ՉՈՐՍ ՀԱՅ ԳԵՐԻՆԵՐ ԱԶԱՏ ԵՆ
Հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան հասնելու վերաբերեալ կարեւոր խոչընդոտ մը եւս վերացած է: Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ յայտնեց, որ Ատրպէյճանի համապատասխան մարմիններուն ներկայացուցիչները սահմանային Հաքարի կամուրջին մօտ ազատ արձակած են Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ գերիներ՝ Գէորգ Սուջեանը, Դաւիթ Դաւիթեանը, Վագիֆ Խաչատուրեանն ու լիբանանահայ Վիգէն Էօլճէքճեանը, որոնք շուտով տեղափոխուած են Երեւան: Վագիֆ Խաչատուրեանի դուստրը աւելի ուշ յայտնեց, որ հայրը իսկոյն փոխադրած են «Նորք-Մարաշ սրտաբանական կեդրոն»՝ անհրաժեշտ բուժումը ստանալու համար: Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը յստակացուց, որ գերիներուն վերադարձը կատարուած է որպէս հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան գործնական արդիւնք:

Յիշեցնենք, որ լիբանանահայ գերին գերեվարուած էր 44-օրեայ պատերազմին աւարտէն օր մը ետք՝ Գորիս-Բերդաձոր ճամբուն վրայ: Ան Արցախէն կը վերադառնար Հայաստան: Ան Պաքուի մէջ ենթարկուած էր ձեւական դատավարութեան եւ դատապարտուած 20 տարուայ բանտարկութեան:
Չորս հայ գերիներուն ազատ արձակումին դիմաց, հայկական կողմը ազատ արձակած է երկու սուրիացի վարձկաններ, որոնք Թուրքիոյ վրայով վերադարձան Սուրիա: Եուսէֆ էլ-Հաճին եւ Մուհրէպ էլ-Շխերը մասնակցած էին 2020-ի պատերազմին եւ գերի ինկած, որմէ ետք Սիւնիքի Առաջին ատեանի դատարանը զանոնք դատապարտած էր ցկեանս բանտարկութեան՝ վարձկանութեան եւ պատերազմական ոճիրներ գործելու յանցանքով:
ՀԱՅ-ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան տեսակցեցաւ իր ամերիկացի պաշտօնակից Մարքօ Ռուպիոյի հետ՝ քննարկելու համար TRIPP նախագիծին մանրամասնութիւնները: Հանդիպումէն ետք հրապարակուած միացեալ յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ Հայաստան մտադիր է Միացեալ Նահանգներուն առաջարկել TRIPP-ի զարգացումի ընկերութեան 74 առ հարիւրի մասնաբաժինը եւ պահել 26 առ հարիւրը: Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ իր ամերիկացի պաշտօնակիցին հետ տեսակցութեան ընթացքին չէ քննարկուած Իրանի շուրջ ընթացող հոլովոյթները: Ան ակնկալեց, որ նախագիծին վերաբերեալ գործական քայլեր ձեռնարկուի մինչեւ յառաջիկայ աշուն:

Ռուպիօ իր կարգին նշեց, որ TRIPP նախագիծին իրականացումը Հարաւային Կովկասին հնարաւորութիւն պիտի տայ ի գործ դնելու ամբողջական ներուժը: Իսկ վարչապետ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ կարեւոր քայլ մը եւս առնուած է խաղաղութիւնը ամրապնդելու եւ TRIPP նախագիծը գործնական իրականացումի ուղղութեամբ ընթանալու մէջ: Հայաստանի Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Սարգիս Խանտանեան յայտնեց, որ TRIPP-ի տարածքին մէջ հայ սահմանապահներու ներկայութիւն պիտի չըլլայ: Անոր համաձայն, այս ծրագրին տրամաբանութիւնը ընդհանրապէս միջանցքային չէ: Իսկ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան համագումարի մը ընթացքին դիտել տուաւ, որ Հայաստան յաջողած է անկայունութեան միջազգային միջավայրին մէջ կայունութիւն բերել տարածաշրջանին եւ բանալ լայն հնարաւորութիւններ:
ԻՐԱՆ ՄՏԱՀՈԳ Է
Երեւանի մէջ Իրանի դեսպան Խալիլ Շիրղոլամի տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին յայտնեց, որ «Թեհրանի մէջ կը ձեւաւորուի պատկերացում, թէ Հայաստան կը դառնայ կեդրոն՝ Իրանի դէմ թշնամաբար տրամադրուած ուժերու գործողութիւններուն համար»: Դեսպանը միաժամանակ նշեց, որ Երեւանի հետ կը մշակուի ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագիր մը: «Տոնըլտ Թրամփ օրին մէկը կը հեռանայ, իսկ մեր երկիրներուն միջեւ բարեկամութիւնը կը մնայ», հաւաստիացուց Շիրղոլամի:
Հակադարձելով Իրանի դեսպանութեան հրապարակած յայտարարութեան, Հայաստանի Ներքին գործերու նախարարութիւնը հաւաստիացուց, որ իշխանութիւնները կը շարունակեն ապահովել հաւատարմագրուած դիւանագիտական բոլոր ներկայացուցչութիւններուն անվտանգութիւնը՝ ներառեալ բարեկամական Իրանի դեսպանութիւնը, երաշխաւորելով անոր բնականոն գործունէութիւնը: «Պիտի շարունակենք հետեւիլ խաղաղ հաւաքներուն, որովհետեւ Հայաստան՝ որպէս ժողովրդավարական պետութիւն, պարտաւոր է չխոչընդոտել քաղաքացիներուն ազատ տեղաշարժը եւ խաղաղ հաւաքներու ազատութեան իրաւունքը», նշեց նախարարութիւնը:
ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ իրադարձութիւններ տեղի պիտի ունենան, աւելցնելով որ Թուրքիոյ նախագահին հետ հարցերը լուծումի ընթացքի մէջ են:

Ըստ վարչապետին, սահմանային անցակէտերուն կառուցումը կը շարունակուի, սակայն անհրաժեշտ է նաեւ որոշ կէտերու մէջ կառուցել կամուրջներ: Թուրքիոյ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Հայստանի հետ սահմանային «Ալիճան» անցակէտին մէջ նախատեսուած բոլոր աշխատանքներուն շուրջ 90 առ հարիւրը արդէն աւարտած է: Ըստ գործակալութեան, աշխատանքները կը շարունակուին ոչ միայն Ալիճանի, այլ Հայաստանի Արմաւիր գաւառին հետ սահմանային «Մարգարա» անցակէտին վրայ եւս: Թրքական կողմը կը կատարէ մասնաւորաբար մաքսային եւ սահմանային այլ ընթացակարգերուն համար նախատեսուած շէնքերու շինարարութիւն, ինչպէս նաեւ գովազգային ու տեղեկատուական աշխատանքներ՝ ներառեալ վահանակներու տեղադրում, որուն նպատակն է ապագային Հայաստանէն ժամանողներուն ներկայացնել Իգդիր քաղաքին եւ ընդհանուր տարածաշրջանային:
ԱՐՀԵՍՏԱԾԻՆ ԹԵԶԵՐ
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգերու խորհուրդի ժողով, որ վարեց Նաթան արք. Յովհաննիսեանը: Ժողովականները շեշտեցին, որ ներեկեղեցական հակադրութիւններուն մասին վերջերս տարածուած թեզը արհեստածին է, աւելցնելով որ եկեղեցւոյ վերաբերող հարցերը կը քննարկուին եկեղեցական սահմանուած կարգով եւ կ’առաջարկուին յարմար ու լիարժէք լուծումներ:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի թանգարաններու արխիւի տնօրէն Տ. Ասողիկ աբեղայ Կարապետեան երէկ հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Քննչական կոմիտէ՝ հարցաքննութեան համար: Տեղական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ հարցաքննութիւնը կապուած է Սուրբ Գեղարդին շուրջ մամուլի մէջ յայտնուած տեղեկութիւններուն հետ: Նշենք, որ վերջերս հայկական լրատուամիջոցներ հաղորդած էին, որ 2018-ին Սուրբ Գեղարդէն կտոր մը վաճառուած է Ռուսիոյ Սեն Փեթերսպուրկի նահանգապետին: Տէր Ասողիկ սակայն յստակացուց, որ նուիրաբերուած է պարզապէս Գեղարդի մանրակերտը, իսկ Սուրբ Գեղարդը կը մնայ իր տեղը:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ’ՈՒԶԷ ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄԱԿՑԻԼ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Հայաստան շատ լուրջ միջոցներ կ’ապահովէ իր պաշտպանութիւնը ամրացնելու համար: Անոր համաձայն, նախապէս արտաքին կողմեր այդպիսի միջոցներ չէին տար Հայաստանին: Այլ գիծի վրայ, Փաշինեան յայտնեց, որ Երեւան կ’ուզէ դառնալ Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ եւ այս որոշումը յստակ է: Իսկ Եւրոմիութեան դեսպան Վասիլիս Մարակոս յայտնեց, որ Հայաստան իր ցուցանիշներով շատ մօտ է Եւրոմիութեան անդամակցելու ձգտում ունեցող Պալքաններու արեւմտեան շրջանի երկիրներուն:
2018-ԻՆ ՀԱՄԵՄԱՏ՝ 2025-Ի ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ԾԱԽՍԵՐԸ ԱՃԱԾ ԵՆ 1,1 ՄԻԼԻԱՌ ՏՈԼԱՐՈՎ
2018-ին համեմատ՝ 2025-ի պաշտպանական ծախսերը աճած են 1,1 միլիառ տոլարով։ Անցնող տարին ամփոփող ասուլիսի ժամանակ այս մասին յայտնեց պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը։
«2018-ին պաշտպանութեան ծախսերը կազմել են 245 միլիառ դրամ, իսկ 2025-ին՝ 664 միլիառ դրամ։ Պաշտպանութեան ոլորտի ծախսերն աւելացել են 1,1 միլիառ տոլարով»,- ըսաւ նախարարը։

Անդրադառնալով ճարտարապետական, ամրաշինական եւ ընդհանուր շինարարական ծախսերուն՝ պաշտպանութեան նախարարը նշեց, որ այդ ծախսերը եւս կտրուկ աճած են։ Անոր խօսքով՝ 2025-ը բոլոր տարիներու, գուցէ յառաջիկայ 30 տարիներու ամենաբարձր ընդհանուր շինարարութեան ծախսեր ունեցող տարին էր։
«2018-ի ծախսերը շուրջ 17 միլիառ դրամ էին, 2025-ին այդ ծախսերը կազմել են 57 միլիառ դրամ։ Սա չի կարող չունենալ իր արդիւնքն ու հետեւանքը»,- ըսաւ նախարարը։
ԶԻՆՈՒԱԾ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ՝ 5 ՄԱՐՏԻՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ գլխաւորեց հանդիպում մը, որուն մասնակցեցան Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործերու նախարարի խորհրդականը, ֆրանսացի պատուիրակը, Քաթարի արտաքին գործերու նախարարին օգնականը եւ Պէյրութի մէջ ամերիկացի, եգիպտացի, սէուտցի, քաթարցի եւ ֆրանսացի դեսպանները: Ժողովին գլխաւոր նիւթն է լիբանանեան զինուած ուժերուն օժանդակութիւն ապահովելու նպատակով կայանալիք համաժողովը:

Նախագահական պալատէն աւելի ուշ յայտարարուեցաւ, որ նշեալ համագումարը տեղի պիտի ունենայ Փարիզի մէջ, 5 Մարտին: Ժողովականները համաձայնած են կատարել անհրաժեշտ հաղորդակցութիւնները, ապահովելու համար համագումարին ընդարձակ մասնակցութիւն մը:

Ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը տրիան այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին: Վերջինս դատապարտեց իսրայէլեան խախտումները եւ պահանջեց զանոնք անյապաղ դադրեցնել: Ան միաժամանակ դրուատեց Փարիզի եւ այլ կողմերու աշխոյժ աջակցութիւնը Լիբանանին ու լիբանանեան բանակին:
ԿԱԶԱՅԻ ՄԷՋ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՓՈՒԼ
Սուրիոյ հարցով ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Սթիվ Ուիթքոֆ յայտնեց, որ Կազայի մէջ պաշտօնապէս սկսած է զինադադարի համաձայնութեան երկրորդ փուլին գործադրութիւնը:

Ան ակնկալեց, որ Համաս ամբողջութեամբ գործադրէ իր կողմէ պահանջուած քայլերը եւ անյապաղ ազատ արձակէ իսրայէլացի մնացեալ գերիները, զգուշացնելով որ հակառակ պարագային պիտի ըլլան ծանր հետեւանքներ:

