրորդն է, եւ հաւատացեալներէն կը պահանջէ իրենց յաւելեալ հարստութեան 2,5%-ը յատկացնել կարիքաւորներուն։ Այս քայլը կ’ամրապնդէ ընկերային արդարութիւնը եւ համայնքային պատասխանատուութիւնը։ Կամաւոր նուիրատուութիւնը, կամ «Սատաքա»-ն կը տրուի Աստուած հաճեցնելու նպատակով։ Ծագած է արաբերէն «անկեղծութիւն» (sidq) բառէն եւ կը նշանակէ «արդարութիւն»։ Այս նուէրը աւելի լայն հասկացութիւն է, քան դրամը, – եւ կ’ընդգրկէ որեւէ բարի գործ, ինչպէս՝ ժպիտը, օգնութեան ձեռք մեկնելը կամ գիտելիքի փոխանակումը՝ առանց փոխադարձութեան ակնկալիքի։
Փաստօրէն՝ հոգեւոր առաքինութիւն։
Այսպիսի նուէրները կը ծառայեն հասարակութեան բարոյական կառուցուածքի ամրապնդման եւ անհատներուն կը յիշեցնեն ուրիշներու հանդէպ իրենց պատասխանատուութեան մասին։
Նուէրի ընծայումը մեծ մասամբ բարոյական հենք ունի եւ դարձած է նիւթականի ու հոգեւորի միջեւ այն կամուրջը, որ կը վերափոխէ թէ’ նուիրատուն, թէ՛ համայնքը։
Որոշ արեւմտեան հասարակութիւններու համար նուէրը անձնական արտայայտութիւն է եւ յուզական հաղորդակցութիւն: Թէեւ պարտաւորութեան տարրերը դեռ կը մնան, ինչպէս՝ Նոր տարուան, հարսանիքներու կամ տարբեր տօներու առիթով նուէրներու փոխանակումը, բայց շեշտը առաւելաբար կը դրուի անհատի անկեղծութեան եւ յուզական արձագանգին վրայ:
Ի տարբերութիւն փոխադարձութեան աւանդական ձեւին, այսօր կը շարունակեն նուէր տալ, սակայն պարտաւորութեան գործօնը կը պահպանուի: Նուէրները կը ներկայացուին ինքնաբուխ եւ անկեղծ, նույնիսկ այն ատեն, երբ ընկերային կանոնները յստակօրէն կը յուշեն, որ նուէրը կ’ակնկալուի: «Դուք պարտաւոր չէիք». այսպիսի արտայայտութիւն մը կայ, որ կ’արտացոլէ սպասումի եւ ցանկութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող գիծը: Այսպիսի պարագաներու, նուէրին բարոյական նշանակութիւնը իր մտածուած ըլլալուն մէջ է, ոչ թէ նիւթական արժէքին։ Սակայն այս նախատիպն ալ զերծ չէ հակասութիւններէ։ Նուէր տալու առեւտրայնացումը, մասնաւորաբար տօնական առիթներով, տնտեսական ճնշում կը ստեղծէ եւ օրինաչափութեան տանող քայլեր, որոնք մասամբ կը խաթարեն բուն իմաստը։ Յամենայն դէպս, մարդիկ նուէր տալը կ’օգտագործեն որպէս հոգատարութեան, երախտագիտութեան եւ սիրոյ արտայայտութիւն։
Այս իմաստով նուէրը դարձած է խորհրդանշական հաղորդակցութեան միջոց։ Բուն նուէրը նուազ նշանակալի է, քան անոր փոխանցած ուղերձը՝ «շնորհակալութիւն», »յիշատակ», «գնահատում» կամ «սէր»։
Նուէրը էական դեր ունի նաեւ սուրբգրային պատմութիւններու եւ ծէսերու մէջ։ Քրիստոնէական աւանդոյթի շարունակական օրինակներէն մէկը Յիսուսի ծննդեան պատմութիւնն է, ուր երեք մոգեր ոսկի, խունկ եւ մեռոն կը տանին որպէս նուէր: Այս նուէրները ոչ թէ անհրաժեշտութիւն, այլ խորհրդնիշեր են, որոնք կը «խօսին» հոգեւոր նշանակութեան, թագաւորութեան եւ ճակատագրի մասին: Այս պատմութեան մէջ նուէրը ճանաչումի եւ յարգանքի նշան է, ուղղուած ոչ թէ փոխադարձութեան, այլ բուն իմաստին:
Պատմութիւնը մեծապէս ազդած է քրիստոնէական մշակոյթներու վրայ՝ ձեւաւորելով նուէրը մատուցելու, խոնարհութեան եւ հոգեւոր տօնակատարութեան միջեւ կապը:
Նոր Տարուան ընդառաջ, աւանդոյթները կ’ընդգծեն նուէր տալու մշակութային ճկունութիւնը: Աշխարհի ժողովուրդներուն մեծ մասը հին տարիէն նորին անցումը կը նշանաւորէ նուէրներու փոխանակումով, որոնք նախատեսուած են բարի մաղթանքներ, բարգաւաճում եւ շարունակականութիւն հաղորդելու համար: Այս առումով նուէրը ոչ թէ անցեալին կատարուած քայլի մը արձագանգն է, այլ կը խորհրդանշէ ապագայի հանդէպ լաւատեսութիւնը։
Հայկական մշակոյթի իրականութեան մեջ նուէրը կը համատեղէ հոգեկանն ու յուզականը: Պատմականօրէն ձեւաւորուած ըլլալով ըստ քրիստոնէական աւանդոյթներու, ընտանեկան ամուր կապի եւ համայնքային արժէքներու, հայերուս մէջ նուէր տալու քայլը շատ անգամ ստացած է խորհրդանշական կշիռ:
Նուէրը էական դեր կը խաղայ կեանքի կարեւոր իրադարձութիւններու ընթացքին, եւ անխօս կը հաստատէ ընտանիքին կամ համայնքին պատկանելութիւնը, յարգանքը եւ շարունակականութիւնը:
Հայկական մշակոյթին մէջ կեդրոնական է հիւրընկալութեան դերը։ Հիւրին ուտեստեղէն, խմիչք կամ խորհրդանշական նուէր մը առաջարկելը ոչ միայն քաղաքավարական քայլ է, այլեւ բարոյական առումով սպասելի: Այդպիսի նուէրէ մը հրաժարումը կրնայ մեկնաբանուիլ որպէս մերժում, ոչ թէ համեստութիւն: Նուէրը կը տրուի ջերմութեամբ եւ անոր արժէքը պէտք է փնտռել ոչ թէ շռայլութեան, այլ ցուցաբերուած հոգատարութեան մէջ:
Տօներու ընթացքին փոխանակուող նուէրները կ’ուղեկցուին առողջութեան, առատութեան եւ խաղաղութեան մաղթանքներով: Այս բոլորը, հայկական մշակոյթի անբաժան մասն են եւ իւրովի կը կապեն սերունդները, ինչպէս նաեւ մշակութային ինքնութիւնը:
Նուէրը, մեծ ըլլայ թէ փոքր, ընկերային եւ բարոյական արժեհամակարգերու, նաեւ մարդկային յարաբերութիւններու հայելին է:
Նկարը՝ Մեսրոպ Խիզանցի, ԺԷ. դարու հայ մանրանկարիչ։

