Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«Է՜Հ, Հայա՛թ» [Բացառիկ 2026]

Պերճ Արապեան

January 5, 2026
in Յօդուածներ
0
«Է՜Հ, Հայա՛թ» [Բացառիկ 2026]

«Սա նոր տարին ալ, երկու-երեք տարին անգամ մը եթէ գայ, չ’ըլլա՞ր»: Ամէն տարուայ կաղանդի նախօրէին, մամա-մօրաքրոջս բնաբանն էր: Ինք մեզի համար, իսկ մայրս իր զաւակներուն մամա-մօրաքոյր էին:

Իրաւունք ունէր Հուրիկ մօրաքս, Կաղանդի գիշերուան համար ըլլալիք դասաւորումները հարց-խնդիր ստեղծելու պատճառ կ’ըլլային: Ճաշարան երթալու սովորութիւնն ու կարողութիւնը չկար, ուստի, որո՞ւ տունը հաւաքուիլ, ի՞նչ ուտելիք պատրաստել, որո՞ւ ինչ նուէր առնել, գործերը ինչպէ՞ս դասաւորել եւ այլն:

Հայերս քաղքենիացած չէինք տակաւին: Ելեկտրոնային աշխարհը տիրապետած չէր: Մարդիկ իրարմով էին: Հարազատները իրարու հետ, իրարու նեցուկ: Հոգեբոյժի դիմելու կարիքը չկար, արենակիցները իրարու հետ կը բաժնէին իրենց ուրախութիւնները, դժուարութիւնները, «տարտ»երն ու կռիւները:

«Է՜հ, հէյ կիտի օրեր», գացին, վերացան, չքացան:

Նոր տարուայ նախորդող շաբաթներուն եւ անկէ ալ շաբաթ մը ետք, մեղուի բոյնի կը վերածուէր ամբողջ գերդաստանը: Ութը-ինը առիթով հաւաքուած կ’ըլլային(ք) աւելի քան 50-60 հոգի:

Սուրբ Յակոբ, Ստեփանոս (Փանոս), Պօղոս, Պետրոս, Էմմանուէլ (Մանուէլ), Դեկտեմբեր 25-ի Սբ. Ծնունդը, Նոր Տարի եւ վերջապէս Յունուար 6-ի Սբ. Ծնունդը՝ (Աւետիս): Անուանակոչութիւններուն յստակ էր թէ որո՞ւ տունը պէտք էր հաւաքուէին(ք), բայց Կաղանդի գիշերը, նոր տարին…:

Վստա՛հ նկատեցիք թէ «հաւաքուած կ’ըլլային(ք)»ին եւ «հաւաքուէին(ք)»ին «քէ»ն փակագիծի մէջ առնուած են:

Կեանքի պայմանները պարտադրած էին որ մեր ընտանիքը չկարենար մասնակից ըլլալ բոլո՜ր հաւաքոյթներուն: Լմա՛ն ընտանեօք՝ շատ հազուադէպ, հայրս եւ երեք զաւակները՝ երբեմն, քոյրերս եւ ես՝ շատ յաճախ, իսկ ես առանձինն՝ գրեթէ միշտ:

Ամռան մեր պարտէզով տան բակը հաւաքուիլը շատո՜նց դադրած էր, ձմռան՝ Դեկտեմբերին՝ արդէն անկարելի:

Մայրս տան մէջ աշխատող դերձակուհի էր: Այդ օրերուն պատրաստի հագուստներ չկային, ընդհանրացած չէր: Տիկիններուն մարմիններն ալ այսօրուայ նման բարեձեւ չէին, հագուելու համար պարտաւոր էին դիմելու վարպետ դերձակուհիի մը: Տօնական օրերուն, յաճախորդուհիներուն գոհացում տալու համար, մայրս ստիպուած էր գիշեր-ցերեկ աշխատիլ: Ժամանակ չունէր ո՛չ պատրաստելու եւ ոչ ալ պատրաստուածը վայելելու:

Հայրս որպէս անկողմնակալ, հաւասարակշռուած, ո՛չ-ծայրայեղ, բայց լիիրաւ հայ, սկսած էր վերապահ մօտեցում ունենալ նման հաւաքոյթներուն:

1960-ականի սկիզբներուն, քանի-քանի անգամ ճաշասեղաններ շրջուած էին, (նոյնիսկ մեր տան մէջ) հնչակ-դաշնակ, Էջմիածին-Անթիլիաս, կաթոլիկ-լուսաւորչական (առաքելական) տարակարծութիւններու պատճառաւ:

Գերդաստանին «հերոսները», քանի մը գաւաթ կոնծելէ ետք, մէկը իր նախասիրած ուիսքին, միւսը՝ օղին, դարձած են մէկական «կտրիճ», առիթ տալով բարձրաձայն աղաղակալից վիճաբանութիւններու, հասնելու համար մինչեւ «ատրճանակս ո՞ւր է, ատրճանակս տուէք»ի: Անշուշտ, մօտիկ եւ հեռաւոր իգականներու ճչոցներէն եւ աղաչանքներէն բաւարար ուշադրութիւն գրաւելէ ետք, հանդարտելու պայմանաւ:

Հայրս ու մայրս ունէին իրենց արդարացի պատճառները, տեղեակ չեմ թէ քոյրերս ինչո՞ւ, բայց լաւ կը յիշեմ այն նոր տարին որ պատճառ դարձաւ որ ես դադրիմ գերդաստանին միանալէ:

Հազիւ 8-9 տարեկան կայի կամ ոչ, ինչպէս միշտ, այդ օր ալ, ամէնէն աղքատ կաղանդ պապան իմս էր: Ոչի՛նչ, ընդունած էի որ իմս ամէնէն աղքատը ըլլար: Հարց չէր որ տարեկիցներս տասնեակներով նուէրներ ստանային, ես՝ քիչ, նոյնիսկ երբեմն ոչ մէկ, կամ միմիայն մէկ: Բայց արժանապատուութիւնս խորապէս վիրաւորուած էր, երբ այդ տարին ստացայ «տեֆոներով» լեցուն բուրդէ քազակ մը: Չափերը անհամեմատ, գոյները խառնիճաղանճ: Շա՜տ, շատ մօտիկ հարազատի մը «սեւ սատանայ, օձի շապիկ կնիկը» (չակերտներուն մէջինը երգի բառերն են), ինծի արժանի տեսած էր անճոռնի քազակ մը: …Եւ վե՛րջ: Խորապէս վիրաւորուած էի, անգամ մըն ալ չուզեցի միանալ իրենց:

Ես ալ, մեր ընտանիքի միւս անդամներուն հետ, մեր խրճիթի համեստ յարկին տակ սկսայ դիմաւորել նոր տարին:

Կաղանդի գիշեր, Աստուծոյ պարգեւած սեղանին վրայ, երեք բան անխուսափելի էր, շագանակը, հայկական աւանդական անուշապուրը եւ մեր պարտէզին մանտարինը:

Կէս գիշերին, լոյսերը մարելէ ետք, բոլորս միասին, նոր տարին կը դիմաւորէինք Տէրունական աղօթքով: Յոտնկայս, երկիւղածութեամբ արտասանելով.

«Հայր մեր, որ յերկինս ես»ը:

Իսկ հիմա՞…

Մեծ հայր, մեծ մօր ներկայութեան յարգուած մնացին աւանդութիւնները: Հայրերու եւ մայրերու օրերուն թեթեւցած էին, բայց որոշ չափով պահուած մնացին այդ սովորութիւնները: Այո՛, թերեւս ժամանակ առ ժամանակ «բզքտուէին», բայց մարդիկ իրարմով էին տակաւին: Երբ բոլորին զաւակները «հասունցան», ամէն ինչ վերացաւ: Անվերադարձ կորած է արդէն: Ոմանք, աշխարհով մէկ սփռուած, իսկ ուրիշներ, նոյն երկրին, նոյնիսկ նոյն քաղաքին մէջ ապրելով, եղած են «հեռո՜ւ, հեռո՜ւ, շատ հեռո՜ւ» հեռաւո՜ր «թաղամասերու» մէջ:

Թոյլ տուէք, այս նոր տարիին ալ, ցաւոտ սրտով բարձրաձայն հառաչեմ. «Է՜հ, Հայա՛թ»:

Share64Tweet40
Previous Post

Ապրող Յուշեր – Արարատը Եւ Կարէն Դեմիրճեանը [Բացառիկ 2026]

Next Post

Ինքնութիւնը Ընդհանրապէս Եւ… Մասնաւորապէս [Բացառիկ 2026]

Next Post
Ինքնութիւնը Ընդհանրապէս Եւ… Մասնաւորապէս [Բացառիկ 2026]

Ինքնութիւնը Ընդհանրապէս Եւ… Մասնաւորապէս [Բացառիկ 2026]

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.