Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Տօնական Մթնոլորտ Եւ Կեանքի Դժուարութիւններ [Բացառիկ 2026]

Զարմինէ Կանաչեան-Ասմինեան

January 5, 2026
in Յօդուածներ
0
Տօնական Մթնոլորտ Եւ Կեանքի Դժուարութիւններ [Բացառիկ 2026]

Իւրաքանչիւր տօն ունի իր պատմական ու բարոյական խորքը:

«Սուրբ Ծնունդ»՝ սիրոյ եւ հաւատքի պատգամ․

« Զատիկ»՝ յարութեան ու յոյսի խորհրդանիշ․

«Մայրերու օր»՝ երախտագիտութեան օր․

«Անկախութեան տօն»՝ ազատութեան յիշեցում:

Երբ տօներուն բուն իմաստը կը մոռցուի, տօնը կը դառնայ պարզ հանգստեան օր։ Իսկ երբ կը վերադառնանք իր բուն խորքին՝ ան կը  վերագտնէ իր արժէքը։

Այս առումով, ընտանիքը մեծ դեր ունի. կարեւոր է որ ծնողները իրենց զաւակներուն բացատրեն տօնին իմաստը եւ միասին պատրաստուին. անիկա կը դառնայ տաք յիշողութիւն եւ դաստիարակութեան կարեւոր մաս։

Տօները ստեղծուած են նշելու, յիշելու եւ միասին ապրելու ուրախ ու հոգեւոր ջերմութեան պահեր։ Անոնք կը միացնեն ժողովուրդը, կը պահպանեն աւանդութիւններն ու ազգային ինքնութիւնը։ Տօնը խորհրդանիշ է բարութեան, երախտագիտութեան, հաւատքի եւ միաբանութեան։ Մարդիկ կը զարդարեն տուները, կը լեցնեն սեղանները, իսկ սիրտերը կը լեցուին յոյսով ու շնորհակալութեամբ։

Հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքին մէջ «Ծնունդը» եւ «Կաղանդը» սրբազան եւ ազգային խորիմաստ տօներ են եւ ունին առանձնայատուկ նշանակութիւն։

Հայ Եկեղեցին Սուրբ Ծնունդն ու Աստուածայայտնութիւնը կը տօնէ Յունուար 6-ին։ Այս օրը կը խորհրդանշէ Աստուծոյ սիրոյ մարմնացումը եւ հոգեւոր վերածնունդը։ Ընտանիքներուն մէջ կը տիրէ աղօթքի, մաքրութեան եւ համեստութեան մթնոլորտ։ Չի մոռցուիր նաեւ աղքատին բաժինը։

Կաղանդը կը խորհրդանշէ նոր տարի, նոր յոյս եւ վերափոխում։ Կաղանդը ոչ միայն ուրախութեան, այլ նաեւ ներշնչման, ինքնավերլուծման եւ երախտագիտութեան պահ է։ Հայ ժողովուրդը զայն կը նշէ ներքին մաքրութեամբ եւ նոր ուժով։

Այսօր շատ տօներ առեւտրական երանգ ստացած են։ Օրինակ՝ Սուրբ Ծնունդը շատերու համար դարձած է նուէրներու եւ գնումներու տօն՝ հեռանալով իր հոգեւոր խորութենէն։ Երբ տօնին նպատակը կը փոխարինուի արտաքին փայլով, ան կը կորսնցնէ իր իմաստը։ Սակայն դեռ կան մարդիկ, որոնք կը պահպանեն տօներու իրական ոգին՝ աղօթքով, համախմբումով, նախնիներու յիշատակումով։ Ամէն բան կախուած է մարդուն վերաբերմունքէն։

Տօները չեն կորսնցներ իրենց իմաստը․ այլ  մենք ենք, որ երբեմն կը մոռնանք անոնց բուն նպատակը։ Եթէ վերադառնանք սիրոյ, գթութեան եւ հաւատքի բուն գաղափարին, ապա տօները միշտ ալ պիտի մնան «Հոգիի լոյս եւ խաղաղութեան աղբիւր»։

Տօնական օրերուն ըլլանք աղքատին, հիւանդին, կարօտեալին կողքին։ Մարդու ամենամեծ առաքինութիւնն է ուրիշի կողքին ըլլալ, երբ ան ցաւի մէջ է կամ կը տառապի։

Հիւանդին մօտ նստիլը, անոր լսելը, մէկ ժպիտ աւելի արժէքաւոր է, քան մեծ նուէրները։ Երբ կը կանգնիս ուրիշին կողքին՝ կը հաստատես մարդ ըլլալու էութիւնը։

Հասարակութիւն մը կը զարգանայ ոչ միայն գիտութեամբ եւ տնտեսական յաջողութիւններով, այլ ՝ կարեկցանքով։ Այդ է իսկական մարդկութիւնը։

Տօնին իրական գեղեցկութիւնը կը բացուի այն ատեն, երբ մենք կը միացնենք սիրտերը եւ կը տարածենք լոյսը դուռէն դուրս՝ դէպի կարիքաւորը։

Տօները պէտք է դառնան սիրոյ եւ գթութեան օրեր։

Փոքրիկ օգնութիւն կամ այցելութիւն կարիքաւորին՝ կրնայ դառնալ իսկական տօն անոր համար։

Աղքատին օգնելը բարեգործութիւն չէ միայն, այլ մարդասիրական պարտաւորութիւն։ Եթէ ամէն տօն փոխենք հոգեւոր վերածնունդի եւ պարգեւենք ժպիտ մը մենաւորին, ապա մեր տօնը իսկապէս կը դառնայ լոյսի եւ սիրոյ տօն։

Վերջին տարիներուն անորոշ տնտեսական պայմանները եւ ապրուստի բեռը յաճախ կը խամրեցնեն այդ տօնական շուքը։

Շատերու համար տօները այլեւս չեն նշանակեր մանկութեան  ուրախ ու անհոգ օրեր․ անոնք կը դառնան մտահոգութեան եւ հաշուարկի օրեր։

Տօն է, բայց ուրախ չեն, դժուարութիւններն ու ծախսերը շատ են, իսկ տօնական սեղանը կը պահանջէ մեծ գումար եւ շատ ծնողներ կը զգան ներքին ճնշում՝ չուզելով որ իրենց երեխաները ընկճուին համեմատութիւններէն։

Այսպէս, տօնը, որ պէտք է միասնութեան խորհրդանիշ ըլլար, երբեմն կը դառնայ դժգոհութեան աղբիւր։

Մարդիկ կը փափաքին երջանիկ պահեր, բայց մտահոգութիւնները կը ծանրանան։

Այնուամենայնիւ, շատեր կը ջանան պահել տօնին բուն խորութիւնը՝ ոչ թէ ճոխ սեղաններով, այլ ներկայութեամբ եւ հոգատարութեամբ։ Մէկ  բաժակ թէյ, պարզ մոմ մը, գրկախառնութիւն մը երբեմն աւելի մեծ արժէք կ’ունենայ քան ամենաթանկ նուէրը։

Տօնին իրական իմաստը հոն է, ուր մարդը կը զգայ խաղաղութիւն իր մօտիկներուն ներկայութեամբ։

Հաւանաբար ժամանակն է վերաիմաստաւորելու տօները՝ զանոնք դարձնելով ոչ թէ ցուցադրութիւն, այլ խոնարհութեան, ներողամտութեան եւ հոգեւոր նորոգման պահ։

Փոքր քայլերը կը վերադարձնեն տօնին իրական շունչը՝ մարդասիրութիւնը եւ բարութիւնը։

Նեղ նիւթական պայմանները չեն կրնար խլել տօներուն իրական նպատակը՝ սէրը,երախտագիտութիւնը, հաւատքը եւ յոյսը։ Երբ սիրտերը բաց են, նոյնիսկ խաւարը կը լուսաւորուի։

Այսպէս կարելի է տօնը ապրիլ ոչ թէ ճոխութեան մէջ, այլ պարզութեան՝ ուր ամէն ժպիտ եւ շնորհակալ խօսք կը դառնայ անգին նուէր։

Share63Tweet39
Previous Post

Հաճըն – Ընդհանուր Ակնարկներ [Բացառիկ 2026]

Next Post

Ստուերի Մէջ Ծլած Ծաղիկներ

Next Post
Ստուերի Մէջ Ծլած Ծաղիկներ

Ստուերի Մէջ Ծլած Ծաղիկներ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.