Դէպքերը, իրադարձութիւնները, ճակատագրական փոփոխութիւնները այնքան արագասոյր կ`ընթանան Սուրիոյ մէջ, մանաւանդ սա վերջին շաբաթներուն, որ լրագրողներն անգամ յաճախ չեն յաջողիր իրենց լուսարձակին տակ առնել ամէն եղելութիւն, ամէն պատահար, ամէն մանրամասնութիւն։
Տարեմուտէն անմիջապէս ետք տեսանք, որ ամբողջ աշխարհի հայեացքը քանի մը օր սեւեռուած մնաց Հալէպի վրայ, որուն հիւսիսային բարձրադիր երկու թաղաշրջանները` Էշրէֆիէ (երբեմնի հայահոծ Տաւուտիէն) ու Շէյխ Մագսուտ (նախկին Ճէպէլ Սէյտէն), 12 տարիէ իվեր բռնագրաւուած կը մնային քրտական անջատողական զինեալ կազմակերպութեան մը կողմէ («Սուրիոյ Ժողովրդավար Ուժեր» մականուանեալ, արաբերէնով` «Քասատ»), որ ասպարէզ կը կարդար պետութեան ու կը մերժէր ենթարկուիլ անոր…։ Հալէպի կողին խրած այս մեխը կ`անհանգստացնէր հալէպցիները, յա՛տկապէս դրացի թաղամասերը (ներառեալ կիսահայաբնակ Նոր Գիւղն ու քրիստոնէաբնակ Սիւլէմանիէն), որոնց բնակիչները ահ ու դողի կը մատնուէին` ամէն անգամ որ փոխադարձ հրացանաձգութիւններ կը բռնկէին նշեալ թաղերուն տիրապետող քիւրտ զինեալներուն եւ պետական բանակային ուժերու միջեւ։ Փամփուշտները կը հասնէին մինչեւ հայաբնակ թաղեր…։
Յունուարի առաջին օրերուն, սակայն, Սուրիոյ նոր իշխանութիւնը տուաւ իր վերջնական ու վճռական որոշումը. միանգամընդմիշտ հեռացնել ապօրինի զինեալները այդ երկու թաղերէն ու այնտեղ տարածել պետութեան բացարձակ վերահսկողութիւնը։
Հարկ էր անշուշտ զինուորակա՛ն միջամտութիւն մը, մանաւանդ որ «Քասատ» չէր յարգած 2025-ի Մարտին Դամասկոսի մէջ պետութեան հետ ստորագրած իր համաձայնագիրը, որով կը խոստանար վերջ տալ իր զինեալ ներկայութեան` Հալէպէն մինչեւ հիւսիսարեւելեան Սուրիոյ յուռթի դաշտերը…։
7-10 Յունուարը եղաւ վճռական։ Սուրիական բանակը նախ հրաւիրեց վերոնշեալ թաղամասերու բնակիչները դո՛ւրս գալ հոնկէ։ Բնակչութիւնը անվարան անսաց պետութեան թելադրանքին։ 150 հազար հոգի ապաստան գտաւ քաղաքին տարբեր թաղերուն մէջ (մզկիթներ, եկեղեցիներու սրահներ, դպրոցներ, մարզաւաններ…)։ Այնուհետեւ, պետական բանակը սկսաւ հրետակոծել այն թիրախները, որոնք անջատողական խմբաւորումներու որջերու վերածուեր էին…։ Արդիւնքը եղաւ յաջող ու աւետաբեր։ Ընդամէնը երկու օր, գիշերային 7-8 թէժ ժամեր, բաւարար եղան որ «ապստամբ» զինեալները կա՛մ անձնատուր ըլլան, կա՛մ ստիպուին հեռանալ իրենց երբեմնի դիրքերէն։ Բանակը, գրեթէ առանց մեծ վնասի, նաեւ` առանց մեծ քանդումներ յառաջացնելու բնակարանային թաղերէն ներս, կատարելապէս իր վերահսկողութեան տակ առաւ Էշրէֆիէն ու Շէյխ Մագսուտը։ 2-3 օր ետք` զոյգ թաղերու բնակիչները արդէն վերադարձած էին իրենց տունն ու տեղը։
Առաջին կարեւոր յաջողութիւն մըն էր այս։
Բանակին յաջորդ քայլը պիտի ըլլար հալածել «Քասատ»-ի զինեալները Հալէպ նահանգի արեւելեան գաւառային շրջաններուն մէջ` Տէյր Հաֆէր աւանէն մինչեւ Մէսքէնէ, Եփրատի արեւմտեան ափին (իդէպ, Մէսքէնէն շատ տխուր յիշատակներով զօդուած է 1915-ի Մեծ Եղեռնի ահասարսուռ դրուագներուն։ Եթէ կարդաք Արամ Անտոնեանի «Մեծ ոճիրը» գիրքը, հոն պիտի ուրուագծուի ձեր առջեւ Մէսքէնէն` որպէս հայ աքսորեալ խլեակներու հաւաքավայր մը, ինչպէս` Տէր Զօրը)։
14-16 Յունուարին, ընդամէնը 2-3 օր բաւարար եղաւ` որ սուրիական բանակը այս ընդարձակածաւալ ու ջրային պաշարներով հարուստ շրջանին մէջ եւս արձանագրէ արագընթաց յաջողութիւններ, մերթ բանակցութիւններով, մերթ տարհամոզումի դիւանագիտական խոհեմ կերպերով ու մերթ ալ զինու զօրութեամբ հեռացնելով «Քասատ»-ի հրոսակախումբերը այս շրջաններէն, քշելով զանոնք դէպի Եփրատի միւս ափը…։ Բովանդակ Հալէպ նահանգը, այսպիսով, ազատագրուեցաւ ու մտաւ պետական հովանիի ու դրօշի տակ։
Բանակին երկրորդ կարեւոր յաջողութիւնն էր այս։
Սուրիական բանակին իրերայաջորդ ձեռքբերումները կը թուի թէ կանգ պիտի չառնեն։ Պետութիւնը վճռական է իր գերիշխանութիւնը տարածելու Եփրատի արեւելեան բերրի ու նաֆթահորերով հարուստ բովանդակ տարածքին վրայ եւս, վերականգնելու համար երկրին հողային ամբողջականութիւնն ու միասնութիւնը։ Ճէզիրէ կոչուած այդ շրջանին մէջ, աւելի քան տասը տարիէ իվեր կը գործէ քրտական ինքնավար վարչական դրութիւն մը («Քասատ»-ի ղեկավարութեամբ), որ կ`իւրացնէ երկրին ամէնէն թանկ հարստութիւնները (քարիւղ, հացահատիկ, բամպակ եւ այլն) ու շարունակ եղջիւր ցոյց կու տայ Դամասկոսի կեդրոնական իշխանութեան…։ Անկեալ նախկին վարչակարգին օրով կազմաւորուած գոյացութիւն մըն էր այս…։ Բայց Սուրիոյ ժողովուրդը, յոգնած` երկարատեւ պատերազմէն ու օտար ուժերու ոտնձգութիւններէն, ա՛լ կը բաղձայ միաւորել իր աշխարհագրութիւնը, կարգի դնել իր տունը…։
Իդէպ, Ճէզիրէն ունի հայ կարեւոր բնակչութիւն ալ։ Գամիշլիի մէջ է Բերիոյ Թեմի Ազգ. Փոխանորդարանը (առաջնորդական փոխանորդը եագուպիեցի աշխոյժ երիտասարդ մըն է` Լեւոն վրդ. Եղիայեան). հոն ունինք դպրոցներ ու եկեղեցիներ, կը գործեն այլազան միութիւններ։ Հայ համայնքը հաւասարակշռեալ յարաբերութիւններ կրցեր է պահել թէ՛ քրտական տեղական իշխանութեանց, թէ՛ սուրիական պետական ներկայացուցիչներու, թէ՛ ալ շրջանի արաբ աշիրէթներուն հետ։
Սա վերջին օրերուն լսուեցաւ ու գրուեցաւ, որ սուրիական բանակը հերթաբար գրաւած է նաեւ Թապքա ու Ռաքքա քաղաքները, Եփրատի նշանաւոր ամբարտակը, նոյնիսկ` Տէր Զօր եւ Հասիչէ նահանգներէն լայն հողամասեր…։
*
Մինչ տեղի կ`ունենային զինուորական բնոյթի այս ուշագրաւ զարգացումները, ու մինչ ընդդիմադիր չարախօս շրջանակներ կը փորձէին օրակարգի բերել «սուրիաբնակ քիւրտերու ցեղային զտման» յերիւրածոյ վարկածներ, Դամասկոսի մէջ, նախագահ Ահմէտ Շարաա Ուրբաթ օր (16 Յունուար) հրապարակեց նախագահական հրամանագիր մը, որ ճակատագրական լուծումներ կը բերէ քրտական «հարց»-ին։ Առնուազն` կը փարատէ շատերու մտահոգութիւնները կամ իրաւական ուժ եւ ճանաչում կու տայ քիւրտ տարրին քաղաքացիական ու մշակութային իրաւունքներուն։
Հրամանագիրը Սուրիոյ քիւրտ բնակչութեան նկատմամբ բարեացակամութեան եւ համակրանքի ցուցանիշ մը կը սեպուի իրաւամբ։
Ըստ այս հրամանագրին, Սուրիոյ մէջ պաշտօնական արձակուրդային տօն կը հռչակուի Նեվրուզը (21 Մարտ), քաղաքացիութիւն կը շնորհուի ցարդ սուրիական անձագիր չունեցող բոլոր քիւրտերուն` լիակատար իրաւունքներով, բայց նաեւ` քիւրտ մեծաթիւ աշակերտութիւն ունեցող պետական թէ մասնաւոր դպրոցներէ ներս քրտերէն լեզուի դասաւանդութեան պաշտօնական արտօնութիւն կը շնորհուի…։
Վերջին այս իրաւունքը, որպէս կրթական ընտրովի ծրագիր, գրեթէ համանման է մեզի` սուրիահայերուս տրուած կարելիութեան (1967-ին Կրթական նախարարութեան մէկ օրինագիծով սահմանուած ու վաւերացուած), որով սուրիահայ վարժարաններէ ներս արտօնութիւն կը տրուէր հայոց լեզու, գրականութիւն եւ կրօն դասաւանդելու։
Սուրիոյ կրթական նախարարութեան աղբիւրները յայտնեցին, որ արդէն իսկ ձեռնարկած են անհրաժեշտ նախաքայլերու` քրտերէնի ուսուցման պայմաններ ու դիւրութիւններ ստեղծելու համար։
Հիմա պէտք է սպասել, տեսնելու համար թէ սուրիաբնակ քիւրտ քաղաքացիներու շնորհուած այս կարեւոր իրաւունքները,– որոնք ապահովութեան տակ կ`առնեն քրտերէն լեզուն ու մշակոյթը եւ անոնց զարգացումը,– ինչպիսի՞ արձագանգներ կամ վերաբերումներ պիտի գտնեն քիւրտ շրջանակներու մէջ։
Մենք` հայերս, 1967-ին Սուրիոյ մէջ մեզի շնորհուած կրթական համեստ իրաւունքը արժեւորած, զայն կիրարկած ու պետական շրջանակներուն նկատմամբ ալ մի՛շտ երախտապարտ գտնուած ենք։
Նոյն կեցուածքը պիտի ցուցաբերե՞ն արդեօք քիւրտերը եւս։ Ժամանակը ցոյց պիտի տայ։

