Վաղո՜ւց պիտի հանգէր այդ փարոսը, եթէ դադրած ըլլար իր ազգային-գաղափարական առաքելութենէն: Շատո՜նց պիտի խամրէր անունն ու յիշատակը անոր՝ եթէ չունենար հաւատաւոր յետնորդներ: Ոչ ոք պիտի յիշէր այդ լուսասփիւռ դաստիարակը՝ եթէ իր կարգախօսներն ու ցանած հունտերը ըլլային սին ու վաղանցուկ: Բայց… փարոսը ցարդ կը մնայ անյեղլի ուղեցոյց հնչակեան ուխտաւորներուն:
Սարգիս Տխրունին է ան՝ մշտավառ փարոսը հայրենասիրութեան, ընկերվարութեան եւ գաղափարապաշտութեան: Ապրելով կարճատեւ կեանք մը, կարողացաւ առաւելագոյնը տալ իր պաշտած կուսակցութեան, շրջապատին ու ազգին: Դաւադրաբար նահատակուելով՝ աւելի եւս փայլեցաւ փարոսը, հետզհետէ դառնալով ռահվիրայ եւ խորհրդանիշ հնչակեան երիտասարդութեան համար, որ, հետեւելով Ս. Տխրունիի սկզբունքներուն, անկէ ստացաւ աւիշ ու սնունդ՝ աստիճանաբար խտանալու եւ ուռճանալու խոստումով:
Բնականաբար, առաջնորդ մը օժտուած պիտի ըլլայ բազմաթիւ շնորհներով: Եթէ անոնք մնան տեսական եւ վերացական ամպերու մէջ՝ առաջնորդը չի կրնար հրապուրել շարքերը, ղեկավարել զանգուածները: Ս. Տխրունիի պարագային, ակնյայտ է, թէ ան իր առաջադրած նշանախօսքերը կը վերածէր գործի, գետնի վրայ կ’ապացուցէր իր համոզումները եւ անձնդիր նուիրուածութեամբ կը նետուէր հոն՝ ուր կը զգացուէր անհրաժեշտութիւնը իր առինքնող ներկայութեան: Կազմակերպչական աշխատանքին առընթեր՝ բեմ ու մամուլ, ուսուցչական ասպարէզի կողքին՝ յեղափոխականի վայել խիզախութիւն՝ բանտ ու աքսորի ընդմէջէն, հալածանք եւ հրապարակագրութիւն, ինչպէս նաեւ երիտասարդներու զօրաշարժ՝ միշտ ի ծառայութիւն ազգային-ընկերային ու հայրենասիրական նպատակներու: Կիլիկիոյ մէջ էին արմատները անոր, գործած էր հոն եւ ապա ականատեսը Մեծ Եղեռնին՝ ցմրուր ճաշակելով ահազարհուր տառապանքը անապատի տապ ու տօթին: Հալէպի եւ Պէյրութի գաղթակայաններու մէջ է Տխրունին. գաղութարարներու կողմէ աքսորուած է Արուատ կղզի. բեմերէն կ’աղաղակէր՝ «Հո՛ն, Արարատի փէշերուն պիտի զարնենք մեր վրանները»: Գաղափարական հաւատքով էապէս զինուած մշտավառ փարոսը մինչեւ նահատակութիւն՝ 17 Յունուար 1929-ին, մնաց աներեր՝ պատնէշի վրայ, անյողդողդ՝ խրամատի ետին, անայլայլ՝ գուպարներու ընթացքին:
Այսպիսի եզակի եւ օրինակելի ղեկավար մը ինքնըստինքեան պիտի ըլլար ա՛յնպիսի փարոս մը, որուն լուսարձակած գաղափարական շաւիղէն պիտի ընթանային յատկապէս Լիբանանի եւ Սուրիոյ հնչակեան երիտասարդները եւ անշուշտ պատուով կրէին անմահական անունը անոր:
Ժամանակի ընթացքին անհատ-Տխրունին նախ դարձաւ Տխրունի-ուղղութիւն եւ ապա՝ Տխրունի ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւններ, որովհետեւ լիապէս կը մարմնաւորէր գաղափարական այն հաւատամքը, որ կոչուած էր դարբնոց մը ըլլալու՝ ջրդեղուելու համար գաղափարապէս ու բարոյապէս՝ որպէս քատրայիններ հնչակեան միաւորներուն:
Արդարեւ, Ս. Տխրունին եւ Տխրունիականութիւնը, առաջին հերթին, սորվեցուցին անշահախնդիր հայրենասիրութեան դասը: Հայրենիքը անսակարկելի արժէք է, որ կարելի չէ շփոթել ժամանակաւոր իշխանութեան կամ օրուան կառավարութեան հետ: Անոր հանդէպ հաւատարմութիւնն ու հաւատքը անխախտելի կը մնան՝ հակառակ փչող փոթորիկներուն: Վարչակարգեր կը փոխուին, սակայն հողը կը մնայ գերիվեր ամէն տեսակի մանրամասնութեանց դիմաց: Օտար ափն ու օդը խաբուսիկ են՝ որոնցմէ պէտք չէ տարուիլ միամտաբար: Դժնդակ եւ մտատանջող օրերուն իսկ հայրենիքը լուսատու ջահ է՝ ցաքուցրիւ հայութիւնը ջերմացնող: Եւ Տխրունիի ապրած օրերուն, ի՜նչպիսի ալեկոծումներ յուսահատութիւն կը պատճառէին, սակայն ան կը պնդէր ու կը ջատագովէր հայրենակեդրոնութեան սկզբունքը: Առ այսօր, ի հարկէ, այս կէտը կը մնայ անփոփոխ:
Երկրորդը՝ ընկերվարութիւնն է: Հնչակեանը հոմանիշն է հայ ընկերվարականին: Այսինքն՝ զինակից ու գաղափարակից է ընտրած խոնարհ, իրաւազրկեալ եւ յափշտակեալ դասակարգը: Վաշխառուներու դիմակներն ու չարաշահներու էութիւնը պէտք է քողազերծել եւ մերկացնել անխնայ: Ոչ ոք իրաւունք ունի իւրացնելու աշխատաւորին, աղքատին եւ չքաւորին արդար քրտինքը, կորզելու հայրենիքին հարստութիւնն ու հանքերը, Աստուծոյ պարգեւած մարդկային տարրական պայմանները: Աւելին՝ Տխրունին զինակիցն էր արաբ ժողովուրդին, որ ազատագրական պայքար կը մղէր գաղութարար ուժերու դէմ եւ մանաւանդ Ֆրանսայի. այն երկրին, որ սառնասրտօրէն հայոց օրրան Կիլիկիան նուիրեց քեմալական Թուրքիոյ, նենգաբար սակարկեց արիւնն ու պայքարը հայոց: Տխրունին հալածեցին ֆրանսացիք ու իրենց կամակատարները, քանզի իսկական վտանգ մըն էր իրենց հեռագնայ ծրագրերուն: Ան կառչած մնաց ընկերվարութեան, ինչպէս կառչած կը մնան շառաւիղները Տխրունիական դպրոցին:
Երրորդը՝ գաղափարապաշտութիւնը կ’արտայայտուի գործնական աշխատանքով, այսինքն՝ անմնացորդ նուիրումով: Հաւատա՛լ, նուիրուի՛լ ու ծառայե՛լ, ահա հիմնական պատգամները մեծն դաստիարակէն հրիտակուած: Եւ սա կը վերաբերի ի մասնաւորի երիտասարդութեան, որուն մէջ կուտակուած կորովն ու աւիւնը պիտի որ տրամադրուին հասարակական կեանքին, հայրենանուիրութեան եւ հաւաքականութեան. այլապէս՝ սնոտի աղմկարարութեան կը նմանի ամէն խօսք ու ճառ: Ս. Տխրունիի նահատակութենէն ետք, ահա սերունդներ կը յաջորդեն զիրար: Սա մեծագոյն գրաւականն է այն վճռականութեան, որ ունեցան Տխրունին եւ իր ուխտապահ փաղանգները, քանզի մշտավառ փարոսը չշիջեցաւ ի հեճուկս աջէն ու ձախէն սպառնացող մրրիկներու: Կազմակերպութիւններ կը մնան կենսունակ՝ եթէ անոնց հիմքն ու ենթակառոյցը խարսխուած են առողջ սկզբունքներով:
Այսօր, պարտք կը համարենք անգամ մը եւս խոնարհիլ Սարգիս Տխրունիի անմեռ յիշատակին առջեւ, ուխտելով հաւատարիմ մնալ մշտավառ փարոսին տարածած լոյսին, յոյսին ու ոգիին, ինչպէս որ երգը կը յիշեցնէ՝
Երդում կու տանք, շիրմիդ առաջ, մայր դրօշին հնչակեան
Որ պիտի քալենք այդ ուղիով՝ մինչեւ վերջին հանգրուան:

