ԶԷՆՔԻ ՄԵՆԱՇՆՈՐՀԻՆ 2-ՐԴ ՓՈԻԼԸ`ՓԵՏՐՈՒԱՐԻՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Իսրայէլի հետ բանակցութիւններու միջազգային խմբակի (Մեքանիզմ) Լիբանանի ներկայացուցիչ Սիմոն Քարամը եւ քննարկեց 28 Յունուարին գումարուելիք բանակցային հերթական հանդիպումին մանրամասնութիւնները: Այսուհանդերձ, իսրայէլեան ուժերը երէկ շարունակեցին թիրախաւորել լիբանանեան հարաւային եւ արեւելեան շարք մը շրջաններ՝ Հըզպալլայի դիրքերը հարուածելու պատճառաբանութեամբ:

Կառավարութիւնը նախանցեալ օր իր գումարած նիստին ընթացքին հիւրընկալեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալը, որ ներկայացուց հարաւի մէջ գործադրուած ծրագրին մանրամասնութիւնները եւ Լիթանի գետէն հիւսիս իրականացուելիք աշխատանքներուն նախնական տուեալները: Վարչապետը իր կարգին առաջնահերթ համարեց հարաւային շրջաններէն տեղահանուած քաղաքացիներուն տունդարձը: Նիստէն ետք, տեղեկատուութեան նախարար Փօլ Մարքոս յայտնեց, որ բանակը պիտի մշակէ Լիթանիէն հիւսիս զէնքի մենաշնորհի ծրագիրը եւ զայն կառավարութեան ներկայացնէ Փետրուարին: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու քաջալերական առաջին քայլ համարեց Լիբանանի կառավարութեան եւ բանակին ջանքերը, սակայն պնդեց, որ անոնք անբաւարար են:
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ աւելի ուշ ընդունեց Եւրոմիութեան յանձնակատար Ուրսուլա Վոն Տէր Լէյէնի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, ներկայացուց կառավարութեան ի գործ դրած բարեկարգումներն ու հարաւի մէջ բանակին ձեռնարկած քայլերը, շեշտելով ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի առաքելութեան աւարտէն ետք հարաւի մէջ միջազգային խաղաղապահներու թէկուզ փոքր խումբ մը պահելու անհրաժեշտութիւնն ու այդ զօրախումբին եւրոպական երկիրներու մասնակցութիւնը: Հիւր պատուիրակութիւնը գնահատեց կառավարութեան գործադրած ելեւմտական բարեկարգումները, առաջարկելով սերտացնել երկկողմանի համագործակցութիւնը:
ԻՐԱՆԻ ՆՈՐ ԷՋԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԵՏ
Իրանի արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաղճի այցելեց Պէյրութ եւ տեսակցեցաւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ: «Փորձեցինք զանազան ոլորտներու մէջ նոր էջ մը բանալ Լիբանանի հետ՝ յանուն մեր երկկողմանի շահերուն», ըսաւ Արաղճի: Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Արաղճիի հետ տեսակցութեան ընթացքին պատրաստակամութիւն յայտնեց աւելի խորացնելու երկկողմանի տնտեսական ու առեւտրական յարաբերութիւնները: Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ իրանցի նախարարին հետ տեսակցած ատեն յանձնառութիւն յայտնեց Իրանի հետ առողջ յարաբերութիւններու հաստատումին՝ հիմնուելով գերիշխանութեան փոխադարձ յարգանքի եւ ներքին հարցերուն չմիջամտելու սկզբունքին վրայ: Սալամ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ խաղաղութեան եւ պատերազմի որոշումը վերապահուած է կառավարութեան եւ ոչ այլ կողմերու, շեշտելով զէնքի մենաշնորհին որոշումը գործադրելու անհրաժեշտութիւնը: Իր լիբանանցի պաշտօնակից Եուսէֆ Ռեժիի հետ տեսակցելէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, Արաղճի յայտնեց, որ Թեհրան որպէս կազմակերպութիւն կը զօրակցի Հըզպալլային, սակայն միջամուխ չի դառնար Լիբանանի ներքին հարցերուն: Ռեժի իր կարգին հարց տուաւ, թէ արդեօք Թեհրանի կառավարութիւնը կ’ընդունի՞, որ իր հողերուն վրայ գործէ զինեալ ապօրինի կազմակերպութիւն մը:

Պաշտօնական անձնաւորութիւններու հետ խորհրդակցելու կողքին, իրանցի նախարարը տեսակցեցաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասէմի հետ: Վերջինս յայտնեց, որ Հըզպալլա պիտի շարունակէ համագործակցիլ պետութեան եւ բանակին հետ՝ վտարելու համար բռնագրաւիչ ուժերը եւ վերջ տալ անոնց յարձակումներուն:
ՏՈՒՆԴԱՐՁԻ ԹԻՒԵՐԸ
Ընկերային հարցերու նախարար Հանին Սեյիտ յայտնեց, որ 2011-ին Սուրիոյ մէջ հակամարտութեան բռնկումէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կարելի է փաստացի թիւերով խօսիլ տեղահանուածներու տունդարձին մասին: Ըստ անոր, 2025-ին շուրջ կէս միլիոն սուրիացի ապահով վերադարձած է հայրենիք: Նախարարը նշեց, որ այս հնարաւոր եղած է շնորհիւ կառավարութեան կազմակերպուած եւ թիրախային աշխատանքին: Սեյիտ խոստացաւ շարունակել տեղահանուածներու ապահով տունդարձին միտող գործունէութիւնը, համակարգելով Սուրիոյ կառավարութեան եւ միջազգային գործընկերներու հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ երաշխաւորել տուն դարձողներուն արժանապատուութիւնը:
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ԿԸ ՇԱՐԺԻ ՔԱՍԱՏԻՆ ԴԷՄ
Հալէպը դարձեալ լուսարձակի տակ: 2024-ի վերջին շրջանին Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութեան օրերէն սկսեալ նոր իշխանութիւններուն եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր (Քասատ) կազմակերպութեան միջեւ սրող լարուածութիւնն ու մերթ ընդ մերթ բռնկող բախումները այս շաբաթ հասան իրենց գագաթնակէտին, երբ սուրիական բանակը լայնածաւալ յարձակում գործեց Հալէպի մէջ Քասատի ամրոց համարուող Շէյխ Մաքսուտ եւ Էշրէֆիէ թաղամասերուն ու մերձակայ շրջաններուն վրայ՝ զանոնք հակակշիռի տակ առնելու եւ զինեալներուն շարժումները անդամալուծելու նպատակով: Զինուորական մեծ կուտակումները ամբողջացնելէ ետք, նշուած շրջաններէն հեռանալու համար Քասատի ուժերուն տրուած պայմանաժամի սպառումի լոյսին տակ, սուրիական բանակը նախանցեալ կէսօրին սկսաւ ծանրօրէն ռմբակոծել Քասատի դիրքերը, այդ քրտամէտ կազմակերպութիւնը ամբաստանելով Հալէպի այլ թաղամասեր ռմբակոծելու, բանակին դիրքերը հարուածելու եւ զինուորներ սպաննելու մէջ: Հալէպի բոլոր շրջաններէն լսուած հրետանային, հրթիռային եւ անօդաչու սարքերու հարուածները շարունակուեցան մինչեւ յետմիջօրէ, երբ սուրիական բանակը սկսաւ մուտք գործել Շէյխ Մաքսուտ եւ Էշրէֆիէ ու զինեալները հետապնդել ներքին թաղերուն մէջ: Տեղական մարտերը շարունակուեցան մինչեւ արեւածագի ժամերուն յայտարարուած կրակմարը, երբ զինեալներուն յատկացուեցաւ քաղաքէն հեռանալու եւ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան Քամիշլիի շրջանը անցնելու ապահով անցք:

Իսկ երէկ երեկոյեան, սուրիական բանակը Շէյխ Մաքսուտ թաղամասը յայտարարեց զինուորական փակ տարածք, քաղաքացիներուն կոչ ուղղելով չմօտենալու Քասատի դիրքերուն, հեռանալու պատուհաններէն եւ պատսպարուելու շէնքերու ստորին յարկերուն մէջ: Քասատ սակայն յայտարարեց, թէ կը փորձէ զսպել բանակի հրասայլերուն շարժումները, իսկ անոր ղեկավար Մազլում Ապտի անընդունելի համարեց «միակողմանի լուծումներ պարտադրելու համար ռազմական ոճի շարունակութիւնը»: Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարաա հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Քիւրտիստանի ժողովրդավարական կուսակցութեան առաջնորդ Մասուտ Պարզանիի հետ՝ քննարկելու սուրիական եւ տարածաշրջանային զարգացումները: Շարաա վերահաստատեց, որ քիւրտերը հիմնական եւ անքակտելի մասնիկն են սուրիական հասարակութեան, պետութեան յանձնառութիւնը յայտնելով քիւրտերուն ազգային, քաղաքական եւ քաղաքացիական բոլոր իրաւունքներուն, առանց խտրութեան եւ Սուրիոյ մաս կազմող բոլոր համայնքներուն հաւասար: Պարզանի գնահատեց Շարաայի տեսլականը եւ իր աջակցութիւնը յայտնեց պետականաշինութեան հոլովոյթին, ամրապնդելով ներքին կայունութիւնը:
ԱՅՍՕՐ՝ ՓԱՏՐԷ ԿԻԷՐՄԷԻ ՎԻՃԱՅԱՐՈՅՑ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Այս գիշեր սկզբունքով տեղի պիտի ունենայ երաժիշտի (DJ) վերածուած փորթուկալցի հռչակաւոր քահանայ Փատրէ Կիէրմէի առաջին ելոյթը լիբանանեան գիշերային ակումբի մը մէջ: Նշենք, որ բազմաթիւ երկիրներու մէջ ելոյթ ունեցած քահանան մասնագէտ է ելեկտրոնային արդիական երաժշտութեան եւ ելոյթներուն ընթացքին երաժշտութեան զուգահեռ կը կատարէ նաեւ քրիստոնէական խորհրդանշաններ ներառող լոյսերու ցուցադրութիւն: Ան հետեւաբար դժգոհութիւն պատճառած է խումբ մը լիբանանցիներու:

Անոնք Արդարադատութենէն պահանջած էին չեղարկել Փատրէ Կիէրմէի ելոյթը, զայն համարելով քրիստոնէական սրբութիւններու ոտնակոխում: Սակայն, շտապ հարցերու Պէյրութի դատախազը երէկ որոշեց չարգիլել խրախճանքը: Նշենք, որ Փատրէ Կիէրմէի նորագոյն ելոյթներէն մէկուն ընթացքին հեռասփռուած պատգամ յղած էր նաեւ Հռոմի Լեւոն ԺԴ. պապը:

