Սուլթանիէ դպրոցին մէջ կը պաշտօնավարէր Թեւֆիք պէյ անունով թուրք սպայ մը, որ Խալիլ փաշայի թիկնապահներէն եղած էր եւ մասնակցած՝ պարսկական հողերու վրայ Անդրանիկ փաշայի դէմ մղուած մարտերուն եւ Պարսկահայքի հայկական գիւղերու տեղահանութեան ու ոճիրներուն: Թեւֆիք տեսած էր Խալիլ փաշային պարտութիւնը ու սաստիկ կերպով կ’ատէր հայերը: Ան թէեւ կը պաշտօնավարէր դպրոցին մէջ, սակայն անոր հիմնական պարտականութիւնը յօգուտ օսմանեան կառավարութեան լրտեսելն էր:
Արսէն Կիտուր կը տեղականայ հայոց բռնագաղթերուն եւ սպանութիւններուն մասին: Ապրիլեան Մեծ Եղեռնը սկսած էր: Ան կը շարունակէր դասաւանդել` արաբ աշակերտներուն մէջ արթնցնելով ազգային եւ յեղափոխական ոգին:
Օր մը Քերքուք քաղաքին կառավարիչը Պաղտատ կ’այցելէ: Անոր կ’ընկերակցէր Մուրատ անունով թուրք քննիչ մը, որ աշակերտներուն գիտելիքները քննութեան ենթարկելու համար Սուլթանիէ դպրոցը կ’այցելէ: Կիտուրի աշակերտներէն մէկը անխոհեմութիւնը կ’ունենայ յայտնելու իր արաբական ազգային զգացումները` Հարուն էլ-Ռաշիտի մասին քննիչին մէկ հարցումին պատասխանելով: Այս պատասխանը պատճառ կը դառնայ, որ քննիչը ուղղակի ամբաստանէ Կիտուրը իբր յեղափոխական: Արդէն, թուրքերը շատ կը կասկածէին անոր գործունէութեան վրայ: Կիտուր կը շփոթի պահ մը, սակայն ան լաւապէս գիտէր ստեղծուած պայմաններուն համեմատ պատշաճօրէն վարուելու կերպը:
Թրքական իշխանութիւնները Արսէն Կիտուրը իբրեւ «դաւաճան» կ’ամբաստանեն եւ զայն ձերբակալելու հրաման կու տան: Պաղտատի հայ բնակիչներէն ոմանք կը ձերբակալուին ու կը բանտարկուին իբրեւ անգլիական լրտեսներ: Կ. Պոլսոյ մէջ քսան կախաղաններով քսան հնչակեան քաջեր կը նահատակուին: Պաղտատի հայկական գաղութին մէջ կասկածելի անձ մըն էր Յովակիմ Թանճուտեան կոչեցեալ լրտեսը, որ իրեն վստահուած «պարտականութիւնը» գերազանցօրէն կը կատարէր` հայ ազգասէր անձնաւորութիւնները զրպարտելով ու զանոնք թրքական իշխանութիւններուն մատնելով: Պաղտատի հայ ազգայինները մեծ աշխատանք կը թափեն Արսէն Կիտուրի կեանքը պաշտպանելու համար: Այդ դժնդակ պայմաններուն մասին խօսելով, Ա. Կիտուր կ’ըսէ. «Մինչ այդ մահուան հետ հաշտուած էի. ընկերներս` Պոլիս, ես ալ թող հոս կախուիմ»: Ուրիշ առիթով մը Կիտուր թրքական դատարանին առջեւ խիզախ խօսքերով ընդունած էր իր յեղափոխական ըլլալը: Այս մասին ան հետեւեալը կը գրէ.
«- Ատեանիդ առջեւ կը խոստովանիմ որ յեղափոխական մըն եմ, եւ մահս աչքս առած: Մենք հայերէն երգ մը ունինք որ մեր յեղափոխական սկզբունքը կը խտացնէ իր մէջ.
Ամենայն տեղ մահը մի է,
Մարդ մի անգամ պիտ’ մեռնի,
Բայց երանի որ իր ազգին
Ազատութեան կը զոհուի:»
Ան դատարանին առջեւ վերոյիշեալ տողերը թրքերէնի թարգմանելով կ’արտասանէ:
Վերջ ի վերջոյ, թրքական իշխանութիւնները Կիտուրը կը ձերբակալեն ու կը բանտարկեն Պաղտատի մէջ: Անոր ամէնէն սիրելի աշակերտը` Սայիտ Սուլէյմանը, ազդեցիկ եւ կարող մարդիկ իրեն օգնական ունենալով` զայն բանտէն կ’ազատէ: Խուլուսի պէյ անունով արաբ զինուորականը ապատեղեկացնելով՝ իր տեղեկագիրին մէջ կը գրէ, թէ ըստ տրուած վճիռին` Արսէն Կիտուր Քութ-էլ-Ամարա ղրկուած է կախաղան բարձրացուելու համար:
Սայիտ Սուլէյման Արսէն Կիտուրը կը տանի արաբական էննէզի ցեղախումբի մեծաւորին քով, որպէսզի անոր հետ կազմակերպէ արաբական դիմադրութիւնը թուրքերուն դէմ: Որոշ ատեն Կիտուր կը գործէ անոնց մէջ` արաբական ազգային ոգին արթնցնելով նաեւ անոնց մէջ եւ զանոնք յեղափոխութեան մղելով: Անոր արաբ բարեկամները զայն դպրոց կը վերադարձնեն` պաշտօնավարելու: Ուսուցիչի մեծ կարիք կար եւ դպրոցը փակուելու վտանգին առջեւ կը գտնուէր: Ան միայն կարճ ժամանակ մը կը մնայ դպրոցին մէջ: Վտանգը կրկին կը սպառնայ Կիտուրի կեանքին: Այս անգամ, ան շիի արաբներու քով կ’ապաստանի` զանոնք եւս յեղափոխութեան մղելով: Իր այդ առաքելութեան ընթացքին ան կը հասնի մինչեւ Տէր Զօրի անապատը եւ Եփրատի ափերուն վրայ ականատես կը դառնայ հայ տարագրեալներու տանջանքներուն: Կարելի եղած չափով, Կիտուր անոնց օգնութիւն կը հասցնէ: Ան արաբի մը քով ծառայող տասնըութ տարեկան հայ պատանիի մը կը հանդիպի: Պատանին կը ճանչնայ Կիտուրը, որ քանի մը տարի առաջ ազգային գործով Ատաբազարի իրենց տունն այցելած էր: Ուրիշ հայ տարագրեալ մը Կիտուրի կը պատմէ իր տեսածները` ըսելով. «Մէկ չէ, հազար չէ, ամբողջ Եփրատի եզերքը մակաղած են խեղճերը, օրաւուր մահուան սպասելով: Շատերը իրենք զիրենք ջուրը կը նետեն, եւ ոմանք ալ իրենց զաւակները ծախելով արաբներուն` թէ զաւակը ազատած կը սեպեն եւ թէ փոքր դրամ մը ձեռք կը բերեն իրենց սովահար կեանքը ի զուր քարշ տալու բնազդով»:
(Շարունակելի)

