Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 17 Յունուար 2026

January 17, 2026
in Default, Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 17 Յունուար 2026

ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ ընդունեց միջազգային հնգեակին միջնորդութեամբ Իսրայէլի հետ բանակցութիւններուն Լիբանանի ներկայացուցիչ Սիմոն Քարամը, որուն հետ քննարկեց բանակցային «մեքանիզմ»-ի յաջորդ ժողովին մանրամասնութիւնները: Աուն եւ Քարամ արծարծեցին ժողովին օրակարգը, անոր նախապատրաստութիւնները եւ քննարկուելիք նիւթերուն վերաբերեալ Լիբանանի պաշտօնական դիրքորոշումները: Նախագահը նաեւ տեսակցեցաւ ապահովական ու զինուորական հաստատութիւններու պետերուն հետ, պահանջեց մշակել իւրաքանչիւր հաստատութեան կարիքներուն վերաբերող զեկոյց մը, որպէսզի ներկայացուի Փարիզի մէջ կայանալիք միջազգային ժողովին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն աջակցելու միջոցները:

Ապահովական առումով, ԵՈՒՆԻՖԻԼ բողոքեց, որ իսրայէլեան հրասայլ մը շուրջ 30 կրակոց արձակած է սահմանային Քֆարշուպա շրջանին մէջ իր տեղակայումի դիրքերէն մէկուն ուղղութեամբ, առանց պատճառելու վիրաւորներ կամ վնասներ:

 

ԹՐԱՄՓ ՈՐՈՇԱԾ Է ԱՌԻԹ ՏԱԼ ԻՐԱՆԻՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ յայտնեց, որ ինքզինք համոզած է առ այժմ զերծ մնալ Իրանին զինուորական ծանր հարուած ուղղելու ծրագրերէն: Ամերիկացի նախագահը համոզում յայտնեց, որ Թեհրանի իշխանութիւնները չեղարկած են ընդդիմադիր ցուցարարներուն նկատմամբ հրապարակուած մահապատիժները:

Նշենք, որ վերջին օրերուն կը նկատուէր Իրանի դէմ հաւանական հարուած ուղղելու ամերիկեան զինուորական, քաղաքական եւ դիւանագիտական նախապատրաստութիւններ, մինչ Թրամփ զգուշացուցած էր, որ պիտի հարուածէ Իրանը, եթէ այնտեղ ցուցարարներ սպաննուին: Այլ հարցով, նախագահը սպառնաց աւելի ծանր մաքսատուրքեր սահմանել այն երկիրներուն նկատմամբ, որոնք չեն համաձայնիր Կրինլէնտին տիրանալու վերաբերեալ Թրամփի ծրագրերուն:

 

ՍԻՄՈՆԵԱՆԷՆ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԹՈՒՐՔ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարին եւ տարածաշրջանային բոլոր այն գործընկերներուն, որոնք կ’աջակցին Հայաստանի հանրութեան մեծամասնութեան կոչերուն՝ խաղաղութիւն հաստատելու, առեւտուր կատարելու եւ TRIPP-ի ծիրին մէջ այդ համագործակցութիւնը զարգացնելու առնչութեամբ:

Ան կը խօսէր նախարար Հաքան Ֆիտանի այն յայտարարութիւններուն մասին, ուր նախարարը Անքարայի աջակցութիւնը կը յայտնէր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որդեգրած դերին: «Մենք կը զօրակցինք անոր որդեգրած կառուցողական դերին եւ այս գիծն ու կամքը պէտք է շարունակուին», ըսած էր Ֆիտան: Սիմոնեան այլ գիծի վրայ հաւաստիացուց, որ Երեւան որեւէ քայլ չէ ձեռնարկած եւ պիտի չձեռնարկէ Իրանի դէմ:

 

ԱՆՑԱԿԷՏԻ ԿԱՌՈՒՑՈՒՄԸ ԳՐԵԹԷ ԱՒԱՐՏԱԾ Է

Թրքական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Հայաստանի սահմանին Ալիճան անցակէտին կառուցումի աշխատանքները աւարտած են 90 տոկոսով: Աշխատանքները կը շարունակուին նաեւ Մարգարա անցակէտին վրայ, ուր կը կառուցուին մաքսատան եւ այլ ընթացակարգերու յատկացուած շէնքեր: Անցակէտին մէջ տեղադրուած են նաեւ գովազդային վահանակներ եւ յայտարարութիւններ, որոնք Հայաստանէն Թուրքիա մեկնողներուն կը քաջալերեն այցելել Իգդիր եւ անոր շրջակայքը: Նշենք, որ Ալիճանի սահմանային անցակէտը փակ է 1952 թուականէն ի վեր: Իգդիրի նահանգապետին համաձայն, նպատակը այն է, որ անցակէտը բացուի այս ամսուայ վերջը:

 

ՍԱՄՈՒԷԼ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ԿԱԼԱՆՔԻ ՏԱԿ

Հայաստանի փտածութեան դէմ պայքարի վերաքննիչ դատարանը երէկ բեկանեց դատաւոր Սարգիս Պետրոսեանի որոշումը, որուն հիման վրայ գործարար եւ բարերար Սամուէլ Կարապետեանի նկամամբ սահմանուած էր տնային կալանք: Փոխարէնը, Վերաքննիչ դատարանը որոշեց երկու ամիս արգելավայրի մէջ կալանաւորել Կարապետեանը:

 

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՆՈՐ ՀԱՄԱԶԳԵՍՏ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ բանակը ունի նոր համազգեցստ, որ շատ գեղեցիկ է, գործառնական, յարմարաւէտ եւ բազմաեղանակային: Իսկ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան յայտնեց, որ օրէնսդրական նախաձեռնութեամբ հանդէս պիտի գայ, որպէսզի բանակի համազգեստը հնարաւոր չըլլայ գնել նաեւ խանութներէն:

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ՝ ԻՐԱՆԷՆ ԵԼՔԻ ՄԻՋՈՑ

Միացեալ Նահանգներէն ետք, Գանատայի իշխանութիւնները եւս գանատական անձնագիր կրողներուն յորդորեցին հնարաւորութիւն ունենալու պարագային լքել Իրանի տարածքը: Գանատայի կառավարութեան յայտարարութիւնը նշեց, որ Իրանէն դուրս գալու համար հասանելի են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանային անցակէտերը: Այսուհանդերձ, մինչ Թուրքիա կարելի է հասնիլ առանց մուտքի արտօնագրի, գանատացիները Հայաստան մուտք կրնան գործել վիզայով միայն:

Share64Tweet40
Previous Post

Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի

Next Post

Մշտավա՛ռ Փարոսը

Next Post
Մշտավա՛ռ Փարոսը

Մշտավա՛ռ Փարոսը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.