Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Յովհան Գ. Օձնեցի (Իշխ. 717–728) Սուրբը, Կանոնագէտը Եւ Մեծ Վարպետը Հայ Միջնաշխարհեան Մշակոյթի Եւ Դիւանագիտութեան (2025)

Փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեան

January 13, 2026
in Մշակութային
0
Յովհան Գ. Օձնեցի  (Իշխ. 717–728) Սուրբը, Կանոնագէտը Եւ Մեծ Վարպետը  Հայ Միջնաշխարհեան Մշակոյթի Եւ Դիւանագիտութեան (2025)

«Յովհան Գ. Օձնեցի (իշխ. 717–728) Սուրբը, Կանոնագէտը եւ Մեծ Վարպետը Հայ Միջնաշխարհեան Մշակոյթի եւ Դիւանագիտութեան» երկրորդ երկլեզու հատորն է Ա.Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Մատենաշարին՝ «Հիմնահարցեր եւ հանգրուաններ Արեւմտեան Հայաշխարհի կազմաւորումին մէջ»: Առաջինն էր «Ներսէս Դ. Շնորհալի Սուրբ եւ Դիւանագէտ եւ Ժողովուրդին ու Եկեղեցիին գոյատեւումը Արեւմտեան Հայաշխարհին մէջ (2025)» հատորը: Մատենաշարին երրորդ գիրքը ընդարձակ ուսումնասիրութիւն մըն է (մամուլի տակ) անգլերէնով.- «Prolegomenon to the Millennial History of the Western Armenian World From ‘Kingdoms’ to an Awakening Politics and Culture ‒ The First Phase Tenth to Fifteenth Centuries.»:

Մատենաշարը կը ներկայացնէ արեւմտեան հայաշխարհին եւ մերձաւորարեւելեան լայն շրջանին մէջ հայոց պատմական կացութեան եւ փորձառութեանց մասին նոր տեսանկիւններ եւ վերլուծոմներ: Նպատակն է ժողովուրդին, նաեւ մտաւորականութեան ուշադրութեան բերել եւ մատչելի դարձնել մտաւորական մշակոյթը արդիական եւ քննական տարազներու մէջ: Պատմական, մշակութային եւ ապրուա՛ծ աւանդը պէտք է որ մաս կազմէ հանրային մտածելակերպին եւ հասկացողութեան հորիզոններուն: Որովհետեւ, ինչպէս հեղինակը՝ փրոֆ. Տատոյեան կը գրէ առաջին հատորի իր ներածականին մէջ, “ինչ որ գիտենք, կամ չենք գիտեր, նաեւ ինչ որ կը կարծենք թէ գիտենք ամբողջովին կամ մասամբ, ճիշդ կամ սխալ, անհրաժեշտօրէն կ’ազդէ մեր ընտրութեանց եւ գործերուն վրայ»: Սեփական պատմութեան վերաբերեալ դէպքերուն,  դէմքերուն եւ հարցերուն մասին հանրութեան գիտութիւնը, ինչպէս նաև անգիտութիւնը  իրենց կարգին մաս կը կազմեն անոր պատմական փորձառութեանց:  Հետեւաբար, ինչպէս որ ճանաչողութիւնը, նոյնպէս ալ հակառակը, անգիտութիւնը ազդակ է: Յաճախ մարդիկ սխալ դատողութիւններ կը կատարեն անգիտութեան հետեւանքով:

Պատմագիտական դրուագներու եւ որոշ չափով բարդ եւ նոր հարցերու պատրաստելու համար ընթերցողը, մանաւանդ երրորդ հատորին պարագային, Մատենաշարը կը սկսի նուազ ընդարձակ նիւթերով, որոնք հիմնականին մէջ «յառաջաբաններ» են բուն տեսութեանց: Օձեցիի եւ Շնորհալիի քաղաքական-դիւանագիտական ասպարէզը յարմարագոյն «մուտքերն» են: Այլապէս, մօտ հինգ դարեր կան ութերորդին՝ Օձնեցիի ժամանակին Դուին, եւ  տասնըերկրորդին՝ Շնորհալիի ժամանակին Հռոմկլայ: Երկուքն ալ կը սահմանուին իբրև «սուրբ եւ դիւանագէտ» վերբերելու եւ շեշտելու համար իրենց եգ Հայ Եկեղեցիին ասպարէզին ու դերին քաղաքակա՛ն տարածքը հայ միջնաշխարհեան – այսինքն տարբեր պետութեանց եւ ուժերու միջև – կացութեան:

Իրողապէս, Եկեղեցիին հազարամեայ քաղաքական պատմութիւնը, իբրեւ իւրայատուկ եւ կարեւոր նիւթ եւ մաս հայոց պատմութեան, եւ մասնաւորաբար արեւմտեան հայաշխարհին՝ չէ արժանացած վերլուծումի: Տասներորդ դարէն իսկ, նախքան հայ թագաւորութեանց անկումը եւ ժողովուրդին զանգուածային գաղթերը դէպի արեւմուտք եւ հարաւ, եւ մասնաւորաբար շրջանային ուժերու եւ նոր թափանցումներու հետեւանքով զարգացաւ ընդաձակ արեւմտեան հայաշխարհ մը բնիկ հողէն դուրս:  Մասնաւորաբար Կիլիկիոյ մէջ, առաջին անկախ քաղաքական միաւորին, եկեղեցին ստացաւ տարբեր հանգամանք եւ պարտաւորութիւններ: Արեւելեան հայաշխարհը, որ նուազ կերպով ենթակայ էր շրջանային եւ միջազգային յարաբերութեանց, ունեցաւ ի՛ր հարցերը եւ զարգացումի ուղիները: Սակայն այս հարցերը արդէն սկսած էին զարգանալ արդէն Օձնեցիի ժամանակ: Իր, նաեւ իր նախորդներէն Սուրբ Սահակ Գ. Ձորափորեցիի (իշխ. 677-703) հասկացողութիւնը կացութեան եւ խիզախ դիւանագիտութիւնը արտակարգօրէն հետաքրքրական պարագաներ  են:

Ութերորդ դարուն Եկեղեցիին միաժամանակ դաւանաբանական եւ դիւանագիտական ասպարէզը  արդէն գծուած էր իր մեծերուն ասպարէզովը: Երբ ժողովուրդին զանգուածային տարածումը դէպի արեւմուտք եւ հարաւ  ստեղծեց արեւմտեան հայաշխարհ մը,  այս հաստատութիւնը ինքզինք գտաւ նոր կացութեան մէջ եւ պարտաւորութեանց տակ Միջին դարերէն մինչեւ Մեծ Եղեռնը, եւ անկէ ետք մինչեւ ներկայս: Եթէ Սահակ Գ. սուրբը իր կեանքով եւ մահով, նաեւ յետմահու դիւանագիտական յաղթանակով մարմանաւորեց հայոց պատմութեան ամէնէն մութ պահերը եւ Եկեղեցիին դերը, քանի մը տասնամեակ ետք Յովհան Գ. սուրբը եղաւ բարեկարգիչ, կանոնագէտ եւ մեծ վարպետը միջնաշխարհեան դիւանագիտութեան: Այս բեմին վրայ եւ միջավայրին մէջ գտան իրենք զիրենք Շնորհալին և իրմէ առաջ Գրոգոր Գ. եւ Գրիգոր Բ. Վկայասէր շարունակեցին աւանդը: Քանի մը հարցեր են ասոնք Մատենաշարի նիւթերու լայն շրջանակներէն:

Share70Tweet44
Previous Post

Սփիւռքի Անփառունակ Վիճակը Եւ Երիտասարդութինը

Next Post

Լուրեր. 15 Յունուար 2026

Next Post
Լուրեր. 15 Յունուար 2026

Լուրեր. 15 Յունուար 2026

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.