Սուրիոյ ժամանակակից քաղաքական պատմութեան մէջ վաստակաշատ անուն մըն է Ֆարուք Շարաա, որ տասնամեակներ շարունակ պետական բարձրագոյն պաշտօններ ստանձնած ըլլալով՝ բանալի դեր խաղացած էր յա՛տկապէս երկրին արտաքին քաղաքականութեան ձեւաւորման ու հետապնդումին մէջ։
Ճիշդ է որ ան ծառայեց «Պաաս»-ի անկեալ վարչակարգին, ու այդ պատճառով ալ այսօր շատ-շատեր որոշ վերապահութեամբ մը կը մօտենան իր անունին եւ նոյնիսկ կը մեղադրեն զինք իբրեւ կամակատար, սակայն հարկ է ընդգծել, որ Շարաա մի՛շտ ալ պահեց հասուն եւ ճկուն դիւանագէտի, այլեւ՝ մեղմ, հաշտարար, հաւասարակշռեալ ու խղճամիտ քաղաքական գործիչի մը դիմագծութիւնը։ Թէեւ ան գործեց հայր եւ որդի Ասատներու միանձնեայ բացարձակ իշխանութեան լուծին տակ, սակայն պէտք չէ մտահան ընել, որ ամէնէն բիրտ կամ անսիրելի տէրութեանց մէջ անգամ տեւաբար գտնուած են համակրելի, ժողովրդանուէր, շրջահայեաց ու հեռատես գործիչներ, որոնց անունը պատմութիւնը կը յիշատակէ յարգանքով, երախտագիտութեամբ։
Խորհրդային Հայաստանն ալ այդպէս չէ՞ր։ Տխրահռչակ Ամատունիներու, Մուղդուսիներու կողքին (որոնք գլուխը կերան Չարենցին, Բակունցին, Թոթովենցին եւ հարիւրաւորներու), սա կամ նա ժամանակաշրջանին ունեցանք Միասնիկեան մը, Աղասի Խանջեան մը, Զարոբեան մը, Կարէն Դեմիրճեան մը…։ Կոմունիստ կուսակցութեան եւ «ինթերնասիոնալ» գաղափարախօսութեան կարծր թեւարկութեան տակ՝ այս հայորդիները ոչի՛նչ խնայեցին իրենց փոքրիկ երկրին ու տառապեալ ժողովուրդին քիչ մը բարօրութիւն ընծայելու, կորով ներշնչելու, ցեղին ազգային արժէքները պահպանելու ուղղութեամբ…։ Հապա ինչպէ՞ս զարգացաւ ու ծաղկեցաւ Խորհրդային Հայաստանը…։
Ֆարուք Շարաայի պարագան ալ նոյն է։
Շարաա, որ ներկայիս 87 տարեկան է ու կ՛ապրի Դամասկոս, լման 22 տարի՝ 1984-2006, ձեռնհասօրէն վարեց Սուրիոյ արտաքին նախարարի բարձր պաշտօնը (հայր եւ որդի նախագահներուն օրով), այնուհետեւ ալ՝ 2006-2014, բերուեցաւ փոխնախագահի պաշտօնին։ Բայց այս վերջին պաշտօնը ձեւական կամ անուանական եղաւ կարծէք։ Երբեմնի փորձառու եւ հասուն դիւանագէտը մնաց երկրին երիտասարդ ամէնատէր վեհապետին ու անոր ետին թաքնուած «խորունկ պետութեան» ծանր շուքին տակ…։ Ու երբ բռնկեցաւ 2011-ի սուրիական յեղափոխութիւնը ու երկրին մէկ ծայրէն միւսը տարածուեցան հակապետական մեծածաւալ խաղաղ ցոյցեր, Ֆ. Շարաա չյաջողեցաւ տարհամոզել իր գործակից վերին իշխանաւորները, թէ ընդդիմադիր զանգուածները լռեցնելու կերպը փամփուշտը չէ…։
Բնաւ պիտի չմոռնանք այն միա՛կ «համերաշխական» հաւաքը, որ այդ թէժ օրերուն (Յուլիս 2011) պետական նախաձեռնութեամբ կայացաւ Դամասկոսի մէջ, այլախոհ մեծաթիւ մտաւորականներու ալ մասնակցութեամբ, խորհրդածելու եւ ապա լուծման ուղիներ որոնելու համար երկրին պայթուցիկ ու վտանգաւոր կացութեան։ Ֆարուք Շարաա անձամբ նախագահեց այդ հաւաքին, որ ազգային երկխօսութեան բնոյթ կը կրէր եւ որ ուղիղ սփռումով,– Սուրիոյ պատմութեան մէջ աննախադէպ իրողութիւն,– հեռարձակուեցաւ պետական պատկերասփիւռէն, ընդդիմադիր ինչ-ինչ մտաւորականներու ցասումնալից քննադատութիւններն ու բողոքները եթերի վրայով հասցնելով միլիոնաւոր քաղաքացիներու…։ Ի՜նչ մեղք սակայն, որ այդ յուսալից համաժողովը մնաց առաջինն ու վերջինը իր տեսակին մէջ, որովհետեւ փոխնախագահ Շարաայի նախաձեռնութիւնը կացինահարուեցաւ անմիջապէս եւ իշխանութիւնները (մանաւանդ ուժային կառոյցները) որդեգրեցին «խելագարուած ամբոխներ»-ը զինո՛ւ զօրութեամբ ըմբերանելու, ծունկի բերելու, չէզոքացնելու եւ անէացնելու ձախորդ վարքագիծը…։ Արդիւնքը եղաւ ահաւոր, սարսափելի, ճակատագրակա՛ն։ Երկիրը, հիւսիսէն հարաւ ու արեւելքէն արեւմուտք, դարձաւ քարուքանդ, տասը միլիոն սուրիացիներ լքեցին իրենց ծննդավայրը ու ցրուեցան մօտ ու հեռու երկիրներ, երբեմնի շէն տնտեսութիւնը փճացաւ, դրամանիշը արժեզրկուեցաւ աներեւակայելի համեմատութիւններով, դաւանական խտրականութիւն մը գլուխ ցցեց ամէնուրեք ու երկփեղկեց զանգուածները…։ Զուգահեռաբար, օտար գաղութարար երկիրներ պատեհ առիթ գտան «ոտք դնելու» երկրին մէջ ու ծծելու անոր բնական հարստութիւնները։ Անոնք քաջալերեցին երկրին մասնատումը՝ հոս-հոն զինեալ խմբաւորումներ ու անջատողական գոյացութիւններ ստեղծելով եւ տակնուվրայ ընելով Սուրիոյ բովանդակ քարտէսը, մինչեւ որ վրայ հասաւ 8 Դեկտեմբեր 2024-ը եւ յայտարարուեցաւ որ «վարչակարգը տապալած է»…։ «Անընկճելի» վեհապետն ու իր ջոլիրը իրենց շունչը առին Մոսկուա`լեցուն պայուսակներով…։
Մինչեւ այսօր սուրիացիներու լայն մէկ շերտը կը հաւատայ, որ եթէ հետեւողականօրէն շարունակուէին Ֆ. Շարաայի գլխաւորած Յուլիս 2011-ի ազգային երկխօսութեան հաւաքները, համախոհութիւնը խթանող ազդու քայլեր առնուէին, երկրին վեհապետը խոհեմ զիջումով մը կանուխէն հրաժարէր իր փայփայած աթոռէն ու փոխնախագահը ի՛նք ստանձնէր ղեկը երկրին (ինչ որ սահմանադրականօրէն ալ օրինաւոր կը սեպուէր), Սուրիան պիտի չկործանէր, կարելի պիտի ըլլար զայն փրկել անդունդէն վար գլտորելու բացայայտ վտանգէն։
Դժբախտաբար, կարելի չեղաւ ձերբակալել այդ ոսկի առիթը։
Ֆարուք Շարաա 2014-ի Յուլիսին (երկրին ամէնէն տագնապալի, դժոխային ու քաոսային օրերուն) հեռացուեցաւ փոխնախագահի իր պաշտօնէն ու ենթարկուեցաւ տնային խիստ կալանքի։ Յայտնի էր որ պալատը դժգոհ էր իրմէ։ Իշխանութիւնները արգիլեցին անոր հետ ո՛րեւէ տեսակի շփում կամ հաղորդակցութիւն։ Ան հեռացուեցաւ նաեւ «Պաաս» կուսակցութեան ղեկավար մարմինէն…։
Երկխօսութիւնը մերժուած էր. զէնքե՛րը պիտի խօսէին…։ Այլ խօսքով՝ «երկիրը այրել»-ու անշրջահայեաց ու անմիտ վարքագիծը պիտի յաղթէր բանականութեան ու իրա՛ւ հայրենասիրութեան ողջամիտ սկզբունքներուն…։

