Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հայրս, Վանքը Եւ Դատը

Պերճ Արապեան

January 10, 2026
in Յօդուածներ
0
Հայրս, Վանքը Եւ Դատը

Հայրս տասնմէկ տարի, որպէս պաշտօնեայ, ծառայած է այս երկրագունդին վրայ գոյութիւն ունեցող վանքի մը: Ի միջի այլոց, եղած է մտերիմը այդ օրերու բարձրագոյն կրօնապետին:

Գլխաւոր նիւթին անցնելէ առաջ, արժէ պատմեմ հետաքրքրական դրուագ մը:

Նորընտիր կրօնապետ մը փափաք յայտնեց եւ այցելութիւն տուաւ մեզի:

«Կեանքս հանգուցեալ հօ՛րդ կը պարտիմ» ըսաւ:

Որպէս նորընծայ, այլ հայրենիքէ մը գալով, կը հասնի վանքին երկիրը: Փոխադրակառքը զինք կը հասցնէ ամէնէն մօտիկ գիւղը: Հեռուէն ցոյց կու տան վանքը, որ հետիոտն շարունակէ ճամբան: Դիմաւորող չունի: Ոչ ոք տեղեակ է իր գալուստէն: Շրջանը ձիւնով ծածկուած է, մինչ նորընծան երբեք ալ ձիւն տեսած չէ՛ իր երկրին մէջ: Ձիւներուն վրայէն քալելով, ճամբայ կ’ելլէ ուղիղ դէպի վանք ու կ’իյնայ մակերեսը ծանծաղ ձիւնով ծածկուած, բայց խորքը պարապ, խորունկ փոսի մը մէջ: Շնագայլերը կը հաւաքուին փոսին շուրջ ու կը սկսին ոռնալ: Հայրս, թէ՝ ինչո՞ւ են այս տարօրինակ ձայները ըսելով, հրացանով մը զինուած, կ’ուղուի դէպի շնագայլերուն կողմը: Կ’իմանայ պատճառը եւ ստոյգ մահէ կը փրկէ ապագայ կրօնապետը:

Գիտէի թէ հայրս շա՜տ մօտիկ է իրեն: Այլ երկրի մը Առաջնորդը եղած օրերուն, անպայման այցելութեան կ’երթար անոր, բայց երբեք ալ մեզի պատմած չէր վերոյիշեալ դէպքը:

Այս հաճելի պատմութենէն ետք, անցնինք մեր գլխաւոր, «անհամ», բայց հետաքրքրական նիւթին:

Հայրս 1947-ին կը կազմէ ընտանիք: Ստիպուած է այլեւս վանքէն դուրս բնակիլ, զատ տուն ունենալ եւ պահել ընտանիք: 1948-ին աշխարհ կու գայ իրենց առջինեկ աղջիկը: Աշխատավարձի յաւելում կը պահանջէ: Կը մերժեն խնդրանքը: Կը հրաժարի պաշտօնէն: Այս անգամ, կը մերժեն հատուցել նաեւ աշխատանքի վերջաւորութեան տրուելիք իր 11 տարուան թոշակը:

Ոչ միայն կը մերժեն հատուցել, չէզոքացնելու համար իր օրինական իրաւունքը, դատական հայց կը յարուցեն, որպէս գող ամբաստանելով զինք:

Փաստացի ապացոյցներ չկա՛ն, բայց թէ՝

– տարի մը մէկ տոպրակ ալիւր պակսեր էր:

– ուրիշ տարի մը մէկ սնտուկ լոլիկ:

– երրորդ տարին՝ մէկ սնտուկ գետնախնձոր եւ այլն:

Այո՛, գողը անձամբ ինք կրնար չըլլալ, բայց պատասխանատուն ինքն էր:

Դատական գործողութիւններուն ընթացքին, հինգ կղերականներ դատարան կը ներկայանան հօրս դէմ վկայութիւն ընելու: Երբ հայրս կը հաստատէ ու կը պնդէ, որ այդ բոլորը սուտ վկայութիւններ են, հարցաքննիչ դատախազը կ’ըսէ. «Ինչու կղերականները սուտ կը խօսի՞ն»: «Կղերականները ՊԶՏԻ՛Կ սուտ չեն խօսիր»,- կ’ըլլայ հօրս պատասխանը (հօրս արտայայտութիւնն է օրուայ դատախազին): Կ’երեւի իր տասնմէկ տարուայ փորձառութեամբ հասած էր այդպիսի եզրակացութեան մը:

Ատենին, երբ նմանօրինակ կամ այլ գայթակղութիւններ բաժնած է օրուայ բարձրագոյն կրօնապետին հետ, «Մարդ ենք, տկար ենք, կը սխալինք տղա՛ս» եղած է պատասխանը:

Վերադառնանք դատական հարցերուն:

«Օրերից մի օր», դիմացի կողմի փաստաբանը, (երկար տարիներու երեսփոխան եւ կուսակցութեան մըն ալ ցմահ փոխնախագահը), իր գրասենեակը հրաւիրելով խորհուրդ կու տայ հօրս, «նախապէս ամսականաւոր էինք, հիմա մեր աշխատավարձքը կը ստանանք ամէն մէկ դատի հիման վրայ: Ամէն ինչ պիտի ընենք, ամէն ձեւի պիտի դիմենք, որ դատը շահինք: Խրա՜տ կու տամ քեզի, որ հրաժարիս դատէդ»: Կ’ըսէ՜, բայց կը լսէ՛ նաեւ հօրս պատասխանը. «Գողութեան ամբաստանութեան պատիժը կախաղան չէ՛: Յոռեգոյն պարագային եւ առաւելագոյնը երեք տարուայ բանտարկութիւն, վերջաւորութեան կ’ելլեմ չէ՞ այդ բանտէն»: (Չի՛ մոռնաք, որ զէյթունցի Տելի՛ Ճելլաթ Սարգիսին անդրանիկ զաւակն է):

Ոստիկանական պաշտօնական տեղեկագրով մը, հայրս կը փաստէ, որ առանց վանքի մեծաւորին մեղսակցութեան անկարելիութիւն մըն է վանքի դարպասէն դուրս հանել ալիւրը, լոլիկը կամ գետնախնձորը:

Պաշտպան փաստաբանը տրամաբանական մէկ այլ թեզ մըն ալ կը ներկայացնէ դատարանին, ըսելով. «Պահ մը ընդունինք որ այս մարդը գող էր: Լա՛ւ, եթէ այդպիսին էր, ինչո՞ւ չդադրեցուցիք աշխատանքէ եւ առիթ տուիք որ յաջորդ տարիներուն շարունակէ գողնալ: Հիմա որ իր իրաւունքը կը պահանջէ, կ’ուզէք ամբաստանել զինք որպէսզի հատուցում չտա՞ք»:

Հայրս կը շահի դատը եւ անպարտ կ’արձակուի: Հակադարձելով, պատուոյ դատ կը բանայ վանքին դէմ: Մնացեալը երկա՜ր պատմութիւն, չեմ ուզեր ձանձրացնել ընթերցողը:

Այո՛, վերջաւորութեան դատը շահած էր, բայց նորապսակ ամոլը, տէր եւ տիկին ստիպուած էին գիշեր-ցերեկ աշխատիլ, կարենալ դիմանալու եւ ֆինանսապէս տոկալու, իրենցմէ աւելի «հզօ՜ր» կառոյցի մը դէմ եղած պայքարին:

Բարոյապէս յաղթած էինք, բայց որպէս ընտանիք տասնեակ-տասնեակ տարիներ տուժեցինք այդ բոլորէն: Կրնամ կտրուկ կերպով ալ հաստատել, որ երբեք ալ դուրս չկրցանք գալ եղած պարտքերէն եւ անոնց անվերջանալի տոկոսներէն: Շարունակեցինք ապրիլ թիթեղածածկ տանիքով մեր խրճիթին մէջ:

Պուրճ Համուտի Արագած թաղամասին մէջ առաջինը եղած էինք ելեկտրականութիւն եւ ձայնասփիւռ ունեցող, բայց ամէնէն վերջինը եղանք սառնարան եւ հեռուստացոյց ունեցող:

Աւետարանը (երկու տեղ) կ’ըսէ. «Եթէ՜ շապիկդ առնելու համար դատարան տանին քեզ, մի՛ երթար, բաճկոնդ ալ հետը տուր»:

Ահա՛, հօրս, վանքին եւ դատին պատմութիւնը: Հեքիաթայի՞ն է, թէ՞ իրաւ՝ դո՛ւք որոշեցէք:

Յ.Գ. Վերջերս բոլորս տեղեակ եղանք իսլամ կղերականին ըրած գայթակղութիւններուն: Ըստ երեւոյթին, իր կեղծիքներով եւ «ՄԵ՜Ծ-ՄԵ՜Ծ» սուտերով յաջողած էր խաբել նոյնիսկ երկրի ղեկավարները:

Հակառակ անձեռնմխելի ըլլալուն, հարցաքննութեան տակ է այսօր:

Share67Tweet42
Previous Post

Քամիլ Քլոտէլ-Օկիւսթ Ռոտէն

Next Post

Կիպրոսի Ն.Ս.Մ.Մ.-ի Ճաշկերոյթ-Պարահանդէսը

Next Post
Կիպրոսի Ն.Ս.Մ.Մ.-ի Ճաշկերոյթ-Պարահանդէսը

Կիպրոսի Ն.Ս.Մ.Մ.-ի Ճաշկերոյթ-Պարահանդէսը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.