Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հայ Գեղանկարչութեան Գագաթներէն Եւ Մարտական Գործիչ՝ Փանոս Թերլեմեզեան (Ծննդեան 160-Ամեակ) [Բացառիկ 2026]

Աւետիս Ռազմիկ (Երեւան)

January 5, 2026
in Յօդուածներ
0
Հայ Գեղանկարչութեան Գագաթներէն Եւ Մարտական Գործիչ՝ Փանոս Թերլեմեզեան (Ծննդեան 160-Ամեակ) [Բացառիկ 2026]

2025-ին, ծննդեան 160-ամեակն էր ինքնատիպ այն անձնաւորութեան, որուն կեանքի եւ գործունէութեան տարեգրութիւնը կարելի է բաժնել երկու մասի՝ մարտական եւ նկարչական: Ան նաեւ գրելով իր կեանքին հետաքրքրական յուշերը, կրնանք յաւելել, որ իր յուշագրութեամբ կարեւոր ժառանգութիւն կտակած է յետնորդ սերունդներուն: Փանոս Թերլեմեզեանի ընդմէջէն՝ զէնքի եւ վրձինի մարդու կողքին, արդարեւ, ունինք գրչի մարդը եւս:

Ծնած է Վանի Այգեստան հայկական թաղամասը 11Մարտ 1865-ին: Փոքր տարիքին որբանալով՝ ընտանեկան հոգը կը կրէ իր ուսերուն: Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Վանի տարրական դպրոցէն ներս եւ ապա Մկրտիչ Փորթուգալեանի հիմնած Կեդրոնական վարժարան՝ մինչեւ 1885, երբ օսմանեան իշխանութիւնները կը փակեն վարժարանը: Վան-Վասպուրականի մէջ այդ օրերուն կը խլրտէր ազգային հայրենասիրական-յեղափոխական կեանքը: Փորթուգալեանի շունչով դաստիարակուած երիտասարդներ կը կազմեն Արմենական կազմակերպութիւնը, որուն կ’անդամակցի Փ. Թերլեմեզեան: Իր յուշերուն մէջ ան հետաքրքրական ոճով եւ հարազատօրէն կը նկարագրէ այդ օրերու Վանի կեանքը, կենցաղը, տոհմիկ միջավայրն ու բարքերը, հայ-թուրք-քիւրտ-ասորի յարաբերութիւնները, Խրիմեան Հայրիկի առաջնորդութիւնն ու սերմանած ազգաշունչ հունտերը եւ… «Մեր դպրոցի մի խումբ աշակերտներս աշխատում էինք լաւ նշանաձիգներ դառնալ». «Երբ վարը եկեղեցու մէջ ջերմեռանդ հաւատացեալները, արտասուախառն տարածում էին իրենց ձեռքերը եւ աղօթում, մենք էլ վերը գմբէթի վրայ էինք տարածում մեր ձեռները պոկելու համար կապարեայ թերթերը եւ նրանցից գնդակներ ձուլելու մեր հրացանների համար»: Ուշագրաւ նկատառում մը Վանի կուսակցական կեանքէն՝ «Վանում առաջներ այդ կուսակցութիւններին պատկանող անձինք յայտնի էին իրենց նիստ ու կացով: Արմենականները թէյ էին խմում, դաշնակցականները՝ գինի, հնչակեանները՝ օղի: Ոստիկան Ագյահ էֆէնտին ճանապարհի վրայ նստած՝ անցնողների մասին գրեթէ անսխալ կերպով ասում էր, թէ անցնող մարդը ո՞ր կուսակցութեան է պատկանում՝ դատելով նրանց քայլուածքից ու շարժումներից: Բազմաթիւ ընտանիքներ կային, որոնցից հայրը արմենական էր, մի տղան՝ հնչակեան եւ միւս տղան՝ դաշնակցական: Դրանք յաճախ իրար հետ չէին խօսում եւ ճաշում՝ մէկը միւսին հակառակորդ համարելով»: Ան կը դառնայ ուսուցիչ, դասաւանդելով՝ աշխարհագրութիւն, գեղագրութիւն եւ գծագրութիւն: Ներգրաւուելով մարտական գործերու մէջ՝ յաճախ կ’այցելէ սահմանամերձ Պարսկաստան, գործօն դերակատարութիւն կ’ունենայ Վանի արմենական շարժումին, կը մասնակցի վրիժառական ընդյատակեայ գործողութիւններու, որու պատճառով ալ խիստ կասկածելի կը նկատուի իշխանութիւններուն կողմէ. կը հետապնդուի, կը ձերբակալուի եւ 1890-ին Վանի բանտը կը նետուի, ուր կը մնայ վեց ամիս: Աւելի ուշ՝ մահուան ալ կը դատապարտուի, սակայն կը յաջողի խոյս տալ այդ վճիռէն:

Անկէ ետք, թափառական կեանք մը կ’ունենայ ան: Մարտական ընկերներու հետ կը լքէ Վանը 1893-ին: Կ’անցնի Պարսկաստան եւ ապա՝ Թիֆլիս, ուր կ’աշխատի որպէս փայտահատ, գրաշար, թերթերու ցրուիչ: Հոն ճակատագրական հանդիպում մը կ’ունենայ անուանի նկարիչ Գէորգ Բաշինջաղեանի հետ, որ կը խրախուսէ նուիրուիլ նկարչական արուեստին: Դարձեալ Վան, Սալմաստ եւ Թիֆլիս, ուր կը հանդիպի հոն գտնուող իր վաղեմի ծանօթ Խրիմեանի Հայրիկին, որուն յայտնելէ ետք իր նկարիչ դառնալու մտադրութիւնը, Խրիմեան կ’ըսէ՝ «Ծօ ապո՛ւշ, նկարչութիւնը պատանեկութիւնից են սկսում, դու՝ երեսուննոց մարդ եւ յետոյ հրացան եւ մատիտ իրար հետ ի՞նչ կապ ունեն: Ընկերներ ունես, գործ ունես»: Ապա՝ Բաշինջաղեանի ցուցմունքով կ’ուղղուի Փեթերսպուրկ՝ նկարչութիւն ուսանելու. կրթաթոշակը ապահոված էր Խրիմեանը:

1897-ին կը մեկնի Էսթոնիա՝ նկարչութեան մէջ խորանալու միտումով, բայց օսմանեան կառավարութեան պահանջով կը ձերբակալուի եւ կը կալանաւորուի Ռեւելի բանտը: Այնուհետեւ բանտէ բանտ՝ Փեթերսպուրկ, Մոսկուա, Ռոստով, Թիֆլիս, Դիլիջան, Երեւան: Որմէ ետք կ’աքսորուի Պարսկաստան, ուրկէ կը փախչի Պաթում՝ անցնելու համար Փարիզ: Փարիզի մէջ կ’ուսանի Ժուլիանի նշանաւոր նկարչական ակադեմիան, ուր հետզհետէ կը բացայայտուի նկարիչին տաղանդն ու բնատուր շնորհքը. կը մասնակցի ցուցահանդէսներու, կը շահի մրցանակներ: 1904-ին կը վերադառնայ Հայաստան՝ լիովին նուիրուելով նկարչութեան. կ’ըլլայ Էջմիածին, Սանահին՝ ստեղծագործելով հայրենի բնաշխարհէն գեղեցիկ նկարներ: 1905-1908 թ. կ’ապրի Թիֆլիս՝ դասաւանդելով Ներսիսեան եւ Յովնանեան դպրոցներէն ներս եւ աշխուժօրէն մասնակցելով մշակութային կեանքին: 1908-ին՝ Եգիպտոս (Գահիրէ, Աղեքսանդրիա), Ալժիր եւ ապա՝ Փարիզ: 1910-1915 թ. կ’ապրի եւ կը ստեղծագործէ Պոլսոյ մէջ: Հոն կ’ըլլայ (Պանկալթի) սենեկակիցը Կոմիտաս Վարդապետին, որուն մասին գրի առած է հետաքրքրական յուշեր: Միասին կ’ըլլան Կոմիտասի ծննդավայրը՝ Քէօթահիա (Կուտինա), ուր կը ստեղծագործէ հանրածանօթ պատկերը Կոմիտասին՝ կաղնիի կռթնած: Պոլսոյ մէջ կը բանայ նկարչական դպրոց եւ կը կազմակերպէ ցուցահանդէս: Կը մասնակցի նաեւ Միւնխենի ցուցահանդէսին՝ արժանանալով ոսկէ մետալի:

Ան իր յուշերուն մէջ կը գրէ՝ «Նկարիչ դառնալուց յետոյ մեծ ցանկութիւն ունէի իմ սիրած Վասպուրականը տեսնել եւ այն տեղերի անզուգական գեղեցկութիւններից գործեր տալ: Ահա այդ նպատակով 1914-ի վաղ գարնան ես վճռել էի իմ հայրենի քաղաքը՝ Վան վերադառնալ եւ այնտեղ գէթ մի ամառ էդիւտներ անել»: Եւ ան Մայիսին ընկերներով կ’ուղղուի Թիֆլիս, կ’այցելէ Անի եւ անկէ Իգտիրի վրայով կը հասնի Վան: Փ. Թերլեմեզեանի յուշագրութեան ճիշդ այս հատուածը ունի պատմագիտական մեծ արժէք, որովհետեւ ականատեսի վկայութեամբ կը պատմէ Առաջին Աշխարհամարտին պայթումը, կամաւորական շարժման ընթացքը, ռուս-թրքական ճակատը եւ Վանի մէջ նախաեղեռնեան իրավիճակը: Մթնոլորտը թէժացած է եւ կիրքերը հասած իրենց բարձրակէտին: Թէ ե՞րբ եւ ի՞նչպէս սկսաւ Վանի ինքնապաշտպանութիւնը, ի՞նչպէս ընթացաւ դիմադրական պայքարը, ան կը նկարագրէ կէտ առ կէտ: Այժմ նկարիչը կը դառնայ մարտիկ եւ մաս կը կազմէ Վանի ինքնապաշտպանութեան ղեկավար մարմինին: Մարտական հմտութեամբ կը կազմակերպէ պատնէշները, առաջնագիծերը եւ այլն: Ինքնապաշտպանութիւնը կը կոչէ դիւցազնամարտ: Կռիւի յաղթական աւարտի մասին ան կ’եզրակացնէ՝ «բացարձակօրէն ժողովրդական պատերազմ էր սա եւ որը այս ու այն կուսակցութեան եւ անհատներու վերագրելը հիմնովին թիւրիմացութիւն մ’է: Ամէնքը իրենց բաժին աշխատանքն ունեցան եւ ուս–ուսի կռուեցան: Պատի՜ւ այդ անընկճելի ժողովրդեան, որ հայի պատիւն ու մերն կեանքն ազատեց»: Այնուհետեւ, վանեցի գաղթականութեան հետ կը փոխադրուի Էջմիածին եւ ապա Թիֆլիս: 1916-1917 թ. մշակութային գործունէութիւն կը ծաւալէ Կովկասի մէջ, դառնալով Հայ Արուեստագէտներու Միութեան եւ անոր ռոստովեան մասնաճիւղին հիմնադիր անդամներէն մին: 1917-1923 թ. կ’ապրի Թուրքիա, Իտալիա եւ Ֆրանսա: Որմէ ետք կը փոխադրուի եւ կը բնակի ԱՄՆ՝ Նիւ Եորք, Ֆրեզնօ, Սան Ֆրանսիսքօ, Լոս Անճելըս: Կը մասնակցի ցուցահանդէսներու եւ կ’ունենայ անհատական ցուցահանդէսներ: 1924-ին իր ստեղծագործութիւններն ու ողջ ունեցուածքը կը նուիրաբերէ Հայաստանի պետական թանգարանին:

1928-ին, բեկումնային իրադարձութիւն տեղի կ’ունենայ իր կեանքին մէջ, երբ Խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան հրաւէրով մշտականօրէն կը հաստատուի հայրենիք: Կ’ունենայ անհատական ցուցահանդէսներ Երեւանի եւ Թիֆլիսի մէջ: Կը դառնայ ԽՍՀՄ Նկարիչներու Միութեան անդամ, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ: Կը մահանայ 30 Ապրիլ 1941-ին՝ Երեւանի մէջ: Թաղուած է Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ: Յետմահու եւս կը կազմակերպուին ցուցահանդէսներ իր աշխատանքներով: Յառաջացած տարիքին, առողջական պատճառներով, երբ չի կրնար հմտօրէն գործածել վրձինն ու ներկը, կը սկսի գրի առնել իր յուշերը: 2022-ին Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ իր «Կեանքիս յուշերը» գիրքը:

Առ ի յարգանք իր վաստակին ու տաղանդին, Երեւանի գեղարուեստի պետական գոլէճը կը կոչուի իր անունով:

Արդարեւ, Փանոս Թերլեմեզեան կը նկատուի հայ գեղանկարչութեան գագաթներէն՝ Մարտիրոս Սարեանի, Յովհաննէս Այվազովսքիի, Գէորգ Բաշինջաղեանի, Վարդգէս Սուրէնեանի, Եղիշէ Թադէոսեանի կողքին:

Անոր գործերը առաւելաբար բնանկարներ են՝ գոյներու եւ երանգներու հարազատագոյն արտայայտութիւններով: Հայրենի աշխարհը, անոր հրաշագեղ բնութիւնը, հայրենի վանքերն ու տաճարները եղած են ներշնչման ակունքներ: Նաեւ՝ վարպետօրէն կատարած է դիմանկարներ:

Յարգա՛նք գեղանկարիչ եւ մարտիկ Փանոս Թերլեմեզեանին՝ որ հայ մեծերու շարքին իր առանձնայատուկ եւ իրեն յատուկ տեղն ունի անտարակուսելիօրէն:

Share61Tweet38
Previous Post

Կոստանդնուպոլսոյ Առումը, Յունաց Տիեզերական Պատրիարքութեան Վերահաստատումը Եւ Հայոց Պատրիարքութեան Ստեղծումը Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ [Բացառիկ 2026]

Next Post

Անմոռանալի [Բացառիկ 2026]

Next Post
Անմոռանալի [Բացառիկ 2026]

Անմոռանալի [Բացառիկ 2026]

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.