Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ծննդեանս Տարեդարձը

Լիւսի Տէօքմէճեան (Երեւան)

January 14, 2026
in Յօդուածներ
0
Ծննդեանս Տարեդարձը

Օրէ օր կը մօտենանք տարեդարձիս օրուան: Ամէն տարի տօնակատարութիւն կ’ըլլայ ի պատիւ ինծի եւ այս տարի նոյնպէս տօնակատարութիւնը պիտի կրկնուի: Այս ժամանակաշրջանին բազմաթիւ մարդիկ նուէրներ կը գնեն, աշխարհի վրայ ամէն տեղ կը խօսուի թէ տարեդարձս կը մօտենայ:

Իսկապէս շատ հաճելի է գիտնալ, թէ գէթ տարին մէկ անգամ մարդիկ կը մտածեն իմ մասին: Տարեդարձիս առթիւ տօնակատարութիւնը սկսած է բազմաթիւ տարի­ներ առաջ: Սկիզբը մարդիկ կը հասկնային եւ շնոր­հակալ կ’ըլլային այն ամէն ինչին համար, որ ես կը կատա­րեմ իրենց համար: Սակայն այս օրերուն, կ’երեւի ոչ ոք գիտէ տօնակատարութեան իսկական պատճառը: Ընտանիքներ եւ բարեկամներ կը հաւաքուին եւ շատ հաճելի ժամեր կ’անցընեն, բայց անոնք չեն գիտեր տօնակատարութեան նշանակութիւնն ու իմաստը:

Կը յիշեմ անցեալ տարի հսկայական խրախճանք մը կար ի պատիւ ինծի: Ընթրիքի սեղանը լեցուն էր համեղ ճաշատեսակներով: Զարդարանքներն ու պճնանքները շլացնող էին եւ հոն կային գեղեցիկ փաթթուած բազ­մաթիւ նուէրներ: Բայց, գիտէք ի՞նչ. ես չէի հրաւիրուած: Ես պատուոյ հիւրն էի եւ անոնք չէին յիշած ինծի հրա­ւիրատոմս մը ղրկել: Խրախճանքը ինծի համար էր, բայց երբ սպասուած օրը հասաւ, զիս դուրս ձգած էին, դուռը իմ երեսիս գոցելով … մինչ ես կ’ուզէի իրենց հետ ըլլալ:

Այդ արարքը չզարմացուց զիս, որովհետեւ վերջին տարիներուն բոլորը իրենց դռները գոցած են դիմացս: Եւ որովհետեւ չէի հրաւիրուած, որոշեցի խրախճանքին լուռ մասնակցիլ, առանց ձայն հանելու: Ներս մտայ եւ անկիւն մը կանգնեցայ: Բոլորը կ’ուտէին ու կը խմէին, անեկդոտներ կը պատմէին եւ ամէն բանի համար կը խնդային: Բոլորը լաւ ժամանակ կ’անցընէին: Յանկարծ սենեակ մտաւ գէր, կարմիր հագած եւ երկար ճերմակ մօրուքով մարդ մը «հօ, հօ, հօ» բացագանչելով: Նստեցաւ աթոռին եւ բոլոր փոքրիկները իր մօտ վազե­ցին «Կաղանդ պապա» կոչելով, կարծես խրախճանքը անոր ի պատիւ էր:

Կէս գիշերուան ժամը 12-ին, մարդիկ սկսան իրար ողջագուրել: Ես թեւերս երկարեցի, սպասելով որ մէկը ինծի ողջագուրուի, եւ … գիտէք ի՞նչ … ոչ ոք գրկեց զիս: Յանկարծ անոնք սկսան նուէրներ փոխանակել եւ ուրխութեամբ ոանալ զանոնք: Շուրջս նայեցայ որ թերեւս ինծի համար ալ նուէր մը ըլլար: Իմ տարեդարձս էր, բայց այդ օր ամէն մարդ նուէր կը փոխանակէ, բայց քեզ չեմ յիշեր, չեն հրաւիրեր ու նուէր չեն նախատեսեր:

***

Ծննդեան տօնը ժողովուրդին համար եղած է աւելի լաւ օրեր յուսալու առիթ մը, գիտակցելով, որ մեր սրտին բոլոր փափաքները չեն կրնար իրականանալ:

Ճշմարտութիւնն ու անկեղծութիւնը կրնան մեր քով գալ Ծննդեան տօնին: Ու մենք հաշուետուութեան կը նստինք մեր անձին հետ. մեր նախատեսած յաջողու­թիւնը չենք արձանագրած, ընտանիքի անդամներուն եւ բարեկամներուն հետ մեր յարաբերութիւնները լաւ խնամուած չէին, ի՞նչ պատահեցաւ անցեալ տարի մեր կայացուց որոշումներուն եւ առաջադրութիւններուն, եւ ի՞նչ պիտի ըլլան այս տօնական օրուան համար մեր ծրագրերը:

Ուրեմն, ի՞նչ պիտի կատարենք այս Ծննդեան տօնին: Ծառը զարդարած ենք լոյսերով, ծաղկեկողովով, հին ու նոր զարդարարնքներով: Արդեօք աւելի լաւ չ’ըլլա՞ր եթէ կարենանք մեր կեանքը զարդարել, ինչպէս մեր տուները զարդարած ենք:

Մենք պէտք է գալիք տարիներուն համար յոյսեր ունենանք մեր անձին, ընտանիքի անդամներուն եւ ասպարէզային կեանքին համար: Պէտք է նաեւ մտա­ծենք, թէ ինչպիսի՞ հոգեկան կեանք մը երեւան պիտի հանէ Քրիստոսի մարմնաւորումը մեր կեանքէն ներս:

Թող բոլորս ալ, երբ խորհինք Ծննդեան տօնին մասին, աղօթենք ունենալ նաեւ հոգեկան վերածնունդ:

Ծնդդեան տօնին նախ յիշենք տօնին տէրը եւ խնդրենք Աստուծմէ, որ մեր հոգին զարդարէ ջերմ սէրով, ներողամտութեան շնորհքը տայ մեզի եւ օգնէ, որ մեր կեանքի իւրաքանչիւր անկիւնադարձին յաջողութեան եւ երջանկութեան հանդիպինք:

Յիսուս մանուկին ծննդեան տօնին թող մենք ալ վերա­ծնինք: Թող Բեթղեհէմի մսուրի մանուկին ծնունդը մեզի տայ հոգիի խաղաղութիւն, որ աշխարհը անկարող է տալու, եւ թող այդ խաղաղութիւնն ու պայծառութիւնը մեր մէջ աճի ամբողջ տարուան ընթացքին:

Share64Tweet40
Previous Post

Արկածեալ Նոր Տարին

Next Post

Առաջին Ամանորը՝ Առանց Մօրս

Next Post
Առաջին Ամանորը՝ Առանց Մօրս

Առաջին Ամանորը՝ Առանց Մօրս

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.