Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ի՞մ, Թէ՞ Մեր Շահը [Բացառիկ 2026]

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան

January 5, 2026
in Յօդուածներ
0
Ի՞մ, Թէ՞ Մեր Շահը [Բացառիկ 2026]

«Բան մը գրգռութիւնով կամ սնապարծութիւնով մի՛ ընէք. հապա խոնարհութեամբ մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք։ Միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք, հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ»:

Փիլիպեցիս 9.3-4

 

Մարդ անհատին անհատական, ընտանեկան եւ ազգային կեանքին մէջ կայ «ես»ի եւ «մենք»ի միջեւ համակեցութիւն եւ հաւասարակշռութիւն ստեղծելու մարտահրաւէրը։ Եթէ մարդը կ’ապրի իր «ես»ով, բայց այդ պէտք է որ համադրէ նաեւ հաւաքական կեանքին, իմա՝ «մենք»ին հետ։ Այս երկու բաղադրիչները միշտ չէ որ կը համընկնին իրար հետ։ Կան հակադրուած իրողութիւններ այս երկու կենսական ինքնութիւններուն միջեւ, եւ անոնք միշտ չէ որ հաշտ կրնան ընթանալ իրար հետ։ Մարդը կ’ապրի իր «ես»ով եւ այս բնական է։ Բայց թէ ինչպէ՞ս «ես»ը պիտի տեղադրել «մենք»ի խճանկարին մէջ, կը մնայ իրագործելի առաքելութիւն։

Աստուած մեզի շնորհած է ընտանիք, առողջութիւն, ժամանակ, ընդունակութիւններ, որոնց հանդէպ պատասխանատու ենք։ Բայց երբ անձնականը՝ «ես»ը կը դառնայ միակ չափանիշ, մեր կեանքի մտահորիզոնը կը նեղնայ եւ մեր տեսիլքն ալ կրնայ խաւարիլ։ Այս իմաստով, Պօղոս Առաքեալի նամակը՝ փիլիպեցիներուն, ուսանելի է։ Պօղոս Առաքեալ չ’անտեսեր «ես»ի իրականութիւնը երբ կ՚ըսէ «միայն ձեր անձերուն շահը»։ «Միայն»ը ցոյց կրնայ տալ թէ «ես»ը կայ եւ կը գործէ։ Բայց ոչ միայն «ես»ը։

«Փնտռել» բային յունարէն արմատը «skopeo» է, որ գործածուած է Աստուածաշունչի այս համարին մէջ. «Ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք» պիտի հասկնալ նպատակասլաց ուշադրութիւն, միտումնաւոր կեդրոնացում եւ աշխուժ գիտակցութիւն։ Այս իմաստով, «փնտռել» բային գործածութիւնը եւ անոր իմաստը պատահական բարութիւն չէ, այլ՝ մտածուած դիտարկում։

«Փնտռել» բային մէջ եթէ մէկ կողմէ կայ անհատին «ես»ի փնտռտուքը, բայց նոյնքան նաեւ կայ կեդրոնացումը դուրս գալու նոյն «ես»էն եւ տեսնելու «մենք»ի հետ փոխկապակցուածութիւնը։ Հոստեղէն պիտի տեսնել, թէ «իմ», իմա՝ «ես»ի, եւ «մեր»ի, իմա՝ «մենք»ի, յաջող փոխկապակուածութիւնը կրնայ դառնալ շահեկան, որ կ’արտադրէ ուժ եւ որ հասարակութեան մէջ կրնայ ստեղծել Արժէք։ Այս Արժէքն է, որ կեանքը պիտի շինէ։ Երբ մարդը կը սորվի իր տեսադաշտը լայնցնել եւ ուրիշին կարիքը տեսնել, ան կրնայ դառնալ վստահութեան եւ սիրոյ կամուրջ մը հաւաքականութեան եւ ազգային կեանքին մէջ, որ կը շինէ եւ չի քանդեր։ Ընտանիքը, եկեղեցին, համայնքը եւ ազգը կը զօրանան այն ատեն, երբ անոնց անդամները գիտեն իրենց մասնակցութիւնը դնել ուրիշին բարիքին եւ յառաջխաղացքին ի խնդիր։ Այլ խօսքով, երբ անհատը բան մը «գրգռութիւնով եւ սնապարծութիւնով չ’ըներ, այլ՝ խոնարհութեամբ»։

Երբ «իմ»ը կը փոխարինուի «մեր»ով, մրցակցութիւնը կը դառնայ համագործակցութիւն։ Փակ սիրտը կը վերածուի բաց ձեռքի, եւ անտարբերութիւնը կը փոխարինուի կարեկցանքի եւ փափկանկատ տրամադրութիւններու եւ կեցուածքներու։

Մարդ անհատը կոչուած է «բան մը ընելու» իր երկրային կեանքին մէջ։ Բան մը ընելը պարգեւ մըն է եւ նոյնքան նաեւ պարտականութիւն-պատասխանատուութիւն՝ տրուած Աստուծոյ կողմէ։ Աստուած ստեղծեց աշխարհը եւ մարդը իր պատկերով եւ տեսաւ թէ Բարի է։ Մարդը, որ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած է, ինքն ալ կը դառնայ ստեղծագործ՝ ստեղծելու համար Նորը։ Այս իրականութենէն մեկնելով է, որ մարդը Աստուծոյ կողմէ կոչուած է «բան մը ընելու» իր կեանքին մէջ, բայց ոչ գրգռութիւնով եւ սնապարծութեամբ, այլ՝ խոնարհութեամբ։ Այլ խօսքով, տիրական «ես»ը փոխադրել «մենք»ի մէջ, ուր բան մը ընելը կը ստեղծէ յառաջխաղացք։

Երբ «իմ»ը կը կամրջուի «մենք»ի իրականութեան հետ, այդ «բժշկութիւն» եւ «փրկութիւն» կը ստեղծէ։ Այս իրականացաւ Քրիստոսով, որ աշխարհ եկաւ, որպէսզի «իր»ը, իմա՝ «ես»ը, զոհէ յօգուտ «մենք»ի։ Քրիստոսի այս գործընթացը մարդկային կեանքի մէջ ստեղծեց Նոր Կեանքը եւ որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր. «Բայց անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ եւ մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուեցաւ։ Մեր խաղաղութեան պատիժը անոր վրայ եղաւ եւ անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք», Եսայեայ 53.5։

Քրիստոս աշխարհ եկաւ «բան մը ընելու» յստակ առաքելութեամբ։ Քրիստոս իր «ես»ը վիրաւորեց ու տակաւին ծեծուեցաւ, խաչուեցաւ ու մահացաւ, որպէսզի խաղաղութիւն բերէ։ Այս խաղաղութիւնը, որ իրականացաւ իր յարութեամբ, իրեն համար չէր, այլ մեր բոլորին։ Ան իր «ես»ը դրաւ «մենք»ի իրականութեան մէջ, որպէսզի բոլորս փրկուինք եւ բժշկուինք։ Եթէ մարդ արարածը բժշկուեցաւ, այդ միայն իրեն համար չէ, այլ հաւաքականութեան՝ մեր եւ մենքի համար, որպէսզի բոլորը փրկուին։ Վերջապէս «մարդ իր անձին օգուտը պէտք չէ փնտռէ, հապա իր ընկերինն ալ» (Ա. Կորնթացիս 10.24)։ Քրիսոտնէական Աստուածաբանութեան շնորհած փրկութիւն-բժշկութիւնը կայացաւ քանի որ Քրիստոս իր «ես»ը դրաւ «մենք»ի հաւաքական շահին համար, եւ ուր ստեղծուեցաւ Նոր Կեանքը։ Նոր Կեանքը որ եկաւ Իր «ես»ին մէջէն, բայց դրուեցաւ «մենք»ի իրականութեան համար։

Մեր համահայկական կեանքը այսօր կը կենայ իմ-ես-ի եւ մեր-մենք-ի մեծ առճակատումի մէջ։ Հայուն կեանքին մէջ այսօր ես-իմ-ը եւ մեր-մենք-ը կը կենան հակադիր կողմերու վրայ։ Եթէ մեր համահայկական հարցերուն մէջ կան քաղաքական դժուար պայմաններ, աշխարհաքաղաքական կնճռոտ տուեալներ, որոնք իրենց ժխտական անդրադարձը կ’ունենան մեր ազգային ու հայրենի կեանքերուն վրայ, բայց ներհայկական իմաստով հայը ունի նոյնքան ՀՈԳԵՒՈՐ տագնապ։ Հոգեւորը՝ իր քրիստոնէական աստուածաբանութենէն մեկնելով, ուր հայուն «ես»ը չի համընկնիր «մենք»ի իրականութեան հետ։ Այսօրուան հայուն տագնապը. հայը կ՚ապրի բեւեռացուած  վիճակներու մէջ՝ ինք իր մէջ, հեռու հաւաքական ու ազգային կեանքի մէջ փրկութեան-բժշկութեան հասնելու տեսլականէն։ Հայը պիտի տեսնէ, թէ ինք կոչուած է «բան մը ընելու»։ Այդ բան մը ընելը միայն իր անձին համար չէ, այլ մերի ու հաւաքականութեան համար, որպէսզի ապահովէ ազգային կեանքին համար փրկութիւնը եւ բժշկութիւնը։ Հայը պէտք ունի այսօր «փրկութեան ու բժշկութեան», որպէսզի դուրս գայ իր ազգային հազարումէկ հարցերէն։

Եթէ հայը այսօր կը ցաւի, ունի վիշտեր եւ կ’ապրի անարդարութիւններ ու տակաւին կը տքնի խաղաղութեան համար, այս պիտի նշանակէ թէ «ես-իմ» շահը պիտի տեղափոխէ «մենք-մեր»ի հաւաքական շահի գիտակցութեան մէջ։ Եւ «իմ-մեր»ի բաժնեկցութեան մէջ է որ հայը պիտի գտնէ փրկութիւն-բժշկութիւն։ Եւ խաղաղութիւն։

Ի՞մ, թէ՞ մեր շահը։

Անպայմանօրէն ՄԵՐ շահը։ Մեր շահին մէջ է հայուն փրկութիւնը։ Եւ այս փրկութիւնը պիտի բերէ սպասուած խաղաղութիւնը։

Share62Tweet39
Previous Post

Ինքնութիւնը Ընդհանրապէս Եւ… Մասնաւորապէս [Բացառիկ 2026]

Next Post

Հազուագիւտ Մասնագիտութեամբ Վարպետը՝ Դաշնամուր Լարող Եւ Վերանորոգող Հայկ Աբէլեան [Բացառիկ 2026]

Next Post
Հազուագիւտ Մասնագիտութեամբ Վարպետը՝ Դաշնամուր Լարող Եւ Վերանորոգող Հայկ Աբէլեան [Բացառիկ 2026]

Հազուագիւտ Մասնագիտութեամբ Վարպետը՝ Դաշնամուր Լարող Եւ Վերանորոգող Հայկ Աբէլեան [Բացառիկ 2026]

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.