«ԱՐԱՐԱՏ», 21-31 Դեկտեմբեր 1970
Թերթիս տարուան վերջին տասնօրեակի թիւերուն մէջ տիրապետող է գլխաւոր միա՛կ նիւթ մը, որ է՝ Խորհրդային Հայաստանի 50-ամեակը։ «Արարատ» լայն տեղ տուած է այս նշանակալից տարեդարձին, շարունակ ի վեր հանելով այն նուաճումներն ու ձեռքբերումները, որոնք հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը կրցաւ իրականացնել խորհրդային վարչակարգի շուքին տակ, խորհրդային մեծ պետութեան ընձեռած ապահովութեան ու խաղաղութեան շնորհիւ։ Թէ՛ նկարագրուած են յիսնամեակի տօնախմբութիւնները Երեւանի մէջ, թէ՛ ալ լայնօրէն արձագանգ տրուած է լիբանանահայութեան այս առթիւ սարքած ձեռնարկներուն։
Բնականաբար, Խորհրդային Հայաստանի 50-ամեակը կարեւոր փուլ մըն էր մեր փոքրիկ ու բզքտուած հայրենիքին կեանքին մէջ։ 1970-ին, երբ կը նշուէր այդ յոբելեանը, Հայաստան ընկերային, տնտեսական, մշակութային, կրթական եւ զբօսաշրջական մարզերու մէջ կը գտնուէր նախանձելի բարձունքի մը վրայ։ Անցեալի (30-ականներ ու 40-ականներ) մռայլ եւ տխուր էջերը փակուեր էին գրեթէ ամբողջովին։ Երկիրը ի՛սկապէս «վերածնուած» էր, ու Սփիւռքն ալ, իր բոլոր թեւերով, հետզհետէ աւելի՛ ու աւելի՛ կը փարէր հայրենիքին, կը բոլորուէր անոր շուրջ։ Այդ օրերուն ո՛չ ոք կ՛երեւակայէր, թէ Խորհրդային Միութիւնը օր մը կրնար փուլ գալ…։
Խմբագիր Ժիրայր Նայիրի, որ մասնաւոր հրաւէրով Երեւան մեկնած ու մասնակցած էր Խորհրդային Հայաստանի 50-ամեակի նշումներուն, թերթին վեց յաջորդական թիւերով տուած է իր տպաւորութիւնները, «Յարութեան յիսուն տարին» վերնագրին տակ։ Ատոր կողքին տեղ տրուած է Կամօ Ուդումեանի (Հայաստանի կրթական նախարար) «Խորհրդային մշակոյթի աննախընթաց վերելքը», Շահէ Տատուրեանի «Յիսնամեակի խորհուրդը» եւ աստղագէտ Վիքթոր Համբարձումեանի «Հայաստանի գիտութիւնը վերելքի ճանապարհին» խորագրեալ յօդուածներուն, որոնք հաւանաբար արտատպումներ են հայրենի մամուլէն։

Ներքին գաղութային ամէնէն կարեւոր լուրերէն մէկն է Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի նախագահ Վարդգէս Համազասպեանի Պէյրութ ժամանումը (21 Դեկտեմբեր), մասնակցելու համար Խորհրդային Հայաստանի 50-ամեակի հանդիսութեան։ Հիւրին կ՛ընկերակցին եղեր կոմիտէի աւագ խորհրդական Սուրէն Նաթրեան, Լուսինէ Զաքարեան (եկեղեցական երգոցողութեանց յայտնի մեներգչուհի) եւ դաշնակահարուհի Մարիանա Յարութիւնեան։ Անոնք իջեւաներ են Ալքազար պանդոկը։
Իր Պէյրութ ժամանման յաջորդ օրն իսկ՝ Վարդգէս Համազասպեան այցելեր է «Արարատ»-ի խմբագրատուն։ Հիւրին եւ թերթի անձնակազմին միջեւ զրոյց ընթացեր է «ազգային հարցերու եւ սփիւռքահայ մամուլի գոյավիճակին մասին» (ի դէպ, «Արարատ» մին էր սփիւռքահայ այն մենաշնորհեալ թերթերէն, որոնց վաճառքն ու ցրւումը արտօնուած էր Խորհրդային Հայաստանի մէջ)։ Քանի մը օր ետք Համազասպեան, ընկերակցութեամբ հնչակեան շրջանակէն տոքթ. Արշակ Գազանճեանի ու Պէպօ Սիմոնեանի, հերթաբար այցելեր է Ազգ. Սահակ-Մեսրոպեան եւ Ազգ. Ռուբինեան վարժարաններ, յետոյ՝ Սահակեան լիսէ։ Սահակ-Մեսրոպեանի մէջ զինք ողջուներ են տնօրէն ընկ. Կարապետ Չալըքեան եւ Նոր Հաճնոյ քարոզիչ Գնէլ եպս. Ճէրէճեան։ Ռուբինեանի մէջ, ան նախ շրջագայեր է տեղւոյն մանկապարտէզը, բացատրութիւններ լսեր է մանկապարտիզպանուհի տիկ. Արշալոյս Անմահունիէն։ Աշակերտները գործադրեր են գեղարուեստական յայտագիր մը։ Խօսք առեր են տնօրէն Պէպօ Սիմոնեան, տոքթ. Գազանճեան, հոգաբարձոթեան կողմէ Յ. Սնըգճեան, ուսուցչաց անունով՝ տիկ. Մ. Խաչատուրեան ու վերջաւորութեան՝ Տ. Պսակ քհնյ. Էթարեան։ Իսկ Սահակեան լիսէի մէջ՝ հիւրը ընդունուեր է բազմավաստակ տնօրէն Բենիամին Ժամկոչեանի կողմէ։ Առիթէն օգտուելով, Համազասպեան շրջեր է դպրոցին սարքած քերմէս-պազարի տաղաւարները ու ճաշի հիւրը եղեր է տնօրէնութեան։ Այցի աւարտին, հոգաբարձութեան ատենապետ Օննիկ Ճամպուլեան հայրենի հիւրը առաջնորդեր է դէպի այն վայրը, ուր ծրագրուած է կառուցել դպրոցին նոր շէնքը, սեփական հողի վրայ։
Միւս կողմէ, Սուրիոյ վրայով Պէյրութ ժամանած է նաեւ Մշակութային Կապի Կոմիտէի նախագահի տեղակալ Մարտիրոս Մելքումեան՝ գլխաւորելով հայրենի արուեստագէտներու բազմանդամ խումբ մը, որ Սուրիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ ելոյթներ ունեցեր է նախորդ շաբաթ։ Ասոնց մէջ են եղեր (ըստ հրատարակուած ծանուցումի մը) երգահան Խաչատուր Աւետիսեան, երգիչ-երգչուհիներ Յովհաննէս Պատալեան, Օֆելիա Համբարձումեան, Լուսիկ Քոշեան, Վարդուհի Խաչատրեան, Ալվարդ Ղազարեան եւ ընկերակից նուագածուներ։ Կը տեսնուի, որ Լիբանանի մէջ հայաստանցի հիւրերու արտակարգ եռուզեռ մը ստեղծուեր է։ Երեւանեան խումբը իջեւաներ է Պէյրութի Քինկզ պանդոկը, որ անմիջապէս դարձեր է ժամադրավայր՝ ուրախ հանդիպումներու եւ ծանօթացման։ Իրենց ժամանման յաջորդ օրը, Նոր Սերունդի եւ Հ.Մ.Մ.-Մասիսի տղաքը խումբը տարեր են Ժայիթայի քարայրը, որմէ մեծապէս տպաւորուեր է ամէն ոք։

Լիբանանահայ հաստատութիւնները ձեռքէ-ձեռք սկսեր են խլել հայրենի հիւրերը։ Այսպէս, վերոնշեալ խումբէն մենակատարներու խմբակ մը, 26 Դեկտեմբերին, ելոյթ ունեցեր է Գ. Կիլպէնկեան սրահը, հրաւէրովը Հ.Բ.Ը.Միութեան Երուանդ Տէմիրճեան վարժարանի։ Այլ խմբակ մը, խաչատուր Աւետիսեանի խմբավարութեամբ, ելոյթ ունեցեր է Լիբանանահայ կարօտեալ աչազուրկներու օժանդակ միութեան ի նպաստ (28 Դեկտեմբեր, Կիւլպէնկեան սրահ)։
Եւ ահա՝ երկա՜ր ատենէ իվեր ծրագրուած հանդիսութիւնը, սպասուած պա՛հը։ Լիբանանահայ երեք մշակութային կազմակերպութիւններ (Թէքէեան, Նոր Սերունդ եւ Գրական Շրջանակ) ձեռք-ձեռքի տուած, Պէյրութի սինեմա Ռիվոլիի ընդարձակ սրահին մէջ տօնախմբեր են Խորհրդային Հայաստանի 50-ամեակը, պաշտօնական փառաշուք հանդիսութեամբ մը (Կիրակի ցերեկ, 27 Դեկտեմբեր), հայրենիքէն ժամանած հիւրերու ալ մասնակցութեամբ։ «Արարատ» 28 Դեկտեմբերի իր Ա. էջը ամբողջովին յատկացուցեր է այդ ձեռնարկին։
Ձեռնարկը տեւեր է չորս ժամ, ու սրահին նրբանցքներն իսկ անանցանելի դարձեր են, որովհետեւ բազմատասնեակ անձեր ստիպուեր են յոտնկայս հետեւիլ հանդէսին, որուն նախագահեր է Վարդգէս Համազասպեան։ Նախ հնչեր են Լիբանանի ու Խորհրդային Հայաստանի փառերգերը։ Բացման խօսք արտասաներ է բանաստեղծ Վահէ-Վահեան։ Երեք բանախօսներ, հերթաբար, պատգամներ յղեր են՝ յանուն կազմակերպիչ միութեանց։ Նախ խօսք առեր է բանաստեղծ ու Գրական Շրջանակի ներկայացուցիչ Գառնիկ Ադդարեան, այնուհետեւ՝ «Արարատ»-ի խմբագրապետ Ժիրայր Նայիրի (յանուն Նոր Սերունդ մշակութային միութեան) եւ «Զարթօնք»-ի խմբագրապետ Գերսամ Ահարոնեան (յանուն Թէքէեան մշակութային միութեան)։ Բոլորն ալ պանծացուցեր են Խորհրդային Հայաստանի նուաճումները ու շեշտեր են այն բախտորոշ դերը, որ խաղացեր էր ռուս ժողովուրդը՝ հայութեան վերածնունդին մէջ։ Ժիրայր Նայիրի արտայայտուեր է սա՛պէս. «Խորհրդային Հայաստանը այսօր դարձած է ամրակուռ պետութիւն մը, որուն առջեւ ոչ թէ եաթաղանը, այլ հրթիռներն անգամ անզօր են եւ անոր մէկ ափէն միւսը տանող ճամբան կ՛անցնի մէկ միլիառ ժողովուրդներու բարեկամութեան դաշինքէն»։ Խօսք տրուեր է նաեւ լիբանանցի բանաստեղծ Սաիտ Աքլի, որ ունեցեր է դրուատալից արտայայտութիւններ հայ ժողովուրդի հասցէին։ Իսկ Վարդգէս Համազասպեան իր ելոյթին մէջ խօսուն փաստերով ուրուագծեր է Խորհրդային Հայաստանի անցած լուսաշող ուղին։ Սրահը լեցնող բազմութեան անունով հեռագիր ղրկուեր է Երեւան՝ Գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան նախագահ Նագուշ Յարութիւնեանին։ Հանդէսին Բ. մասով՝ կիրարկուեր է գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, որուն մասնակցեր են Հայաստանէն ժամանած տասնեակ արուեստագէտներ, նուագածուներ, երգիչներ։ Տեղական ուժերէն իրենց մասնակցութիւնը բերեր են Կարապետ Չատըրեան (մեներգ), Թորոս Սպիտանեան (ասմունք) եւ Աշոտ Պատմագրեանի ղեկավարած Լիբանանահայ երգչախումբը։
Զահլէի Հ.Մ.Մ.-ի ակումբին մէջ եւս նշուեր է Խորհրդային Հայաստանի յիսնամեակը (12 Դեկտեմբեր), ի հեճուկս արտասովոր ցուրտին։ Բացման խօսք արտասաներ է մասնաճիւղին ատենապետը՝ ընկ. Աբրահամ Աշըգեան։ Խօսք առեր են Աշոտ Տէր Ստեփանեան (թաղականութեան ատենապետ), Նուպար Պիւլպիւլեան եւ «երիտասարդ մտաւորական» ընկ. Շահէ Ֆերմանեան, որուն կուռ ճառը քանիցս ընդհատուեր է ծափահարութեամբ։
Հայրենի լրագրողուհի Շաքէ Վարսեան, որ Պէյրութ կը գտնուի եղեր, դասախօսութիւն մը տուեր է Հ.Մ.Մ.-ի Տան մէջ, զեկուցելով ու պատմելով խորհրդահայ գրականութեան անցնող յիսուն տարիներու իրագործումներուն մասին (4 Դեկտեմբեր)։ Ձեռնարկին բացումը կատարեր է Նոր Սերունդ մշակութային միութեան պատասխանատուներէն օրդ. Շուշանիկ Մոլոյեան։ Դասախօսուհին անդրադարձեր է հայրենի գրականութեան զանազան փուլերուն եւ դէմքերուն։ Նախ ակնարկեր է Չարենցին ու Բակունցին, յետոյ՝ Բ. Աշխարհամարտի շրջանի երկերուն (օրինակ՝ Դերենիկ Դեմիրճեանի «Վարդանանք»-ը, Նայիրի Զարեանի գործերը), այնուհետեւ՝ Սահեանին, Էմինին, Վահագն Դաւթեանին, Շիրազին, Սերօ Խանզադեանին, Պարոյր Սեւակին եւ այլ անուններու։
Այլ թղթակցութիւն մը կ՛անդրադառնայ նորակազմ Եոզկաթի եւ շրջակայից հայրենակցական միութեան վերջերս իրագործած անդրանիկ ձեռնարկին, որ երգահանդէս մըն է եղեր (8 Դեկտեմբեր)։ Երաժշտասէր հանրութիւն մը լեցուցեր է սինեմա Սթարքոյի սրահը՝ ունկնդրելու համար դասական մեներգչուհի (մեցցօ սոփրանօ) Սօսի Մինասեանը։ Ան երգած է օփերայի արիաներ, դասական կտորներ ու հայկական ժողովրդական երգեր։ Աւարտին, արաբերէն գնահատական ելոյթ մը ունեցեր է ձեռնարկին հովանաւորը՝ լիբանանցի ծանօթ գրագէտ Սաիտ Աքլ։
Ատիս Հարմանտեանի վերջին մէկ երգահանդէսին արձագանգեր է թերթին խմբագրակազմէն Ն. Սարգիս (Սարգիս Նաճարեան)։ Ան գնահատեր է ձեռնարկը (Սինեմա Տիւնիա, 20 Դեկտեմբեր), բայց նրբօրէն թելադրեր է երգիչին, որ մի՛շտ մնայ էսթրատային երգերու ծիրին մէջ ու չփորձէ մտնել դասական երգի սահմանէն ներս…։
Արտասահմանեան լուր մը կայ Մոնթէվիտիոյէն (Ուրուկուէյ)։ Կ՛ըսուի, թէ տեղւոյն Հնչակեան ուսանողաց միութիւնը տօնախմբեր է իր 33-րդ տարեդարձը (5 Դեկտեմբեր)։ Այս առթիւ բանախօսեր է Պուէնոս Այրէսէն հրաւիրուած պրն. Վարուժան Աճէմեան («Շարժում» շաբաթաթերթի խմբագիր), որ նկատել տուեր է որ «գաղթաշխարհի մէջ մեզի սպառնացող թշնամին կը գործէ աներեւոյթ կերպով՝ մեր ամէն մէկուն էութենէն խլելով մեր մեծագոյն հարստութիւնը՝ լեզուն» (ի դէպ, Վարուժան Աճէմեան պոլսահայ արձակագիր մըն էր, որ Արժանթին գաղթեր էր 1950-ական թուականներուն։ Ունի պատմուածքներ եւ թատերգութիւններ)։
Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա. մասնաւոր կոնդակով մը յորդորեր է իր թեմերը՝ նշելու Խրիմեան Հայրիկի ծննդեան 150-ամեակը։ Վեհափառը մէջբերում մը կատարելով Խրիմեանի «Պապիկ եւ թոռնիկ»-էն՝ կարեւորեր է հողին նկատմամբ կապուածութիւնը, այդ հողը շէն ու ծաղկուն պահելու անհրաժեշտութիւնը։ Խօսքն ուղղելով Խրիմեանին, ան գրած է. «Արդ, աղօթէ՛ դուն հայոց Աստուծոյն, որ օգնութեան հասնի մեզի՝ տկարներուս, որպէսզի կարենանք քու եւ մեր հօտը պահել ամբողջ ու անբաժան, հեռու՝ կորստեան ճամբաներէ, յափշտակիչ օտար ձեռքերէ, պահպանելով բոլոր մեր զաւակները, հոգեպէս նուիրուած իրենց հաւատքի տուն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին, իրենց կեանքի մշտահոս աղբիւր հայոց աշխարհին, իրենց աւանդութիւններուն, իրենց մայրենի լեզուին, մինչեւ օրն այն արեւով լեցուն, երբ շեփորները վերստին հնչեն, երբ փրկութեան լաստերը ազատ արձակուին, եւ դէպի երկիր դառնան պանդուխտ որդիները մեր՝ աշխարհի բոլոր ծագերէն»…։
Վազգէն Ա. կաթողիկոս այդ տարիներուն յաճախ առիթներ կը ստեղծէր՝ այսպիսի ոգեկոչումներու ճամբով արթնութեան հրաւիրելու մեր ժողովուրդը ու վերակոչելու հայոց մօտիկ անցեալի պատմութեան նուիրեալ դէմքերը։
«Սգակիր Րուտիկ» ստորագրութեամբ գրիչ մը մահագրական մը ստորագրած է ընկ. Վարդիվառ Ճէրէճեանի մասին։ Այս վերջինը իր մահկանացուն կնքեր է եղեր Զահլէի մէջ, 26 Նոյեմբեր 1970-ին, գրեթէ ութսունամեայ։ Բնիկ հաճընցի, ողբացեալը մասնակցեր է եղեր յեղափոխական շարժումներու։ Հաճնոյ անկումէն եւ հայաթափումէն ետք՝ եկեր հաստատուեր է Լիբանան, զբաղելով հացագործութեամբ։ Ունեցեր է երեք զաւակներ՝ Արսէն, Արմէն եւ Արամայիս։
Այժմ տեսնենք, թէ ի՞նչ ծանուցումներ կան թերթին ամավերջի թիւերուն մէջ։
— Հ.Մ.Մ.-ի Պէյրութի վարչութիւնը Պրիսթոլ պանդոկին մէջ սարքելի ճաշկերոյթ-պարահանդէսով մը պիտի նշէ եղեր թէ՛ կաղանդը, թէ՛ միութեան յիսնամեակը (2 Յունուար 1971)։ Ձեռնարկին նախագահութիւնը ստանձներ է Կապոնի պատուակալ հիւպատոս Արա Երեւանեան։
— Պուրճ Համուտի Հ.Մ.Մ.-Մասիսի կանանց բաժինը խրախճանքի երեկոյթով մը պիտի տօնախմբէ եղեր թէ՛ Խորհրդային Հայաստանի կիսադարեան տարեդարձը ու թէ՛ Ամանորը, Հոլիտէյ Պիչի մէջ (26 Դեկտեմբեր)։ Ձեռնարկին հովանաւորութիւնը ստանձներ են տէր եւ տիկ. Գէորգ Երեւանեան։
— Սահակեան լիսէն տարեկան տօնավաճառ մը պիտի բանայ եղեր Դեկտեմբեր 24-26, վաճառքի հանելով «նրբաճաշակ ձեռագործներ, փոքրերու հագուստ, հիւսք, գոգնոց, այլազան խաղալիքներ, հայկական կերակուրներ, խմորեղէն, քաղցրեղէն, պտուղ»։
— Հ.Մ.Մ.-ի համալսարանական թեւը կազմակերպեր է նախակրթարանի վերի կարգերուն յատուկ ընդհանուր զարգացման մրցում մը, որուն խոստացեր են մասնակցութիւն բերել Կենաց, Կերթմէնեան, Ռուբինեան, Սահակեան եւ Սահակ-Մեսրոպեան վարժարանները (23 Դեկտեմբեր, Հ.Մ.Մ.-ի սրահ)։
— Լեւոն Գաթրճեան, նոր տարուան սեմին, հրապարակ հաներ է ազգայնաշունչ երգերու երեք նոր սկաւառակներ։ Ասոնցմէ մեծաքանակ ապսպրելու համար կը թելադրուի դիմել տիսքոթէք Անդրանիկ Մարտիրոսեանին (Պուրճ Համուտ), իսկ Հալէպի պարագային՝ տիսքոթէք «Պէքա»-ին։
— Էրեբունի ընկերակցութիւնը (կը թուի թէ նորակազմ մարմին մըն է) իր հերթական Ա. լսարանը պիտի սարքէ եղեր 22 Դեկտեմբերին, իր սեփական ակումբին մէջ (Տորա)։ Այդ օր Խաչիկ Փիլիկեան պիտի խօսի եղեր «Երաժշտական հարցերու շուրջ»։
— Լուսինէ Զաքարեան, որ հայրենի արուեստագէտներու խումբին հետ ՊԷյրութ եկեր էր, հայերէն եւ օտար երգերով առանձինն ելոյթ պիտի ունենայ եղեր երկու անգամ (30 Դեկտեմբեր 1970 եւ 3 Յունուար 1971), Ամերիկեան համալսարանի Էսեմպլի Հոլին մէջ։
— Պսակուեր ու ընտանիք կազմեր են ընկ. Ղազարոս Ալթունեան եւ օրդ. Սօսի Պէրթիզլեան, ընկ. Յարութիւն Ճանճանեան եւ օրդ. Ժիւլիէթ Շանլեան (Պէյրութ), ընկ. Յակոբ Տիրարեան եւ օրդ. Սիլվա Ատուրեան (Հալէպ)։
*
Սիւնակս կը փակեմ «Արարատ»-ի 31 Դեկտեմբեր 1970-ի տարեկան վերջին թիւին թղթատումով։ Այս թիւը, Ամանորի առթիւ, 8 էջ է։ Բացի առաջնորդող խմբագրականէն՝ գրութիւններ ստորագրած են Արսէն Կիտուր, Հրանդ Գանգրունի, Սարգիս Նաճարեան, Բ. Աշտիշատ, Ժիրայր Թիւթիւնճեան, Մինաս Գանգրունի, Յովհաննէս Երէցեան (Դամասկոս), Սամօ (մարզաշխարհ) եւ Կարօ Գրիգորեան (սինեմաշխարհ)։ Կայ «Կաղանդչէքեր»-ու բաժին մը, որ անստորագիր է։ Այդ տարիներուն մեր մամուլի ամանորեայ թիւերուն մէջ անզանցառելի սիւնակ մըն էր ասիկա։ Կաղանդի ու բացուող նոր տարուան առթիւ բարեմաղթանքներ կը կատարուէին զանազան հաստատութիւններու կամ անձերու հասցէին, երբեմն՝ դիպուկ կսմիթներով յագեցած (եթէ գրողը սրամիտ գրիչ մըն էր)։ Ու ամէն ոք կը սիրէր կարդալ այդ սիւնակը։ Հիմա, մեր օրերուն, «Կաղանդչէքեր» հասցէագրելու այդ աղուոր ու սիրուն սովորութիւնն ալ մոռցուած է ընդմիշտ, ինչպէս՝ ուրիշ շա՜տ ու շա՜տ սովորութիւններ…։
Կը կատարեմ քանի մը մէջբերում՝ լիբանանահայ այդ օրերու մամուլի անուններուն յղուած «կաղանդչէք»-երէն.
- «Արարատ»-ին՝ լուսաւոր պողոտաներ՝ սփիւռքի եւ հայրենիքի բոլոր կողմերը տարածուելու, եւ՝ հայրենիքէն աշխատակիցներ։
- «Զարթօնք»-ին՝ միջազգային քաղաքական յօդուածներ։
- «Ազդակ»-ին՝ Նոյեմբեր 29-ի նուիրուած թիւ մը։
- «Այգ»-ին՝ մնայուն արժէք ներկայացնող յօդուածներ։
- «Սփիւռք»-ին՝ Սիմոնեանին նոր հրաւէր մը Վ. Համազասպեանէն՝ հայրենիքը տեսնելու։
- «Նայիրի»-ին՝ Շարունակելի յօդուածներէն ձերբազատում։
- «Մասիս»-ին՝ Ազգային մեր կեանքը հետաքրքրող հարցերու շուրջ թղթակցութիւններ։
- «Երիտասարդ Հայ»-ին՝ Ուղի մը գտնելու հաստատ որոշում։
![Պեղելով «Արարատ»-ի Հին Հաւաքածոները – 41 [Բացառիկ 2026]](https://araraddaily.com/wp-content/uploads/2026/01/Շառոյեան-1.jpg)
![Եագուպիէ. Ապրուած Օրերու Յուշեր Սուրբ Հռիփսիմէ Եկեղեցի [Բացառիկ 2026]](https://araraddaily.com/wp-content/uploads/2026/01/SURP-HEREPSEME-1-75x75.jpg)