8 Փետրուար 1914-ին Օսմանեան կայսրութիւնը պարտադրուած էր հայկական բարենորոգումներու որոշումով, Գահիրէի մէջ ՀԲԸՄիութեան Կեդրոնական Վարչական ժողովը կը պաշտօնակոչէ գիւղատնտես Ղազար Բօլատը, որ մեկնի Կիլիկիա եւ ուսումնասիրէ Չորք Մարզպանի, Մարաշի, Զէյթիունի եւ Հաճընի ու շրջակայ հայութեան կրթական-տնտեսական եւ ընկերային վիճակը ու բարելաւման ծրագրեր ներկայացնէ Վարչութեան:
Բօլատ 14 Մայիս 1914-ին կը հասնի Չորք Մարզպան, իսկ Օգոստոսի սկիզբը՝ Հաճըն:
Իր առաքելութեան աւարտին ան ընդարձակ տեղեկագիր մը կը ներկայացնէ ՀԲԸՄ վարչութեան, Գահիրէ:
Ստորեւ կը հրատարակենք անտիպ այդ տեղեկագրին Հաճընի վերաբերող բաժինը, որ թերեւս վերջին նախաեղեռնեան քննական տեղեկագիրն է Հաճընի մասին:
Ա.
Պինպուղու լեռնապարի հարաւարեւելեան կողմէն երկարող Մատէն-տաղի յարակից Չամլըկ լեռան ստորոտը հաստատուած ձորանիստ գիւղաքաղաք մ’է Հաճըն, որ չորս կողմէն բարձրակատար լեռներով շրջապատուած, խորանիստ գուբի մը կը նմանի:
Ձորը՝ ծովի մակերեւոյթէն 1080 մեթր բարձր կը գտնուի, եւ գիւղաքաղաքին վերջացած տեղը 1200 մեթր կը հաշւուի: Իսկ իր գագաթին վրայ բարձրացող լեռներու ամենաբարձր կատարը՝ մինչեւ 2300 մեթր:
Լեռնավայրի ուրիշ գիւղերու պէս Հաճըն ալ ապառաժներու մէջ շինուած է ամփիթատրոնի ձեւով, ձորէն մինչեւ վեր տուները իրարու վրայ՝ խիտ առ խիտ:
Հաճըն թէեւ ծովէն 1200 մեթր բարձր կը գտնուի, բայց իր ձորանիստ դիրքին շնորհիւ բարեխառն կլիմայ մ’ունի: Ձորը կ’երկարի հիւսիւսէն հարաւ ուղղութեամբ, որուն արեւելեան եւ արեւմտեան զառիվարներուն վրայ տնկած են այգի եւ պարտէզ:
Հաճընի բնակչութիւնը կը հաշւուի 2000 տուն, որոնց 1700-ը՝ հայ-ուղղափառ, 200-ը՝ հայ-բողոքական, 50-ը՝ հայ կաթոլիկ, եւ 50-ն ալ՝ թուրք:
Հայ ուղղափառները ունին քաղաքին ճիշդ դիմացը, ձորին միւս եզերքին զառիվարին վրայ կառուցուած Սբ. Յակոբ անուն վանք մը, որ վերջին կոտորածին ատեն, թուրք խուժանը թալանի տալէ վերջ այրած ու քանդած է: Թէեւ վերջը կրկին նորոգած են հայերը հանգանակութեամբ եւ նուիրատուութեամբ, որ այսօր կը ծառայէ իբր որբանոց:
Վանքէն 10 վարկեան դէպի հարաւ կը գտնուի կառավարական զօրանոցը:
Նշանաւոր է գլխաւորապէս գիւղաքաղաքին մէջ գտնուած Սբ. Աստուածածին եկեղեցին, իր բերդաշէն կերտուածքով եւ հնութիւնով, որուն շինութիւնը կը վերագրուի իշխանազուն Թորոսի:
Նշանաւոր է նաեւ իր… ժամկոչով որ 700 տարիներէ իվեր որդոց որդի ժառանգական դարձած է:
Ներկայիս, տեղւոյն առաջնորդ Գեր. Պ[ետրոս] եպիսկոպոսի ջանքերով եւ հաճընցիին անձնուէր աջակցութեամբ եւ նուիրուածութեամբ նոր կառուցուող քառայարկ աղջկանց վարժարանն ալ նշանակութեան արժանի կը նկատուի, եւ մանաւանդ հաճընցիին պատիւ բերող, որ իգական սեռի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը ըմբռնելով, իր բերնին պատառէն ինքզինքը զրկած եւ այդ վարժարանի շինութեան նուիրած է:
Քաղաքին մէջ մէկ քանի տեղեր աղբիւրներ ունին, որոնցմէ կը հոգան իրենց առտնին պէտքերը:
Հաճընցիներէն ոմանք թէեւ շրջակայ լեռներուն մէջ արտ եւ ագարակներ ունին, բայց անապահովութեան պատճառաւ չեն կրնար շահագործել:
Լեռները ծածկող ծառերու մասին ինչ որ գրած ենք Զէյթուն գաւառակի վրայ խօսած ատեննիս, կը պատկանի նաեւ Հաճնոյ լեռներուն:
Նոյնպէս եւ շերամաբուծութիւն, մեղուաբուծութիւն եւ անասնապահութիւն միեւնոյն անշահաբեր պայմաններուն մէջ կը գտնուին:
Իբրեւ արհեստ եւ ճարտարարուեստ, Զէյթունի պէս կը գտնուին հետեւեալները:
Խաղախորդութիւն.– կօշկակարութիւն, համետագործութիւն, դարբնութիւն, ատաղձագործութիւն եւ ոստայնանկութիւն:
Առանց երկար բացատրութեանց մէջ մտնելու, ըսենք անմիջապէս, որ այստեղի արհեստագործութիւնն ալ Զէյթունի արհեստագործութեան վիճակակից է. հետեւաբար ինչ միջոցներ որ առաջարկած ենք անոնց բարգաւաճումին համար Զէյթունի վրայ խօսած ատեննիս, պէտք է ընդունիլ միեւնոյն կերպով, քիչ շատ տարբերութեամբ թերեւս Հաճնոյ համար:
Ասոնցմէ զատ, Արեւելեան գորգի ընկերութիւնը հոս ալ մասնաճիւղ մը հիմնած է, որ 100-է աւելի տեզկեահներու վրայ մօտ 600 աղջիկներ կ’աշխատցնէ:
Մանուսայի գործարան.- Չորսուկէս տարիէ իվեր է որ այս գործարանը հիմնուած է պետական դրամագլուխով, եւ տեսչութիւնը յանձնուած է ամերիկացի միսիոնար Մր. Չեմպրսի, իսկ աշխատանոցին տնօրէնութիւնը՝ Մր. Իպիի:
Կառավարութիւնը 100 ոսկի դրամագլուխ դրած է, եւ ներածուած գործիքները եւ նախնական նիւթերն ալ բացառիկ կերպով մաքսէ զերծ կացուցած է:
Մանածը ուղղակի Հնդկաստանէն կու գայ, ինչպէս ըսինք, մաքսէ զերծ է: Իւրաքանչիւր ծրարը 10 լիպրա կը կշռէ եւ մինչեւ Հաճըն 42-48 ղրշ.ի (ողջ դրամ) կ’արժէ ծախսերով:
Ներկելու համար իւրաքանչիւր ծրարին կը ծախսեն 4-էն 8 ղրշ., գոյնին համեմատ:
Գործարանը ունի վարպետ մը, որ միեւնոյն ատեն թէեւ ներկարար է, բայց կարմիրը եւ մանիշագոյնը Մարաշ ներկել կու տան, կապոյտը Հաճընի մէջ, մնացեալ գոյները՝ աշխատանոցին մէջ:
Կ’աշխատցնեն գլխաւորաբար դէպքէն այրի մնացած կիներ, 50-80-ի չափ: Այսինքն գործաւորուհիները երբեմն կը քիչնան, երբեմն կը շատնան:
Տարեկան 5-600 ոսկիի մանուսա կ’արտադրուի եւ գրեթէ ամբողջովին տեղւոյն վրայ կը սպառի:
Բոլոր այս առաւելութիւններով հանդերձ, դժբախտաբար մանուսայի գործարանը գրեթէ շահ չ’արտադրեր եւ չի կրնար յառաջդիմել, մինչդեռ Մարաշի մէջ, Միս Սամընդի ձեռակերտարանները օր ըստ օրէ կը յառաջդիմեն եւ բարգաւաճ վիճակի մը մէջ կը գտնուին:
Ի հարկէ զարմանալի եւ միանգամայն ցաւալի պարագայ մ’է այս, որ իսկոյն աչքի կը զարնէ:
Հ.Բ.Ը. Միութեան եւ Պոլսոյ աշխատանքի տան կողմէ կէս առ կէս դրամագլուխով հաստատուած է նաեւ Հաճընի մէջ Զարիֆիէի ձեռագործը, ուրկէ տարեկան 200 ոսկիի մօտ ապրանք կը պատրաստուի եւ կ’արտածուի. Բայց դժբախտաբար սպառումը շատ քիչ ըլլալուն, շինուած գործերէն շատը կը մնան տակաւին ձեռքերնին:
Թէեւ ժամանակին Հ.Բ.Ը.Միութեան թելադրուած է ճիճիմի աշխատանոց մը բանալ Հաճընի մէջ, եւ այդ նպատակաւ ալ 100 ոսկի ղրկուած է, բայց ինչ-ինչ պատճառներով կարելի չէ եղած հիմնել այդ աշխատանոցը, որուն համար կ’ըսուի թէ շահաբեր գործ մը կը դառնայ Հաճընի համար:
Մեր Հաճըն գտնուած միջոցին, փափաքեցանք ուսումնասիրել յատկապէս ճիճիմի գործը, եւ յարմար միջոցները գտնել զայն երկրին մէջ մտցնելու համար:
Բայց դժբախտաբար բոլոր մանրազնին հետազօտութիւնները, որ կատարեցինք այս մասին, ժխտական եւ հակասական արդիւնք մը յառաջ բերին:
Ճիճիմի կապերտը (քիւրտ քիլիմի) իր մեծութեան համեմատ 8-12 քաշ կը կշռէ, արդ՝ մէկ քաշ ներկուած բուրդը մէկ մեճիտ կ’արժէ, ուրեմն 12 քաշ կշռող ճիճիմի մը վրայ հաշուելով, միայն բուրդի պէտք է վճարեն 12 մեճիտ:
Այսպիսի ճիճիմ մը կը ծախուի 15-16 մեճիտ, երբեմն, բացառիկ պարագաներու մէջ մինչեւ 20 մեճիտ:
Այս քիլիմին լայնքը կ’ըլլայ 3,5 կանգուն, իսկ երկայնութիւնը՝ երբեմն 6, երբեմն ալ 6,5 կանգուն:
Այս ճիճիմը գիւղերուն մէջ քիւրտ կիները կը գործեն ձմեռ ատեն, երբ ուրիշ աշխատութիւն չունին, եւ վերոյիշեալ չափով քիլիմ մը կը հանեն 20-25 օրուան մէջ:
Եթէ այս գործին համար աշխատանոց հիմնուի, մանաւանդ պզտիկ դրամագլուխներով, այն ատեն իւրաքանչիւր կապերտի վրայ գոնէ 5 մեճիտ ծախք պիտի աւելնայ իբրեւ գործաւորողչէք եւ աշխատանոցի, հսկողի եւ այլնի վարձք:
Հետեւաբար այս գործը աշխատանոցի ձեւով ապարդիւն ձեռնարկ մը կ’ըլլայ, որ քիչ ատենուան մէջ դրուած դրամագլուխը ամբողջովին կը սպառէ:
Իսկ եթէ քիւրտ կանանց դրութիւնով անհատական գործ ըլլայ, առանց դուրսէն գործաւորուհի աշխատցնելու, այն ատեն բաւական օրական ձգող գործ մը կ’ըլլայ:
Գորգագործութիւնը արդէն քանի մը ճիւղեր ունի, որոնք կարելի է Հաճընի մէջ հետզհետէ յառաջ տանիլ, նոյնիսկ աղջկանց վարժարանին մէջ հաստատելով:
Հաճընի մէջ Կարապետ Թոփճեան անուն երիտասարդ մը տեսայ, որ այնթապցի աղջկայ մը հետ ամուսնացած է: Այս վերջինը կանացի ձեռագործներու մասնագէտ ըլլալով արդէն, Արեւելեան գորգերու ընկերութեան աշխատանոցներն աշխատելով, գորգագործութեան արհեստն ալ իւրացուցած է, եւ այժմ իր տանը մէջ քանի մը տեզկեահներ կը բանեցնէ:
Ձեռներէցութեան խիստ ցայտուն օրինակ մը, որ մինչեւ իսկ շնորհաւորութեան արժանի է:
Իսկ ամուսինը, մարաշցի ներկարարէ մը բուրդ, մետաքս եւ այլն ներկելու արհեստը սորված է 5 ոսկի վճարելով, եւ բոլոր իրենց գործին պէտք եղած թելերը ինք կը ներկէ:
Աշխատանոցնին հաստատած են իրենց տան մէջ, եւ կ’աշխատցնեն 5-10 աղջիկներ:
Կը պատրաստեն գլխաւորաբար միջին մեծութեամբ եւ փոքր գորգեր: Այսինքն՝ առհասարակ 3,5 կանգուն լայնք եւ 5,5 կանգուն երկայնութեան վրայ, երբեմն աւելի մեծ ալ, իսկ շատ անգամներ՝ պզտիկ գորգեր:
Անցողակի ըսենք, որ վերոյիշեալ չափերով գորգերու մէջ տեզկեահը 1 ոսկի ծախքով կը շինուի, իսկ փոքրերունը համեմատաբար ալ աւելի աժան, 40, 50, 60 ղրշ.ով:
Արդ՝ 3,5X5,5 գորգ մը, երկու վարպետ աղջիկ 1,5 ամիսէն կը հանեն, իսկ սովորական գործաւորուհիներ՝ 2 ամիսէն: Կ’աշխատին գործ գլուխ հետեւեալ կերպով:
100 խեղդ-կապը (իլմէկ)՝ 1 փարա կը հաշուեն:
Վերի չափերով գորգին մէկ կարգը՝ լայնքին վրայ, մօտ 600 խեղդ-կապ կը պարունակէ, որով մէկ կարգին համար կը ստանան 6 փարա ընթացիկ (ոսկին 127,5 ղրշ.ի հաշուով):
Իւրաքանչիւր գործաւորուհի, իր կարողութեան համեմատ, օրական 10 կարգէն մինչեւ 20 կարգ կրնայ բանիլ, որով օրական ալ 60 փարայէն մինչեւ 3 ղրուշ կրնայ շահիլ:
Կան գործաւորուհիներ, որոնք բացառաբար քիչ մ’աւելի կրնան շահիլ, եւ իրենց օրականը 4-5 ղրուշի կու գայ:
Իբրեւ ծախք, 10 քաշ ներկուած բուրդ կ’երթայ, որով 10 մեճիտ բուրդի, 5 մեճիտ առէջքներուն համար բամպակէ թել, 5-6 մեճիտ ալ գործաւորողչէք, ընդամէնը 20–25 մեճիտ:
Այսպիսի գորգ մը Ատանայի մէջ կը ծախուի,- կ’ըսէ պրն. Թօփճեան,- 10–12 ոսկիի, որ տարին մէկ երկու անգամ այդ կողմերը ճամբորդելով, իրենց շինած գորգերը կը ծախէ:
Այս միեւնոյն գորգը փոխանակ բուրդով բանելու, մետաքսով բանուի, թէ աւելի գեղեցիկ, նուրբ կ’ըլլայ, եւ թէ համեմատաբար շատ աւելի սուղ կը ծախուի:
Ծախքին տարբերութիւնը 5-6 մեճիտ է, մինչդեռ գորգը կը ծախուի այն ատեն 16-20 ոսկիի:
Մետաքսէ գորգերը Եւրոպայի մէջ շատ կը ծախուի կ’ըսեն, ուր միւսներէն աւելի յարգի է:
Բացի գորգի տեզկեահներէն, այս տանը մէջ տեսայ ուրիշ քանի մը փոքր տեզկեահներ, որոնց վրայ կը բանին փոքր տարածութեամբ սետճատէներ, խուրճ, եւն.:
Խուրճը ահագին սպառում ունի այս երկրին մէջ, եւ առհասարակ Թուրքիոյ ամէն կողմերը:
Տարբեր մեծութիւններով կը շինեն խուրճը, եւ իր մեծութեան եւ տեսակին համեմատ 5, 6 եւ մինչեւ 8 մեճիտ կը ծախուի հատը:
Աղջիկ մը առ առաւելն 8-10 օրէն կը հանէ խուրճ մը, եւ այս կարգի գործերէն շատ աւելի շահաւոր կը նկատուի այս գործը:
Եթէ այս մանր գործերը կարելի ըլլայ տուներուն մէջ տարածել եւ անհատական գործ դարձնել, իւրաքանչիւր գործաւորուհի գոնէ 8-10 ղրուշ կրնայ շահիլ փոխանակ 2, 3 կամ 4 ղրուշի:
Այս խուրճին պէս տակաւին ուրիշ մանր մունր առարկաներ կան՝ ձիու կազմածներ եւն., եւ ինչպէս վերը ըսինք, եթէ վարժարաններու ծրագրին մէջ բարեշրջումը յառաջ բերուի, մասնաւորապէս գործի մարդիկ հասցնելու նպատակաւ, եւ այդ ուղղութեամբ աղջկանց վարժարանին մէջ ոստայնանկութեան եւ գորգագործութեան այս փոքր ճիւղերը հաստատուին, հետզհետէ կը տարածուին, եւ բնակչութեան համար նախախնամական ձեռնարկներ կը դառնան:
Բայց երեք դժուարութիւններ կան այս գործերը ընդհանրացնելու համար այս կողմերը:
Ա) Դրամագլուխ, բ) Հաճընի հրապարակին վրայ ներկուած բուրդ եւ մետաքս չգտնուիլը, Գ) Սպառման աղբիւրներ կամ դիւրութիւններ, տրուած ըլլալով որ ամէն ոք Ատանա չի կրնար երթալ իր ապրանքները ծախելու:
Առաջին պայմանը կարելի է լրացնել, եթէ Հ.Բ.Ը.Միութեան յայտարարութեան համաձայն հայկական դրամատուն հիմնուի, ուրկէ փոխառութիւն ըլլայ, անշուշտ Հ.Բ.Ը.Միութեան միջոցաւ:
Երկրորդ եւ երրորդ պայմանները լրացնելու համար, հարկ է տեղացիներէն համագործակցական ընկերութիւններ կազմել, որոնք, իրենց ապրանքները ծախելու միջոցներ կը ստեղծեն, մանաւանդ եթէ Հ.Բ.Ը.Միութեան կողմէ բարոյական աջակցութիւն շնորհուի, Եւրոպայի, Պոլսոյ եւ այլ հրապարակներու վրայ ներմուծելու համար:
Այս գործին մէջ գլխաւոր տեղ կը բռնէ նաեւ բուրդը գզելու գործողութիւնը, որ ներկայիս ձեռքով կը կատարեն ահագին դժուարութիւններով, այնպէս որ բուրդի գինին վրայ մեծապէս կ’ազդէ:
Կարծեմ թէ դէպքէն վերջ Այրիախնամի յանձնաժողովին կողմէ բուրդ գզելու մեքենայ մը ղրկուած է հոս, ի հարկէ մեր ակնարկած անպատեհութիւնները դիւրացնելու համար: Բայց դժբախտաբար, մեքենան բանեցնելու վարժ մէկը չգտնուելուն, այդպէս երեսի վրայ մնացած է փոշիներուն մէջ:
Պարագաներու բերմամբ առիթը չունեցայ երթալ տեսնելու, գուցէ կարողանայի գործածութեան վիճակի մէջ դնելով զայն, օգտակար դարձնէի տեղացիներուն:
Կեսարիոյ մէջ, ուր գրեթէ գորգագործութիւնը տարածուած է, եւ շատ մը տուներու մէջ իբրեւ անհատական զբաղում դարձած է, բուրդ գզելու մեքենաներ կան, հետեւաբար եւ զանոնք բանեցնելու կարող վարպետներ: Կարելի է ներկայիս անոնցմէ մէկը բերել մէկքանի ոսկի զոհելով, եւ սորվեցնել տեղացիներէն մէկքանի հոգիներու:
Բուրդ մանելը այժմ, բոլոր շրջականերու մէջ կատարուածին պէս, հոս ալ պառաւ կիները իրենց մատմանով կը մանեն, որ որոշ չափերով գոհացուցիչ կրնայ նկատուիլ առայժմ, եթէ գզելու գործողութիւնը դիւրացնելու միջոցները ձեռք առնուին:
Եւ եթէ հաճընցին լաւ ըմբռնէ թէ անհատական շահերը ալ աւելի կ’ապահովուին հանրային կամ հասարակաց ձեռնարկներով, թէ իրարու դէմ նախանձելէ աւելի, իրարու մօտ գալով, համագործակցականներ կազմեն, այն ատեն իրենց համայնքն ալ թշուառութենէ կ’ազատի:
Արտաքին նպաստները, ինչ որ ըլլան անոնց կարեւորութիւնը, ողորմութեան ձեւին տակ թէ անբարոյացուցիչ են, թէ նուաստացուցիչ, եւ թէ իրենց ազդեցութիւնը շատ վաղանցուկ:
Յաջողութիւնը, յառաջդիմութիւնը եւ տնտեսական վիճակի բարգաւաճումը փնտռուելու են հաւատքով կատարուած անհատական աշխատութեան մէջ, համագործակցական կազմակերպութեան հովանիին տակ:
Որովհետեւ Հաճըն գտնուած պահուս էր որ ընդհանուր զօրահանութեան հրաման եկած էր, հետեւաբար անկարելի եղաւ աւելի ընդարձակ ուսումնասիրութիւններ կատարել:
Չմոռնանք սակայն ըսելու թէ Մարաշի բաժնին մէջ վարդամշակութեան վրայ խօսած ատեննիս յիշած էինք, որ Արեւելեան գորգերու ընկերութեան Հաճընի մասնաճիւղի տնօրէն Յովհաննէս Էֆ. թելադրութիւններ կ’ընէ հոս ալ վարդի մշակութիւնը տարածելու, որու խորհուրդին հետեւելով մէկքանի անձեր սկսած են արդէն վարդ տնկել:
Այնպէս կը կարծենք, թէ վարդի մշակութիւնը այս կողմերը քիչ ատենուան մէջ պիտի տարածուի եւ շահաբեր զբաղում մը դառնայ, եթէ սկզբնաւորութեան մէջ Հ.Բ.Ը.Միութիւնը քաջալերէ այս գործը, մեր առաջարկած միջոցներով:
Թերեւս աւելորդ չըլլայ ըսել, թէ Հաճըն, շատ բազմամարդ ըլլալով, – արդէն բազմածին ալ են,- մէկ ընտանիքի մէջ 12-15 անդամներ տեսնել սովորական է հոս – օգտակար կ’ըլլայ շատ մը տեսակէտներով, կարեւոր գաղթականութիւն մը հանել իրմէ, յարմարագոյն առիթով, շրջակայ գիւղերուն մէջ, ինչպէս Շար-տէրէի մօտ, կամ Ռումլուի, բոլոր գիւղի շրջակաները հողեր գնելով, այնտեղերը հաստատել:
Ըսինք արդէն, որ խաղախորդութեան եւ ուրիշ արհեստներու մասին, ինչ որ առաջարկած ենք Զէյթունի համար, միեւնոյնը նաեւ պէտք է գործադրել հոս ալ, ինչպէս եւ անասնապահութիւն, ծառամշակութիւն եւ այլն, եւ այլն:
Հաճընի ձորին երկայնութեան, Սիս երթալու ճամբուն վրայ զառիվարերը մեծ քանակութեամբ ձիթենիներ կը գտնուին, որոնք մշակումի կը կարօտին արդիւնք տալու համար:
***
Հաճընի բարեկեցիկներէն տիար Տումանեան անուն անձը, որ բաւական ընդարձակ հողեր ունի, գլխաւորապէս Գարս-պազարի կողմերը, իւր զաւակներէն մին Պոլսոյ Հալգալիի հողագործական վարժարանը ղրկած է, որ յաւարտ շրջանին, իր ամբարած գիտական պաշարներով հօրը խիստ կարեւոր աջակից մը պիտի դառնայ, ինչ որ գովելի հեռատեսութիւն մ’է, եւ տիար Թ. Տումանեանի գործի մարդու յատկութիւնը երեւան կը բերէ:
Իրեն հետ տեսնուած ատենս հետեւեալ խիստ կարեւոր առաջարկութիւնը ըրած է ինձ, որ յիշատակութեան ձեւով կը ներկայացնեմ Հ.Բ.Ը.Միութեան Կեդրոնական վարչութեան պատկառելի Ժողովիդ:
Գարս-պազարի մօտերը ընդարձակ ճախճախուտք մը կը գտնուի 60.000 արտավար տարածութենէն աւելի: Երկու տարի առաջ մէկքանի անձանց հետ ընկերութիւն մը կազմելով, ընդամէնը 12 հոգի, հայ եւ թուրք խառն, կառավարութենէն մենաշնորհ ստացած են այդ ճախճախուտքը չորցնելու եւ մշակութեան դնելու համար:
Պաղտատի երկաթուղիի ճարտարագէտներէն գերման ճարտարագէտի մը խորհուրդներուն դիմելով, այդ մասին իր կարծիքը հարցուցած են, որ տեղւոյն վրայ ուսումնասիրութիւններ կատարելով, պատրաստած է ճախճախուտքին քարտէսը՝ տեղագրական եւ հարթաչափական, եւ չորցնելով մշակութեան դնելու մասին ալ ընդարձակ տեղեկագիր մը տուած է:
Հիմնուելով այդ տեղեկագրին վրայ, ամբողջ գործողութիւնները կ’աւարտին 5,000 ոսկի ծախքով մը, որուն մօտաւորապէս 2,000 ոսկին – ըստ տիար Տումանեանի յայտարարութեան – կարելի է ձեռք բերել մէջը գտնուած ծառերը եւ ձուկերը ծախելով:
Արդ, պրն. Տումանեան կ’ըսէ, որ եթէ Հ.Բ.Ը.Միութիւնը ինք ստանձնէ, հարկ եղած դրամագլուխը դնելով ճախճախուտքը չորցնել, կը խոստանան տարածութեան կէսը, 30.000 արտավարը նուիրել Միութեան:
Այդ կողմերը սովորաբար մէկ արտավար հող 5 ոսկի կ’արժէ առնուազն, եւ այսպիսի կոյս հող մը բնական է որ շատ աւելի արժէ, բայց նոյնիսկ արտավարը 2 ոսկի ենթադրելով, 60.000 ոսկիի շահ մը ձեռք բերած կ’ըլլայ Միութիւնը, ուր կարելի է մէկքանի գիւղեր հաստատել:
Ըսի արդէն պրն. Տումանեանին, որ այդպիսի շահադիտական ձեռնարկներ Հ.Բ.Ը.Միութեան ծրագրէն դուրս կ’իյնան, բայց կարելի է տարբեր միջոցներով ընդգրկել գործը, եթէ, տրուած տեղեկագիրը ուսումնասիրելով, գործնական ձեռնարկ մը նկատուի:
Հետեւաբար օգտակար դատեցի յիշատակութեան համար անցողակի արձանագրել սոյն պարագան եւ Կեդրոնական վարչութեան պատկառելի Ժողովիդ ուշադրութեան յանձնել:
![Հաճըն – Ընդհանուր Ակնարկներ [Բացառիկ 2026]](https://araraddaily.com/wp-content/uploads/2026/01/Screenshot-2026-01-14-113033-1.jpg)
![Տօնական Մթնոլորտ Եւ Կեանքի Դժուարութիւններ [Բացառիկ 2026]](https://araraddaily.com/wp-content/uploads/2026/01/zarmine-75x75.jpg)