Ծնունդով Հալէպ քաղաքէն, Հայկ Աբէլեան ներկայիս հաստատուած է Երեւան: Արուեստասէր ընտանիքի մը մէջ ծնած, մանուկ հասակէն անոր մէջ արթնցած է սէրը երաժշտութեան հանդէպ: Զինք առաւելաբար քաջալերած է մայրը` Նազելի Կիւնտիւզեան, եւ իրենց ընտանիքի բարեկամ, Մելքոնեան կրթական հաստատութենէն վկայեալ դաշնակահարուհի տիկին Երջանկուհի Դերձակեան՝ Հալէպի Հայկազեան տղոց բաժնի տնօրէն Փիլիպպոս Դերձակեանի կինը: Այդ տարիներուն, Հայկ արդէն սկսած էր դաշնամուր եւ երգեհոն նուագել:
1985-ին անդամագրուած է Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղին եւ մաս կազմած անոր երաժշտական յանձնախումբին: Սակայն, Հայկին հետաքրքրութեան կիզակէտը եղած է դաշնամուրի մեքենական մասը. սկսած է այդ ուղղութեամբ պրպտումներ կատարել:
1976-1977-էն սկսեալ, Հայկ ինքնաշխատութեամբ կը զարգացնէ իր հմտութիւնը իրենց տան դաշնամուրին վրայ: Որոշ ժամանակ մը ետք, ան այս աշխատանքը կը շարունակէ մասնագիտական ձեւով` ուսումնասիրելով տարբեր լեզուներով գիրքեր եւ տեսերիզներ:

Դաշնակահար Հայկ Հալէպի Համազգայինի մէջ կը սկսի աքորի՝ դաշնամուր լարելու աշխատանքին, որ աւելի լայն շրջանակի ծանօթանալու առիթ կը դառնայ իրեն համար:
2002-էն սկսեալ, Հայկ Աբէլեան կը համագործակցի Հարաւային Քորիայի SAMICK ընկերութեան հետ, որ աշխարհին յայտնի է իր դաշնամուրներու արտադրութեամբ: Միաժամանակ ան կը համագործակցի գերմանական C. BECHSTEIN ընկերութեան հետ:
SAMICK ընկերութեան հետ համագործակցութեան առաջին օրերէն սկսեալ, Հայկ Աբէլեան ջանք կը թափէ ամբողջ Սուրիոյ մէջ SAMICK վաճառանիշը ծանօթացնելու համար, որուն ի պատասխան հետագային կը նշանակուի ընկերութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը ամբողջ Սուրիոյ մէջ:
2006-ին, Samick ընկերութեան կողմէ պաշտօնական հրաւէրով կ’այցելէ Հարաւային Քորէայի մէջ գտնուող Samick-ի դաշնամուրներու գործարանը։
Իր արդիւնաւէտ աշխատանքներուն դիմաց SAMICK ընկերութեան կողմէ Գերմանիոյ մէջ 2008, 2009, 2010 տարիներուն Հայկ Աբէլեան կը պարգեւատրուի Frankfurt MusikMesse BEST PERFORMANCE Awards մրցանակներով:

Հարկ է նշել որ բոլոր դաշնամուրներուն մէջ Հայկ Աբէլեան կ’օգտագործէ գերմանական բարձրորակ «RÖSLAU und Marke Degen» վաճառանիշի լարերը:
Նոյեմբեր 2021-ին, Հայկ Աբէլեան Հալէպի «Զաւարեան» մշակութային կեդրոնի սրահին եւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցին կը նուիրէ SAMICK վաճառանիշով երկու դաշնամուր եւ շարք մը երաժշտական գործիքներ ու պահեստամասեր՝ աքսեսուարներ, իսկ «Զուարթնոց» երգչախումբին` Professiօnal Music Stand-ներ:
Մէկ տարի ետք, Աբէլեան որպէս դաշնամուր նորոգող մասնագէտ կը հրաւիրուի վերանորոգելու Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի եւ «Զուարթնոց» երգչախումբի ութ դաշնամուրները: Ան անձնուիրաբար կը կատարէ նաեւ վերոյիշեալ երկու միաւորներու ութ դաշնամուրներու լարման եւ վերանորոգութեան աշխատանքները, որուն համար Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութիւնը շնորհակալական հաղորդագրութիւն մը կը հրապարակէ՝ յարատեւ վերելք եւ նորանոր նուաճումներ մաղթելով իրեն:
«Այս բարեգործութիւնը ուզեցի ընել Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Հալէպի մեջ տարած աշխատանքը քաջալերելու համար: Իսկ վերոյիշեալ դաշնամուրները երաժշտանոցի հիմնադրման օրէն չեխական, ճափոնական եւ աւելի շատ ռուսական դաշնամուրներ են՝ արտադրուած 1980-կան թուականներուն, եւ երկար տարիներ անոնց վերանորոգութիւնները կատարած եմ», կը նշէ վարպետ Հայկ:
«Ես կ’աշխատիմ իմ ամենակարեւոր գործիքներէս կամ սարքերէս մէկուն՝ դաշնամուրի թաւ ձայնալարային գործիքին հետ: Ան պատրաստուած է ու շինուած յատուկ ինծի համար քսան տարի առաջ, Սուրիոյ մէջ: Ուրախ եմ, որ գործիքս կարողացայ մաս առ մաս տեղափոխել Հալէպէն Երեւան. մէկ մասը թռիչքով, իսկ միւսը՝ ծովային ճամբով Վրաստանի ուղիով: Պէտք է ըսեմ, որ իմ բոլոր գործիքներուս մէջ, այս դաշնամուրի գործիքս գլուխգործոցն է, եւ որեւէ դաշնամուր լարող պիտի փափաքի նման գործիք ունենալ: Այս գործիքս կ’օգտագործեմ դաշնամուրի լարեր պատրաստելու համար, որոնց նիւթերը մինչ օրս կը պատուիրեմ ու կը ստանամ Գերմանիայէն»:
Հազուագիւտ մասնագիտութեան մէջ բերած իր ներդրումին շնորհիւ, Հայկ Աբէլեան Հայաստանի մէջ արդէն կը վայելէ Վարպետի համբաւը:
Հայկ իր հմտութեան շնորհիւ Երեւանի մէջ լարած ու վերանորոգած է շարք մը հազուագիւտ եւ արժէքաւոր դաշնամուրներ.-
- Rönisch Grand դաշնամուրի վերականգնումը, 24 Փետրուար 2018:
- GEYER Grand դաշնամուրի փղոսկրներու դեղնութիւնը վերացնելու եւ սպիտակ դարձնելու գործողութիւնը:
- Հռչակաւոր դաշնակահար, երաժիշտ, Ամերիկայի մէջ համաշխարհային Mason & Hamlin ընկերութեան ներկայացուցիչ դաշնակահար Արմէն Ահարոնեանի տան «ESTONIA» համերգային դաշնամուրի վերանորոգումը, 11 Դեկտեմբեր 2018-ին:
- August Förster դաշնամուրի լարերու կարգաւորման եւ ներքին գործիքի վերականգման գործընթացը, 24 Մայիս 2019:
- Արամ Խաչատուրեան տուն-թանգարանի Bechstein համերգային դաշնամուրի վերանորոգումը կատարուած է երկու ամսուայ ընթացքին՝ Յուլիս եւ Օգոստոս 2019-ին: Հայկ Աբէլեանի տարած աշխատանքը գնահատուած է յուշատախտակով ու տեղադրուած Արամ Խաչատուրեանի անուան տուն-թանգարանի սրահին մէջ։ C. Bechstein համերգային դաշնամուրի ստեղնաշար փղոսկրներու վերանորոգման աշխատանքը, 24 Սեպտեմբեր 2019:

- Հայաստանի Հանրային Ռատիոտան տաղաւարի համերգային «Blüthner» դաշնամուրի կարգաւորման աշխատանքը, 2019-ին, UWC Dilijan միջազգային քոլեճի դաշնամուրի վերանորոգում, 18 Փետրուար 2020-ին:
- ԵՊԿ Կամերային-գործիքային ամպիոնի վարիչի պաշտօնակատար Իրինա Բատալեանի անհատական միջոցներով եւ նախաձեռնութեամբ, Հայկ Աբէլեան աւարտին հասցուցած է ամպիոնի համերգային «Պլիւթներ» վաճառանիշով դաշնամուրի նորոգման աշխատանքները: Թէ՛ դաշնամուրի ներքին գործիքի վերանորոգման եւ թէ՛ լարման աշխատանքը տեւած էերկու ամիս:
- Steinway Royal դաշնամուրի խլացուցիչներու (dampers) վերանորոգման եւ կարգաւորման աշխատանքը, 7 Մարտ 2021-ին:
- Հրաւէր ստանալով Կիւմրիի «Վարդուհի» արուեստի դպրոցէն, Հայկ Աբէլեան նորոգած է չորս դաշնամուր, Մարտ 2021:
- Երեւանի Ռոմանոս Մելիքեանի անուան պետական երաժշտական քոլեճի դահլիճի «ESTONIA ռոյալ» դաշնամուրի վերանորոգումը կատարուած է երկու ամսուայ ընթացքին:
- Ա. Սպենդիարեանի անուան Օփերայի եւ Պալետի ազգային ակադեմական թատրոնի «Վահագն Մարգարեանի» անուան պալետի փորձադահլիճի ESTONIA ռոյալի վերանորոգումը տեւած է երկու ամիս եւ աւարտած է 19 Ապրիլ 2022-ին:
- Հրաւէր ստանալով Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Արմէն Սարգսեանէն, կատարած է տան դաշնամուրի նորոգման եւ լարման աշխատանքները:
Մայեսթրօ Սեդրակ Երկանեան այսպէս կը գրէ Հայկին մասին. «Որքան էլ անցած ապրուած տարին ողբերգականօրէն ծանր էր, սակայն իրենց գործի նուիրեալները շարունակում էին արարել, ինչպէս Սուրիայից եկած ու ընտանիքով Հայաստանում հաստատուած դաշնամուրի կարգաւորման վարպետների ՎԱՐՊԵՏԸ՝ ՀԱՅԿ ԱԲԷԼԵԱՆԸ. վստահաբար յայտարարում եմ` վստահէք ձեր դաշնամուրի հետ կապուած խնդիրները միմիայն Հայկ Աբէլեանին…»:

Իսկ Ռօրօ Աստուրեան, երկար տարիներու յաճախորդ մը, կ՛ըսէ. «Առաջին օրէն երբ մեր տան փիանօն նորոգեցիր ու վրան կեանք բերիր ձայներուն, որոնք երկար ժամանակ պառկած էին … ըսի. «այս երիտասարդին ականջն ու ձեռքի ճկունութիւնը բարձր մակարդակի փիանոներու նորոգութեան ճամբայ կը տանի»:
Երեւանի ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հարցերու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակին (UNHCR) հրաւէրով, Հայկ Աբէլեան եւ իր ընտանիքը ներկայ կը գտնուին Արամ Խաչատուրեանի անուան տուն-թանգարանի դահլիճին մէջ կայացած Գաղթականներու Միջազգային Օրուան հանդիսութեան, ուր ՄԱԿ-ի անձնակազմին ներկայութեան կը գնահատուի Հայկ Աբէլեանի Հայաստանի մէջ ունեցած յաջողութիւնները, որպէս դաշնամուրներու վերանորոգման, լարումի եւ սպասարկման սուրիահայ մասնագէտ, 20 Յունիս 2023:
Հայկ Աբէլեան ամուսնացած է Պերճուկ Եագուպեանի հետ եւ բախտաւորուած են 3 դուստրերով՝ Նազիկ, Նանօր եւ Աննա-Մարիա:
Հայկ Աբելեանի Haig Apelian դիմագիրքի յղումը այսպէս.- https://www.facebook.com/haig.apelian
![Հազուագիւտ Մասնագիտութեամբ Վարպետը՝ Դաշնամուր Լարող Եւ Վերանորոգող Հայկ Աբէլեան [Բացառիկ 2026]](https://araraddaily.com/wp-content/uploads/2026/01/ՇԱքէ.jpg)
![Չշեղինք Ու Չշեղենք Մեր Գերագոյն Օրակարգերէն [Բացառիկ 2026]](https://araraddaily.com/wp-content/uploads/2026/01/Անդրանիկ-1-75x75.png)