«Բօյեզտ»ը կը սուլէր: Երկա՜ր, շատ երկա՜ր սուլեց:
Զէյթունի հանրակացարաններու ուսանողներուս համար սովորական էր անոր շչակին կանչը: Այսօրուանը, սակայն, ազդանշանի չէր նմաներ, արտասովոր յաճախականութեամբ ահազանգ մըն էր կարծէք:
Դեկտեմբեր 30-ն էր, Հինգշաբթի: Երեկոյեան ժամը կը մօտենար ութին: Դուրսը ցուրտ էր, կը ձիւնէր: Ամբողջ օրը անդադար մաղուելով Երեւանը կծկուած էր սպիտակ հաստ սաւանի տակ:
Նախաքննական օրերու մէջ էինք: Առաւօտեան դժուարութեամբ համալսարան մեկնած էինք «զաչոտ» (կարգ մը դասանիւթերու գործնական պարտականութիւնները կատարած ըլլալու գնահատական, անգլերէն «credit earned»ի նման) ստանալու համար: Վերադարձին, աղը առատօրէն շաղ տրուած ըլլալով, գլխաւոր ճամբաները երթեւեկելի, սակայն «երկրորդական» թաղերն ու հանրակացարանին մուտքը մինչեւ ծունկ ձիւնի կոյտեր գոյացած էին:
1982-ի նախավերջին օրն էր: Դուրսի խստաշունչ անցուդարձերէն անտարբեր, տաքուկ, խանդավառ տօնական մթնոլորտ մը կար հանրակացարանէն ներս: «Զաչոտ»ի հոգը թօթափած ուսանողներս, ամբողջապէս մտած էինք տօնական կերուխումի եւ յատկապէս յաջորդ օրուան՝ Ամանորը ըստ պատշաճի դիմաւորելու նախապատրաստական եռուզեռի մէջ: Անոնցմէ ոմանք կը մեկնէին իրենց հարազատներուն տուները, ուրիշներ կը բարձրանային օրէնքով «արտօնուած» Ծաղկաձորի շրջանը: Հոն հիւրանոց մը կար, ուր մեր ընկերային քէֆերը կը սիրէինք անցընել, յատկապէս ձմեռուան ձիւնազարդ շրջանին: Այլ ուսանողներ խմբակներ կազմած «Դուին», «Անի» կամ «Արմենիա» հիւրանոցներու առաջին յարկի ճաշասրահներուն պատուաւոր մէկ անկիւնը սեղաններ reserve ըրած կ’ըլլային՝ նոր տարուան ժամը 12-ը հոն դիմաւորելու համար:
Մաս մըն ալ կը նախընտրէին կաղանդի երեկոն սրտամօտ ընկեր-ընկերուհիներով հանրակացարաններու՝ իրենց սենեակներէն մէկուն մէջ դիմաւորել:
– Սա «թրէնը» ինչո՞ւ չի լռեր,- անհանգստացած բացագանչեց ընկեր մը:
– Է՜, վաղը Նոր տարի է, չէ՞- կատակեց ուրիշ մը:
Ուսանողներէն ոմանք յարկերը զարդարելու աշխատանքի վրայ էին: Իւրաքանչիւր յարկի մուտքին կաղանդի ծառ մը եւ շուրջ 30 մեթր երկարութեամբ միջանցքին երկու կողմերու յարդարումը փուչիկներով, մոմերով, գոյնզգոյն կաղանդի յատուկ թուղթերով եւ այլն: «Ուտուշ-խմուշ»ով առաւել յայտնի սենեակներէն կը զրնգար հայկական «ռապիզ» երաժշտութիւնը կամ արաբական վերջին երգերը:
Յարկերուն վրայ լսելի էր «Մանոլաքիս»ին աշխոյժ ձայնը: Ուսանողներուս համար սպասելի, սիրելի հայրենադարձ Մելքոնը: Հարազատ մայրերուն տնական ճաշերէն կտրուած եւ սնունդի կարօտ ուսանողներուն համար հրճուանք պատճառող երեւոյթ էր ուշ ժամերուն «Մանոլաքիսին» յայտնուիլը… այն ալ սաստիկ ցուրտ եղանակին:
– Եասսու Մանոլաքիս, – կը դիմէինք իրեն, ի՞նչ բերիր այսօր:
– Քանի մը հատ «թուլումպա» մնաց, քիչ մըն ալ ֆըստըխ-մստըխ: Սաղ առին: Մինչեւ հինգերորդ հասնիմ, բան չթողեցին: «Իշտէ» գիտես երկու ժամէ թաքսի եմ սպասում, բոլորը պախտուել (պահուըտել) են, մի կերպ հասայ: Ասի տղեքին խոստացել եմ, պիտի գնամ: Ո՞նց չգամ, այ մարդ: Ծնողներս Յունաստանի մէջ…,- ու իւրայատուկ ոճով կը պատմէր այդ տարիներուն մեզ բնաւ չհետաքրքրող իր հարազատներուն պատմութիւնները:
– Մանոլաքիս, սա բաժակը խմէ հըլէ,- կ’առաջարկէինք Մելքոնին, ու մէյ մէկ գաւաթ ալ անգոյն վոտքայէն կը լեցնէինք մեր գաւաթներուն մէջ, նոր տարուայ տասներեքօրեայ տօնական օրերուն բացումը կատարելով:
Բաժակները մինչեւ վերջին կաթիլ պարպելէ ետք, Մելքոն կը սկսէր յունարէն երգել՝ «Էքնա Թիաս թեթրաքոսա Էքսի…»: Ասոր կրկներգին մենք կը ձայնակցէինք՝ «Օփա, օփա, թապուզուքիա…»:
– «Շապէպ», գնացքը խանգարուած է կարծեմ, երկու ժամէ կեցած է, չի շարժիր,- նկատեց ներկաներէն մէկը:
– Շոգեկառքի գիծին վրայ մէկ մեթր ձիւն դիզուած կ’ըլլայ: Հաւանաբար կը սպասէ որ մաքրեն,- հանգստացուց ընկեր մը:
Սասունցի Դաւիթ կայարանէն ծնունդ առնող եւ Հայաստանի շոգեկառքի ներքին ցանցի պատկանող գիծերէն մէկը կ’անցնէր Զէյթունի ութ մասնաշէնքեր ունեցող հանրակացարանային համալիրին ճիշդ քովէն: Այնքան մօտիկ, որ օրական վեց կամ ութ անգամ կը զգայինք երկրաշարժ պատճառող դղրդիւնը, կը լսէինք շչակին կանչը: Մեզի համար սովորական դարձած էին այդ ձայները: Ատոր համար ալ, նախատօնական մեր ուրախ մթնոլորտին մէջ, բնաւ չանհանգստացանք ու չկասկածեցանք, որ «ահաւոր բան մը կատարուած էր այնտեղ, մութին մէջ…», շատ հաւանաբար սփիւռքահայ ուսանողական տարիներու ամէնէն ծանրը…:
Երկաթուղային այդ գիծը Խորհրդային Հայաստանի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող ճանապարհային բազկերակներէն մին էր: Արաբկիրի բարձունքը յաղթահարելէ ետք մարդատար եւ յատկապէս ապրանքատար շոգեկառքերը կը մտնէին Զէյթուն, Վարշաւեան փողոցի վրայ գտնուող «սեփական տուներու» եւ հանրակացարաններու միջեւ գտնուող չափազանց նեղլիկ անցքով կը շարունակէին դէպի Առինջ, Քանաքեռ, Աբովեան, կը շրջանցէին Նոր Հաճընը, հասնելու Հրազդան եւ ապա Սեւան: Ուսանողական թաղամասի վերջին մասնաշէնքերուն կից անշուք կայարան մըն ալ կար: Տեղացիներէն շատեր իրենց արձակուրդային երթուդարձը կը կատարէին այդտեղէն: Մենք ալ երբեմն հոնկէ «փախուստ» կու տայինք դէպի Սեւանի կապոյտը:

Եւ «Դժոխային այս տռամն ի՛նչպէս կրնայ պատմուիլ…», երգած էր բանաստեղծը…
Քանի մը ժամ անցած էր «Բօյեզտ»ի պատմութենէն: Յանկարծ հանրակացարանի յարկերուն վրայ սեւ լուր մը տարածուեցաւ, թէ շոգեկառքի արկածով մահացած է մեր ուսանող ընկեր Նազարէթ Վասիլեանը:
– Ի՜նչ, Նազօ՞ն, չի կրնար ըլլալ: Բայց ինչպէ՞ս: Ո՞ւր:
Եւ յստակացաւ «բօյեզտ»ի աննախադէպ սուլոցին առեղծուածը: «Վարշաւեան»ի վրայ իր ծանօթ մէկ տունէն, Պէյրութի հարազատներէն նամակ ստացած ու երկաթուղիին վրայէն զայն կարդալով հանրակացարան վերադարձի պահուն, անսալով գնացքի ուժգին ահազանգին եւ կողմ քաշուելով, փափախը գլխուն քաշած, Նազօն կռնակը կը դարձնէ շոգեկառքին՝ սպասելով անոր մեկնումը: Սակայն իր չար բախտէն, գնացքը առաջամասին զետեղած կ’ըլլայ երկաթեայ ձիւնացրիւ կազմած մը, որուն չափը կը գերազանցէր գնացքի լայնքը: Բախումը կ’ըլլայ անխուսափելի: Գլուխէն ստանալով հարուածը, հէգ Նազօն անզգայ վիճակով կը տեղափոխուի հիւանդանոց, ուր կը փչէ իր վերջին շունչը:
Թախիծը տիրած էր ուսանողներուս մօտ: Անհաւատալի իրողութեան մը առջեւն էինք բոլորս: Կաղանդի զարդարանքներն ու կերուխումի երեւոյթները անմիջապէս դադրեցան: Մշակուած ծրագրերը առկախուեցան: Ուսանողական տարածքը մտաւ խոր սուգի մէջ: Անձկութեան ու տագնապի շրջան մը բոլորեցին շատերը, գրեթէ բոլորը, այսինքն 19-25 տարեկան, ծնողքէ եւ հարազատներէ հեռու ուսանողներս:
Այդ օրերուն բազմաթիւ լուրեր տարածուեցան ու ենթադրութիւններ հիւսուեցան Նազոյի արկածին մասին: Անոնցմէ մին կ’ըսէր, թէ ան մահացած էր իր ծննդեան 23-րդ տարեդարձի օրը (կամ օրերուն): Նազարէթ Վասիլեանը աժդահայ երիտասարդ մըն էր, Եգիպտոսի անուանի նախագահ Ժամալ Ապտ էլ Նասըրին նմանութեամբ:
Զուարթ, կատակասէր, աշխոյժ շարժուձեւեր եւ յարգանք պարտադրող ներկայութիւն ունէր: Բժշկականի ատամնաբուժական բաժնի երկրորդ տարուայ ուսանող էր: Միջնեկ եղբայրը՝ Վաչէն, երեք ամիս առաջ ժամանած էր Հայրենիք, որպէս Բժշկականի նախապատրաստական ուսանող:
Մխիթարականը այն եղաւ, որ Վաչէն, շարունակելով ուսումը, գերազանցօրէն աւարտեց Երեւանի Պետական Բժշկական համալսարանի ատամնաբուժական բաժինը, սիրուեցաւ, յարգուեցաւ ու ծառայեց Պէյրութի եւ Ֆրեզնոյի մէջ: Վերջին անգամ իրար տեսանք անցնող Մայիսին, երբ տոքթորը բժշկական ծառայասիրական յատուկ առաքելութեամբ ժամանած էր Լիբանան:
Նազօ Վասիլեանի ողբերգական մահէն անցած է 43 տարի: Վստահ եմ իւրաքանչիւր Ամանորի շրջանին, իրենց մազերը երեւանեան ձիւնին երանգը ստացած շատ մը դասընկերներ եւս կը յիշեն զինք ու իր հետ կատարուած եղերական այս պատմութիւնը:

