Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը՝ Յոյսի Եւ Ներքին Վերանորոգումի Կոչ

January 10, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Տէր Յիսուս Քրիստոսի  Ծնունդը՝ Յոյսի Եւ  Ներքին Վերանորոգումի Կոչ

Տարին կը փակուի իր երփներանգ յիշողութիւններով եւ փորձառութիւններով։ Տարեվերջը հաշուեյարդարի պահ է, երբ մարդ կը փորձէ պահ մը կանգ առնել, յետադարձ ակնարկ մը նետել անցած ճանապարհին եւ հարց տալ ինքն իր անձին, թէ ի՛նչ մնաց, ի՛նչ փոխուեցաւ եւ ի՛նչ կը տանի իրեն հետ դէպի նոր տարին։ Այս սրընթաց ճանապարհին, Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան լոյսը դարձեալ կու գայ լուսաւորելու մեր կեանքը ոչ որպէս սովորական տօն, այլ` յաւիտենական ճշմարտութեան հրաւէր, որ աստուածային նախախնամութեամբ մուտք գործեց մարդկային պատմութեան խորքը։

Աստուած մարդացաւ, որպէսզի մարդ արարածը առանձին չմնայ իր կասկածներուն, վախին եւ մղած  պայքարին մէջ։ Սուրբ Ծննդեան խորհուրդը մեզ կը յիշեցնէ, որ Աստուած դիտորդի դերին մէջ չմնաց մարդկային ցաւին նկատմամբ, այլ ընտրեց մերձենալ, մուտք գործել մեր իրականութեան մէջ ու կիսել մարդկային էութեան  տկարութիւնը։ Մսուրին մէջ ծնած Մանկան լռութիւնը այսօր ալ կը բարբառի՝ երբեմն աւելի՛ բարձր, քան աշխարհի ամբողջ աղմուկը, պատերազմի ձայները եւ անորոշութեան ու վախի լեզուն։ Ինչպէս Սուրբ Գիրքը կը վկայէ. «Վասն զի այսօր ծնաւ Փրկիչ մը Դաւիթի քաղաքին մէջ, որ Օծեալ Տէր է» (Ղուկաս 2․11)։ Բացարձակ իրականութիւն է, որ  «այսօր»ը, մարդկութեան պատմութեան մէջ, դեռեւս շարունակուող ներկայութիւն է եւ ոչ միայն անցեալի յիշատակ։

2025 տարին Սուրիոյ համար եղաւ զգօնութեան եւ յարափոփոխ իրավիճակի տարի մը։ Պատերազմական ծանր տարիներու փորձութիւններէն ետք, կեանքը այստեղ սկսաւ դանդաղիլ։ Շատ բաներ ալ տակաւին անորոշ կը մնան։ Շատ վէրքեր դեռ բաց են, չեն ամոքուած, բայց մարդիկ կը փորձեն վերագտնել ու վստահութեամբ ներշնչուիլ երկրի վաղուան յուսատու ապագային նկատմամբ։ Աշխատանքը, կրթութիւնը եւ առօրեան կը շարունակուին գերմարդկային ճիգերով, երբեմն ջլատուած, բայց մի՛շտ լռելեան յոյսով։ Այս իրավիճակը մեզ կը յիշեցնէ, որ վերականգնումը միշտ ալ արագընթաց չէ՛, չի կրնար ըլլալ, այլ` երկար ճանապարհ է, որ կը պահանջէ Յոբի համբերութիւն եւ յարատևելու ներքին զօրութիւն։

Այս պայմաններուն մէջ մեր համայնքը շարունակեց իր ծառայութիւնը մատուցել աղօթքով եւ հաւատարմութեամբ, նաեւ քաջ վստահութեամբ, որ ճշմարիտ վերականգնումը մակերեսային չի կրնար ըլլալ։ Երբե՛ք։ Ան կը սկսի ներքուստ՝ սրտի վերանորոգումով, մտածողութեան առողջ կողմնորոշումով եւ յոյսի վերարթնացմամբ։ Սուրբ Ծնունդը մեզ կը յիշեցնէ, որ Աստուած նախ եւ առաջ կը ներգործէ մարդու սրտին մէջ եւ անկէ կը տարածուի դէպի կեանք։

Բայց մեր հայեացքը չի սահմանափակուիր միայն Սուրիոյ մէջ։ Մեր միտքն ու աղօթքը կը հասնին նաեւ մեր հայրենիքին՝ Հայաստանին եւ համայն հայ ժողովուրդին։ Մենք կ’ապրինք պահեր, երբ մեր ժողովուրդը կը կանգնի լուրջ մարտահրաւէրներու  դէմ-յանդիման։ Այսօրուան  որոշումները մեզմէ կը պահանջեն ոչ միայն խիզախութիւն, այլեւ համազգային իմաստութիւն, ներքին միասնութիւն եւ փոխադարձ վստահութիւն։ Այս իրականութենէն թելադրուած, Սուրբ Ծնունդը մեզ կը յիշեցնէ, որ ժողովուրդի կայունութիւնը չի հիմնուիր միայն արտաքին պայմաններու վրայ, այլ` ներքին բարոյական ուժի, միասնական կամքի եւ հաւատքով սնուցուած յոյսի։

Մսուրին առջեւ կանգնող մոգերուն նման, այսօր մե՛նք եւս կը հրաւիրուինք միասնաբար կանգնելու, չցրուելու, իրարմէ չհեռանալու, այլ վերագտնելու այն, ինչ որ մեզ հաւաքական ժողովուրդ կը դարձնէ։ Սուրբ Ծննդեան պատմութիւնը կը վկայէ, որ Աստուծոյ լոյսը առաջինը կը յայտնուի այն մարդկանց, որոնք պատրաստ են լսելու եւ արձագանգելու անոր։ Այս հրաւէրը յաւիտենական է եւ մի՛շտ ուղղուած է մեզի։

Սուրբ Ծննդեան խորին խորհուրդը անցեալի պատմութիւն մը չէ սոսկ։ Մանուկ Յիսուս ներկայ է այսօր իւրաքանչիւր տան մէջ, ուր աղօթք կը բարձրանայ, ամէն սեղանի շուրջ, ուր հաց կը կիսուի եւ յարգանք կայ, ու ամէն սրտի մէջ, ուր ներումը կը յաղթէ պատիժին։

Սուրբ Ծնունդը յոյսի տօն է, որովհետեւ ան մեզ կը յիշեցնէ, որ խաւարը երբեք վերջնական խօսք չունի։ «Եւ լոյսը խաւարի մէջ կը լուսաւորէր ու խաւարը զանիկա ճանչցաւ» (Յովհաննու 1․5)։

Սուրբ Ծնունդը նաեւ ուրախութեան տօն է։ Ոչ այն ուրախութեան, որ պայմաններէն կախեալ է, այլ այն` որ ծնունդ կ’առնէ Աստուծոյ ներկայութենէն։ Հրեշտակը հովիւներուն ըսաւ. «Ահա ես ձեզի մեծ ուրախութեան աւետիս մը կու տամ» (Ղուկաս 2․10)։

Այս ուրախութիւնը առկայ է ու կը մնայ նոյնիսկ այն ատեն, երբ կեանքի պայմանները հեշտ չեն, քանզի այն խոր արմատ ունի։

Եւ Սուրբ Ծնունդը սիրոյ տօն է. աստուածային սիրոյ, որ կը մերձենայ մարդուն, կը մնայ անոր հետ եւ զինք կը կոչէ պատասխանատու կեանքի։ «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, որ իր միածին Որդին տուաւ» (Յովհաննէս 3․16)։ Այս սէրը մեզ կը հրաւիրէ նաեւ մեր յարաբերութիւնները նորոգելու, թէ՛ ընտանեկան եւ թէ՛ համայնքային ու ազգային շրջանակներէ ներս։

Այս սուրբ օրերուն, եկէ՛ք միասնաբար վերահաստատենք մեր կոչումը։ Մեր ընտանիքներուն մէջ սերմանենք խաղաղութիւն եւ համբերութիւն, իսկ երիտասարդութեան մէջ արթնցնենք յոյս եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն։ Մեր համայնքներուն մէջ ամրապնդենք վստահութիւնը եւ միասնութիւնը ու մեր ժողովուրդին ծառայենք խոնարհ սրտով, բայց հաստատակամ նուիրումով։

Նոր տարին՝ 2026-ը մեզ կը դնէ նոր ու սպիտակ էջի ընդառաջ։ Ան սովորական շարունակութիւն մը կրնայ ըլլալ եւ կամ գիտակցուած ընթացք՝ լոյսի ուղղութեամբ։ Թող այս նոր տարին ըլլայ ոչ միայն օրացոյցի նոր թուական մը, այլ՝ հոգեւոր վերանորոգման ընթացք։ Թող ան մխիթարէ բոլոր վշտացեալները, ուժ պարգևէ յոգնածներուն, եւ նոր հորիզոններ անոնց, որոնք կանգնած են յուսահատութեան վիհի եզրին։

Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Նոր Տարուան ուրախալի առիթներով մեր համատեղ աղօթքը կը բարձրացնենք Սուրիոյ, Հայաստանի եւ համայն հայ ժողովուրդին համար։ Թող Քրիստոս՝ աշխարհի Լոյսը, առաջնորդէ մեզ ճշմարտութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան ուղիներով։

Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ եւ օրհնաբեր Նոր Տարի։ Թող Աստուծոյ խաղաղութիւնը մշտապէս բնակութիւն հաստատէ սիրով բաբախող իւրաքանչիւր սրտի մէջ։

 

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՍԵԼԻՄԵԱՆ

Համայնքապետ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի

Share66Tweet41
Previous Post

Մէկ Սիրտ-Մէկ Հոգիով՝ Դէպի Նոր Յաղթանակ

Next Post

Ձայներ Սիտնիէն (արձագանգ աւստրալահայ կեանքի)

Next Post
Ձայներ Սիտնիէն (արձագանգ աւստրալահայ կեանքի)

Ձայներ Սիտնիէն (արձագանգ աւստրալահայ կեանքի)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.