Փոքր էի․ մեր տան շէնքը ինծի համար ամբողջ տիեզերք մըն էր։ Իսկ այդ տիեզերքին սիրտը վերջին յարկն էր, ուր կ’ապրէր տանտէրը իր բազմանդամ ընտանիքով։ Շաբաթավերջերուն անոնց տունը կ’արթննար երկրորդ շունչով, երբ ամուսնացած դուստրերը, իրենց զաւակներով ու ծանր պայուսակներով «կը լեցնէին» շէնքը եւ տունը կը վերածուէր փոքր աշխարհի մը, ուր ձայները, ծիծաղն ու աղմուկը երբեք չէին դադրեր։ Տան անվերջ գործերուն հետ զուգահեռ, տան անդամներուն եւ հիւրերուն թիւն ալ կ՛աճէր ու կը բազմապատկուէր։
Տանտէրը, Ապու Մունիրը, եօթանասունը անց, ճարտարագէտի մասնագիտութեամբ բազմազբաղ առօրեայ մը ունէր։ Ան միշտ «իրաւունք ունեցող»-ի դիրքին մէջ կը գտնուէր եւ դէմքն ալ յաճախ ծխախոտի ամպով մը պարուրուած կ’ըլլար։ Ըմ Մունիրը, գրեթէ նոյն տարիքի, ինքզինք պարտադրող եւ հրամայական ոճով խօսակցութեան տէր կին մը, որ իր երիտասարդութեան օրերու պատմուածքներով կ՛ապրէր ու կը նորոգուէր։ Անոր հասուն տարիքն ու տան գործերը իրար չէին պատշաճեր, մանաւանդ որ անոնց բնակարանը յագեցած կ’ըլլար կերուխումներով եւ «սուրճ խմելու» մշտական այցելուներով։
Տան գործերը հեղեղի մը պէս կը յորդէին Ղատային շուրջ, տասներեքամեայ աղջնակին, որուն պատանեկութիւնը արեւու եւ ժպիտի ցոլքը չէր ըմբոշխնած։ Ան գիւղէ մը քաղաք բերուած էր, որպէսզի այդ տան գործերով զբաղէր։ Ղատան ամբողջ օրը գործերու ժխորին մէջ կը տարուբերէր, մինչ իր մատղաշ տարիքի իրաւասութիւնները, մէկ առ մէկ, կ’անհետէին ինչպէս բնութիւնը՝թանձրախիտ մշուշի մը մէջ։
Այդ շրջանին, ես հազիւ ինն-տասը տարեկան էի։ Իմ եւ խաղընկերներուս զբօսավայրը մեր թաղին ճամբաներն էին կամ մեր բնակած շէնքին աստիճանները։ Օրական քսան անգամէն աւելի կ’ելլէնք ու կ’իջնէինք այդ աստիճաններէն, առանց յոգնութեան դոյզն զգացումը ունենալու։ Դրացիները յաճախ կը գանգատէին մեր աղմուկէն, բայց, այն ատեն, մեզի համար «յոգնութիւն» եւ «հանգիստ» բառերը գոյութիւն չունէին։ Ղատան, երբ մեր ձայնը լսէր, անմիջապէս իրենց տան դուռը կը բանար եւ աղօտ ժպիտ մը կը գծուէր իր կլոր դէմքին վրայ։ Կարծես ըսել կ’ուզէր «ես ալ կ’ուզեմ խաղալ ձեր հետ»։ Թախիծ մը կար անոր ժպիտին մէջ, ուր չապրուած մանկութեան եւ պատանեկութեան դառն իրականութիւնը կը ճառագայթէր։ Շատ անգամ Ըմ Մունիրին յանդիմանական շեշտով ձայնը կը լսուէր ներսէն։
— Ղա՛տա, որո՞ւ հետ կը խօսիս․․․գործդ շարունակէ՛։
Ու անհասկնալի բաներ մը կը մռմռար ան․․․
Այդ օրերուն ես կարդացած էի Թումանեանի «Գիքորը»։ Ի՜նչ զուգադիպութիւն․․․Արդեօք Ղատան ալ Գիքո՞ր մըն էր այս տան մէջ․․․կը մտածէի։ Այդ պատանուհիին նաշխուն թելերով հիւսուած երազները փշրուած էին այդ տան անդամներու քմահաճոյքին եւ անտարբերութեան պատնէշին դիմաց։ Ան յոգնասպառ կ’ըլլար գործերու յարաճուն բեռան տակ։ Առաւել՝ իր ընտանիքէն հեռու մնալը կը տառապեցնէր զինք եւ այդ վիշտը իր սիրտի ծալքերուն անյայտ խորութեանց մէջ կը պահէր առյաւէտ։ Ղատային վիճակը կը նմանէր հանգոյցի մը, որ օրըստօրէ կ՛ամրանար։ Ո՞վ պիտի կարենար քակել այդ հանգոյցը։
Ամիսները կը սահէին․ Նոր Տարին կը մօտենար իր ուրախ ու խանդավառ շողերով։ Թաղին տուներուն մէջ այլատեսակ տօնածառեր կը փայլէին, զարդարուած՝ պսպղուն լոյսերով եւ զարդեղէններով։ Ձմռան պաղ ու գունատ օդը կը ջերմանար «տաքուկ» եւ հիւրընկալ մթնոլորտով մը, որ հոգիդ կը պարուրէր կախարդական զգացումով։ Այդ օրերուն մեր մանկական երազներն ալ կը ստանային նոր երանգներ՝ լի սպասումով ու հրաշքի հաւատքով։ Արձակուրդը, կաղադ պապուկը, նուէրները, չիրն ու չամիչը, հարազատներու շուրջ ջերմ հաւաքները․․․բոլորը այնչա՜փ անհամբեր կը սպասէինք, կարծես թէ ժամանակը պէտք էր կանգ առնէր։
Ղատան ալ ուրախ էր․ անոր փոքրիկ աչքերը սկսած էին փայլփլիլ։ Ան յաւելեալ աշխուժութեամբ եւ կորովով կ’աշխատէր։ Երկար ժամանակէ սպասուածը վերջապէս պիտի իրականանար։ Ծնողքը զինք այցելելու պիտի գային։ Ծնողքին հետ հանդիպելու գաղափարը միշտ գոյութիւն ունէր, սակայն իրմէ հեռու, անհասանելի վայրի մը մէջ, ուր յոյսն անգամ չէր կրցած ճամբայ մը գտնել։ Ես եւ խաղընկերներս ալ խանդավառ էինք այս այցելութեան գաղափարով։ Արդեօք ո՞վ էին Ղատային ծնողքը, որոնք հաւանած էին իրենց զաւակը յանձնել ուրիշի քմայքին։ Մեզի համար ալ հետաքրքրական էր գիտնալ այդ մանրամասնութիւնները․ այո՛, փոքր էինք, բայց կրցած էինք ըմբռնել դառն իրականութեան տարողութիւնը։
Քանի մը օրեր անցան․ Ղատային երկար սպասուած երազը չքացաւ, իսկ ուրախութիւնն ալ մարեցաւ պատրոյգը սպառած մոմի մը պէս։ Հօրը անհանգստութեան պատճառով, ծնողքը ստիպուած էին փոխել իրենց ծրագիրը։ Կաղանդը «աներեւութացաւ» Ղատային համար եւ ան յանձնուեցաւ տխուր մտածումներու քմահաճոյքին։
Ես եւ խաղընկերներս, երկար խորհրդակցելէ յետոյ, թէ ի՞նչպէս կրնանք մեղմացնել խեղճ աղջկան ցաւը, որոշեցինք կաղանդի նուէրով մը ուրախացնել զինք, գէթ քանի մը կաթիլ սէր ու գուրգուրանք ցանել անոր տժգոյն առօրեային վրայ։ Հայերէն գիրք մըն էր նուէրը, պատկերազարդ մանկական պատմուածք մը։ Ինչո՞ւ հայերէն․․․որովհետեւ Ղատան կարդալ չէր գիտեր, իրեն համար միեւնոյն էին բոլոր գիրքերը։ Մեր «փոքր խելքեր»-ով մտածած էինք, թէ երբ նկարները դիտէր, հաւանաբար քիչ մը մոռնար իր տրտմութիւնը։ Ղատային համար մեծ ուրախութիւն էր մեզմէ նուէր ստանալը։ Նուէրին արժէքը չէր զինք այնքան ուրախացնողը, որքան մեր՝ իր մասին մտածելը։
Երկար տատամումէ ետք, ես եւ խաղընկերներս իրենց տան դուռը կամաց մը թակեցինք։ Քիչ մը սպասելէ ետք դուռը բացուեցաւ․ բարեբախտաբար Ղատան էր բացողը։ Մեր փոքրիկ եւ փափուկ ձեռքերը երբ իրեն երկարեցին նուէրը, անակնկալը մեծ էր․ մեր համեստ նուէրը ընդունեց իր կարմրած ձեռքերով, ուր՝ ջուրի եւ օճառի յարատեւ գործածութենէն, տեղ-տեղ ճեղքեր եւ ուռուցքներ ալ յառաջացած էին։ Ձեռքեր, որոնք շատ բան կը յայտնէին իր անհաճոյ առօրեային մասին եւ կը պարզէին, թէ հասուն տարիքը որքա՜ն վաղ մուտք գործած էր իր կեանքի դարպասէն ներս եւ խլած մանկութեան իր անմեղ ու քնքուշ անուրջները։
Կաղանդի արձակուրդը իր աւարտին հասած էր։ Օր մըն ալ անսպասելի լուր մը լսեցինք։ Ղատան մեկնած էր Ըմ Մունիրին տունէն։ Ոչ ոք իմացաւ թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ։ Պահ մը յուզուեցանք, որովհետեւ ալ պիտի չտեսնէինք զինք, բայց մեր ուրախութիւնը աւելի մեծ էր․․․ ան միացած էր իր ընտանիքին։ Այդ աղջնակը, որ իր երազներու վաղ խորտակումին դառնութիւնը ճաշակած էր, հաւանաբար պատանիի մը համար աւելի «արժանավայել» կեանք մը պիտի ապրէր։
Ո՞վ պատասխանատու է երեխայի մը կամ պատանիի մը արժանապատիւ կեանք ընձեռելու գործընթացին։ Ո՞վ պիտի պաշտպանէ անոր խոցելի գոյութիւնը՝ արժեզրկումէն եւ շահագործումէն։ Մի՞թէ ծնողք, ընկերութիւն եւ կառավարութիւն միասնաբար ներգրաւուած չե՞ն այս զգայուն բնոյթ ունեցող խնդիրին մէջ։

