Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Սփիւռքի Անփառունակ Վիճակը Եւ Երիտասարդութինը

Դոկտ. Մինաս Գոճայեան (Լոս Անճելոս)

January 13, 2026
in Յօդուածներ
0
Սփիւռքի Անփառունակ Վիճակը Եւ Երիտասարդութինը

Սփիւռքի դասական սահմանումը մօտաւորապէս այսպիսին էր. «Հայոց ցեղասպանութենէն ետք տարագիր հայութեան մնացորդացը  պատմական հայրենիքի սահմաններէն դուրս»։ Ըստ այս սահմանումին, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան, Խորհրդային Հայաստանի եւ Խորհրդային Միութեան տարածքին հաստատուած հայութիւնը դուրս կր մնային եւ մաս չէին կազմեր դասական սփիւռքին։ Կարգ մը պատմաբաններու կողմէ իրանահայութիւնն ու պոլսահայութիւնը նոյնպէս դուրս կը մնային այս սահմանումէն։

Սփիւռքի հայութիւնը զգալիօրէն բազմապատկուեցաւ Ցեղասպանութեան հետեւանքով՝ հիմնականին մէջ ներառելով Միջին Արեւելքի եւ միւս ցամաքամասերու հայութիւնը։ Կը փորձուինք  համեմատութիւն մը կատարել արեւելեան եւ արեւմտեան սփիւռքներու միջեւ եւ անմիջապէս կը նկատենք  հիմնական տարբերութիւն մը՝ մինչ Միջին Արեւելքի հայագաղութները երկար ատեն դիմացան՝ պայքարելով ձուլման դէմ, պահպանելով ազգային դիմագիծը: Արեւմտեան երկիրներու գաղութներուն մէջ, հակառակ թափուած ճիգերուն, մարեցան ազգային գիտակցութիւնն ու հայեցի ոգին։ Հայերէնը զգալիօրէն իր տեղը զիջեցաւ տեղական բարքերուն, տիրապետեց տեղւոյն լեզուն, հատուկենտ բացուած համեստ դպրոցները գոցեցին իրենց դուռերը։ Պատահական չէ որ 1920-ական թուականներուն  գրուեցաւ Շահան Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» ուշագրաւ վէպը։

Նահանջի դէմ իրենց ճիգերը չխնայեցին հայկական հիմնարկները` եկեղեցին, քաղաքական կուսակցութիւններն ու անոնց հովանաւորած մշակութային միութիւններն ու կազմակերպութիւնները։ Այսօր Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին, Հայ կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիները իրենց կարելին կ՚ընեն հայապահպանութեան առումով։

Ո՞ւր է արդիւնքը թափուած ճիգերուն։

Հարցեր կը ծագին միտքիս մէջ.

– ո՞ւր է հայ երիտասարդութիւնը, որուն թիւը արհամարհելի չէ, յատկապէս հայահոծ Լոս Անճելըսի եւ շրջակայ քաղաքներու մէջ.

– ինչո՞ւ 24-45 տարեկան երիտասարդութիւնը ներկայ չի գտնուիր զանազան միութիւններու կողմէ կազմակերպուած դասախօսական (մշակութային եւ քաղաքական) ձեռնարկներուն.

– ինչո՞ւ մեր նոր սերունդները կը խուսափին ձեռնարկներու մասնակցութենէն…։ Դեռ կարելի է երկարել նման հարցումներուշարքը։

Մեր ուսումնասիրութիւններն ու հարցումները, որոնք  ուղղուած էին շրջանակիս մէջ գտնուող երիտասարդներուն, տուած են հետեւեալ արդիւնքները։

Ստացած եմ այսպիսի պատասխաններ, որոնց բացարձակ մեծամասնութիւնը  գրուած է անգլերէնով… Եզրակացութիւնը միանշանակ է…

 

Ահաւասիկ կարգ մը պատասխաններ.

ա.- Ես քաղաքականութեամբ չեմ զբաղիր, քաղաքական եւ կուսակցական նիւթերը չեն հետաքրքրեր զիս։

բ.- Միշտ նոյն մարդիկը կը բանախօսեն։

գ.- Ձանձրացուցիչ է եւ ժամերով կը խօսին։

դ.- Հաճելի չեն (It’s not fun.)։

ե.- «Ծանր» կը խօսին, երկար նախադասութիւններ կը գործածեն։

զ.- Ես հայերէն չեմ գիտեր կամ հայերէնս տկար է։ «Պէյրութահայերէն» (արեւմտահայերէն) չեմ հասկանում», շատ օտար բառեր (ռուսերէն) կը խառնեն։

է.- Դասերովս կամ գործովս շատ զբաղած եմ եւ գլուխս քերելու ժամանակ չունիմ։

ը.-  Միշտ ցեղասպանութեան մասին կը խօսին։

թ.- Հաճելի կամ մեզ հետաքրքրող նիւթերու մասին չեն խօսիր…

Փորձենք մտորել այս պատճառաբանութիւններուն» շուրջ։

Նախ, զարմացած չեմ տրուած պատասխաններէն, քանի որ լաւ ճանչցած եմ երիտասարդութիւնը, մանկավարժութեամբ զբաղած ըլլալուս բերումով։

Կ՚արժէ այս մասին մտածել եւ խորհրդածել։ Փաստ է որ մեր երիտասարդութիւնը քաջատեղեակ է ժամանակակից հաղորդակցութեանց միջոցներուն եւ մատներու ճապուկ շարժումներով կրնայ տեղեկութիւններ քաղել զինք հետաքրքրող նիւթերու մասին։ Հետեւաբար պէտք է մտածել այս առաւելութենէն առաւել չափով օգտուիլ՝ մանաւանդ որ Արհեստական բանականութիւնը (ԱԲ-AI) կը յառաջանայ ու կը  խորանայ քառասմբակ կերպով։ Ուրեմն, այս փուլին կը մտածեմ՝ արդեօ՞ք նախընտրելի չէ որ մենք՝ երէցներս մօտենանք երիտասարդութեան, հրաւիրենք զանոնք երկխօսութեան, լսենք զիրենք եւ իրենց պրիսմակով նայինք մեր շուրջը եւ ապագային։

Կար ժամանակ, երբ մեր մեծերը, ինչպէս մեր պահպանողական ծնողները, կը փորձէին պարտադրել իրենց աւանդական տեսակէտները։ Նոյն երեւոյթը համատարած էր նաեւ դպրոցներուն եւ ազգային-հասարակական-քաղաքական դաշտին մէջ։ Յաճախ կը լսէինք. «Դուք տակաւին երեխայ էք (չոճուխ), ձեր խելքը չի հասնիր  այս բաներուն…» եւ նման պապայական կամ տէտէական արտայայտութիւններ։

Կ՚արժէ մտածել, թէ ինչպէ՞ս կրնանք նախ մենքզմեզ փոխել, վերանայիլ մեր մօտեցումները, ուղղակի դիմել իրենց եւ յստակօրէն ըսել թէ մենք մեր տարիքը առած ենք այլեւս եւ նոր գաղթավայրերու մէջ եւ նոր պայմաններու տակ իրե՛նք՝ երիտասարդները պէտք է ստանձնեն Սփիւռքի նաւապետութիւնը։

25-45 տարեկաններու հետ այս առնչութեամբ իմ զրոյցներս ցոյց տուած են, որ կարելի է ընդհանուր հասկացողութեան գալ։ Այս ալ աւելցնեմ, որ մէկ անգամէն հոծ բազմութեամբ գործակիցներ պիտի չունենանք, բայց պէտք է սկսիլ, որովհետեւ եւս 15-20 տարի եւ մենք պիտի չունենանք այս արծաթեայ առիթը։

Կ՚առաջարկեմ դիտել փրոֆ. Հրաչ Չիլինկիրեանի տեսերիզը։

https://youtu.be/PXhKkspRHHs?si=bmqWfZfTAUksf7gj

Share63Tweet40
Previous Post

Արսէն Կիտուր Եւ Իր Գործը՝ «Յուշեր Եւ Փուշեր» (2)

Next Post

Յովհան Գ. Օձնեցի (Իշխ. 717–728) Սուրբը, Կանոնագէտը Եւ Մեծ Վարպետը Հայ Միջնաշխարհեան Մշակոյթի Եւ Դիւանագիտութեան (2025)

Next Post
Յովհան Գ. Օձնեցի  (Իշխ. 717–728) Սուրբը, Կանոնագէտը Եւ Մեծ Վարպետը  Հայ Միջնաշխարհեան Մշակոյթի Եւ Դիւանագիտութեան (2025)

Յովհան Գ. Օձնեցի (Իշխ. 717–728) Սուրբը, Կանոնագէտը Եւ Մեծ Վարպետը Հայ Միջնաշխարհեան Մշակոյթի Եւ Դիւանագիտութեան (2025)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.