Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ֆարուք Շարաա Կը Հրատարակէ Իր Յուշերը (2)

 Լ. Շ.

January 17, 2026
in Յօդուածներ
0
Ֆարուք Շարաա Կը Հրատարակէ Իր Յուշերը (2)

Այս օրերուն հրապարակի վրայ է հմուտ ու երկարամեայ այս դիւանագէտին յուշերու գիրքին Բ. հատորը (272 էջ, արաբերէնով), որ հրատարակուած է Քաղաքականութեանց Ուսումնասիրութեան եւ Հետազօտութիւններու Արաբական Կեդրոնին կողմէ (Տոհա, Քաթար)։ Գիրքը իր ընդգրկած ժամանակաշրջանին իսկ բերումով (2000-2015)՝ լայն հետաքրքրութիւն առթած է ամէնուրեք։ Գրուած են գրախօսականներ, կատարուած են արժեւորումներ։ Տասնամեայ բացակայութենէ մը ետք Ֆարուք Շարաայի անունը շուրթերու վրայ է կրկին…։

Շարաա իր յուշագրութեանց Ա. հատորը հրատարակած էր 2015-ին, «Կորուսեալ վիպագրութիւն» խորագրով, ուր կը պատմէր կանուխ շրջանի իր քաղաքական կեանքը, մասնաւորաբար տեղեկութիւններ հայթայթելով նախագահ ՀաՖէզ Ասատի շրջանին Իսրայէլի հետ Սուրիոյ վարած անուղղակի բանակցութեանց մասին՝ Մատրիտի 1991-ի խաղաղութեան վեհաժողովէն մինչեւ Ժընեւ (1994, Ասատի եւ Քլինթոնի տեսակցութիւնը, որ մնաց անպտուղ)։

Սուրիոյ մէջ, «Պաաս-ի անկեալ վարչակարգին օրով, այնքան ալ սովորական երեւոյթ մը չէր քաղաքական գործիչներու կողմէ յուշագրութեանց կամ վկայութեանց հրապարակումը։ Այդ կալուածը մի՛շտ արգիլուած եղած է, հասկնալի պատճառներով։ Երկիրը տեւաբար ապրած է «փակ» դարպասներու ետին, քաղաքացիները տեղեկացուած են լոկ այն լուրերուն, որոնք պետութիւնը յարմար դատած է հաղորդելու իր պաշտօնական լրահոսներուն ճամբով։ Այս դիտանկիւնէն մեկնած՝ արտաքին նախարարի մը յուշագրութիւնները, բնականաբար, պիտի ստեղծէին լայն հետաքրքրութիւն, որքան ալ որ անոնք գրի առնուած ըլլային զուսպ եւ սանձահարուած ոճով։

Ֆարուք Շարաայի Ա. հատորը կ’ընդգրկէր ուշագրաւ վկայութիւններ ոչ միայն Սուրիոյ, այլեւ Լիբանանի, Պաղեստինի ու Արաբական Արեւելքի վերջին տասնամեակներու իրադարձութեանց մասին։ Հատորը լի էր նաեւ տարաբնոյթ «զգայուն» նիւթերով։ Զորօրինակ, ՀաՖէզ Ասատի կնճռոտ յարաբերութիւնը իր կրտսեր եղբօր՝ ՌիՖաաթի հետ (որ 1980-ականներուն երկրէն հեռացուեցաւ ու գնաց հաստատուեցաւ Ֆրանսա), վարչակարգին թշնամական կեցուածքը Իրաքի նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի հանդէպ (սահմանները ամրօրէն փակ էին երկու երկիրներուն միջեւ), Եասէր Արաֆաթի հետ Սուրիոյ իշխանութեանց յարափոփոխ կապերը, լիբանանեան ներքին քաղաքական կեանքին Սուրիոյ միջամտութիւնները…։ Հատորը կ՛աւարտէր բեկումնային թուականի մը նշումով. ՀաՖէզ Ասատի մահը 2000 թուականի Յունիսին։

Բ. հատորին բովանդակութիւնը աւելի ժամանակակից է, կ’ընդգրկէ սուրիական յեղափոխութեան եւ անոր յաջորդող ներքին պատերազմին ծանր ու կորստաբեր եղելութիւնները, որոնց կրակներուն մէջէն անցաւ երկիրը։ Հոս, ուրեմն, հեղինակը ի մի կը բերէ իր վկայութիւնները ճակատագրական դէպքերու մասին ու կը պարզէ ինչ-ինչ գաղտնիքներ, թաքուն մնացած երեւոյթներ, մինչեւ իսկ կը կատարէ որոշ խոստովանութիւններ։ Անձնական վկայութիւն մը ըլլալէ անդին՝ այս գիրքը կը դառնայ պատմական արձանագրութիւն մը «բերդ»-ին ներսէն…։

Նկատի ունենալով գիրքին վիճայարոյց պարունակութիւնը, կ՛ըսուի, թէ Շարաա յանձնարարած էր որ իր այս Բ. հատորին հրատարակութիւնը իրականանայ միայն յետմահու։ Բայց որովհետեւ հին վարչակարգը ա՛լ տապալած էր 2024-ի վերջերը, ուստի գիրքին հրատարակութիւնը յապաղեցնելու պատճառ չէր մնացած։ Անիկա տպուեցաւ 2025-ին։

Շարաայի գիրքը ուժգնօրէն կը ջրէ անկեալ վարչակարգին բազմաթիւ պնդումները՝ ինչ կը վերաբերի երկիրը տակնուվրայ ընող անհակակշռելի դէպքերուն։ Կը պատմէ, կը խօսի հայր Ասատի մահէն ետք իշխանութեան բերուած անոր որդւոյն բնաւորութեան գիծերուն, հոգեբանական յոռի որոշ թեքումներուն մասին (նարսիզականութիւն)։ Ցաւով կ՛արձանագրէ, թէ ինչպէ՞ս իշխանութիւնները խամրեցուցին 2000 թուականի «Դամասկոսի գարուն»-ը, որ այլախոհ մտաւորականներու հաւաքական շարժում մըն էր ու կը միտէր բարեփոխութիւններ մուծել երկրին միակուսակցական համակարգին մէջ։ Կ’ափսոսայ որ իշխանութիւնները ճզմեցին ամէն ընդդիմախօսութիւն կամ քաղաքական անկախ գործունէութիւն։ Կ’անդրադառնայ Լիբանանի վարչապետ ՌաՖիք Հարիրիի սպանութեան (Փետրուար 2005),  անհաւանական չնկատելով «Սուրիոյ մատը» այդ արարքին ետին…։ Կը պարզէ, որ ինք անձնապէս դէմ եղած էր Լիբանանի սուրիամէտ նախագահ Էմիլ Լահհուտի պաշտօնավարութեան երկարաձգման ջանքերուն (2004), մինչ Սուրիոյ երիտասարդ նախագահը պնդելով կը պնդէր այդ մասին՝ անգոսնելով ամէն շրջանկատ թելադրանք ու խորհուրդ…։ Յետոյ կը բացայայտէ Իսրայէլի հետ կայացած որոշ բանակցութիւններ, որոնց մասին հանրութիւնը չէ տեղեկացուած բնաւ…։

Շարաա շեշտելով կը շեշտէ, որ սուրիական ճգնաժամին մէջ ինք մի՛շտ դէմ կեցաւ «զինական լուծում»-ի բիրտ ու արիւնալի եղանակին ու թելադրեց երկխօսութեան, զիջումի տարբերակները։ Մարտ 2011-ին Սուրիոյ մէջ բռնկած յեղափոխութիւնը յարդանոցին մէջ ինկած կրակի մը նման ծաւալեցաւ շատ արագ, նահանգէ-նահանգ, աւանէ-աւան։ Շարաա անճիշդ կը գտնէ ժողովրդային ըմբոստութիւնը «արտաքին դաւադրութիւն» պիտակելու, խաղաղ ցուցարարները ձերբակալելու, ընդդիմադիր շրջանակները չէզոքացնելու պետական իշխանութեանց վարքագիծը։ «Նետը արձակուած էր» սակայն եւ երկրին զինուորական ղեկավարներն ու պալատը տրամադիր չէին «կակուղ» քարոզներ լսելու…։ Երկիրը, այսպիսով, կը մտնէր մութ փապուղիէ մը ներս…։

Ըստ Շարաայի, սուրիական տագնապին համար լուծման տրամաբանական հարթակ մըն էր Արաբական Լիկայի առաջարկը, որ կը նախատեսէր հրադադար, ձերբակալեալներու ազատ արձակում ու բանակային միաւորներու քաղաքներէ հեռացում։ Պալատը ա՛յդ ալ մերժեց սակայն…։ Առաջնահերթութիւն տրուեցաւ իրանեան եւ ռուսական նեցուկին…։

Շարաա կը բացատրէ, թէ երբոր հեռացուեցաւ արտաքին նախարարի իր պաշտօնէն ու բերուեցաւ փոխնախագահի պաշտօնին, խնդրեց երկրին վեհապետէն յստակացնել իր այս նոր պաշտօնին պարտաւորութիւնները, լիազօրութիւնները, սահմանները։ Բայց նախագահը բաւարարուեցաւ պատասխանելով՝ թէ «պիտի կատարես ա՛յն պարտականութիւնները, որոնք կը թելադրուին քեզի իմ կողմէ»…։

Իր գիրքին վերջաբանին մէջ Ֆ. Շարաա կը յայտնէ իր խոր հաւատքը Սուրիոյ ապագայ բարօրութեան նկատմամբ։ Կ’ընդունի, սակայն, որ դէպի այդ հորիզոնը՝ ճամբան պիտի ըլլայ երկար, թէ՛ կուտակուած աւերակներուն եւ թէ՛ արտաքին բազմացող միջամտութիւններուն պատճառով…։

Share63Tweet39
Previous Post

Մշտավա՛ռ Փարոսը

Next Post

Բացակայ Ներկայութիւն Մը Մեր Սրտին Մէջ (Տիգրան Գալայճեանի Մահուան 5-րդ Տարելիցին Առիթով)

Next Post
Բացակայ Ներկայութիւն Մը Մեր Սրտին Մէջ (Տիգրան Գալայճեանի Մահուան 5-րդ Տարելիցին Առիթով)

Բացակայ Ներկայութիւն Մը Մեր Սրտին Մէջ (Տիգրան Գալայճեանի Մահուան 5-րդ Տարելիցին Առիթով)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.