Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Այցելութիւն Մը Եւ Քաջալերական Ժեսթ Մը

January 13, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Այցելութիւն Մը Եւ Քաջալերական Ժեսթ Մը

Ամանորեան արձակուրդները իր ծննդավայրին մէջ անցընելու եւ հարազատներուն հետ հանդիպելու նպատակով, ԱՄՆ-էն Լիբանան ժամանած էր մեր թերթի յօդուածագիր, մտաւորական եւ գրագիտուհի տիկին Սիլվա Իսկիկեան-Մահսերեճեանը։ Իր մդկնումէն քանի մը օր առաջ, «Արարատ»-ի խմբագրատունը բախտաւորուեցաւ անոր քաջալերական ներկայութեամբ, որ խորհրդանշական իմաստով առաջին այցելութիւնը հանդիսացաւ նոր տարուան՝ 2026 թուականին։

Թէեւ տիկին Մահսերեճեանի գրութիւնները պարբերաբար կը զարդարեն «Արարատ»-ի էջերը, սակայն անոր անձնական այցելութիւնը խորապէս գնահատելի եւ ոգեւորիչ էր թերթի տնօրէնութեան ու աշխատակազմին համար, մանաւանդ որ ան կ’ապրի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ եւ, այսուհանդերձ, իր կեցութեան սուղ ժամանակէն բաժին մը յատկացուց «Արարատ»-ին։

Տիկին Սիլվա Իսկիկեան-Մահսերեճեանը ընթերցողին ծանօթ է իր կեանքէն բխած, սրտառուչ եւ հարազատ գրութիւններով։ Անոր պատմուածքներուն մէջ մշտապէս ներկայ են մարդասիրութեան, ծառայասիրութեան եւ յատկապէս տկարին ու ալեւորին նեցուկ կանգնելու գաղափարները։ Այդ գրական ուղղութիւնը իր գրութիւնները դարձուցած է հայ ընթերցողին կողմէ փնտռուած ու սպասուած։

Անոր գրական դիմագիծին կարեւոր երեսակներէն մէկն ալ երիտասարդ կամ սկսնակ գրիչներուն հանդէպ ցուցաբերած ուշադրութիւնն ու քաջալերանքն է։ Համացանցի վրայ, ան խտրութիւն չդնելով փորձառու կամ նորահաս հեղինակներու միջեւ, անուշ ու քաջալերական անդրադարձներով կը սատարէ գրիչի ճանապարհը բռնածներուն։ Տիկին Սիլվան նաեւ մոլի ընթերցող է եւ գրական բազմակողմանի հետաքրքրութիւններու տէր, ինչ որ արտայայտուած է նաեւ բանաստեղծական քերթուածներով։

Հանրութեան մէջ ան ծանօթ է նաեւ որպէս հանգուցեալ բժիշկ Կարօ Մահսերեճեանի կինը: Կողակիցը բժիշկի մը, որ իր ժամանակին մեծ ներդրում ունեցած է շրջանի առողջապահական կեանքին մէջ՝ նուիրումով ծառայելով թէ՛ հաստատութիւններու եւ թէ՛ անհատներու։

Այցելութեան մասնակցեցաւ նաեւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի մամլոյ դիւանապետ ընկեր Գէորգ Տաղլեանը։

Քանի որ այս շաբթուան ընթացքին Հայ Եկեղեցին կը նշէ Սուրբ Յովհաննու Կարապետի օրը, այդ առիթով տիկին Սիլվա Իսկիկեան-Մահսերեճեան, իր ամուսնոյն՝ պէյրութահայ յարգուած բժիշկ Կարօ Մահսերեճեանի յիշատակին, սրտաբուխ նուիրատուութիւն մը կատարեց «Արարատ»-ին՝ միաժամանակ քաջալերելով թերթի աշխատակազմին նուիրեալ աշխատանքը, որուն համար խորապէս շնորհակալ ենք:

Միաժամանակ, յոյս եւ վստահութիւն կը յայտնենք, որ ոչ-հեռու ապագային պիտի ունենանք ուրախութիւնը՝ մեր սեղանին վրայ տեսնելու տիկին Մահսերեճեանի բարձրորակ եւ արժէքաւոր գրութիւնները ամփոփող ինքնուրոյն հատոր մը, որպէս ներդրում հայ գրական կեանքին եւ մնայուն ժառանգութիւն ընթերցողին։

Share68Tweet42
Previous Post

Ֆարուք Շարաա Կը Հրատարակէ Իր Յուշերը (1)

Next Post

Արսէն Կիտուր Եւ Իր Գործը՝ «Յուշեր Եւ Փուշեր» (2)

Next Post
Արսէն Կիտուր Եւ Իր Գործը՝ «Յուշեր Եւ Փուշեր» (2)

Արսէն Կիտուր Եւ Իր Գործը՝ «Յուշեր Եւ Փուշեր» (2)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.