ՀՆԳԵԱԿԻ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐԷՆ ԳՆԱՀԱՏԱԿԱՆ ԽՕՍՔԵՐ
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Իսրայէլի հետ բանակցութիւնները հովանաւորող միջազգային հնգեակին դեսպանները եւ քննարկեց հարաւի մէջ բանակին կատարած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան բարեկարգչական ծրագները: Սալամ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանին տրամադրուած աջակցութեան համար ու վերահաստատեց կառավարութեան յանձնառութիւնը զէնքի մենաշնորհի ծրագրին: «Դրուատեցի այդ ծրագրին առաջին փուլին գործադրութիւնը բանակին կողմէ եւ դեսպաններուն հաստատեցի, որ երկրորդ եւ մնացեալ փուլերը պիտի գործադրուին յաջորդաբար», խոստացաւ վարչապետը: Դիւանագիտական պատուիրակութեան մաս կազմեցին Սէուտական Արաբիոյ, Ֆրանսայի, Քաթարի, Եգիպտոսի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանները: Ամերիկացի դեսպան Միշէլ Իսա մաղթեց, որ Լիթանիէն հարաւ զէնքի մենաշնորհին ծրագիրը արագ սկսի եւ արագ աւարտի:

Արտաքին գործերու նախարար Եուսէֆ Ռեժի կարծիք յայտնեց, որ Հըզպալլային զէնքը բեռի վերածուած է շիիներուն եւ լիբանանցիներուն համար: Շիի յարանուանութիւնը Լիբանանի գլխաւոր բաղկացուցիչ է, սակայն Հըզպալլային զէնքը զայն չի պաշտպաներ: «Զինադադարի համաձայնութիւնը կը խօսի Հըզպալլան զինաթափելու եւ ոչ թէ անոր գործողութիւնները դադրեցնելու մասին», ըսաւ Ռեժի՝ աւելցնելով, որ քաղաքական ու տնտեսական բոլոր թղթածրարները առկախուած են՝ զէնքի մենաշնորհի ծրագիրը չգործադրելու պատճառով:

«Հըզպալլայի զէնքին առկայութիւնը Իսրայէլին պատճառաբանութիւն կու տայ շարունակելու իր ոտնձգութիւնները Լիբանանի դէմ», ահազանգեց արտաքին գործերու նախարարը:
ԹԵԹԵՒ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԿԻՑ
Շաբաթ, 10 Յունուարի ուշ գիշերին, մայրաքաղաք Պէյրութի եւ լիբանանեան այլ շրջաններու շատ բնակիչներ հաղորդեցին ցնցում զգալու մասին: Ոմանց համար ալ ցնցումը զգալի չէր, սակայն անոր ապացոյցն էր տան մէջ տեղադրուած կաղանդի ծառին ճօճումը: Շուտով հաղորդուեցաւ, որ շուրջ 3,9 աստիճանի թեթեւ երկրաշարժ գրանցուած է Պէյրութին կից, ծովեզերքէն շուրջ 40 քիլոմեթր հեռու: Ցնցումը որեւէ վնաս չպատճառեց, սակայն մտահոգութիւն յառաջացուց քաղաքացիներուն մօտ, որոնց յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ է երեք տարի առաջ Սուրիա-Թուրքիա սահմանային շրջանին մէջ պատահած ահաւոր երկրաշարժը:
ՔԱՍԱՏԻ ՀԱՐՑԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ՉԷ ՓԱԿՈՒԱԾ
Հալէպի մէջ սուրիական բանակին եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր (Քասատ) կազմակերպութեան միջեւ ընթացած բախումներուն յաջորդած կրակմարէն ընդամէնը երկու օր անց, բանակին գործողութիւններու խորհուրդը ահազանգեց, թէ քաղաքին արեւելեան գիւղերուն մէջ նկատուած են Քասատի յաւելեալ խումբերու ժամանում եւ կուտակում: Ըստ բանակին, Մասքանա, Տէյր Հաֆէր եւ այլ շրջաններ ժամանած զինեալներուն մաս կազմած են Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան եւ նախկին վարչակարգի անդամներ:

«Ձեռնածալ պիտի չմնանք, այլ այդ զինեալներուն կողմէ որեւէ շարժում պիտի արժանանայ խիստ պատասխանի», յայտարարեց բանակը: Իսկ Սուրիոյ ներքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ հետախուզական ծառայութիւնները Հոմսի մէջ ձերբակալած են «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան երկու անդամներ, որոնք կ’ամբաստանուին 26 Դեկտեմբերին Ալի պըն Ապի Թալէպ մզկիթը պայթեցնելու մէջ: Նշենք, որ պայթումին հետեւանքով մահացած էր 8 մարդ:
ԵՐԿԿՈՂՄԱՆԻ ՑՈՅՑԵՐ ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ
Իրանի մէջ անցնող երկու օրերուն շարունակուեցան բողոքի ցոյցերը, որոնց ընթացքին մահացած անձերուն թիւը բարձրացած է շուրջ երկու հարիւրի, ըստ ոչ-կառավարական մարդասիրական կազմակերպութիւններու, որոնք ահազանգեցին ցուցարարներուն նկատմամբ բռնութեան կիրառումին եւ հաւանական սպանդներու մասին: Թեհրանի իշխանութիւնները, միւս կողմէ, յայտարարեցին լայնածաւալ ձերբակալութիւններու մասին, յիշեցնելով որ տակաւին անջատուած է համացանցային կապը: Իրանի արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաղճի մեկնաբանեց երկրին մէջ շարունակուող բողոքի շարժումները, վստահեցնելով որ առնչակից մարմինները խօսած են ցուցարարներուն հետ եւ ծանօթացած անոնց պահանջներուն:

«Ցոյցերուն շարունակութեան զուգահեռ նկատեցինք, որ անոնց միացած են ահաբեկչական զինեալ տարրեր՝ շեղելու համար բողոքող քաղաքացիներուն իսկական նպատակները: Տեղի ունեցածը բողոքի շարժում չէ, այլ Իրանի դէմ ահաբեկչական պատերազմ», ըսաւ Արաղճի: Իսկ Իրանի պետական հեռատեսիլի կայանը հաղորդեց, որ քաղաքացիներ կազմակերպած են բողոքի ցոյցերէն դժգոհող շարժումներ, իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով վարչակարգին:
ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԷՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՈՒՂԱՐԿՈՒԱԾ Է ՆԱՒԹԱՄԹԵՐՔԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԽՄԲԱՔԱՆԱԿԸ
Ատրպէյճանէն Հայաստան նաւթամթերքի մատակարարումները կը շարունակուին։
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները յայտնած են, որ Պիլաճարի կայարանէն Պոյուք Քեսիկի ուղղութեամբ մեկնած է 18 վակոնէ բաղկացած գնացք, որ բեռնուած է 979 թոն «AI-92» շարժիչային վառելանիւթով։ Բեռը Հայաստան պիտի հասնի Վրաստանի տարածքով։

Նշենք, որ 2026 թուականի Յունուար 9-ին Պիլահարի կայարանէն Հայաստան առաքուած է եւս 2698 թոն բեռ (48 վակոն), այդ շարքին՝ 1742 թոն «AI-95» պենզին եւ 956 թոն մազութ։
18 Դեկտեմբերի Հայաստան առաքուած էր 1220 թոն «AI-95» շարժիչային վառելանիւթ։
ԲՈՂՈՔ ՌՈՒՍԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԻՆ
Երեւանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին կանչուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործերու նախխարարութիւն, ուր անոր յանձնուեցաւ բողոքիագիր մը, որուն մէջ խոր վրդովմունք կ’արտայայտուի Ռուսիոյ պետական հեռատեսիլի կայանէն հաղորդավար Վլատիմիր Սոլովիովի Հայաստանի դէմ խօսքերուն համար, որոնք կը համարուին անթոյլատրելի ոտնձգութիւն եւ թշնամական դրսեւորում:
ԱՆՑԱԳՐԵՐՈՒ 2026-Ի ԱՂԻՒՍԱԿԸ
«Arton Capital» ընկերութիւնը հրապարակեց անցագրերու 2026-ի աղիւսակը, ուր անոնք ցանկագրուած են իրենց ուժային յարաբերակցութեան հիման վրայ: Արժեւորումը կատարուած է նկատի առնելով այն երկիրները, ուր համապատասխան անցագիրով կարելի է մուտք գործել առանց մուտքի արտօնագրի, ինչպէս նաեւ այն երկիրները, ուր կարելի է մուտք գործել տեղւոյն վրայ կամ ելեկտրոնային միջոցներով վիզա ստանալով եւ անոնք, ուր ճամբորդելու համար պէտք է նախօրօք արտօնագիր ստանալ: 2026-ի առաջին փուլին, 179 կէտով աշխարհի ուժեղագոյնը կը համարուի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու անցագիրը, որ կրողը կրնայ 135 երկիր մուտք գործել առանց վիզայի, 44 երկիր՝ տեղւոյն վրայ վիզա ստանալով, եւ միայն 19 երկիրի պարագային անհրաժեշտ է նախօրօք ստանալ մուտքի արտօնագիր: Երկրորդ են միասնաբար Սինկափուրը եւ Սպանիան՝ 175 կէտով: Երրորդ դիրքը կը գրաւեն խումբ մը երկիրներ, որոնք հաւաքած են 174 կէտ՝ Պելճիքա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Շուէտ, Հոլանտա, Ֆինլանտա, Լիւքսեմպուրկ, Իտալիա, Դանիա, Փորթուկալ, Զուիցերիա, Յունաստան, Աւստրիա, Նորվեկիա, Իրլանտա, Հարաւային Քորէա, Ճափոն եւ Մալեզիա: 173 կէտերով 4-րդ դիրքին վրայ են Մալթան ու մեծ մասամբ Եւրոպայի արեւելեան շրջանի երկիրներ Լեհաստանը, Սլովենիան, Խրուաթիան, Սլովաքիան, Հունգարիան, Էսթոնիան եւ Լաթվիան: 5-րդ են Նոր Զելանտան ու Եւրոմիութեան մնացեալ երկիրներ Ռումանիան, Չեխիան, Պուլկարիան եւ Լիթուանիան: Աւստրալիա եւ Լիխթընշթայն կը գրաւեն ուժեղագոյն անցագրերու ցանկին 6-րդ դիրքը՝ 171 կէտով: 7-րդ են Կիպրոսն ու Իսլանտան, 8-րդ՝ Միացեալ Թագաւորութիւնն ու Գանատան, 9-րդ՝ Միացեալ Նահանգները, իսկ լաւագոյն տասնեակը կ’եզրափակէ Մոնաքօն: Չինաստան՝ 57-րդ է, իսկ աղիւսակին վատագոյն՝102-րդ դիրքը կը գրաւէ Աֆղանիստանը, որուն քաղաքացիները միայն 3 երկիր կրնան մուտք գործել առանց վիզայի: Վատագոյն անցագրերու շարքին Աֆղանիստանին կը յաջորդեն Սուրիան, Իրաքը, Սոմալին, Փաքիստանն ու Եմէնը: Լիբանան, Գոնկօ եւ Սրի Լանքա 56 նիշով միասնաբար կը գրաւեն 90-րդ դիրքը: Լիբանանեան անցագիրով 16 երկիր կարելի է մուտք գործել առանց վիզայի՝ Պարպատոս, Ճիպութի, Էքուատոր, Վրաստան, Հայիթի, Իրան, Իրաք, Յորդանան, Մաքաու, Մալեզիա, Միքրոնեզիա, Պաղեստին, Ռուանտա, Սուրինամ, Սուրիա եւ Թուրքիա: 37 երկրի պարագային մուտքի արտօնագիր կը տրուի օդակայան ժամանելէ ետք՝ ներառեալ Հայաստանը, երեք երկիր ալ մուտք գործելու համար անհրաժեշտ է աշխատանքի կամ զբօսաշրջութեան հաստատագիր:

Սակայն, 142 երկիր Լիբանանի քաղաքացիներուն համար փակ են՝ նախօրօք առնուած մուտքի արտօնագիրի բացակայութեան պարագային: Նշենք, թէ Քովիտ 19-ի օրերուն նուազագոյն 37-ի նահանջելէ ետք, Լիբանանի անցագրային նիշը 2024-ին հասած էր 60-ի, ապա դարձեալ նուազած: Հայաստանի անցագիրը 80 նիշով կը գրաւէ 66-րդ դիրքը: Հայկական անցագիրով կարելի է 33 երկիր մտնել առանց վիզայի, 44 երկիր՝ մուտքին վիզա առնելով, երեք երկիր՝ ելեկտրոնային արտօնութեամբ, մինչ 118 երկիրի պարագային անհրաժեշտ է նախօրօք ստանալ մուտքի արտօնագիր: Հայաստանի հարեւաններէն Վրաստանը 33-րդ է, Ռուսիա կը գրաւէ 41-րդ դիրքը, Թուրքիա՝ 44-րդ, Ատրպէյճան՝ 62-րդ, իսկ Իրան՝ 92-րդ: Նշենք, որ անցագրերու դասաւորում կը կատարէ նաեւ Henley & Partners ընկերութիւնը, որուն արդիւնքները յաճախ կը ներառեն չնչին տարբերութիւններ:

