Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Սոլովիովի Հակահայ Ելոյթը Եւ Հայաստանի Ընդդիմութեան Լռութիւնը

Գրիգոր Խոտանեան - «Մասիս»

January 17, 2026
in Յօդուածներ
0
Սոլովիովի Հակահայ Ելոյթը Եւ Հայաստանի Ընդդիմութեան Լռութիւնը

Ռուսաստանի մէջ տակաւին կան ազդեցիկ շրջանակներ, որոնք չեն կրնար հաշտուիլ այն իրողութեան հետ, որ Հայաստան որպէս անկախ երկիր իրաւունք ունի վարելու իր ուրոյն արտաքին քաղաքականութիւնը ու կը նային անոր որպէս Ռուսաստանի ծայրամաս կամ անոր մէկ գաւառը։ Այս մօտեցումին վերջին մէկ արտայայտիչը հանդիսացաւ ռուս հաղորդավար, պետական քարոզչութեամբ զբաղող Վլատիմիր Սոլովիով, որ իր յայտագրի ընթացքին արտայայտեց այն միտքը, որ Հայաստանը կորսնցնելը դէմ է Ռուսաստանի ազգային շահերուն։ Անոր պնդմամբ՝ «յատուկ ռազմական գործողութիւն» պէտք է իրականացնել ոչ միայն Ուքրանիոյ մէջ, այլեւ ՌԴ ազդեցութեան այլ տարածքներու մէջ եւ «պէտք է թքած ունենալ միջազգային իրաւունքին վրայ»։

Սոլովիով Հայաստանը կը նմանցնէ Վենեզուելայի օրինակին, երբ ամերիկեան զօրքերը յարձակում գործելով ձերբակալեցին նախագահ Մատուրօն ու այժմ կը փորձեն իրենց ամբողջական վերահսկողութեան տակ առնել այդ երկիրը, յատկապէս անոր քարիւղի պաշարները։

Սոլովիովի սպառնալիքները մեծ վրդովմունք յառաջացուցին Հայաստանի հանրային կարծիքին մօտ, իսկ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը բողոքի գիր յանձնեց Երեւանի մէջ Ռուսաստանի դեսպանին՝ անթոյլատրելի ոտնձգութիւն ու թշնամական դրսեւորում նկատելով պետական հեռատեսիլէն հնչած խօսքերը, «որոնք կոպտօրէն կը խախտեն Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու հիմնարար սկզբունքները»։

Վերջին ամիսներուն Ռուսաստանի պաշտօնական ներկայացուցիչներուն կողմէ Հայաստանի հասցէին հնչող մեղադրանքները բաւական նուազած էին եւ միակ հարցը, որուն մասին կ’արտայայտուէին անոնք, այն էր, որ Եւրոպական միութեան անդամակցութիւնը չի կրնար համատեղուիլ Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ։ Ներկայիս այդ կառոյցը կը նկատուի Հայաստանի թիւ մէկ տնտեսական գործընկերը, իսկ Հայաստան պաշտօնական դիրքորոշում մինչեւ օրս չէ արտայայտած այդ զգուշացումներուն վերաբերեալ, նկատի առնելով որ Եւրոպական միութեան կազմէն ներս մուտք գործելը կը պահանջէ մէկ տասնամեակ կամ աւելի ժամանակ։ Սոլովիովի յայտարարութիւնները ամբողջովին նոր մակարդակի վրայ կը դնեն Ռուսաստանի վերաբերմունքը Հայաստանի նկատմամբ։

Ըստ երեւոյթին, Վենեզուելայի վրայ յարձակումը եւ նախագահ Թրամփի ծրագրերը Դանիային պատկանող Կրինլանտ կղզիին տիրանալու ուղղութեամբ, բաւարար արդարացում են, որպէսզի Ռուսաստան եւս իր ռազմական կարողութիւնները օգտագործէ Հայաստանի եւ նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրները իր ազդեցութեան ուղեծիր վերադարձնելու համար։

Քրեմլինի մերձաւոր շրջանակները մինչեւ օրս գիտակցած պէտք էր ըլլային, որ պաշտօնական Երեւանի ու ընդհանրապէս հայութեան մօտ Ռուսաստանի նկատմամբ վերաբերմունքին մէջ շրջադարձային եղան Արցախեան 44-օրեայ պատերազմը եւ ապա Լեռնային Ղարաբաղի հայաթափումը։ Ռուսաստան իր վարած անհեռատես քայլերուն պատճառաւ կորսնցուց իր հեղինակութիւնը Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանէն ներս, եւ եթէ տակաւին ունի որոշ ազդեցութիւն, այդ ալ շնորհիւ Հայաստանին է, ուր ան կը պահէ ռազմակայան եւ ունի տնտեսական բաւական մեծ լծակներ։ Սոլովիովներու սպառնալիքները ոչ մէկ ձեւով կը նպաստեն Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն, եւ ընդհակառակը՝ աւելի կը խորացնեն յառաջացած ճեղքը։

Վլատիմիր Սոլովիով հրապարակային սպառնալիքներէն օրեր ետք, լուռ են Հայաստանի ընդդիմադիր շրջանակներն ու լրատուամիջոցները, որոնք անխնայ կերպով կը քննադատեն իշխանութիւններու իւրաքանչիւր քայլն ու կայացուցած որոշումները, իսկ պատրաստ են անտեսելու Հայաստանի անկախութեան ու ինքնիշխանութեան դէմ ուղղուած արտաքին սպառնալիքները, երբ անոնք կու գան Ռուսաստանէն։ Անոնցմէ շատերուն համար իշխանութեան հասնելու ամէնէն արագ ճանապարհն է Ռուսաստանի միջամտութիւնը՝ ռազմական կամ այլ եղանակներով։

Առաջին անգամ չէ որ Վլատիմիր Սոլովիով հանդէս կու գայ հակահայ ելոյթներով ու այդ պատճառաւ անոր հաղորդումները չեն սփռուիր Հայաստանի տարածքին։ Սակայն ռուսական ալիքները հասանելի են ժողովուրդին եւ որքան մօտենան խորհրդարանական ընտրութիւնները՝ անոնք պիտի փորձեն աւելի ու աւելի ազդել հայաստանեան հանրային կարծիքին վրայ՝ իշխանութեան բերելու համար իրենց ենթարկուելու պատրաստ ուժերը։

Ժամանակն է, որ այդ ալիքներու սփռումը դադրեցուի։ Անոնք սկսած են դառնալ վտանգ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան։

Share63Tweet39
Previous Post

Բացակայ Ներկայութիւն Մը Մեր Սրտին Մէջ (Տիգրան Գալայճեանի Մահուան 5-րդ Տարելիցին Առիթով)

Next Post

Խապրիկներ Նոր Հաճըն Աւանէն – Շախմատը Որպէս Կրթական Եւ Մարզական Ուղի

Next Post
Խապրիկներ Նոր Հաճըն Աւանէն – Շախմատը Որպէս Կրթական Եւ Մարզական Ուղի

Խապրիկներ Նոր Հաճըն Աւանէն - Շախմատը Որպէս Կրթական Եւ Մարզական Ուղի

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.