Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ի Յուշ Սարգիս Նաճարեանի

Աւետիս Ռազմիկ (Նիկոսիա)

January 15, 2026
in Յօդուածներ
0
Ի Յուշ Սարգիս Նաճարեանի

Տարի մը առաջ էր, երբ յուզմունքը կը խեղդէր մեր կոկորդները: Պահ մը անհաւատալի բօթը խաբկանք կը թուէր ըլլար: Չէինք ուզեր ընդունիլ չարագուշակ լուրին հաւաստիութիւնը:

Գոյժը կը հաղորդէր՝ Ոչ Եւս Է Սարգիս Նաճարեան…

Կեանքի բուռն հեւքին մէջ կենսալից, յարատեւօրէն շարժունակ, համակ լաւատեսութեամբ ոգեւոր ընկեր Սարգիսը առանձնայատուկ ներկայութիւն մըն էր հոն՝ ուր գտնուած է ան տարաբնոյթ պարտականութիւններու ընթացքին եւ քիչ չէին անոնք: Մամուլ թէ բարեսիրական գործունէութիւն, համայնքային թէ միութենական պարտաւորութիւններ, ընտանեկան թէ ընկերական միջավայր, հասարակական թէ ազգային ոլորտներ, գիր ու գրականութիւն, Լիբանան թէ Հայաստան եղան անոր կենսագրութեան անբաժանելի մասնիկները: Կեանքի իւրաքանչիւր պահ կ’ուզէր իմաստաւորել հանրօգուտ աշխատանքով մը: Չէր զլանար, չէր ծուլանար, չէր թուլանար: Քանի Աստուած կեանքը շնորհած է մարդուն, ան այդ շնորհը պէտք է արժեւորէ լիարժէքօրէն, կարողանայ գնահատել առաւելագոյնս, անսակարկ ու անմնացորդ նուիրումով: Ահա այսպիսին էր ան՝ բոլոր զինք ճանչցողներուն համար:

Ինչ խօսք, իսկական հոգեմտաւոր վայելք էր ըմբոշխնել Սարգիս Նաճարեանին մտերմութիւնը: Իր կեանքի հետաքրքրական եւ դիպուկ դրուագները կը փոխանցէր ա՛յնպիսի համով ու հոտով, որ չէիր ուզեր որ կանգ առնէին անոնք: Մանրադէպերու անսպառ պաշար ունէր ան՝ յաճախ սրամտութեամբ, ստէպ արկածախնդրական եւ ընդհանրապէս՝ խրատական: Շատ սկզբունքային էր յատկապէս ազգային-քրիստոնէական արժէքներու հանդէպ: Իր գրիչը իր նկարագրին նման եղաւ հաղորդական, առինքնող եւ մշտահոս:

Մեր համայնքային կեանքը կ’ընթանայ նուիրեալներու անձնդիր ծառայութեամբ: Հաւաքական կեանքի եւ յառաջընթացի անհրաժեշտ տարրերէն է ծառայութեան ոգին. եւ սա չգրուած օրէնք ըլլայ կարծէք: Հասարակական կեանքը լայն ասպարէզ է անշահախնդիր նուիրեալներու համար, որոնք իրենց կարելիին սահմաններուն մէջ հիւլէ մը կը ներդնեն հաւաքական ճիգին մէջ. քար մը, շունչ մը, մասնիկ մը կ’աւելցնեն  համընդհանուր գործին յաջողութեան համար: Ոմանք՝ առատօրէն եւ ոմանք համեստ կարողութիւններով: Ս. Նաճարեան այս ինքնանուիրումի պարտականութիւնը, վստահօրէն, կատարեց իր ողջ ներուժով ու կարողականութեամբ: Դեռ ունէր եռանդն ու կիրքը շարունակելու նոյն խանդավառութեամբ, երբ անժամանակօրէն դադրեցաւ բաբախելէ սիրտը անոր:

Մի քանի տարերքներ անթեղուած էին անոր հոգիին մէջ: Այդ տարերքներէն էր մամուլը՝ անոր հեւքոտ աշխատանքով, մելանի բոյրով եւ թուղթի կապոցներով, գրաշարական մեքենայով թէ ձուլածոյ կապարին հոտով, մամլիչին ռիթմով եւ ռատիոյին հրատապ լուրերով եւ մանաւանդ իր սիրելի ու անբաժանելի գրամեքենայով, որուն այնքա՜ն գորովալից կապուած էր ան: Ահա ի՛ր իսկ վկայութիւնը մամլոյ աշխարհէն ներս մուտք գործելու առնչութեամբ. «Լրագրութեան եւ հասարակական գործունէութեան մասին արեւելումի ոչ մէկ դասախօսութիւն լսած էի երբ «Արարատ»-էն ներս մուտք կը գործէի: Ոչ ոք բացատրած էր թէ ի՞նչ է լրագրութիւնը, կամ ի՞նչ կը նշանակէ հասարակական գործ: Հօրս յօդուածները գրելու ժամանակ, անոնց ազգային, ընկերային, քաղաքական ու գաղափարական բովանդակութեան մասին ինծի տրուած բացատրութիւններէն բացի, առիթը չէի ունեցած հաղորդակցելու ինծի «հրամցուող» զոյգ ասպարէզներուն հետ: Անոնք՝ ընտանեկան միջավայրիս բնական շարունակութիւնը ըլլային կարծես»: Եւ ան, անայլայլօրէն, միշտ ալ մնաց այս յորձանուտին մէջ:

«Արարատ»-ի խմբագրատունէն ներս իր ցանկալի ներկայութիւնը զգալի կը դառնար իր զուարթախօսութեամբ, հաճոյախօսութեամբ եւ իր գրամեքենային կշռութաւոր հարուածներուն «աղմուկ»ով: Երբ բացակայ ըլլար, պաշտօնակիցներ դատարկութիւն մը կը զգային ակամայ: Կը փնտռուէր բոլորին կողմէ: Շուք ու հմայք կու տար հոն՝ ուր որ գտնուէր: Իսկ զրոյցներու ժամանակ հաճելի խօսակից մըն էր, պոռոտախօսութենէ հեռու: Բոլորս իրմէ սորվելիք ունէինք անկասկածօրէն: Իր փորձառութիւնն ու կեանքի հմտութիւնը անվերջանալի դասեր էին կրտսերներուս համար: Աւագ խորհրդատուի պաշտօն ստանձնած էր անուղղակիօրէն:

Յանձնառու խմբագիրն էր ան անվիճարկելիօրէն: «Արարատ»-ի իւրաքանչիւր թիւի լոյսին գալէ ետք, տաք-տաք թերթը բռնելով, իր դէմքէն ժպիտ մը կը ճառագայթէր գոհունակօրէն: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի թէժ օրերուն բնաւ չլքեց «Արարատ»-ին պատնէշը: Հոս չենք կրնար երախտագիտութեամբ չյիշել իր անձնազոհ կեցուածքը, երբ ռումբերու տակ, վտանգաշատ պայմաններու մէջ, փամփուշտներու սուլոցներուն միջով հետամուտ կ’ըլլար «Արարատ»-ի ամէնօրեայ ծնունդին: Ամիսներ մնաց շրջափակեալ Սահակեանի նկուղին մէջ, դաժան օրերու ականատես եւ հրթիռներու տարափին ներքեւ: Որովհետեւ մամուլի զինուոր էր ան գերազանցապէս:

Եւ սահեցան տարիները: Իր նուիրումի ոգին դրսեւորեց ՀՄՄ-էն, ՀԿԲՄ-էն, հայ կաթողիկէ համայնքէն ներս՝ իր կենսագրութեան էջերը կուտակելով ծառայասիրութեան օրինակով: Եւ հասաւ հոն՝ երբ պատմութեան էջերուն պիտի յանձնէր իր յուշերը, կեանքին առանցքային դրուագները, դիպուկ պատահարները, ուսանելի պահերը: Որոշ չափով գրեց եւ հրատարակեց բարեբախտաբար: Գէթ որոշ տոկոս մը կտակեց անոնցմէ գալիք սերունդներուն համար: Ափսոս, տակաւին յուշագրելիք բազում էջեր ունէր, յոլովաթիւ ծրագրեր ունէր: Վազքի մէջ էր ժամանակին հետ: Ներքին խլրտում ունէր հասնելու իր բոլոր նպատակներուն: Ներքնապէս կ’եռար իր մտածումներով եւ խոհերով: Եւ աւա՜ղ, անգութ մահը գերանդիի հարուածով զգետնեց զինք դաժանաբար: Եւ… մեզմէ յաւէտ հեռացաւ յար սիրելի ընկեր Սարգիս Նաճարեանը:

Ի յուշ Սարգիս Նաճարեանի՝ կը խոնարհինք իր վաստակին ընդառաջ:

Յիշատակը անթառամ:

Share62Tweet39
Previous Post

Լուրեր. 15 Յունուար 2026

Next Post

Յիշատակը Որպէս Կենդանի Չափանիշ

Next Post
Յիշատակը Որպէս Կենդանի Չափանիշ

Յիշատակը Որպէս Կենդանի Չափանիշ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.