Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Բացակայ Ներկայութիւն Մը Մեր Սրտին Մէջ (Տիգրան Գալայճեանի Մահուան 5-րդ Տարելիցին Առիթով)

Ազատուհի Սիմոնեան

January 17, 2026
in Յօդուածներ
0
Բացակայ Ներկայութիւն Մը Մեր Սրտին Մէջ (Տիգրան Գալայճեանի Մահուան 5-րդ Տարելիցին Առիթով)

Սիրելի Տիգրան, հինգ տարիներու ժամանակամիջոցէ մը կու գամ կրկին կապուիլ քեզի հետ եւ փոխանցել քեզի խոհերս եւ մտորումներս։ Արեգն ու Սարիկը եւս մնայուն կապի մէջ են քեզի հետ եւ քեզ տեղեակ կը պահեն իրենց արձանագրած ուսումնական յաջողութիւններուն մասին։ Երէցներս հիացումով կը հետեւինք իրենց քայլերուն եւ ցուցաբերած հաստատակամութեանը։ Անոնք կը քալեն քու գծած ճանապարհէդ համարձակ ու խիզախ։ Թէեւ կ’ունենան իրենց թախծալի եւ դժուարին պահերը, երբ կը փնտռեն քու ներկայութիւնդ իրենց կեանքէն ներս, սակայն կարճ ժամանակ ետք կը զգաստանան եւ կը շարունակեն հետեւիլ քու առաջնորդութեանդ։ Քու ամրակուռ հաւատքդ՝ ապագայի նկատմամբ, մեզ բոլորիս ուղեցոյց է եւ մեզ լաւատեսութեան կ’առաջնորդէ: Կեանքի արագ թափին քու հետեւելու կամքդ մեզի օրինակ կը ծառայէ։

Ռազմիկին ընտանիքին փոխադրութիւնը Պէյրութ քեզ որքան պիտի ուրախացնէր։ Հրակ Պէպոյին, Արեգին եւ Սարիկին միեւնոյն քաղաքին մէջ գտնուիլը մեծ բարեբախտութիւն է եւ անոնց կեանքը հարազատ զարմիկներու ջերմութեամբ կ’իմաստաւորէ։

Ընտանեկան մէկտեղումները տեղի կ’ունենան քու ոգեկան ներկայութեամբդ, որու ընթացքին քու կեանքէդ դրուագներ կը պատմենք եւ քու խօսքերէդ մէջբերումներ կը կատարենք։ Իմ Լիբանան վերադառնալովս պապենական քու տունդ վերականգնեցաւ, որուն ամէն մէկ անկիւնը կը յիշեցնէ քու պատանեկան օրերէդ անմոռանալի պահեր։ Այժմ ան ժամադրավայրը դարձած է ընտանեկան եւ բարեկամական մէկտեղումներու, որոնց ընթացքին քու մասիդ կ’անդրադառնանք։

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառաւ վնասուած դռներն ու պատուհանները դուն փոխարինեցիր նորերով, որոնք այնքան ճաշակաւոր են եւ ապահով։ Արեգը քու նմանութեամբդ կը մեծնայ։ Ան քու նկարագրիդ եւ անհատականութեանդ գիծերը իւրացուցած ըլլալով մեզ կը սփոփէ իր յախուռն բնաւորութեամբն ու ներկայութեամբը մեր կեանքէն ներս։ Քեզ կը տեսնենք իր մէջ, դուն կ’անմահանաս իրմով։ Սարիկը նաեւ մեծապէս ազդուած է քու խառնուածքէդ եւ ունի զօրաւոր անհատականութիւն. ան փայլուն ապագայ մը կերտելու երազը ունի։

Արեգը եւ Սարիկը կ’ուզեն իրենց մեծհօր՝ Պէպօ Սիմոնեանի գրադարանն ու արխիւները դասաւորել։ Գործ մը, որ քեզի մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէր։

Քու մտահոգութիւններդ՝ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի, Հ.Մ.Մ.-ի եւ «Արարատ»-ի նկատմամբ, մեզի ծանօթ են եւ կրնանք քեզ վստահեցնել, որ անոնք յաջող ընթացքի մէջ են։ Այդ հաստատութիւններուն հանդէպ քու հոգածու ընթացքդ կը բխի հօրդ՝ Պէպօ Սիմոնեանի քեզի ջամբած գաղափարական եւ ազգային դաստիարակութենէն։ Անոր դրոշմը շատ ազդեցիկ եղած է քու կեանքիդ մէջ եւ երիտասարդական քու տարիներուդ ծառայած ես Հ.Մ.Մ.-ին եւ Հ.Կ.Բ.Մ.-ին եւ որպէս ազգային երեսփոխան՝ Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ։

Սիրելի Տիգրան, քու բացակայութեանդ պատճառած տխրութիւնը եւ կորուստիդ ցաւը անբաժանելի մասը կը կազմեն իմ, քու, եղբօրդ եւ զարմիկներուդ ընտանիքներու կեանքին։ Որքան ալ մխիթարուինք քու զաւակներուդ ներկայութեամբ մեր կեանքէն ներս, տակաւին քու մահուանդ իրականութիւնը մեզ կը խոցէ ամէն օրուան բացուող առաւօտին հետ։

Ես, որպէս մայրդ, խոր կարօտ ունիմ քեզի հանդէպ եւ անցնող տարիները երբեք չկրցան մեղմել իմ ցաւս։ Ես կը սպասեմ այն օրուան, երբ պիտի միանամ քեզի անդենականին մէջ։

Թող անմեռ մնայ քու յիշատակդ բոլորին սրտերուն մէջ, իմ սիրելի որդիս։

Share68Tweet42
Previous Post

Ֆարուք Շարաա Կը Հրատարակէ Իր Յուշերը (2)

Next Post

Սոլովիովի Հակահայ Ելոյթը Եւ Հայաստանի Ընդդիմութեան Լռութիւնը

Next Post
Սոլովիովի Հակահայ Ելոյթը Եւ Հայաստանի Ընդդիմութեան Լռութիւնը

Սոլովիովի Հակահայ Ելոյթը Եւ Հայաստանի Ընդդիմութեան Լռութիւնը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.