Երկար տարիներու անձնուրաց ծառայութիւն բերած կուսակցական ընկերուհիներուն անունները եւ գործը բնականաբար չեն մոռցուիր։ «Մարօ Նազարբէկեան»ի ճամբով մեր կուսակցական ընտանիքին նուիրուած այս վաստակաշատ ընկերուհիները իրենց երկարամեայ աշխատանքին շնորհիւ մնայուն տեղ գրաւած են վարչութեան յիշողութեան մէջ եւ կը շարունակեն ապրիլ անոր արժէքային ու բարոյական կիզակէտին վրայ։

Անհրաժեշտ է ընդգծել, որ մեր կուսակցական եւ միութենական կեանքին մէջ ոչ ոք երբեւէ գործած է պարգեւատրման ակնկալիքով։ Մեր ընկերուհիները իրենց ծառայութիւնը մատուցած են լուռ պարտաճանաչութեամբ եւ գաղափարական համոզումով՝ առանց գնահատանքի պահանջի։

Այս յոյժ կարեւոր իրադարձութիւնը պէտք էր աւելի շուտ իրականացուէր, որովհետեւ մեր վեթերան ընկերուհիները վաղուց արժանի էին նման արժեւորումի՝ մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ հաստատուելու որպէս նուիրումի, հետեւողականութեան եւ կուսակցական գիտակցութեան վառ ու մնայուն օրինակներ։ Երախտագիտութիւնը իր լիարժէք իմաստը կը ստանայ այն ատեն, երբ կը կատարուի տեղին եւ ժամանակին։
Բարեբախտաբար, այս օրերուն, երբ նոր սերունդ մը հասած է աշխատանքային բեմահարթակ, վարչութիւնը նպատակայարմար նկատեց արժեւորել անցեալի վաստակը եւ կամուրջ մը հաստատել սերունդներուն միջեւ։ Այդ ոգիով, այցելութիւններ տրուեցան ընկերուհիներու բնակավայրերը՝ մէկ կողմէ իբրեւ պաշտօնական արարողութիւն, միւս կողմէ ալ՝ ջերմ, մարդկային եւ մտերմիկ հանդիպում։

Այդ այցելութիւնները վերածուեցան յուշերու հարուստ պահերու։ Վարչական անդամներուն համար առանձնապէս կարեւոր էր լսել ընկերուհիներուն ապրած ուղին, անոնց յուշերը, ապրումները եւ, մանաւանդ, անոնց խորհուրդներն ու առաջարկները։ Եղան իմաստուն դիտարկումներ եւ առաջարկներ, փաստելով որ փորձառութիւնը ունի իր անփոխարինելի արժէքը։

Երկարամեայ ծառայութեան համար «Մարօ Նազարբէկեան»ի վեթերան ընկերուհիներ՝ ԱՆԻ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ, ԱՐՈՒՍԵԱԿ ՌՈՒՇԱՆԵԱՆ, ԱՐՓԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ, ՄԱՐԻ ՊԷՔԱՐԵԱՆ, ՄԱՔՐՈՒՀԻ ԵՐԿԱՆԵԱՆ, ՈՎՍԱՆՆԱ ՄԱԹՈՍԵԱՆ եւ ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՍԱՐԱՖԵԱՆ պատւուեցան յուշա-վահանակներով՝ իբրեւ երախտագիտութեան խորհրդանիշ, բայց նաեւ որպէս վստահեցում, որ անոնց տուածը երբեք չի կորսուիր։

Այս այցելութիւնները եւ պարգեւատրումները եւս մէկ անգամ հաստատեցին, որ կուսակցական կեանքը շարունակական շղթայ է, ուր անցեալը, ներկան ու ապագան կը միանան յարգանքի, յիշողութեան եւ պատասխանատու շարունակութեան ոգիով։

