Կիրակի, 18 Յունուարին, Ռըմէյլի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հայր եւ որդի՝ կրթական մշակ, մտաւորական եւ հասարակական գործիչ Պէպօ Սիմոնեանի՝ 11-րդ, եւ ազգային գործիչ Տիգրան Գալայճեանի՝ 5-րդ տարելիցներու հոգեհանգստեան արարողութիւնները։ Յաւարտ պաշտօնի, սգակիր հարազատներուն եւ ներկաներուն խօսք ուղղեց Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեանը, որ մօտիկ առնչութիւն ունեցած է երկու հանգուցեալներուն հետ՝ ըլլալով Պէպօ Սիմոնեանի սանը անոր տնօրէնութեան շրջանին, եւ Տիգրան Գալայճեանի գործակիցը՝ ազգային եւ միութենական աշխատանքներու մէջ։ Ստորեւ կը հրապարակենք ընկեր Վանիկ Տագէսեանի արտասանած խօսքը՝ որպէս վկայութիւն երկու արժանաւոր կեանքերու եւ անոնց թողած մարդկային ու ազգային հետքի մասին։
(Ա.)
Սիրելի բարեկամներ եւ ընկերներ,
Յաճախ մարդիկ կը կարծեն, թէ կրօնական բարոյախօսութեամբ ճառելը յատուկ է միայն հոգեւոր դասին, իսկ աշխարհականներուն վերապահուած է աշխարհիկ կեանքի փիլիսոփայութիւնը։ Սակայն մենք կը հաւատանք, որ տիեզերական այն ուժը, որուն ինչ անուն ալ տանք, երբ մարդը արարեց, ի տարբերութիւն միւս շնչաւորներուն՝ անոր յաւելեալ շնորհ տուաւ եւ զայն օժտեց միտքով, այսինքն՝ գիտակցութեամբ ու բանականութեամբ։ Այդ գիտակցութիւնն ու բանականութիւնն է, որ մարդը կ’ուրախացնէ, կը տխրեցնէ եւ կը մղէ գործելու, արարելու եւ արժէք ստեղծելու՝ նախ իր անմիջական շրջապատին, ապա՝ աւելի լայն շրջանակին մէջ, եւ այսպէս շարունակ՝ ազգին ու ամբողջ մարդկութեան համար։ Ահա այս յատկութիւններու համադրութիւնն է, որ կ’արժեւորէ մարդը իր երկրային կեանքի կարճ կեցութեան ընթացքին եւ անկէ յետոյ։

Սիրելիներ,
Հինգ երկար տարիներ անցան սիրելի Տիգրան Պետրոս Գալայճեանի մահուան շանթահարող գոյժը ստանալէն ի վեր, սակայն անոր կորուստին պատճառած ցաւը տակաւին կը շարունակէ խռովել իր հարազատներուն հոգիները։ Փաստ է, որ մարմնային որեւէ արիւնահոսող վէրք ժամանակի ընթացքին կը վերածուի սպիի մը, որուն հետքը յիշողութիւն մը կը պարտադրէ եւ անցեալի ցաւը կը յիշեցնէ մեզի։ Ժամանակը կու գայ բուժելու մարմնային, ֆիզիքական վէրքերը եւ մեր յիշողութեան մէջ զանոնք կը թողու իբրեւ անցեալին պատկանող դէպքեր։
Սակայն սիրելի հարազատի մը կորուստի ցաւը չի նմանիր մարմնային վէրքի։ Ան անբուժելի է, մշտանորոգ եւ կը վերապրի իւրաքանչիւր առիթով՝ ամէն մէկ յուշի կամ պատկերի մէջ, ամէն դժուարին պահու, երբ կորուսեալ հարազատին աջակցութեան կամ խորհուրդին կարիքը զգանք։
Տիգրան Պետրոս Գալայճեանը մօտէն ճանչցայ ազգային միութենական աշխատանքներու մէջ միասին գործելէ ետք։ Անոր մարդկային բազմաթիւ բարեմասնութիւններէն պիտի յիշեմ միայն երկուքը՝ առիթ տալով ուրիշներուն խօսելու անոր միւս արժանիքներուն մասին։ Տիգրանը միութենական գործին մէջ թափանցիկութիւնը սիրող եւ զայն սկզբունքային հիմք համարող անձ էր․ չէր հանդուրժեր հանրային կեանքին մէջ մշուշոտ ու շղարշապատ գործարքները, որոնք ուղղակի կը վիրաւորէին անոր ազնիւ հոգին։ Խիստ էր հաշուետուութեան հարցերուն մէջ, որովհետեւ խոր հաւատք ունէր, որ մեզի վստահուած հանրային կամ մասնաւոր սեփականութիւն մը պէտք է պահպանել ամենայն ազնւութեամբ։

Գործելաոճի այս երկու յատկութիւններուն շնորհիւ, Տիգրան հնչակեան, համայնքային եւ իր աշխատանքային շրջանակներուն մէջ կը վայելէր արհեստավարժ, վստահելի ու ազնիւ մարդու համբաւը։
Սիրելի բարեկամներ եւ ընկերներ,
Հաւանաբար շատերուդ մտքին մէջ ծագեցաւ այն հարցումը, թէ ինչո՞ւ Տիգրանին անունը յիշատակելու ժամանակ երկու անգամ շեշտեցի նաեւ իր հօր՝ գրչանունով աւելի ճանչցուած ընկեր Պէպօ Սիմոնեանի անունը։ Ժողովրդական ասացուածքը կ’ըսէ՝ «պտուղը ծառէն հեռու չ’իյնար»։ Ուստի բնական էր, որ կրթական մշակ, գրող, մտաւորական, քաղաքական ու հասարակական գործիչ ընկեր Պէպոյին եւ տիկին Ազատուհիին դաստիարակած առաջնեկ պտուղը նոյն արժէքներով սնուած ըլլար: Տիգրանի յիշատակին չէի կրնար չյիշել կրթական մշակ, գրող, բանաստեղծ, մտաւորական, քաղաքական ու հասարակական գործիչ ընկեր Պէպոյին անունը. անձ մը, որուն հետ ծանօթանալու պատիւը ունեցայ իմ դպրոցական տարիներուս, երբ կ’աշակերտէի Սահակեան–Լեւոն Մկրտիչեան գոլէճէն ներս երբ ընկեր Պէպօ Սիմոնեանը գոլէճի տնօրէնն էր: Անոր զուսպ կեցուածքը եւ հանդարտաբարոյ բնաւորութիւնը միշտ տպաւորած էին զիս։
Այսօր, երբ հաւաքուած ենք Տիգրանին եւ ընկեր Պէպոյին յիշատակը մեր սրտերուն մէջ վերականդանացնելու, խունկ մատուցելու եւ աղօթելու առ Աստուած, որ անոնց հոգիներուն յաւերժական հանգիստ շնորհէ, խօսքս պիտի աւարտեմ մեր հրեշտակահունչ գրաբարի այն նախադասութեամբ, որուն իմաստն ու խորքը բացատրելը կրնայ ժամեր տեւող ատենախօսութեան մը վերածուիլ.
«Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի»,
այսինքն՝ «Պէպօ եւ Տիգրան, ձեր յիշատակը օրհնութեամբ թող ըլլայ»։

