Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Եագուպիէ. Ապրուած Օրերու Յուշեր Սուրբ Հռիփսիմէ Եկեղեցի [Բացառիկ 2026]

Փրոֆ․ Արա Սայեղ

January 15, 2026
in Յօդուածներ
0
Եագուպիէ. Ապրուած Օրերու Յուշեր  Սուրբ Հռիփսիմէ Եկեղեցի [Բացառիկ 2026]

Եագուպիէի սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցին կառուցուած է 1954-ին, հալէպահայ Յովհաննէս Տապպաղի (1889-1989) բարերարութեամբ։ Հայ առաքելական սուրբ Հռիփսիմէ  եռախորան եկեղեցին ունէր մէկ գմբէթ, մկրտութեան աւազան եւ աւանդական մեծ զանգով զանգակատուն։  Հիմնադրութեան օրէն կեդրոնի չորս սիւներով քառակուսաձեւ այս եկեղեցւոյ տախտակեայ երեք խորանները բաւական բարձր էին եկեղեցւոյ ընդարձակ ատեանէն: Կեդրոնական տախտակեայ խորանին վրայ կը գտնուէր երկնազուարթ ու գերիշխող հզօրութիւն սփռող  կարմիր ծաղկեթագով Աստուածամօր եւ մանկացած փրկիչը գիրկը նստած նկարը, որ  երկնային փառահեղ տիրակալութիւն մը ունէր եկեղեցւոյ հարաւային միակ մայր մուտքէն եկեղեցի մտնողին համար:

Աջ կողմի խորանին վրայ սուրբ Հռիփսիմէի նկարն էր, խաղաղութեան կանաչ ձիթաճիւղը ձեռքին՝ քաղցրահոս հանդարտութիւն մը կ’ընծայէր, իսկ ձախ խորանին վրայ խաչափայտին վրայ –  հոգեվարքի պահուն –  խաչեալ Քրիստոսի նկարը խորիմաստ պատգամ մը կու տար, մեզ կը խոնարհեցնէր փրկագործութեան իր երկնային խորհուրդով։ Որքան հետաքրքուած էի այդ գեղանկարներով, արուեստագէտ գեղանկարիչին մասին տեղեկութիւններով, միշտ ալ տպաւորութիւնը ունեցած էի, որ կը պատկանին նոյն հոգեշունչ արուեստագէտի վրձինին, որ այնքան երկնախորհուրդ ու բարեճաշակ գեղարուեստի եզական նմոյշներ ստեղծագործած էր։ Կը մտածեմ. Սուրիոյ տագնապէն ետք, խորաններու ինքնայատուկ այդ նկարները ո՞ւր մնացին, ի՞նչ եղաւ անոնց ճակատագիրը, արձանագրութիւններ չեն պահպանուած Եագուպիէի ազգապատկան երկու եկեղեցիներու գեղարուեստական նկարներու մասին:

Այդ նկարները այսօր չկան, բայց անոնց յիշատակարժան ներգործութիւնը զիս միշտ տպաւորած ու խրախուսած էր։ Պահ մը կը մտաբերեմ նաեւ, որ հաւանաբար եկեղեցւոյ բարերարը պատուիրած ըլլար զանոնք, երեքն ալ արծաթեայ պաճուճազարդ նոյնանման շրջանակները ունէին։

Եկեղեցւոյ մուտքին վերի մասը հաստատուած դեղին մարմարին վրայ կը կարդայինք՝ «Է – Շինեցաւ Ս․ Հռիփսիմէ եկեղեցիս եւ զգմբէթս ի Եագուպիէ Յամի Տեառն 1954 Ծախիւք բարերար Տիար Յովհաննէս Ստ․ (Ստեփան – ԱՍ) Տապպաղեանի, Սղերդցի՝ ծնեալ Հալէպ․ Ի Հայրապետութիւն Ամենայն Հայոց Ս․ Էջմիածնայ Տ․Տ․ Գէորգ Զ. (Չորեքչեան – ԱՍ) կաթողիկոսի։ Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի»։

 

Բարերար Յովհաննէս Տապպաղ

Եագուպիէի մէջ Յովհաննէս Տապպաղ ընտանիքի առանձնատունը արաբական բակով մեր տունին դիմաց էր: Այդ դրացնութիւնը առիթ մը ընծայած էր  բարեկամութիւն մը հաստատելու, յաճախ հանդիպելու, զրուցելու դժուարահաւան եւ յատուկ խառնուածքի տէր, բազմիցս իր սղերդցի արմատները յիշող ու յիշեցնող բարերարին հետ։ Միշտ իր մեծապատուութիւնը, եկեղեցւոյ տէրն ու տիրակալը ըլլալու, վերակայութիւնը յիշեցնելու պարտադրող մօտեցում մը ունէր: Հայ գաղափարական որեւէ հոսանքի, քաղաքական խմբաւորումի չէր պատկաներ, կը հաւատար, որ բոլորն  ալ շահախնդիր անձերէ կազմուած խմբաւորումներ են, իրար դէմ լարուած ժամանակավրէպ խմբակներ են։ «Մեր հիմնական հայրենիքը Հայաստանն է, հոն պէտք է կեդրոնացնել մեր նիւթեղէն աւանդը, մշակոյթի ժառանգութիւնը․․․», այս գիտակցութեամբ գործող բարերարը չէր տատամսած իր բազմարժէք մշակութային եւ պատմական հաւաքածոյէն, սրբագործ մասունքներէն, զանազան իրերէն Հայաստան ու Էջմիածին փոխադրելու, հայրենիքին նուիրելու։ Յատուկ երեւոյթ մըն էր Յ․ Տապպաղը, որուն իրագործումներուն մասին կարելի է լայնօրէն ընդարձակուիլ, վկայել ու մեկնել։

Հեղինակաւոր գործարարի խստապահանջ նկարագիրը յաճախ անհամաձայնութիւններու կը հանգէր, անհամութիւններու դուռ կը բանար իր եւ գիւղի օրուայ թաղական խորհուրդին հետ, անհասկացողութիւնները ժխտական անդրադարձ կ’ունենային  գիւղին մէջ։ Պատահած է, երբ բարերարը խիստ նեղացած ըլլայ թաղականներէն, եկեղեցւոյ դուռը կղպելով բանալին երկար ժամանակ պահած է իր քով։ Անդամները ստիպուած կոտրած են կղպանքը եւ եկեղեցին բացած են  հաւատացեալներուն: Նման անհամութիւններ կը պատմէին գիւղի տարեցները, որոնք զգոյշ ու մերժողական կեցուածք ունենալով հանդերձ վերապահ ակնածանք մը ունէին բարերարին հանդէպ:

Ապրիլ 1963-ին, երբ Եագուպիէի մէջ հայ եւ լատին արիւնակից համայնքներու միջեւ հարց մը տեղի ունեցաւ, գիւղի լատիններու կողմէ՝ կեղծ բողոքներու պատճառով, 8 եագուպիէցի հայ երիտասարդներ մէկ շաբաթ բանտարկուեցան Ճսըր գիւղաքաղաքի բանտին մէջ, անոնց մէջ էր նաեւ Աբրահամ Երէցեանը։ Այդ տղաքը, երբ բանտէն դուրս ելլան, Յովհաննէս Տապպաղ  ի պատիւ հայ տղոց  — բարի վերադարձի ուրախ առիթով — ճաշի սեղան մը սարքած է:

Գրութեանս մէջ տեղ գտած այս վկայութիւնը քաղած եմ պրն․ Աբրահամ Երէցեանէն, որուն համար երախտապարտ եմ։ Պարտք է յիշել, որ եագուպիէցի պրն․ Արբահամ Երէցեան երկար տարիներու տեսուչ եղած է Հալէպի ՀԲԸՄ Լազար Նաճարեան երկրորդական դպրոցին մէջ (1974- 2012), նոյնպէս եղած է Եագուպիէի հայրենակցական միութեան անդամներէն, ապա վարած է այդ միութեան ատենապետութիւնը (1981-2023), իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է Եագուպիէ գիւղը հայկականացնելու դժուարին գործին մէջ:

Յովհաննէս Տապպաղ քաջ իմանալով, որ հոգեւոր կառոյց մը երկարաժամկէտ հեռանկարով կ՛իմաստաւորուի, իր բարերարութեամբ կառուցած էր Ս․ Հռիփսիմէ եկեղեցին, որ ոչ միայն այդ գիւղի հայութեան, այլեւ Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ պատմական սուրբ Աննա եկեղեցիէն ետք միակ հայ եկեղեցին է: Եագուպիէ գիւղը հայկականացնելու բարեգործութիւնը  աւետաբեր շրջադարձ մը եղած էր,  ազգաշէն եւ շնորհագործ նուէր մը այդ գիւղի հայութեան:

Յովհաննէս Տապպաղ իր սեփական կաշեգործարանը հիմնած էր Հալէպի Ալ- Ֆէյտ շրջանին մէջ (ապագային՝ Հալէպի մարզադաշտի կից) 1906 թուին, մինչեւ 1921 թուական այդ գործարանը միակն էր Սուրիոյ եւ նոյնիսկ դրացի Լիբանանի մէջ: Յ․ Տապպաղի կաշեգործարանի արտադրութիւնը բազմիցս արժանացած է միջազգային ցուցահանդէսներու մրցանակներու, գովասանագրերու, պատուոգիրերու։ Հպարտութիւն էր ինծի համար տեսնել,  ծանօթանալ  ու կարդալ այդ վկայագրերը: Անձնապանծ նկարագրով, երկարակեաց այս հայորդին արթնամտութեամբ կը յատկանշուէր, անոր մէջ  նշմարած էի յատուկ ու գօտեպնդիչ հեռատես տեսլական մը՝ ինչպէ՞ս պէտք է հայացնել ու զարգացնել Եագուպիէն։

Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ բարերար Յովհաննէս Տապպաղն ու իր տիկինը՝ Մարի Սերոբ Սիմիթեան (ծնեալ Սթանպուլ, 1898-1981), թաղուած էին նոյն եկեղեցւոյ արեւմտեան կողմի աջ ու ձախ անկիւններուն տակ ։

 

Քաղցր յուշեր

24–29 Նոյեմբեր 2003 թուին, Անթիլիաս մէջ միջեկեղեցական կազմաւորման Բ. սեմինարին մասնակցութեանս ընթացքին, պատիւը ունեցած էի Բերիոյ թեմի նախկին առաջնորդ (1957-1967), ատաբազարցի Ղեւոնդ արք. Չէպէեանի (2 Մայիս 1911 – 9 Մարտ 2006) բարեմիտ այդ հոգեւորականի հետ սեղանակիցը ըլլալու Կաթողիկոսարանի սեղանատան մէջ։

Բնական է, որ ծերունազարդ Սրբազանը զիս չյիշեց, բայց յիշեց հայրս՝ Ճորճը (1929-2009), որ Հալէպի Ս․ Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ եօթանասուն տարիներ (1936-2006) անընդմէջ հաւատարմութեամբ ծառայած էր որպէս սարկաւագ։ Ղեւոնդ Սրբազանը զիս մկրտած էր Հալէպի սուրբ Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Հօրս հրաւէրով Ղեւոնդ սրբազանը Հալէպի մեր տան ճաշի հիւրը եղած էր, շատ փոքր էի, բայց լաւ կը յիշեմ անոր բերկրալի ներկայութիւնը,  որ օրհնաբեր այցելութիւն մըն էր մեր ընտանիքին համար։

Չեմ գիտեր թէ որքանով ճիշդ էր Անթիլիասի սեղանատան մէջ ճաշի պահուն Ղեւոնդ սրբազանին ուղղած հարցումս. «Սրբազան հայր, ե՞րբ օծած էք Եագուպիէի սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցին»: Պահ մը այնքան զարմացած ինծի նայեցաւ ու հանդարտութեամբ մը պատասխանեց.  «Շատ դժուար հարցում մը տուիր․․․,– պահ մը մտմտալով ըսաւ,– քիչ մը սպասէ՛», ու հեռացաւ սեղանատունէն։ Կռահեցի, որ իր առանձնասենակը բարձրացաւ, իր յուշատետրէն ստուգելու կարիքը ունէր։ Քիչ ետք սրբազանը վերադարձաւ, պատառիկ թուղթ մը ձեռքին ու ինծի յանձնեց, հոն գրուած էր. «Օծեցինք Եագուպիէի Ս․ Հռիփսիմէ եկեղեցին Կիրակի 9 Յունիս 1963-ին», այդ պատառիկը յիշատակի մասունք մը, սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ օծման վկայագիր մը ըլլար կարծես ինծի համար, երկար տարիներ պահած էի զայն․․․։ Նոյն ժամանակ կը մտածէի ինչո՞ւ այդքան երկար տարիներու ընդմիջում մը կար եկեղեցւոյ շինարարական եւ կառուցումի աշխատանքներու աւարտին՝ 1954-էն մինչեւ եկեղեցւոյ օծման թուականը՝ 1963։

Ցորենի հասկի հատիկներու նման քաղցր յուշեր են, վկայագրելու, որ «Եագուպիէի սուրբ Հռիփսիմէ եւ սուրբ Աննա եկեղեցիներուն մէջ երկար տարիներ որպէս դպիր, իմ պճուր մասնակցութիւնս, ծառայութիւնս բերած եմ, սպասարկած եմ ըլլայ պատարագիչին, եկեղեցւոյ սուրբ խորանին եւ կամ դպրաց դասին հետ շարականներու երգեցողութեամբս։ Երկիւղածութեամբ լեցուն, հոգեբուխ վայելք էր Եագուպիէի ձիթաստաններու բլուրին վրայ սուրբ Աննայի մոգական թովչանքով ուխտատեղին, սուրբին տօնակատարութեան նուիրուած պատարագը, բազմահարիւր ուխտաւորներու մասնակցութեամբ, հոգեպարար երգեցողութեամբ, աղօթքներու, շարականներու, ճօճուող բուրվառներէն անուշաբոյր խունկի հետ քուլայ-քուլայ խորանէն դէպի երկինք բարձրացող խնկարկումները, հրաշագործ կամարներով հիւսած է հոգիս, անթարթ ուշադրութեամբ ու մշտաբուխ ուրախութեամբ, յաւերժասքանչ ապրումներով յափշտակուած էր էութիւնս» ։

«Ինչպէս չյիշել Եագուպիէի գիւղի մէջ ծառայած հոգեւորականները, որոնց հետ Եագուպիէի երկու եկեղեցիներուն մէջ Երկնաւորը փառաբանելու մասնակցութիւնս ունեցած եմ»: Ականատեսի վկայութեամբ կարելի է յիշատակել տքնաջան ու բոլորանուէր ուրֆացի Տէր Ներսէս քհնյ․ Թաթարեանը, որուն տարիներու ծառայութիւնը շարունակուեցաւ (1963-1975) եւ հետագային պարբերաբար ծառայութեան կոչուած իր այցելութիւններով: Ինչպէ՞ս մոռնալ անոր հիւրասէր երէցկինը՝ Մարիա Կիտրեանը, ապա Տէր Շահէ քհնյ․ Մասոյեանը (1922-2004)։ Անտրտունջ եւ ծառայասէր նկարագրով, երաժշտական եւ ծիսական բազում հմտութիւններով հարուստ վաղամեռիկ Տէր Եզնիկ քհնյ. Զղջանեանը (1967 – 14.03.2019)։ Եագուպիէցի տէր Բաբգէն քհնյ. Զենեանը (1926 – 2009)։ Հոգի ի բռին գիւղին բոլոր մարտահրաւէրներուն նուիրուած Բերիոյ Թեմի երկարամեայ առաջնորդ՝ հալէպահայ Սուրէն արք․ Գաթարոյեանի (21.06.1939 – 17.12.2023), եւ եագուպիէցի տէր Վարդան Մարտիրոսեանի, եւ ատենը անգամ մը Հալէպէն հիւրաբար գիւղի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ պատարագելու ժամանած քահանայ հայրերու բարեխիղճ ծառայութիւնը հաւատարմութեան ցուցանիշ մըն էր Եագուպիէի հայ համայնքին համար։

 

Նորագոյն ալեկոծ շրջանը

Ս․ Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ կառուցումէն կէս դար ետք՝ 2008 թուին վերանորոգուեցան տախտակեայ երեք խորանները ու փոխարինուեցան մարմարեայ նոր խորաններով, բարերարութեամբ Եագուպիէի հայ ազգայիններէն Ճորճ Սերոբ Հատտատի եւ տիկնոջ Նատիմէի կողմէ։

Եկեղեցւոյ երեք խորաններուն վերոյիշեալ նկարները փոխարինուեցան նորերով: Բերիոյ թեմի նախկին Առաջնորդ Տ. Շահան արք. Սարգիսեանի ցուցմունքներով հոն տեղ գտան՝ «Աստուածամայրը եւ մանկացած փրկիչը իր գիրկը»  նկարը խորանի կեդրոնը, իսկ կողքի խորանները «Սուրբ Հռիփսիմէ»ի եւ «Սուրբ Գայիանէի» նկարները։ Բարերարին պատուէրով նոր գեղանկարներուն գծագրիչն է տաղանդաւոր եագուպիէցի հայ արուեստագէտ, ներկայիս Երեւան բնակող Արսէն Հատտատը։ Արսէն Հատտատ գեղարուեստական իր նշանակալի ներդրումը ունեցած է նաեւ սուրբ Աննա եկեղեցւոյ համար՝ նուիրելով իր գծած վեց գեղանկարները:

Ս. Հռիփսիմէ Եկեղեցւոյ վերանորոգուած խորաններուն վերաօծումը, խորաններու նոր նկարներուն օծումը կատարուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի նախկին Առաջնորդ Տ. Շահան արք. Սարգիսեանի ձեռամբ, Մայիս 2009 թուականին:

Եագուպիէի Ս․ Հռիփսիմէ եկեղեցին ընդհանրապէս օգտագործուած է ձմռան եղանակին, երբ տեղացի երիտասարդ մարդուժը աշխատանքի  բերումով կը հեռանար գիւղէն: Հալէպը եւ Լաթաքիան եղած են եագուպիէցիներու երկրորդ կեցութեան վայրը։ Իսկ յաջորդող եղանակներուն ժամերգութիւններն ու պատարագները կը կատարուէին սուրբ Աննա եկեղեցւոյ մէջ։ Եագուպիէի սուրբ Աննա ուխտավայրը գրաւիչ փարոս մը դարձած էր մանաւանդ վերջին տասնամեակներուն, սկսած անցեալ դարու 60-ականներէն մինչեւ Սուրիոյ տագնապը 2011 թուականին:

Ս․ Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ հիւսիսային պատին կողքին կը գտնուէր  գերեզմանատունը, որուն մայր մուտքի երկաթեայ դուռին վրայ կը կարդայինք երկլեզու «ԱԶԳ. ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆ ՀԱՅՈՑ – արաբերէն՝ մաքպարաթ ալ-արման ալ-քատիմ (Հին Հայոց Գերեզմանատուն) – 1770»:

Գերեզմանատան մէջ կանգնած էին մօտաւորապէս երեք դարերու պատմութիւն ունեցող հայերէն եւ արաբերէն արձանագրութիւններով տապանաքարեր՝ զարդարուած բարդ նախշերով եւ քանդակներով: Այսօր, կարելի չէ յիշատակել տապանաքարերու ճշգրիտ թիւը:

Գերեզմանատան մէջ կանգնած էր նաեւ պատմական Ս․ Թէոդորոսի փոքրիկ միախորան մատուռը, որուն դրան վրայ երկլեզու յիշատակութիւնը կը կարդային՝ «Ս․ Թէոդորոս, Շինուեցաւ 1770 – նորոգուեցաւ 1957» – Շույյիտաթ քանիսէթ Թէոդորոս սնէթ 1770, ռումմիմաթ 1957։

Կը յիշեմ, զանազան առիթներով, տաղաւարներու յաջորդող օրերուն ննջեցեալներու յիշատակը յարգող այցելուներ, անպայման մոմ մը, խունկ մը կը վառէին, աղօթք մը կը բարձրացնէին այդ համեստ դարաւոր մատուռի խորանին առջեւ։

Սուրիոյ տագնապի շրջանին, 15 Մարտ 2011-էն ետք, երկրի հիւսիսարեւմտեան Իտլիպ նահանգէն ծայր առած էր իսլամական մոլեռանդ օրէնսդրութիւններով իշխանութիւն մը եւ իր կրօնամոլ հեղինակութիւնը տարածած ու պարտադրած էր մերձակայ բոլոր շրջաններու մէջ: Ընդդիմադիրները՝ մեծաւ մասամբ հակապետական օտարազգի ահաբեկիչ խմբաւորումներ էին, որոնք կրօնամոլ իշխանաւորներու կողմէ կը կառավարուէին, այդ իրավիճակին հետեւանքով տագնապալից իսլամական խալիֆայութեան շրջան մը ապրած էր նաեւ Եագուպիէ գիւղը:

Նոր ծայրայեղական երկուորները, որոնք երկար տարիներ բնակեցան Եագուպիէի մէջ, իրենց իշխանաւորներու հրամաններով, քանդած եւ անհետացուցած են սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ կողքին կանգնած դարաւոր սուրբ Թէոդորոս մատուռը, հողին հաւասարեցուած են հայոց գերեզմանատունը ու հոն գտնուող տապանաքարերն ու գերեզմանները, հայոց գերեզմանատան տարածքը վերածած են հանրային պարտէզի։ Ճիշդ է, որ սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ քարեղէն կառոյցը մնաց, բայց երկաթէ խաչերը, որոնք ժամանակին տեղադրուած էին եկեղեցւոյ գմբրթին, զանգակատան եւ պարիսպին  վրայ, արդէն հանուած էին։

Օտարերկեայ դաւադիր ծրագրերու գործադրութեամբ այդ  խմբաւորումներուն ղեկավարութիւնը, ժողովրդավարութիւն եւ բարեկեցութիւն հաստատելու լոզունգներով 8 Դեկտեմբեր 2024-ին, կարողացաւ տապալել Սուրիոյ պետութիւնը եւ ստանձնել երկրին ղեկը, պատմութեան գիրկը շպրտելով 1970-էն ի վեր կէս դարէն աւելի տեւող հայր եւ որդի՝ Հաֆէզ եւ Պաշշար Ասատներու մենատիրական ու բռնապետական Սուրիոյ իշխանութիւնը, ալեկոծ ու աննախատեսելի մարտահրաւէրներով նոր ժամանակաշրջան մը սկսելու երկրի պատմութեան մէջ։

Share62Tweet39
Previous Post

Պեղելով «Արարատ»-ի Հին Հաւաքածոները – 41 [Բացառիկ 2026]

Next Post

Հաճըն – Ընդհանուր Ակնարկներ [Բացառիկ 2026]

Next Post
Հաճըն – Ընդհանուր Ակնարկներ [Բացառիկ 2026]

Հաճըն - Ընդհանուր Ակնարկներ [Բացառիկ 2026]

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.