«Կասկածաւոր պատժապարտութեամբ վերակնարկելով քեզ` բարերարի`
Յանակնկալս կենաց վհէ արտաբերել ի լոյս անձկալի»:
Նարեկացի
Ինքնութեան հարցը մարդկային մտածողութեան ամէնէն հին ու մշտապէս արդիական խնդիրներէն է։
Մարդը իր էութեան մէջ անդադար կը փնտռէ «ո՞վ եմ ես» հարցումին պատասխանը։ Այդ փնտռտուքը կը սկսի դեռեւս մանկութեան տարիներէն, բայց չի կենար հոն, քանի որ ինքնութիւնը փոփոխուող, զօրեղ, նաեւ յարաբերական երեւոյթ է, որ չի տրուիր, այլ կը ձեւաւորուի փորձառութեան, միջավայրի, ժառանգուած յիշողութեան եւ ընտրութեան համադրութեամբ։
Երբ մարդը կը մտածէ ինքն իր մասին, հակառակորդ չի փնտռեր, այլ… հայելի։ Հայելի, որ կ’արտօնէ տեսնել ոչ թէ իր արտաքին, այլ ներքի՛ն պատկերը՝ հաւատքը, լեզուն, յիշողութիւնը, եւ համայնքի մը պատկանելիութիւնը։ Ահա այդ պատկերն է, որ մենք կը կոչենք ինքնութիւն։
Տարբեր են այս մասին փիլիսոփաներուն եւ հոգեբաններուն մեկնաբանութիւնները։ Հոգեվերլուծաբան Էրիք Էրիքսըն, օրինակ, ինքնութիւնը կը սահմանէ որպէս ներքին շարունակականութեան զգացում, այսինքն այն համոզումը, թէ մարդը, որքան ալ իր կեանքն ու միջավայրը փոխուին, ժամանակի հոսքին մէջ կը մնայ նոյնը։
Արիստոտել ինքնութիւնը կը կապէ մարդու էութեան եւ նպատակներուն հետ, իսկ ըստ Տեքարթի՝ ինքնութիւնը մտածողութեան սկիզբն է. «կը մտածեմ, ուրեմն կամ»։
Ինքնութիւնը միաժամանակ ե՛ւ անձնական է, ե՛ւ հաւաքական։
Անհատը չի կրնար գոյութիւն ունենալ առանց ազգային, մշակութային, ընտանեկան, կրօնական կամ լեզուական պատկանելիութեան։ Ամբողջ այդ հիւսուածքն է, որ կը ձեւաւորէ այն, ինչը մենք կը կոչենք «մարդու ինքնութիւն»։
Սակայն, ինքնութիւնը միայն այն չէ, ինչը կը վերաբերի անհատին, այլեւ այն, ինչ որ ուրիշներ կը տեսնեն անոր մէջ. բան մը, որ կը հայելանայ յարաբերութիւններու մէջ, պատմութեան ու յիշողութեան շարունակականութեան մէջ։
Մարդը չի ծնիր ինքնութեամբ, այլ ձեռք կը բերէ սորվելով, մասնակից ըլլալով, խօսելով, հաւատալով։ Ահա թէ ինչու հաստատապէս կրնանք ըսել, որ ինքնութիւնը ապրող մարմին է, որ կ’աճի, կը փոխուի, երբեմն նոյնիսկ կը վերականգնի։
Այս ամէնուն խորապատկերին, ազգային ինքնութիւնը հաւաքական պատկանելիութեան իւրօրինակ ձեւ է, որ կը ներառէ ե՛ւ արեան, ե՛ւ լեզուի, ե՛ւ տեղի, ե՛ւ յիշողութեան տարրեր։ Բայց յաւելենք, որ ազգային ինքնութիւնը միայն կենսաբանական չէ, այլ որքան որ պատմական կամ ժառանգական, նոյնքան ալ հոգեւոր ու մշակութային երեւոյթ է։ Հայ ժողովուրդին ինքնութիւնը՝ որպէս հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը շարունակուող պատմական գոյութիւն, այս բարդ խառնուրդին յատկանշական օրինակներէն է։
Ժամանակակից գիտութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, որ հայերը ունին հին եւ կայուն ծագումնաբանութիւն, որուն հիմերը դրուած են դեռեւս Պրոնզէ դարու աւարտին։ Ասիկա այն փաստն է, որ կը հաստատէ Հայկական Լեռնաշխարհին մէջ հայ ժողովուրդին բնիկ ըլլալը, ինչպէս նաեւ դարերու ընթացքին անոր կենսաբանական շարունակականութիւնը։ Բայց չաճապարենք, եթէ այս շերտը ցոյց կու տայ ֆիզիքական արմատները, ապա հայուն իրական ինքնութիւնը վեր է մարմինէն եւ կը կրէ ոչ միայն ժառանգական նիւթը, այլեւ լեզուով, մշակոյթով եւ հաւատքով արտացոլուած անոր յիշողութիւնը։
Խորքին մէջ հայ ըլլալու բովանդակութիւնը… մշակութային ինքնութիւնն է։
Հայը չի կրնար իր մասին խօսիլ առանց յիշելու իր պատմութիւնը, իր գիրը, իր հաւատքը։ Հայոց լեզուն ոչ միայն հաղորդակցութեան միջոց է, այլեւ մտածողութեան ձեւ, հոգեւոր միջավայր, ուր ամփոփուած է ժողովուրդին աշխարհընկալումը։ Լեզուն կը պահպանէ ոչ միայն բառերը, այլեւ դարերու ընթացքին կուտակուած զգացումները, երկնային հաւատքը եւ ցաւի յիշողութիւնը։
Երբ հայը կը խօսի իր լեզուով, կը վերականգնէ այն շղթան, որ զինք կը կապէ իր նախնիներուն հետ, այդպիսով անցեալն ու ներկան միաւորելով մէկ ամբողջութեան մէջ։
Ճիշդ այստեղ է, որ ինքնութիւնը կը դառնայ ոչ միայն ժառանգութիւն, այլեւ պարտականութիւն։ Հայ անհատը իր մէջ կը կրէ ոչ միայն իր ծնողներուն պատմութիւնը, այլեւ իր ժողովուրդին ճակատագիրը։ Այդ ճակատագիրը եղած է բարդ ու կորուստներով լի, բայց կորուստնե՛րն են, որ կոփեր են անոր դիմագիծը։ Հայու ինքնութիւնը յաճախ ձեւաւորուած է ոչ թէ խաղաղութեան, այլ ցաւի մէջ։ Կորուստի ցաւը մաս կը կազմէ անոր էութեան, վերածուելով ներքին ուժի։
Անհատը ազատ է փոխելու իր լեզուն, կրօնը կամ բնակութեան վայրը, բայց դժուար է փոխել այն, ինչ մարդը ներքուստ կը զգայ որպէս պատկանելիութիւն։ Ինքնութիւնը կրնայ տկարանալ կամ խամրիլ, բայց լիովի՞ն՝ հազուադէպ կը վերանայ։ Ան խորո՜ւնկ կը մնայ յիշողութեան մէջ, երբեմն որպէս բառ, երբեմն որպէս աղօթքի աննշան հնչիւն, կամ… անբացատրելի հպարտութիւն։
Եթէ փորձենք պատասխանել «ո՞վ է հայը» հարցումին, կ’անդրադառնանք, որ չկայ, գոյութիւն չունի որեւէ յստակ բանաձեւ։
Հայը կրնայ ապրիլ Երեւան կամ Փարիզ, Պէյրութ, Հալէպ կամ Լոս Անճելըս, կրնայ խօսիլ հայերէն կամ այլ լեզուով, բայց իր մէջ կը կրէ նոյն հին պատմութիւնը, նոյն ցաւն ու նոյն յիշողութիւնը։
Ցեղասպանութենէն ետք աշխարհի չորս կողմը սփռուած հայոց սերունդները ձեւաւորեցին նոր ինքնութիւններ՝ սուրիահայ, լիբանանահայ, ամերիկահայ, ֆրանսահայ… Այդ նոր ձեւաւորումները չեն ջնջած հայ ըլլալու գիտակցութիւնը, ընդհակառակը՝ հարստացուցած են զայն, բանալով ինքնութեան նորանոր շերտեր։ Հայը դարձաւ համաշխարհային հայ, որ միաժամանակ կը կրէ երկու կամ աւելի մշակոյթներու ազդեցութիւն, շարունակելով կառչած մնալ իր արմատներուն։
Հայ ըլլալու զգացումը, ըստ էութեան, անցեալի յիշողութեան եւ ներկայի յարմարուողականութեան հաւասարակշռումն է։ Ճկուն, բայց կայուն համակարգ, որ ծանրագոյն պայմաններու տակ իսկ թոյլ կու տայ գոյատեւել։
Վառ օրինակ ու ապացոյց են ծպտեալ հայերը, որոնք կրցած են պահել իրենց հաւատքը (ոչ կրօնը) եւ ինքնութիւնը՝ չկարենալով բացայայտ արտայայտուիլ, բայց սերունդէ-սերունդ, որպէս գաղտնի հաւատք փոխանցելով ինքնութեան ենթագիտակից յիշողութիւնը։
Ինքնութիւնը, ինչպէս եւ ժամանակը, կանգ չ’առներ, այլ կը շարժի՝ փոխուելով իր միջավայրին հետ։ Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ այդ շարժումը անընդմէջ է։ Հազարամեակներու ընթացքին մենք կորսնցուցած ենք թագաւորութիւններ, մայրաքաղաքներ, պետութիւն, բայց ոչ մենք զմեզ։
Ամէն անկումի յաջորդած յարութեամբ մենք վերականգնած ենք մեր գոյութիւնը՝ կարծես ունկնդիր ներքին զօրեղ հրամանի մը, որ մեզի կ’արգիլէ անհետանալ։ Այդ ներքին հրամանը, գուցէ, մեր ինքնութեան ամէնէն խորունկ շերտն է՝ ոգիի ժառանգական յիշողութիւնը։
Կենսաբանական հետազօտութիւնները կու գան հաստատելու այն, ինչ որ շատոնց յայտնի է պատմութեան ու աւանդոյթին։ Հայը բնիկ զաւակն է իր լեռնաշխարհին, եւ այդ արմատը կը մնայ անփոփոխ, նոյնիսկ եթէ կեանքի յորձանուտը հեռացուցած է զայն իր հայրենիքէն։ Սակայն ծագումը միայն սկիզբն է։ Իրաւ ինքնութիւնը ձեւաւորուիլ կը սկսի հոն, ուր մարդը գիտակից կը դառնայ իր պատկանելիութեան։ Այդ գիտակցութիւնը երբեմն կը բխի ընտանիքէն, երբեմն՝ պատմութենէն, երբեմն ալ՝ պարզապէս ներքին ձայնէն, որ կը յիշեցնէ, թէ ուրկէ կու գաս։
Հայ ժողովուրդին ինքնութիւնը բազմաշերտ է եւ կը ներառէ ոչ միայն անցեալը, այլեւ ապագայի տեսլականը։ Հին հաւատքի եւ քրիստոնէութեան միաձուլումը (երկու-երեք դար տեւած ընթացք մը), գիրերու ստեղծումը, միջնադարեան համալսարանները, հայ գրականութիւնն ու երաժշտութիւնը ստեղծած են մշակութային այն հենքը, որուն վրայ հայ ինքնութիւնը ցայսօր կը շարունակէ հանգչիլ։
Մաշտոցեան այբուբենը մեզի համար դարձաւ ոչ միայն գիրերու համակարգ, այլեւ ժողովուրդի հոգեւոր կանոնագիրք։
Միւս կողմէ, քրիստոնէութիւնը դարձաւ ոչ միայն հաւատք, այլեւ ինքնապահպանումի միջոց։ Երբ պետութիւն կորսնցուցինք, պետութիւն դարձաւ եկեղեցին։ Երբ սուրը խլեց երկիրը, գիրին ուժն է, որ պահպանեց մեր ազգը։
Ահա այսպէս, հայ ինքնութիւնը դարերու ընթացքին ձեւաւորուեցաւ՝ ագուցելով նիւթականն ու հոգեւորը։ Սակայն ինքնութիւնը ոչ միայն ժառանգութիւն, այլեւ պատասխանատուութիւն է։ Հայ ըլլալը պատահականութիւն չէ, այլ գիտակցուած ապրում, երբ մարդը վստահ է, որ հարուստ պատմութեան մը կրողն է ինք։ Երբեմն բարդ է այդ գիտակցութիւնը, երբեմն ծանր, բայց միշտ՝ ազնիւ։ Անոր պահանջն է՝ յիշել ու շարունակել։
Ցաւը, որքան ալ տարօրինակ հնչէ, հայ ինքնութեան բաղադրիչն է։ Հայուն համար ցեղասպանութեան եւ կորուստներու յիշողութիւնը դարձած է հաւաքական յիշողութեան անբաժանելի մաս։ Բայց ցաւը չէ մնացած որպէս վէրք, այլ վերափոխուած է՝ դառնալով ուժի եւ յամառութեան աղբիւր։ Հոս յիշողութիւնը ոչ թէ հայրենատենչութիւն է, այլ գոյութեան միջոց։
Յիշել, կը նշանակէ ապրիլ։
Եւ նոյն այս յիշողութիւնն է, որ ձեւաւորեց սփիւռքահայուն ինքնութիւնը։ Ցրուած աշխարհի տարբեր կողմերը, հայը իր համար ստեղծեց նոր, փոքր հայրենիքներ՝ Սուրիոյ, Լիբանանի, Ֆրանսայի, Ամերիկայի եւ շատ ու շատ երկիրներու մէջ։ Ամէն տեղ ան ստեղծեց իւրօրինակ ենթամշակոյթ մը՝ դպրոցներով, եկեղեցիներով, թատրոններով, թերթերով ու ակումբներով եւ այդ բազմազանութեան մէջ պահպանեց հիմնականը՝ նոյն արմատը, նոյն յուշը, նոյն երազանքը՝ վերադառնալու դէպի ինքնութիւն։
Սփիւռքահայուն ինքնութիւնը երկակի ու միասնական է միաժամանակ։ Ան կ’ապրի երկու աշխարհներու միջեւ՝ ըլլալով իր ներկայի երկրի քաղաքացին, բայց հոգիով կապուած մնալով այն հողին, որ յաճախ չէ ալ տեսած։
Այդ երկուութիւնը պատուար չէ, այլ լրացում։ Հայ ըլլալը սփիռքահայուն համար ոչ միայն պատկանելիութիւն է, այլ՝ արժէք, որ կը դրսեւորուի աշխատասիրութեամբ, կրթութեամբ, նաեւ ընտանիքի եւ հաւատքի հանդէպ յարգանքով։
Յաճախ նոր սերունդին լեզուն օտար է, բայց իր գիտակցութեան մէջ գլուխ կը բարձրացնէ՝ «ես հայ եմ»-ը։ Եւ հաւատա, սիրելի ընթերցող, ատիկա այն հաւատքն է, որ երբեմն շատ աւելի իրական է, քան որեւէ փաստաթուղթ։
Ժամանակակից հայուն ինքնութիւնը, սակայն, կանգնած է նոր փորձութիւններու դիմաց։ Համաշխարհայնացումը ջնջած է սահմանները, թուային աշխարհը անսահման տարածքներ կը բանայ, ուր մարդիկ կը շփուին առանց ազգային պատկանելիութեան։ Այսօր հայ ըլլալը դադրած է սահմանափակուելէ միայն արեամբ կամ լեզուով։ Հայ ըլլալը կրնայ արտայայտուիլ կրթութեամբ, արուեստով, հայրենիքին ծառայելով, եւ կամ հաւատալով սեփական արմատներուն։ Հայը կրնայ ապրիլ Նիւ Եորք, կրնայ խօսիլ անգլերէն, բայց իր ստեղծած ֆիլմով պատմել հայու ցաւին մասին, այդպիսով ըլլալով նոյնքան հայ, որքան Երեւան ապրող բանաստեղծը…։
Ահա հոս է, որ ինքնութիւնը նոր իմաստ կը զգենու եւ կը դառնայ ոչ թէ ժառանգութիւն, այլ՝ ընտրութիւն։ Հայուն համար հայ ըլլալը այլեւս չի փոխանցուիր միայն ծնունդով, այլ նաեւ որոշումով՝ սիրել, յիշել, պահպանել։ Գիտակցուած պատկանելիութիւն, որ ինքնութեան ամենաբարձր ձեւն է։ Այդ գիտակցութիւնը, սակայն, աշխատանքի կը կարօտի։ Հայ ըլլալ, կը պահանջէ հասկնալ, թէ ինչ կը կրես ներսիդիդ։ Կը պահանջէ նաեւ համերաշխութիւն՝ տարբեր հայերու միջեւ՝ անկախ անոնց լեզուէն, ապրած երկրէն, հաւատքէն կամ մշակութային ճաշակէն։
Ինչո՞ւ, որովհետեւ հայ ինքնութիւնը չի սահմանափակուիր արտաքին երեւոյթներով, ան ամուր է իր ներքին՝ նոյն ցաւէն, նոյն երգէն, նոյն աղօթքէն ծնած կապով։
Այսօր հայ ինքնութեան պահպանութիւնը պայմանաւորուած է ոչ միայն յիշողութեամբ, այլ նաեւ նորարարութեամբ։ Պահպանել չի նշանակեր փակուիլ անցեալի մէջ։ Ընդհակառակը՝ կը նշանակէ ապագայ կերտելու սիրոյն անցեալը վերածել ուժի։ Երբ հայ երիտասարդը կը ստեղծէ թեքնոլոժի, կը վրձինէ ժամանակակից կտաւ, կը յօրինէ նոր երաժշտութիւն, բայց այդ բոլորին մէջ կը պահէ իր մշակութային քոտը՝ ան իր ինքնութիւնը կը շարունակէ նո՛ր ձեւով։
Թերեւս ալ այս է հայ ըլլալու ամենագեղեցիկ իմաստը՝ գոյատեւել ոչ միայն պահելով անցեալը, այլ զայն շարունակել նոր ձեւերով։ Հայ ինքնութիւնը կենդանի է այնքան ատեն, քանի դեռ հայ կայ, որ ուր ալ ըլլայ, ունի իր պատկանելիութեան գիտակցութիւնը։
Ի վերջոյ, ինքնութիւնը արիւն չէ, անուն չէ, այլ յիշողութիւն է եւ հաւատք։ Յիշողութիւն՝ թէ ուրկէ կու գաս, եւ հաւատք՝ թէ ուր կ’երթաս։ Հայուն ինքնութիւնը այդ երկուքի խաչմերուկին կեդրոնն է՝ անցեալի վէրքերը եւ ապագայի երազանքը միաձուլած մէկ ամբողջութեան մէջ։ Ասիկա այն ուժն է, որ դարերով մեր ժողովուրդը պահած է գոյատեւման սահմանագիծին, զայն դարձնելով ոչ միայն գոյատեւող, այլեւ արարող ժողովուրդ։
Հայ ըլլալ, այսպիսով, կը նշանակէ չմոռնալ, բայց նաեւ կանգ չառնել, յիշել, բայց նաեւ՝ նայիլ ապագային։
Հայ ըլլալ կը նշանակէ միշտ վերադարձ դէպի ինքզինքդ։ Եւ եթէ փորձենք մէկ նախադասութեամբ ամփոփել, հայու ինքնութիւնը յաւերժ վերադարձ է դէպի սեփական արմատները՝ նոյնիսկ ամենահեռաւոր վայրերէն։
Ինքնութիւնը կը նմանի այն գետին, որ կը հոսի դարերու ընդմէջէն. երբեմն խաղաղ ու յստակ է, երբեմն՝ պղտոր ու ցաւով լի, բայց միշտ նոյն գետն է, նոյն ջուրը, որ կու գայ նոյն ակունքէն։
Իսկ հայ ժողովուրդին գետը չչորցաւ նոյնիսկ այն ատեն, երբ աշխարհը մոռցած էր անոր գոյութիւնը։ Այդ գետը հոսեր է քարերու մէջէն, անցեր է օտար սահմաններէ, բայց միշտ գտած է դէպի լոյս իր ճամբան։ Այդ լոյսը յիշողութիւնն է, հաւատքը, լեզուն, ստեղծագործական ոգին, որ չէ մաշած, չի մաշիր։
Ինքնութիւնը մշտնջենական չէ, զայն շարունակաբար պէտք է կառուցել, պէտք է պահել ոչ միայն մեր արեան, այլ նաեւ մեր վարքի, մեր խօսքի, մեր ընտրութեան մէջ։ Մարդը, որ կ’որոշէ ընտրել արժանապատուութիւնը, կ’որոշէ գործել, սիրել, չմոռնալ իր նախնիները, այդ մարդն է, որ կը շարունակէ իր ժողովուրդին պատմութիւնը։ Այդ ընտրութեամբ է որ կրնայ ձեւաւորուիլ հայը՝ անկախ երկրի կամ դարաշրջանի փոփոխութենէն։
Պատահեցաւ, որ հայոց երկիրը վերացաւ քարտէզներէն, բայց ոչ երբեք յիշողութենէն։ Հայն ու Հայաստանը կ’ապրին ոչ միայն պատմութեան էջերուն մէջ, այլեւ իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ, որպէս ներքին կանչ, անտես ձայն, որ կը կրկնէ՝ «չմոռնաս»։ Այդ յիշեցումը ոչ թէ պարտադրանք, այլ սիրոյ ձեւ է։ Սէր՝ դէպի նախնիները, դէպի երկիրը, դէպի այն արժէքները, որոնք պահած են մեզ դարերով։
Գուցէ ա՞յս է հայուն ինքնութեան գաղտնիքը․ ըլլալ ժողովուրդ, որ կը գոյատեւէ ոչ թէ ուժով (թէեւ ուժը առաւելութիւն է), այլ՝ յիշողութեամբ, ոչ թէ զէնքով (այսօր նաեւ զէնքով) այլ խօսքով, ոչ թէ թիւով, այլ ոգիով։ Ըլլալ ժողովուրդ, որուն պատմութիւնը չէ աւարտած, այլ կը շարունակուի գրի առնուիլ նոր սերունդին գրիչով։
Հայ ըլլալը, այս իմաստով, ճակատագիր չէ, այլ ընտրութիւն է ըլլալ հոգիով արթուն, պատասխանատու, ստեղծող։ Եթէ հայը իր մէջ փայփայէ այս գիտակցութիւնը, եթէ անդրադառնայ, որ իր ամէն մէկ քայլը պզտիկ յաղթանակ մըն է յօգուտ իր ժողովուրդ-հայրենիք-պետութիւն շարունակականութեան, այն ատեն ինքնութիւնը կը դառնայ ոչ թէ հարցում, այլ պատասխան։
Ո՞վ է հայը։
Ան, ով կը յիշէ եւ կ’ապրի՝ յիշողութիւնը դարձնելով լոյս։
Ան, ով ցաւը կը վերածէ ուժի, եւ կորուստը՝ երգի։
Ան, ով կրնայ վերադառնալ ինքզինքին, եթէ նոյնիսկ աշխարհի ամէնէն հեռաւոր մէկ անկիւնն է։
Ան, ով վստահ է, որ իր արմատը ոչ միայն հողի, այլ երկինքի մէջ է։
Եւ քանի դեռ կայ այդ գիտակցութիւնը, հայը չի կորսուիր, չի մարիր ինքնութիւնը։ Հայու հոգին՝ լեռներուն պէս, ուրկէ սերած է, չի ծերանար, չի խամրիր …
Ան կրնայ լռել, բայց չի մոռնար։
Կրնայ խոնարհիլ, բայց չի կոտրիր։
Եւ որքան ալ ժամանակները փոխուին, որքան ալ աշխարհը փորձէ ձուլել կամ մոռացութեան տալ, հայու հոգին կը մնայ անդրդուելի, արմատները՝ հողին, հայեացքը՝ վեր։
Այդ հոգին է, որ հազարամեակներով պահպանած է ազգը. ազգ, որ վերածնած է ամէն անկումէ ետք եւ կրկին դարձած յոյսի աղբիւր։
Հայը կ’ապրի որպէս ծին ու լոյս՝ որ չէ մարած նոյնիսկ ամենախաւար դարերուն։
Կ’ապրի հայը։
![Ինքնութիւնը Ընդհանրապէս Եւ… Մասնաւորապէս [Բացառիկ 2026]](https://araraddaily.com/wp-content/uploads/2026/01/Ani-T.jpg)
![Ի՞մ, Թէ՞ Մեր Շահը [Բացառիկ 2026]](https://araraddaily.com/wp-content/uploads/2026/01/Jebejian-75x75.jpg)