Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Քամիլ Քլոտէլ-Օկիւսթ Ռոտէն

Անի Թորանեան (Երեւան)

January 10, 2026
in Մշակութային
0
Քամիլ Քլոտէլ-Օկիւսթ Ռոտէն

Ուժի, հրայրքի և քանդակագործութեան ստեղծագործական երկխօսութիւն

Արուեստի պատմութեան մէջ կան բարդ համագործակցութեան դէպքեր, որոնք որքան բարդ, նոյնքան արդիւնաւէտ եղած են:

Այդ դէպքերու թիւին կը պատկանի Քամիլ Քլոտէլ-Օկիւսթ Ռոտէն յարաբերութիւնը, որ բազում օրինակներու մէջ թերեւս ամէնէն բուռնն է ու ամէնէն հակասականը։

Քլոտէլ

Այդ կապը միայն անձնական չէր, այլ խորապէս, եթէ կարելի է այդպէս ըսել,  արթիսթիք, որ կը բնութագրուէր համատեղ աշխատանքով, փոխադարձ ազդեցութեամբ եւ գաղափարներու փոխանակութեամբ:

Քլոտէլ Ռոտէնի արուեստանոց մտաւ որպէս շնորհալի, երիտասարդ քանդակագործ, բայց շուտով ապացուցեց, որ շա՜տ աւելին էր…: Համագործակցութեան, հակամարտութեան եւ բաժանումի միջոցով անոնք ձեւաւորեցին միմեանց գործերը, անխախտ հետք ձգելով ժամանակակից քանդակագործութեան վրայ:

Այս ակնարկը փորձ մըն է ներկայացնելու այդ երկու հուժկու արուեստագէտներուն արթիսթիք   ​յարաբերութիւնը՝ քննելով անոնց եզակի համագործակցութիւնը, փոխադարձ ազդեցութիւնը եւ ստեղծագործական երկխօսութեան նշանակութիւնը:

Շեշտը անձնական ողբերգութեան վրայ դնելու փոխարէն, պիտի փորձենք հասկնալ, թէ ինչպէս արթիսթիք ​​կիրքն ու լարումը նպաստեցին, որ ստեղծուին 19-րդ դարավերջի եւ 20-րդ դարասկիզբի ամէնէն  հզօր քանդակագործական նուաճումները։

Օկիւսթ Ռոտէն կայացած քանդակագործ էր, երբ Քամիլ Քլոտէլ 1880-ականներու սկիզբը մտաւ անոր արուեստանոցը։ Առաջին իսկ հանդիպումին Ռոտէն հմայուեցաւ այդ աղջկան տաղանդով, իսկ աւելի ուշ զայն պիտի համարէր լաւագոյնը Տոնաթելլոյէն ետք (վերածնունդի դարաշրջանի քանդակագործութեան հիմնադիրներէն)։

Ռոտէն յեղափոխական քանդակագործ էր։ Ան  փոխեց ակադեմական ոճը,  շեշտը դնելով բնական շարժումի, յուզական արտայայտչականութեան եւ բազմաբեկոր ձեւերու վրայ: Անոր ստեղծած կերպարները կենդանի կը թուէին՝ իրենց ներքին պայքարի կամ մարմնական  անցումային պահերուն: «Մտածողը» եւ «Դժոխքի դարպասները» եղան հեղինակին այն գործերը, որոնք ի ցոյց դրին անոր համոզմունքը.  այն, որ  քանդակագործութիւնը ի զօրու է հոգեբանական խորք փոխանցել նոյնքան ուժգին, որքան նկարչութիւնը կամ գրականութիւնը:

Ռոտէնի արուեստանոցը կը գործէր որպէս գործակցային միջավայր, ուր օգնական քանդակագործներ անոր ղեկավարութեամբ մաս կը կազմէին մեծ նախագիծերու իրականացման: Այս ձեւը, որ տարածուած էր այդ շրջանին, տեսակ մը կը մշուշէր անհատ ​​հեղինակութեան եւ միասնական ստեղծագործութեան սահմանները:

Քլոտէլ այդ միջավայրին մէջ զարգացուց իր հմտութիւնները եւ արուեստագէտի իր  տեսլականը:

Ռոտէն նկատած էր երիտասարդ Քամիլին բացառիկ տաղանդը եւ անոր կը վստահէր բարդ պարտականութիւններ, որոնք շատ աւելին էին քան  սովորական աջակցութիւնը։

Քամիլ Քլոտէլ Փարիզ ժամանեց որպէս երիտասարդ կին, որ վճռականօրէն տրամադրուած էր քանդակագործ դառնալ. ոլորտ մը, որ ամբողջութեամբ տղամարդոց կը պատկանէր։

Սկիզբէն եւեթ անոր գործերը բացայայտեցին ժեսթի, զգացական մտերմութեան եւ յուզական ճնշումի հազուագիւտ զգայնութիւն։

Շատ անգամ, բաղդատմամբ Ռոտէնի քանդակներուն  բնորոշ յուշարձանային որակին, Քլոտէլին կերպարները կը փոխանցէին անձնական պահեր՝ նուրբ փոխազդեցութիւններ, զուսպ շարժում եւ վիրաւոր հոգեբանութիւն։

Ան շատ արագ զատորոշուեցաւ իր տաղանդով։ Կ’աշխատէր ձեռքերու, ոտքերու,  ամբողջական կերպարներու վրայ, իր մասնակցութիւնը կը բերէր խոշոր նախագիծերու, միաժամանակ զարգացնելով իր անկախ, անձնական գործերը։ «Սաքունթալա» եւ «Վալս» քանդակները կը բացայայտեն բանաստեղծական զգայնութիւն եւ յուզական յարաբերութիւններու հանդէպ հոգատար վերաբերմունք, որով եւ Քամիլ եղաւ անկրկնելի։ Նոյնիսկ սերտ համագործակցութեան տարիներուն Քլոտէլին արթիսթիք ոճը ​​ մնաց նրբագեղ ու իւրօրինակ։

Մտածողը

Քլոտէլ-Ռոտէն ստեղծագործական երկխօսութիւնը փոխադարձ, բայց լարուած էր։ Քլոտէլ իւրացուցած էր Ռոտէնի համարձակ մոտելաւորման թեքնիքը եւ անոր արտայայտչական մօտեցումը մարդկային մարմինին, մինչդեռ Ռոտէն եւս, իր կարգին, ազդուած էր Քլոտէլի նրբագեղութենէն եւ յուզական նրբութենէն։ Արուեստի պատմաբանները կը նշեն, որ անոնց համատեղ ապրուած  տարիներու ընթացքին Ռոտէնին կերպարները դարձած էին աւելի սահուն ու մտերմիկ, ինչը վկայութիւնն է Քլոտէլի գեղագիտական զգայնութեան ազդեցութեան։

Անոնց գործակցութիւնը կողմնակալ չէր։ Քլոտէլ Ռոտէնին մարտահրաւէր կը նետէր մտաւոր եւ արթիսթք ​​առումով՝ առաջարկելով գաղափարներ եւ լուծումներ, որոնք կը հարստացնէին անոր գործերը։ Միաժամանակ, Ռոտէն Քամիլին առիթ կու տար մուտք գործել մասնագիտական ​​միջավայրեր, ցուցահանդէսներ եւ կը տրամադրէր թեքնիք նրբութիւններ, որոնք այլապէս դժուար հասանելի պիտի ըլլային Քլոտէլին համար։ Այս փոխանակումը, հակառակ անհաւասար հզօրութեան, երկուքին ալ բերաւ, յանգեցուց շրջանի մը, որ առանձնացաւ արտասովոր արթիսթիք ​​արտադրողականութեամբ։

Սակայն համագործակցութիւնը յառաջ բերաւ նաեւ  լարում։ Ի յայտ եկան հեղինակութեան եւ ճանաչումի հարցեր, քանի որ Քլոտէլ իր անկախութիւնը կը ջանար հաստատել Ռոտէնի փառքի շուքին տակ։ Ճիշդ է, Ռոտէն անխօս կ’ընդունէր անոր տաղանդը, բայց հանրային ճանաչումը կը մնար սահմանափակ։ Այս անհաւասարակշռութիւնը հետագային պիտի  նպաստէր Քլոտէլի՝ արուեստով եւ մասնագիտօրէն առանձնանալու վճռակամութեան։

Երկու արուեստագէտներուն վերջնական բաժանումը երկուքին համար ալ եղաւ շրջադարձային։ Քլոտէլին համար ցաւոտ, բայց էական էր դէպի արթիսթիք ​​անկախութիւն քայլը։ Անոր ուշ շրջանի գործերը, որոնք ի ցոյց դրին աւելի մեծ պարզութիւն եւ վստահութիւն՝ անդրադարձ էին լքումի, մենութեան եւ յուզական դիմադրողականութեան թեմաներուն։ «Հասունութեան դարաշրջան» քանդակները կ’ապացուցեն անոր հզօր պատմողական որակը։ Քլոտէլ կրցաւ անձնական փորձը վերածել համընդհանուր արտայայտչութեան։

Այդ ընթացքին Ռոտէն շարունակեց զարգացնել իր կոթողական ոճը՝ արժանանալով միջազգային ճանաչումի: Հակառակ Քլոտէլի հետ ապրած տարիներու ազդեցութեան, անոր գործերը աւելի ու աւելի շեշտեցին վեհութիւնը եւ խորհրդանշական ուժգնութիւնը: Երկխօսութիւնը, որ ժամանակին լիցք կու տար իր աշխատանոցին, տեղը զիջեցաւ աւելի միայնակ ստեղծագործական ուղիին:

Եւ այնուամենայնիւ, հակառակ բաժանումին, Քլոտէլի եւ Ռոտէնի արթիսթիք  ​​կապը ամբողջութեամբ չկորսուեցաւ։

Անոնց գործերը կը  շարունակեն արձագանգել միմեանց՝ ընդհանուր մտահոգութիւններով կապուած ըլլալով շարժումի, յոյզերու եւ մարդկային ամենատարբեր վիճակներու։

Գրեթէ ամբողջ քսաներորդ դարու ընթացքին Քամիլ Քլոտէլ գլխաւորաբար յիշուեցաւ  Ռոտէնի հետ իր կապին շնորհիւ։ Շատ աւելի ուշ արուեստաբաններն ու թանգարաններու աշխատակիցները սկսան վերագնահատել անոր ներդրումը ժամանակակից քանդակագործութեան մէջ։ Այսօր ան ճանչցուած է որպէս մեծ նկարիչ, որուն գործերը ընդլայնած են քանդակագործութեան յուզական եւ արտայայտչական կարելիութիւնները։

Քլոտէլ-Ռոտէն յարաբերութիւնը այսօր դարձած է ոսպնեակ, որու միջոցաւ կը քննուին շատ աւելի լայն հարցեր՝ կնոջ դերը արուեստի պատմութեան մէջ, ուսուցողի եւ համագործակցութեան զօրութենական ուժը, ինչպէս նաեւ լարումը անձնական յարաբերութեան եւ ստեղծագործական անկախութեան միջեւ:  Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս արթիսթիք ​​հրայրքը կրնայ ըլլալ ե’ւ ստեղծագործ, ե’ւ կործանարար՝ ստեղծելով գեղեցկագոյն գործեր, միաժամանակ պահանջելով շատ սուղ գին:

Ծանօթանանք Ռոտէնի նամակներէն մէկուն, ուղղուած իր պաշտելի Քլոտէլին. «Խղճա՛, դաժան աղջիկ, չեմ կրնար շարունակել, առանց քեզ տեսնելու մէկ օր իսկ չեմ կրնար անցընել, հակառակ պարագային՝ սարսափելի  խելագարութիւն։ Վերջացաւ, այլեւս չեմ աշխատիր, չար աստուածուհի, բայց միեւնոյն է, կը սիրեմ մոլեգին սիրով։ Իմ Քամիլ, վստահ եղիր, որ հոգիս քեզի կը պատկանի… Ա՜խ։ Աստուածային գեղեցկութիւն, ծաղիկ, որ կը խօսի եւ կը սիրէ, խելացի ծաղիկ, իմ սիրելի։ Սիրելի՛ս, ծունկի իջած եմ, դէմքս դէպի գեղեցիկ մարմինդ, որ կը գրկեմ»։

Քամիլ Քլոտէլի եւ Օկիւսթ Ռոտէնի  յարաբերութիւնը կը բնութագրուի  արթիսթիք մեծ կիրքով, փոխադարձ ազդեցութեամբ եւ անդուլ ստեղծագործական լարումով: Որպէս ուսանող, որպէս համահաւասար գործակից, մուսա նաեւ սիրուհի, Քլոտէլ իւրայատուկ հետք ձգեց Ռոտէնի ստեղծագործութեան մէջ, միաժամանակ զարգացնելով իր սեփական հզօր քանդակագործական լեզուն: Անոնց ստեղծագործական երկխօսութիւնը ստեղծեց ուշագրաւ գործեր, որոնք կը շարունակեն ձեւաւորել ժամանակակից քանդակագործութեան մեր ընկալումը:

Մտերմիկ կապ, հզօր հակամարտութիւն,  համատեղ արթիսթիք ճամբայ, իրողութիւններ, որոնք կը բացայայտեն  համագործակցութեան փոխակերպող ուժը եւ սեփական ​​ճանաչումի համար մղուած մաշեցնող պայքարը:

Քլոտէլ եւ Ռոտէն կը շարունակեն երխօսիլ իրենց քանդակներուն միջոցաւ, իսկ անոնց անքակտելի ժառանգութիւնը կը շարունակէ ոգեշնչել բազմահազար արուեստասէրներ:

Share68Tweet43
Previous Post

Ձայներ Սիտնիէն (արձագանգ աւստրալահայ կեանքի)

Next Post

Հայրս, Վանքը Եւ Դատը

Next Post
Հայրս, Վանքը Եւ Դատը

Հայրս, Վանքը Եւ Դատը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.