Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ձայներ Սիտնիէն (արձագանգ աւստրալահայ կեանքի)

 Լ. Շ.

January 10, 2026
in Գաղութային
0
Ձայներ Սիտնիէն (արձագանգ աւստրալահայ կեանքի)

Աւստրալիոյ հայ գաղութը շարունակ կ՛ուռճանայ, որովհետեւ միջինարեւելեան գօտիներէն դանդաղագնաց, բայց անկասելի գաղթ մը կայ դէպի այդ հեռաւոր ցամաքամասը։ Անցեալին Եգիպտոսն էր, հիմա՝ Սուրիան ու Լիբանանը, որոնք մարդուժ կը հայթայթեն Սիտնիի ու Մելպուռնի հայ գաղութներուն։ Աւստրալիան դէպի իրեն կը քաշէ հայ բազմութիւնները՝ հրապուրելով զանոնք մերթ իր կոյս բնութեամբ, մերթ կեանքի բարեկեցիկ ու խաղաղաւէտ պայմաններով, մերթ գաղթականներու նկատմամբ պետութեան ցուցաբերած հոգածութեամբ…։

Աւստրալիոյ հայերը բաւական կազմակերպուած են արդէն։ Հայ երեք յարանուանութիւնները, երեք կուսակցութիւնները, մարզական-մշակութային-բարեսիրական մեծ միութիւնները այնտեղ ունին իրենց կառոյցները, մասնաճիւղերը։ Սիտնիի մէջ կը գործեն երկու ամէնօրեայ վարժարաններ ալ։

Բայց ուրկէ՞ պէտք է քաղել Աւստրալիոյ հայկական լուրերը։

Անցեալին հոն լոյս կ՛ընծայուէին հայերէն քանի մը պարբերականներ, թերթեր։ 70-ականներուն կար Մելպուռնի «Ակնոց»-ը, կար նոյն քաղաքի եկեղեցական «Յոյս»-ը, 1981-ին սկսեր էր հրատարակուիլ Սիտնիի  «Արմենիա» շաբաթաթերթը։ Սակայն երկար ժամանակէ իվեր տպագիր մամուլ չի հասնիր մեզի այդ կողմերէն։ Հետեւաբար, յստակ պատկերացում մը չունինք աւստրալահայ մերօրեայ մամուլին մասին։

Գիտենք այնուամենայնիւ, որ առ այսօր կանոնաւոր կը հրատարակուի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի «Միութիւն» ամսաթերթը, որ արդէն 40 տարեկան է։ Հնչակեան շրջանակը շուրջ 3 տարիէ իվեր լոյս կ՛ընծայէ «Նոր Սերունդ» ամսաթերթը։ Կը գործէ «Արմենիա մետիա» համացանցային լրատուական հարթակը (Հ.Յ.Դ.)։

Կանոնաւոր հրատարակութիւն ունի նաեւ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց Թեմի (Սիտնի) «Փարոս» երկլեզու ամսաթերթը, որ կը կրէ զուտ լրատուական բնոյթ (ի տարբերութիւն վերեւ յիշուած երկու ամսաթերթերուն, ուր, դժբախտաբար, տեղական հայ կեանքի լրատուական սիւնակները սահմանափակ կը թուին) եւ բաւական առատ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ գաղութային կեանքէն, անշուշտ առաւելաբար մնալով ազգ. առաջնորդարանի շրջածիրին մէջ։

Վերջերս, հերթաբար ստացանք «Փարոս»-ի Սեպտեմբերի ու Նոյեմբերի թիւերը։

Կը կատարենք կարեւոր լուրերու ծաղկաքաղ մը հոնկէ։ Խապրիկներ են ասոնք աշխարհի այդ ամենահեռաւոր անկիւնէն…։

ՍԻՏՆԻԻ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Ալեքսանտր վարժարանի 35-ամեակի հանդիսութեանց մասնակցելու նպատակով Աւստրալիա այցելած է միութեան նորընտիր նախագահը՝ Սէմ Սիմոնեան։ Սեպտեմբեր 7-ին նշուեր է դպրոցին յոբելեանը՝ «Պատուելով անցեալը, ողջունելով ներկան, ներշնչելով ապագան» վերնագրով։ Բարիգալստեան խօսք արտասաներ են նախկին շրջանաւարտներ Իլտա Զօրլու-Ամիրղան (հայերէն) եւ Սեւակ Քէօշկէրեան (անգլերէն)։ Բոլոր աշակերտները դասարան առ դասարան բեմ բարձրանալով՝ ներկաացուցեր են պարային սիրուն պատկերներ։ Ոգեկոչուեր է բարերար ամոլը՝ տէր եւ տիկ. Ալեքսանտրը։ Իմաստալից մտորումներով հանդէս եկեր են երբեմնի շրջանաւարտներ Նորա Աբրահամեան, Նաթաշա Ասլանեան, Կարէն Փէզիկեան, Լիւսի Ամիրզայեան, Գրիգոր Տէմիրճեան եւ Դանէիլ Պչաքճեան։ Այնուհետեւ խօսք առած են դպրոցին տնօրէնը՝ Մանուկ Տէմիրճեան, հոգաբարձուներէն Վահէ Պօյաճեան եւ Սօսի Կիրակոսեան, հուսկ՝ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի նախագահ Սէմ Սիմոնեան։ Եզրափակիչ խօսքը արտասանած է թեմին նորընտիր առաջնորդը՝ Վարդան եպս. Նաւասարդեան։

ՍԻՏՆԻԻ Համազգայինի Արշակ եւ ՍոՖի Գօլստըն վարժարանը այցելած է, Սեպտեմբեր 8-ին, առաջնորդ Վարդան եպս., ծանօթանալու համար դպրոցի աշակերտութեան եւ վարիչներուն։ Հիւրը դիմաւորուած է տնօրէն Էտի Տէմիրճեանի, Համազգայինի ատենապետ Գէորգ Վարդանեանի ու խնամակալութեան կողմէ։ Դպրոցի սրահը համախմբուած աշակերտները ներկայացուցեր են գեղարուեստական յայտագիր մը։ Խրատական խօսք արտասաներ է առաջնորդը։

ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ Հայոց թեմի առաջնորդարանին կազմակերպած առցանց լսարանական երեկոներուն 44-րդը տեղի ունեցած է 24 Սեպտեմբերին։ Մասնակցած են բազմատասնեակ ակնդիրներ, մեծաւ մասամբ՝ Աւստրալիայէն։ Նիւթը վերաբերած է Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիին, ուր կը գտնուի Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքը։ Այս մասին զեկուցած է միաբանութեան երիտասարդ անդամ Հ. Գէորգ Սարգսեան։

ՍԻՏՆԻԻ Համազգայինի Արշակ եւ ՍոՖի Գոլստըն վարժարանի ամավերջի հանդէսը կայացեր է 26 Սեպտեմբերին, դպրոցի «Նալպանտեան» սրահին մէջ։ Երկրորդական բաժնէն շրջանաւարտ եղեր են շուրջ 30 ուսանողներ։

ՆՈՐ ԶԵԼԱՆՏԱՅԻ Օքլանտ քաղաքը այցելած է (Սեպտեմբերի կէսին) առաջնորդ Վարդան եպս., ծանօթանալու համար տեղւոյն հայ համայնքին։ Սրբազանին ընկերակցեր է Աւետիս քհնյ. Համբարձումեան։ Հոն կը գործէ Ս. Յարութիւն եկեղեցին։ Այս առթիւ, շփումներ կատարուած են թէ՛ տեղաբնակ հայերու եւ թէ՛ քոյր եկեղեցիներու պատասխանատուներու հետ։ Տեղւոյն Հայկական Միութեան կողմէ ընդունելութիւն մըն ալ սարքուեր է, որուն ներկայ եղած են շուրջ յիսուն հայեր։ Օքլանտէն ետք սրբազանը այցելած է նաեւ Նոր Զելանտայի մայրաքաղաք Ուելինկթըն, ուր եւս շփումներ կամ հանդիպումներ ունեցած է։

ՍԻՏՆԻԻ Համազգայինի «Մանուկներու ակումբ»-ը գարնանային արձակուրդի երկու ձեռնարկներ կազմակերպած է երեխաներու համար (4-12 տարեկան)։ Ասոնցմէ առաջինը տեղի ունեցած է 30 Սեպտեմբերին՝ «Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթներու օր» անուան տակ, իսկ երկրորդը՝ 8 Հոկտեմբերին, «Հայկական ճարտարապետութեան օր» նշանաբանով։

ՍԻՏՆԻԻ Համազգայինի Արշակ եւ ՍոՖի Գոլստըն վարժարանի սրահին մէջ, 1 Նոյեմբերին, չորրորդ տարին ըլլալով կայացեր է Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ենթակայ «Պատանի հայագէտ յանձնախումբ»-ի միջդպրոցական զարգացման մրցումը, այս անգամ նուիրուած Արցախի։  Ալիս Մանուկեան եւ Աննա Չորեքճեան արտասանած են բացման խօսքը՝ ներկայացնելով մասնակից վարժարանները (2 ամէնօրեայ եւ 4 շաբաթօրեայ դպրոցներ)։ Աշակերտները վիճակաձգութեամբ բաժնուեր են չորս խումբերու՝ վեցական հոգիով (իւրաքանչիւր դպրոցէ մէկ ներկայացուցիչ)։ Բոլոր հարցումները վերաբերած են Արցախին ու անոր պատմութեան եւ մշակութային ժառանգութեան։ Մրցումի աւարտին խօսք առնելով՝ աշակերտներուն ջանասիրութիւնը գնահատած են դատական կազմէն Ասատուր Շուկայեան եւ Ալին Մարաշլեան, ինչպէս նաեւ Համազգայինի ատենապետը՝ Գէորգ Վարդանեան։ Հուսկ բանքը արտասանած է թեմին առաջնորդը՝ Վարդան եպս. Նաւասարդեան։

ՍԻՏՆԻԻ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ «Էտկարեան» սրահին մէջ, 6 Նոյեմբերին, տեղի ունեցած է Սասուն Գրիգորեանի «Smart Nation» («Խելացի ազգ») անգլերէն վերլուծական հատորին Բ. հրատարակութեան շնորհահանդէսը, կազմակերպութեամբ Համազգայինի գրական-գեղարուեստական յանձնախումբին։ Գիրքը խորհրդատուութիւն կը կատարէ Հայաստանի պետութեան՝ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու, հայ-թուրք եւ հայ-ազերի հակամարտութեանց, ճարտարարուեստի, արհեստական բանականութեան գործնական շահագործումի, եկեղեցի-պետութիւն կապերու եւ նմանօրինակ այժմէական նիւթերու շուրջ։ Ինչպէս գիրքին Ա. տպօրինակը (2016), այս Բ. տիպին հրատարակութիւնը եւս ստանձներ է Լոնտոնի «Կոմիտաս» հաստատութիւնը։ Հատորին ծանօթացումն ու ներկայացումը կատարած է Նիւ Սաութ Ուէյլզի նախկին նահանգապետուհի Գլատիս Պէրէճիքլեան (անգլերէնով)։ Ան ըսած է որ Սասուն Գրիգորեանի խորհրդատուութեանց 70 առ հարիւրը արդէն գործադրուած է Հայաստանի իշխանութեանց կողմէ։ Լոնտոնէն Արա Սարաֆեան («Կոմիտաս» հիմնարկի տնօրէն) համացանցով իր ուղերձը յղած է ներկաներուն։ Հուսկ բանքը արտասանած է առաջնորդ Վարդան սրբազան, թելադրելով որ նման աշխատութիւններ իրականացուին նաեւ համայնքային մակարդակի վրայ։

ՍԻՏՆԻԻ հայոց Ս. Յարութիւն առաջնորդանիստ եկեղեցի այցելած է, 23 Նոյեմբերին, հնդիկ մալանքարա ուղղափառ եկեղեցւոյ կաթողիկոս Պասիլիոս Մարթոմա Մաթիուս Գ., որ հովուապետական այցելութեամբ մը ժամանած էր Աւստրալիա։ Հնդիկ հովուապետը, խուռներամ բազմութեան մը ներկայութեան, «Հրաշափառ»-ով առաջնորդուած է եկեղեցի։ Փոխանակուած են ողջոյնի խօսքեր, յատկապէս շեշտելով հայ եւ հնդիկ մալանքարա եկեղեցիներու դաւանական միութիւնը։ Հնդիկ հիւրը, նոյն օրը, ճաշի հիւրը եղած է հայ համայնքին։    

Share68Tweet43
Previous Post

Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը՝ Յոյսի Եւ Ներքին Վերանորոգումի Կոչ

Next Post

Քամիլ Քլոտէլ-Օկիւսթ Ռոտէն

Next Post
Քամիլ Քլոտէլ-Օկիւսթ Ռոտէն

Քամիլ Քլոտէլ-Օկիւսթ Ռոտէն

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.