Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ապրող Յուշեր – Արարատը Եւ Կարէն Դեմիրճեանը [Բացառիկ 2026]

Համբիկ Մարտիրոսեան

January 5, 2026
in Յօդուածներ
0
Ապրող Յուշեր – Արարատը Եւ Կարէն Դեմիրճեանը [Բացառիկ 2026]

1980 թուականի ամառն էր, խորհրդային կարգերու ժամանակ: Ես, որպէս ուսուցիչ կը գտնուէի Հայաստան, մասնակցելու Երեւանի մէջ կազմակերուած «Ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքներ»-ուն, որուն կը մասնակցէին Սփիւռքի չորս ծագերէն գրեթէ հինգտասնեակ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ: Այդ օրերուն, Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի նախագահ Վարդգէս Համազասպեանը տեղեկանալով իմ  անհանգստութեան, կամ աջ թեւիս վիրահատութեան հետ կապուած խնդրին, զիս կանչել տուաւ իր մօտ եւ թեւիս առնչութեամբ որոշ մանրամասնութիւններ իմանալէ ետք, ուղիղ նայելով աչքերուս, կէս յանդիմանական շեշտով մը ըսաւ.

– Չե՞ս իմանում, որ մենք պետութիւն ենք եւ ունենք ամէն յարմարութիւն ու բժշկական լայն հնարաւորութիւններ: Ինչո՞ւ չես խօսում:

Ապա ան, անմիջապէս զանգեց Ամիրեան փողոցի վրայ գտնուող «Օրթօփետիք» հիւանդանոցի պատասխանատու տնօրէն բժիշկին, որպէսզի բժշկական արագ քննութեան ենթարկեն զիս եւ կատարեն անհրաժեշտը: Ապա դառնալով իր պատասխանատու պաշտօնեային, քիչ մը խիստ ոճով ըսաւ.

– Հիմա, էս րոպէին, իմ ինքնաշարժով պարոն Մարտիրոսեանը կը տանէք հիւանդանոց: Պա՞րզ է:

Ես, ապշած էի ու զարմացած պարոն Համազասպեանի այսքան արագ դիրքորոշումին ու նաեւ իր անձնական ինքնաշարժը տրամադրելու բարեհաճութեան: Այո՛, համեստս իր հետ ծանօթութիւն ունէի, սակայն եղած կարգադրութիւնը յուզեց զիս եւ ուրախացուց:

Նախագահ Համազասպեանի որոշման վրայ պաշտօնեաներ շարժեցան արագ: Երկրորդ յարկի սանդուխներէն իջանք առանց ժամանակ կորսնցնելու, նստանք ինքնաշարժ եւ ուղղուեցանք Ամիրեան պողոտայ: Ամիրեան հիւանդանոցը երկյարկանի մեծկեկ շէնք մըն էր եւ այդ օրերուն աշխատանք կը կատարուէր, որ ան փոխադրուի Նորք Մարաշ թաղամասը: Հիւանդանոցի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը արդէն տեղեակ ըլլալով իմ պարագային, զիս ընդունեցին մեծ սիրով, յարգալիր ու ժպտերես:

Բժիշկներուն ունեցած  ջերմ վերաբերմունքը զարմացուց զիս: Այս որքա՜ն սերտ ու սիրալիր մօտեցում էր ցուցաբերուածը, ուղղակի շշմեցայ՝ ուրախանալով: Իմ սփիւռքահայ ուսուցիչ ու բանաստեղծ ըլլալու հանգամանքս խանդավառած էր բոլորը:

Անոնք, բոլորովին տարբեր, մարդկային մեծ ու վեհ վերաբերմունք ունէին սփիւռքահայ մտաւորականի եւ ուսուցիչի հանդէպ: Մեծ յարգանք կար ու խոր գիտակցութիւն: Տիրող ջերմ մտերմութեան մէջ, նոյնիսկ ես պահ մը բոլորովին մոռցայ իմ թեւիս պատմութիւնը, քանզի սքանչացած էի բժիշկներու ազնիւ կեցուածքէն: Եւ արդարեւ, անհրաժեշտ ամէն ինչ՝ նկար, քննութիւններ եւ այլ անհրաժեշտ դասաւորումներ կատարուելէ ետք, որոշեցին անպայման վիրահատութիւն… որ կատարուեցաւ աւելի ուշ, նոյն հիւանդանոցին մէջ:

Հիւանդանոցէն ներս աշխատող բազմատասնեակ բժիշկներու խումբին մէջ կար Շաքէ Աղազարեան անուն բժշկուհի մը, որ ինք ալ միւս բժիշկներու նման ինծի ցոյց տուաւ շատ ջերմ վերաբերմունք ու գաղջ հոգատարութիւն: Ան մանրամասնութեամբ հետաքրքրուեցաւ Միջին Արեւելքով, Սուրիայով, հայկական գաղութներով ու կառոյցներով եւ մանաւանդ՝ Լիբանանով: Երբ կը խօսէր Լիբանանի մասին, զգացի, որ ան ուրախութեամբ ու առաւել յուզումով կ’արտայայտուէր: Ուշ իմացայ, որ բժշկուհին ծնած է եղեր Լիբանան եւ 1947 թուականին, ներգաղթի ժամանակ, երբ փոքր երեխայ էր, ընտանեօք մեկնած են Հայաստան:

Երբ կը խօսէր, պահ մը ընդհատեց իր խօսակցութիւնը եւ հանդարտ-հանդարտ ըսաւ.

– Երազի նման բան էր… յիշում եմ Լիբանանը, այդ օրերու Պէյրութը… Հաճընը… մեր թաղեցիները… զուարթ ու շէն երեկոները..: Արդէն ամէն ինչ մնաց ետեւ… տարիներու փոշին ծածկեց ամէն ինչ:

Իր արտայայտութիւններէն իմացայ, որ տիկին Շաքէն եղած է նշանաւոր հնչակեան Աղազարեան գերդաստանի ներկայացուցիչներէն մէկուն, յայտնի կուսակցական  պատասխանատուի մը դուստրը, իսկ իր  ամուսինը նշանաւոր պատմաբան էր, համալսարանի դասախօս եւ կը կոչուէր Երջանիկ Գարախանեան:

Անոնք սփիւռքահայ պայմաններու մէջ հայ ուսուցիչին կատարած գործը կը գնահատէին մեծապէս եւ փափաքեցան, որ ես օր մը ըլլամ իրենց տան հիւրը, անպայման այցելեմ իրենց բնակարանը եւ զրուցենք երկար-երկար: Ընդառաջեցի եւ գացի:

Բժշկուհին այդ օր պատրաստած էր հայկական սեղան..: Լիբանանեան ճաշատեսակներ: Սա, անակնկալ եղաւ ինծի համար: Ճաշի սեղանին վրայ զրուցեցինք մեզ յուզող շատ մը ընթացիկ հարցերու, գաղութահայ խնդիրներու եւ մեր ազգային մտահոգութեանց մասին:

Իսկ Հայաստանի առօրեային, անոր ունեցած գիտական յառաջընթացին ու արձանագրած զարգացումներուն մասին, պարոն Գարախանեան ու տիկին Շաքէ հպարտութեամբ կը խօսէին: Անշուշտ, երբ կը փոխանակէինք միտքեր, ու ես կը տեղեկանայի մանրամասնութեանց, կը հիանայի, կը հպարտանայի ու կ’ուրախանայի մանուկի պէս, երբ կը լսէի ու կը տեղեկանայի արձանագրուած զարգացումներու մասին, թէ Խորհրդային Հայաստանը որքան յառաջդիմած է եւ որքան զարգացած սերունդ պատրաստած է:

Պահ մը, պարոն Գարախանեան հպարտութեամբ ըսաւ.

– Համբիկ ջան, կրնա՞ս պատկերացնել, մէկ միլիոն ուսանող ունի Հայաստանը այսօր… մէկ միլիոննոց ուսանողական բանակ… սա մեծ հարստութիւն է..:

Տէր եւ տիկին ուրախ ու հպարտ էին իրենց հայկականութեամբ, հայրենիքով, ազգային պատմութեամբ, համալսարաններով, գիտնականներով, գրողներով, մտաւորականներով ու արուեստագէտներով:

Իմ մտերմութիւնը Գարախանեաններու հետ շարունակուեցան օրեր, եւ ես հպարտ էի, որ ծանօթացած էի նման զարգացած ու գիտակից մարդոց հետ, որոնց հետ իմ առօրեան կը լեցուէր իմաստութեամբ: Պարոն Գարախանեան, քանի-քանի՜ անգամներ, որպէսզի Երեւանը աւելի մօտէն տեսնեմ ու ճանչնամ, իր սպիտակ ինքնաշարժով զիս կը պտըտցնէր, լայն գիտելիք եւ մանրամասնութիւն տալով երկրին եւ քաղաքին մասին: Որպէս պատմաբան, ան շատ բան ունէր խօսելիք, պատմելիք, մատնանշելիք ու ակնարկելիք, երբ մանաւանդ հարցը դառնար մեր ազգային դատին ու հողային պահանջներուն՝ Ղարաբաղի կամ Նախիջեւանի մասին, միջազգային անիրաւութեանց ու անարդարութեանց մասին:

Երջանիկ Գարախանեան եւ Շաքէ Աղազարեան տարբեր մարդիկ էին, ազնիւ, քաղաքավար, գիտակից ու հրաշալի հայրենասէրներ..: Օր մը, երբ դարձեալ կը շրջէինք Երեւանի հեռաւոր շրջանները, պարոն Գարախանեան ըսաւ.

– Այս երեկոյ քեզ պիտի տանիմ բարեկամիս արհեստանոցը, որ կը գտնուի Երեւանի մէջ: Ան յայտնի եւ գնահատուած գեղանկարիչ է: Ես իր հետ շատ խօսեցայ քու մասիդ, այնքան խօսեցայ, որ ան փափաքեցաւ անպայման տեսնել քեզ: Համաձա՞յն ես:

– Չհամաձայնելու պատճառ չկայ, մեծ ուրախութեամբ կ’երթամ, քանի առաջարկը ձեզմէ է,- ըսի ուրախանալով:

Եւ արդարեւ, քանի մը ժամ եւս շրջելէ, սուրճ ու զովացուցիչ առնելէ ետք, ուղղուեցանք գեղանկարիչ Վաղարշակ Սարգսեանի արհեստանոցը: Երբ դրան զանգը հնչեցուցինք, միջահասակ մարդ մը, որ արտաքինէն կամ իր արուեստագէտի հագուստ կապուստէն յայտնի էր, որ գեղանկարիչ է, բացաւ դուռը եւ մեզ ներս հրամցուց քաղցր ժպիտով: Մտանք ուրախ տրամադրութեան մէջ եւ ընդարձակ աշխատանոցի մէջ ուղղուեցանք իր առաջարկած անկիւնը: Աջ ու ձախ լեցուն էին բազմաթիւ գեղանկարներով ու շրջանակներով: Երբ աւելի յառաջացանք, նշմարեցի, որ սենեակին կեդրոնը, գրասեղանի մօտ նստած է յաղթանդամ մարդ մը, ձեռքին «Հայրենիքի Ձայն» թերթը, թաղուած ընթերցումի մէջ: Սովորական բարեւէ մը ետք, ձեռնուեցանք ու նստանք: Պարոն Գարախանեան փափաքեցաւ զիս ծանօթացնել նկարիչին: Գեղանկարիչը, առանց վարանելու ըսաւ.

– Մենք զինք արդէն շատ լաւ ենք ճանաչում: «Հայրենիքի Ձայն» թերթի մէջ ընթերցեցինք իր մասին, գովասանքներն էլ լսեցինք, նրա քերթուածներն էլ հաճոյքով կարդացինք էդտեղ: Այո՛,  երիտասարդ բանաստեղծ, ուսուցիչ, հասարակական գործիչ եւ Դամասկոսի Թէքէեան Մշակութային Միութեան ատենապետ: Այլ խօսքով, հայրենասէր մարդ, որ Սփիւռքի պայմաններում աշխատում է հայ  սերունդները դաստիարակել: ՉԷ՞..: Դասս լաւ սովորե՞լ եմ,- ըսաւ խնդալով:

Խնդացինք միասին: Ես, քիչ մը զարմանքով, բայց աւելի շատ ուրախութեամբ լսեցի հնչած խօսքերը: Կասկածելու պէտք չունէի, գիտէի որ պարոն Գարախանեան իմ մասին որոշ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցած էր գեղանկարիչ Սարգսեանին, եւ աւելին ալ ստացած «Հայրենիքի Ձայն» շաբաթաթերթէն, ուր գրուած էր իմ մասին  մանրամասնօրէն, տիկին Շաքէ Վարսեանի կողմէ:

Մինչ մենք տարուած էինք խօսակցութեամբ, անկիւնը նստած լուրջ մարդը լուռ կը հետեւէր թերթին, կամաց-կամաց գլուխը կը շարժէր եւ հազիւ թեթեւ ժպիտ մը կ’ուրուագծուէր դէմքին վրան, առանց սակայն միջամուխ դառնալու  մեր խօսակցութեան: Երբ ծանօթացման պահը եւ արարողութիւնը վերջացաւ, պարոն Սարգսեան արագ մը սկսաւ տեղւոյն վրայ սուրճ պատրաստել եւ առանց ժամանակ կորսնցնելու ըսաւ.

– Սիրելի բանաստեղծ, մենք գնահատելով քու եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան տարած աշխատանքը հեռաւոր Սիրիայի մայրաքաղաքին մէջ, ուզում ենք քեզի եւ քո միութեան նուիրել մեծ եւ փոքր երկու Արարատներ..: Այս փոքր Արարատը քեզի, քո տան համար, իսկ մեծը՝ Ձեր կազմակերպութեան: Զայն կը տանես, կը կախես քո տան հիւրասենեակի պատին, որպէսզի ամէն օր ու ամէն ժամ դիտես մեր բիբլիական լեռը, վայելես ներկայութիւնը սրբազան Արարատին, հպարտանաս ու զօրանաս անով: Իսկ մեծը՝ ձեր Միութեան, որպէսզի սերունդներ տեսնեն ու յիշեն եւ օր մըն ալ անպայման պահանջեն Արարատը:

Վերջին բառերը ան արտասանեց աւելի բարձրաձայն… խնդալով ու միաժամանակ նայելով անծանօթ պարոնին կողմը: Ես, զարմանալով ըսուածին ու կատարուածին, պահ մը վարանեցայ խօսելու: Ճիշդ է, ուրախ էի, բայց ան կը խօսէր անկարելի բանի մը մասին: Համեստս, որոշ չափով ծանօթ ըլլալով խորհրդային կարգերու ժամանակ երկրէն դուրս արուեստի գործեր արտահանելու հարցին, տարակուսանքով մը ըսի.

– Շնորհակալ եմ, յարգելի պարոն Սարգսեան,  բայց ես չեմ կրնար երկրէն արուեստի գործ դուրս հանել: Գիտեմ, որ սա արգիլուած է, չեմ փափաքիր օրէնքը խախտել: Նաեւ, չեմ ուզեր յանկարծ խայտառակուիլ օդակայանին մէջ:

Իմ անկեղծ խօսքիս ու արտայայտութեանս վրան գեղանկարիչը եւ պարոն Գարախանեանը խնդացին բարձրաձայն ու նայեցան երրորդ անձին, որ մինչեւ այդ պահը կը մնար լուռ ու անխօս: Այդ պահուն ան ձեռքի թերթը ձգեց սեղանին եւ ունեցաւ թեթեւ ժպիտ մը դէմքին վրայ: Այս խօսակցութենէն ետք, ես աւելի ուշադիր նայեցայ այդ անծանօթ մարդուն: Մինչեւ այդ պահը անխօս նստած մարդուն դէմքը շատ ծանօթ կը թուէր ինծի: Փորձեցի յիշել, բայց չկրցայ: Արդեօք ո՞ւր հանդիպած կրնայինք ըլլալ, կամ ո՞ւր տեսած էի:

Այս մտածումներուն մէջ էի, երբ պարոն Գարախանեան ըսաւ.

– Վաղօ ջան, քո սուրճը միշտ ալ համով է… կեցցե՛ս: Պիտի երկրորդ բաժակը լեցնեմ:

Անծանօթ մարդը գլխով հաւանութեան նշան տուաւ, կ’երեւէր, որ ան ալ հաւնած էր սուրճը: Ենթադրեցի, որ սակաւախօս ըլլալու էր, կամ՝ համր… քանի որ մինչեւ այս պահը բան չխօսեցաւ: Քիչ ետք, հայրենի նկարիչը, փափաքեցաւ վերադառնալ նկարներու նիւթին եւ ըսաւ.

– Համբիկ ջան, դուն ե՞րբ պիտի ճամբորդես, կրնա՞մ ճիշդ թուականը գիտնալ:

– Հինգ օր ետք, Շաբաթ առաւօտ կանուխ,- ըսի հանդարտ շեշտով մը:

– Ուրեմն, Հինգշաբթի երեկոյ կու գաս եւ կը տանես նկարները, եղա՞ւ:

– Ո՛չ, պարոն Սարգիսեան, ո՜չ… չեմ կրնար, չեմ ուզեր անունիս բիծ բերել, նկարներու պատմութիւնը մոռցէ՛ք,  չեմ կրնար, չեմ ուզեր անակնկալի կամ կատարուած իրողութեան առջեւ մնալ: Շնորհակալ եմ մեծապէս, Ձեր մտածումը մե՜ծ, շատ մեծ բան է ինծի համար, չեմ մոռնար Ձեր ազնուութիւնը, գնահատող  միտքը, վերաբերմունքը: Բա՜յց..:

Այդ պահուն, պարոն Վաղարշակ ուղիղ նայեցաւ անծանօթ մարդուն: Երկուքով ժպտեցան: Ես բան չհասկցայ անոնց նայուածքներէն: Սակայն մէկ վայրկեան չանցած, անծանօթ անձը նայեցաւ ինծի եւ հանդարտ-հանդարտ ըսաւ.

– Երիտասարդ, դու իրաւունք ունես այդպէս մտածելու ու խօսելու: Այո՛ … շատ ճիշդ են ասածներդ: Դու չես տանիր նկարները քու հետ..: Եղա՞ւ…: Օդակայանում քեզ կը յանձնեն զանոնք: Ասոնք, Արարատները Ձեզի եւ քեզի նուէր են Ձեր յաւերժական հայրենիքէն, որպէսզի նայիք անոնց եւ միշտ յիշէք Արարատը, Երեւանը, Հայաստանը եւ մնաք ամուր՝ Արարատի նման..: Արարատը մեր գոյութեան ու գոյերթին խորհրդանիշն է, մեր ազգի յաւերժութեան նշանը:

Ես, լսելէ ետք այս խօսքերը, զարմանքով կը նայէի օտարականին: Ո՞վ էր արդեօք, որ այսքան համարձակ կը խօսէր: Կ’ուզէի անպայման գիտնալ իր ինքնութիւնը: Պարոն Գարախանեան, տեսնելով իմ շփոթմունքը, արագ մը ոտքի ելաւ ու դառնալով ինծի, ուրախ ժպիտով ըսաւ.

– Սիրելի Համբիկ, հիմա գիտցա՞ր, թէ ով է մեր յարգելի զրուցակիցը: Ան, մեր Հայաստանի առաջին քարտուղարն է, Կարէն Դեմիրճեանն է..:

Այս խօսքին վրայ անմիջապէս ելայ ոտքի: Ուրախութիւնս անսահման էր եւ առանց ժամանակ կորսնցնելու ուղղուեցայ իր կողմը: Ան եւս անմիջապէս ոտքի ելաւ: Ես, արագ մը մօտեցայ իրեն,  ամուր մը բռնեցի անոր հայու մաքուր ձեռքը եւ ուզեցի համբուրել: Չթողուց, ետ քաշեց ձեռքը: Բռնեց ուսս,  թափահարեց քանի մը անգամ եւ ուղիղ նայելով աչքերուս՝ ըսաւ.

– Մենք պէտք է համբուրենք ձեր նմաններուն ձեռքերը եւ ճակատները, ոչ թէ դուք: Դուք, ուսուցիչներդ, հայրենիքէն փարսախներ հեռու լծուած էք հայապահպանման ազնիւ գործին: Դուք է որ հայը հայ պահում էք արտասահմանի մէջ: Երկա՛ր ապրիք: Ուրախ եմ Ձեզի հանդիպելով:

Խօսքը աւարտելէ ետք ան, մեծ հայը, «Մնացէք բարի», ըսաւ, անգամ մըն ալ ձեռքը դրաւ ուսիս, ժպտեցաւ, գլուխը շարժեց ու հեռացաւ արագ քայլերով..:

***

45 երկար տարիներ անցած են այդ օրէն… բայց ես ամէն անգամ մեծ ոգեւորութեամբ եւ ուրախութեամբ կը յիշեմ այդ պատմական օրը եւ կը հիանամ այդ Մեծ Հայուն, Հայրենասէր Հայուն պարզութեան, ունեցած ջերմ հայասիրութեան եւ անհուն հայրենասիրութեան:  Հիմա, իմ տան պատին միշտ ներկայ է Արարատը…: Ամէն օր կը տեսնեմ զայն ու ամէն անգամ կը յիշեմ այդ երանելի օրը:  Սուրբ լեռը միայն իմ տան մէջ չէ, ան նաեւ իմ սրտիս ու հոգիիս մէջ է: Ան ճիշդ է, նկար է, բայց ան խօսուն պատմութիւն է, հպարտացնող անցեալ է, խրախուսող ներկայ է, ապագայ խոստացող ինքնութիւն է եւ աղաղակող յաւերժութիւն: Ան այնպիսի կախարդական ուժ է, մագնիսական ու առինքնող այնպիսի գաղտնի ուժ մըն է, որ կը ներշնչէ Հաւատք՝ դէպի հայրենիք, Յոյս՝ դէպի ապագայ եւ Սէր՝ դէպի հայութիւն ու Հայաստան:

 

Share62Tweet39
Previous Post

Անմոռանալի [Բացառիկ 2026]

Next Post

«Է՜Հ, Հայա՛թ» [Բացառիկ 2026]

Next Post
«Է՜Հ, Հայա՛թ» [Բացառիկ 2026]

«Է՜Հ, Հայա՛թ» [Բացառիկ 2026]

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.